Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչը»

«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»

Մեր նախահայրերը Աստուածաշունչը հայերէնի թարգմանելով զայն մատչելի, տեսանելի ու շօշափելի դարձուցին մեր ժողովուրդին, ուղղելով՝ Աստուծոյ խօսքը մեր կեանքին մէջ, Աստուածաշունչի արժէքները վաւերական իրականութեան վերածեցին:

 Արդ, մեր զաւակներուն հոգեւոր ու բարոյական արժէքները ներկայ աշխարհի հոսանքներուն դիմաց ամրօրէն պահելու եւ Աստուածաշունչը դարու պահանջքներուն համահունչ ձեւով ու ոճով երիտասարդութեան հրամցնելու հրամայականէն մեկնած՝ Արաբական Ծոցի Երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար՝ Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան, սիրայօժար ստանձնեց «Երիտասարդ Ընտանիքի Աստուածաշունչը» սքանչելի հատորի հրատարակութեան ողջունելի աշխատանքը:

 Չորեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2017-ին Տոքթ. Ճէպէճեան այցելեց Քուէյթի Ազգային վարժարան, ընկերակցութեամբ Քուէյթի Աստուածաշունչի Ընկերակցութեան Տնօրէն՝ Շէյխ Եուսէֆ Սապրիի եւ Արժ. Տ. Արտակ Ա. Քհնյ. Քէհյայեանի ու իւրաքանչիւր աշակերտի (առաջինէն վեցերորդ) նուիրեց նշեալ գեղատիպ գիրքը, քաջալերելով ներկայ սերունդը կարդալու Աստուծոյ խօսքը, հասկնալու եւ կեանքի վերածելու անոր պատգամները։

 

                                                   Քուէյթի Ազգային Վարժարան        

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին