*ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԱՀՏԵՍԻ ՕՀԱՆԵԱՆ*
Այսօր բազմաթիւ լուրեր կային: Նիւ Եորքի ահաբեկչական գործողութիւնը, Գոնկրէսի յանձնաժողովի լսումները՝ Ֆէյսպուքի, ԿուԿըլի եւ Թուիթըրի իրաւական հարցերով՝ պատասխանատուներու ներկայութեամբ, Պաքու-Թիֆլիս- Կարս երկաթուղագիծի շահարկման յանձնելը ու մի քանի կարեւոր հարցեր Հայաստանի մէջ:
ԱՄՆ-ի այսօրուան լուրերէն գլխաւորը Նիւ Եորքի ահաբեկչութիւնն էր: Հաւանաբար արդէն գիտէք: Ինծի կը հետաքրքրէր յատկապէս Գոնկրէսի լսումները, որուն մասին մինչեւ հիմա քիչ բան հրատարակուած է: Բայց այդ քիչը կարդալով՝ նկատեցի, որ արծարծուած հարցը ոչ այնքան Ռուսաստանի միջամտութեան հարցն էր՝ ԱՄՆ-ի վերջին նախագահական ընտրութիւններու քարոզարշաւին, այլ ընկերային համացանցը վերահսկելու մեքանիզմի հարցը:
Ծերակուտականի անդամներէն մէկը պարզապէս նշեց, որ ընկերային ցանցերը « կը վախեցնեն ինծի»: Այո՛, շատերը կը վախնան: Հարցերուն գլխաւորը՝ ՀԻՄԱ ընկերային ցանցերը հսկելն է: Այդ հանդիպումին նաեւ քննարկուած է խօսքի ազատութեան հարցը եւ այն, որ հսկողութեան մեքանիզմները զօրացնելով ՝արդեօք չի՞ խախտուիր խօսքի ազատութիւնըն առհասարակ:
Ֆէյսպուքի իրաւական հարցերով պատասխանատուն նշած է, որ իրենք մինչեւ 2018 թուականի վերջը աշխատանքի կը հրաւիրեն մօտ 20,000 հոգի ՝ ընկերային ցանցով տարածուող նիւթերու աղբիւրները յայտնաբերելու համար (մէկ խօսքով՝ ապահովական նկատառումներով): Այդ թիւը նախատեսուած թիւին կրկնակին է:
***
Հասարակական ու քաղաքական զարգացումները շատ արագ են եւ ինծի համար շատ հետաքրքրական: Բան մըն ալ ըսեմ կողմնակի: Այսօր ընկերուհիներուս հետ կը խօսէի տարբեր հարցերու մասին: Հայրենիքի մէջ, թէ այլուր, շատ մը հարցեր լուծումի կը կարօտին: Երկար ժամանակ փորձուած բանին դարձեալ առիթ տալը մեծ սխալ եւ ժամավաճառութիւն է: Ասպարէզը պէտք է զիջիլ ուսեալներուն, նորերուն, յանձնառուներուն եւ սրտցաւ գործիչներուն:
Մէկ հոգի ակնարկեց՝ ենթադրենք, որ պետական կամ այլ պատասխանատու գործիչներէն ոմանք լաւ չեն աշխատած, բայց, ա՜խ, ո՞վ կայ անոնց փոխարինող: Ուրիշ մը պատասխանեց իրեն, որ, այո՛, մեր շրջապատին մէջ, հաւանաբար անոնց փոխարինող չկայ: Ես ալ աւելացուցի, որ այս մտածելակերպը փոփոխութիւններէ վախցող, ծերացած, քարացած միտքով եւ սպառուած մարդու մտածելակերպ է, ու ճիշդ այս պատճառով պէտք է ասպարէզը տալ նորերուն:
Աշխարհը գոյութիւն ունեցած է մեր ծնունդէն առաջ, պիտի գոյութիւն ունենայ իր ներկայի դերակատարներով ու մեզմէ վերջ ալ: ՈՉ ՈՔ յաւիտեան կեանք ունի, եւ ոչ ոքի իշխանութիւնը յաւիտենական է: Եւ որքա՜ն ճիշդ ու հպարտառիթ կ՛ըլլայ, եթէ հինը գիտակցի այս, եւ առանց աւելորդ ջղաձգութիւններու ու խնդիրներու՝ առիթը տան, որ հրապարակ իջնեն դարին համապատասխան նորերը: