*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Աշխարհիս լաւագոյն բանաստեղծներու շարքին, որոնց անմեռ երկերը կը յուզեն նորանոր սերունդներ` մտքի խորութեամբ ու զգացումով, բնութեան հրաշալի պատկերներով եւ վառ սիրով դէպի կեանքը, մարդն ու ազատութիւնը, առաջին տեղերէն մէկը կը պատկանի հայ ժողովուրդի մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանին:
Անթանաս Վենցլովա (խորհրդային գրող)
«Զարթօնք»-ի այս շաբթուան պտոյտը կանգ առաւ Աւետիք Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ, ուր դեռ կ՝ապրի տաղանդաւոր բանաստեղծին շունչն ու հոգին:
Աւետիք Իսահակեանը Հայաստանի մէջ ապրած Է իր կեանքի վերջին քսան տարին: 1945 թուականին, մեծ բանաստեղծի ծննդեան 70-ամեակին առիթով, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կ՝ընդունի Իսահակեանին տուն նուիրաբերելու:
Բանաստեղծին մահէն ետք՝ որոշում կ՝ընդունուի տունը վերածելու Իսահակեանի յիշատակը յաւերժացնող տուն-թանգարանի: 1963 Հոկտեմբեր 31–ին տեղի կ՝ունենայ տուն-թանգարանին բացումը: Թանգարանի հիմնադրման եւ գործունէութեան մասին հարցազրոյց ունեցանք թանգարանի տնօրէն` Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի բանասէր, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, դոցենտ Անժէլա Խորէնեանի հետ:
«Զ.» – Տիկին Խորէնեան, պատմական փոքր ակնարկով ըսէք, թէ ինչպէս կառուցուած է այս շէնքը եւ երբ գործած է իբրեւ թանգարան:
«Ա. Խ.» –Աւետիք Իսահակեանը 1936 թուականին վերջնականապէս կը վերադառնայ Հայաստան: Սկիզբը բնակութիւն կը հաստատէ Երեւանի «Ինտուրիստ» հիւրանոցին մէջ, յետոյ Ղուկասեան փողոցի թիւ 11 տան մէջ, իսկ այնուհետեւ, արդէն 1946 թուականի վերջերը, Իսահակեանը իր ընտանիքով բնակութիւն կը հաստատէ այս տան մէջ եւ այստեղ կ՝ապրի մինչեւ իր կեանքին աւարտը ` 1957: Տունը Հայաստանի կառավարութեան նուէրն է մեծ բանաստեղծին: 1963 Հոկտեմբեր 31–ին, տեղի կ՝ունենայ տուն-թանգարանին բացումը:
Այդ թուականէն մինչեւ այսօր թանգարանը կը գործէ, այստեղ կը պահպանուին Իսահակեանի իրերը, գրադարանը, այն բոլոր անձնական իրերն ու առարկաները, որոնք կապուած են մեծ վարպետի կեանքին եւ ստեղծագործութեան: Իսահակեանը բաւական երկար ապրած է այստեղ եւ այն ամէնը ինչ որ հաւաքուած եւ ամբարուած են այս տան մէջ, կը կազմեն մեր թանգարանի ֆոնտերը:
«Զ.» – Քանի՞ ցուցասենեակ ունի թանգարանը, որքա՞ն կը կազմէ յուշային մասը:
«Ա. Խ.» –Թանգարանի ցուցադրութիւնը բաղկացած է երկու մասէ`գարական եւ յուշային: Շէնքը մասնակի փոփոխութեան ենթարկուած է` երկրորդ յարկին մէջ ցուցասրահ աւելցած է եւ աշխատասենեակներ, որոնք չեն եղած այդ տարիներուն: Երկրորդ յարկի ցուցասրահին մէջ, յատկապէս, ներկայցացուած են Իսահակեանի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը, այսինքն ամբողջ գրական մասը ներկայացուած է երկրկորդ յարկի ցուցասրահին մէջ:
Իսկ յուշային սենեակները, որոնք պահպանուած են այնպէս ինչպէս եղած են բանաստեղծի կենդանութեան օրօք, այնտեղ ոչինչ փոխուած է: Կահաւորելու ժամանակ օգտուած ենք ե՛ւ լուսանկարներէն, ե՛ւ Իսահակեանի հարազատներու խորհուրդներէն, այնպէս որ տան տեսքը` հիւրասենեակը, աշխատասենեակը, ննջասենեակը պահպանուած են այնպէս ինչպէս եղած են վարպետի կենդանութեան ժամանակ: Յուշասենեակներէն է վարպետին հիւրասենեակը. այստեղ հիւրընկալուած են շատ նշանաւոր մարդիկ, ինչպէս Փապլօ Ներուդան, Ժուժի Ամադուն, Գրիշնան Չանտրը, Նիկոլայ Տիխոնաւը, եւ ուրիշներ:
Յուշային հատուածին մէկ մասը կը կազմէ նաեւ փոքրիկ, շատ գեղեցիկ, գողտրիկ այգին, ուր դեռ կանգուն են Վարպետին ձեռքով ցանուած ծառերը:
«Զ.» – Որքա՞ն կը կազմէ թանգարանի ֆոնտային հատուածը` հաւաքածուն: Կը համագործակցիք արդեօք Աւետիք Իսահակեանի անուան գրադարանին հետ:
«Ա. Խ.» –Գրադարանին հետ մենք շատ լաւ բարեկամներ ենք, երբեմն համատեղ ձեռնարկներ կ՝ընենք, կամ միասին կ՝այցելենք պանթէոն՝ վարպեստի մահուան օրը: Շատ սերտ չէ, բայց շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ ենք, կը համագործակցինք եւ անհրաժեշտ պարագային նաեւ կը դիմենք իրարու:
Թանգարանը ունի բաւական հարուստ հաւաքածու: Այստեղ կը պահպանուին բանաստեղծի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը ներկայացնող 11 հազարէն աւելի ֆոնտային արժէքներ` գիրքեր, ձեռագիրներ, լուսանկարներ, քանդակներ, գեղանկարներ, անձնական իրեր, բազմաթիւ վաւերագրեր, այլ փաստաթուղթեր, կենցաղային առարկաներ: Տարուէ տարի թանգարանը կը համալրուի նոր հաւաքածուներով…
Հաւաքածուին ուշագրաւ մասը կը կազմէ բանաստեղծին հարուստ գրադարանը, ուր կան ե՛ւ հայերէն հին հրատարակութիւններ Իսահակեանի հայրական տան հաւաքածոյէն, ե՛ւ օտար` ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն լեզուներով գիրքեր:
«Զ.» – Ի՞նչ կրթական ծրագիր կ՝իրականցնէ թանգարանը։
«Ա. Խ.» –Ունինք բաւական շատ կրթական ծրագիրներ: Այսօր թանգարան աւելի շատ կ՝այցելեն միջին դպրոցի աշակերտները եւ ատիկա աւելի շատ մեր կրթական ծրագիրներուն շնորհիւ:
Իսահակեանը շատ սիրած է Անի քաղաքը: Բազմաթիւ անգամներ եղած է այնտեղ, այնպէս որ Անին Իսահակեանի ե՛ւ ստեղծագործութեան ե՛ւ կեանքին ե՛ւ ներաշխարհին շատ սերտաճած էր: Ինքն իրեն ան կը համարէր Անիի քաղաքացի եւ մենք, այսօր, հաշուի առնելով Իսահակեանի կեանքի այդ փաստերը՝ կը ներկայացնենք մեր փոքրիկներուն:
«Զ.» – Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ։
«Ա. Խ.» –Այս պահուն որեւէ համագործակցութիւն դեռ չունինք: Մենք փորձեցինք համագործակցիլ Սան-Փաուլոյի կիրակնօրեայ հայկական դպրոցին հետ, բայց տարբեր պատճառներով համագործակցութիւնը առայժմ ուժի մէջ չէ: Համագործակցութիւնը պէտք է ըլլայ երկուստէք, մենք չենք կրնար առանձին որեւէ բան իրականացնել: Ժամանակին սփիւքահայեր շատ կ՝այցելէին մեզի, հիմա՝ ոչ այդքան։ Շատ ցաւալի է, որ այսօրուան սփիւռքահայ երիտասարդը չի գիտեր, որ ունինք Իսահակեանի նման բանաստեղծ եւ որ Հայաստանի մէջ կը գործէ անոր տուն թանգարանը: Պէտք է շատ մեծ գործ ընենք, որ յատկապէս Սփիւռքի մէջ կապը չկտրուի հայրենիքի հետ:
Այսօր մենք աւելի շատ կեդրոնացած ենք Հայսատանի մէջ աւելի շատ Իսահակեանը ծանուցելու, հանրայնացնելու շուրջ: Այս նուիրական մշակութային օճախին խորհուրդն ու առաքելութիւնն է պահպանել, նոր սերունդներուն փոխանցել այն սուրբ մասունքները եւ իրեղէն վկայութիւնները, որոնք կապուած են մեծ բանաստեղծի անուան հետ եւ կը կրեն անոր արարիչ ձեռքին դրոշմը:
«Զ.» – Շնորհակալութիւն Տիկ. Խորէնեան ձեր ժամանակին համար:
Յիշեցնենք, որ թանգարանը կը գտնուի Երեանի Զարոբեան փողոցի 20 հասցէին:
հեռ.` (37410) 56 24 24, (37410) 58 73 80
ել. փոստ` info@isahakyanmuseum.am
Կայքէջ` https://www.isahakyanmuseum.am