Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի Ուսման Ճրագի Շողերը Լուսաւորեցին Աշակերտութեան Նոր Ուսումնական Տարին

«Կրթութեան արմատները դառն են, սակայն անոր պտուղը քաղցր:»

Արիստոտէլ

Սեպտեմբերը՝  ուսումնական իւրայատուկ տօն է, որուն միջոցով առանձնակի շուք կը ստանայ։ Մաղթանքներու անվերջ շղթայ մը… Բարձր տրամադրութիւն։

Հայ դպրոցը մեր ինքնութեան, հայապահպանման գլխաւոր սիւներէն մէկն է եւ իւրաքանչիւր դպրոցական վերամուտին առաւել նախանձախնդրութեամբ, պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ կ’աշխատինք վերանորոգ հաւատքով ու հնարաւոր բոլոր միջոցներով նոր թափ տալ վարժարանիս կրթական ընթացքին:

Ամրան համրուած ամիսներու վրայ երկարող արձակուրդէն ետք, կրկին անգամ վարժարանս կը բանայ իր դռները, հին ու նոր աշակերտներու դիմաց։ Ու ծնողք, աշակերտ, ուսուցիչ ինքնաբերաբար մուտք կը գործեն տարբեր տարեշրջանի մը հունին մէջ։

Դպրութեան օրը ուրախութեամբ կը լեցուի, ոչ միայն մեր սաներուն, այլ եւ ուսուցիչներուն հոգիները, որոնք հաւատարիմ մնալով իրենց կոչման՝ ազգային ոգի և հայրենի սրբազան արժէքներ կը ջամբեն. աշակերտութեան մէջ  սերմանելով ազնուութեան, աշխատասիրութեան, հայրենասիրութեան ու բարութեան ընտիր հունտեր։

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի դպրոցական առաջին զանգը հնչեց Երկուշաբթի 25 Սեպտեմբեր 2017, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ուր իր յարկին տակ համախմբելով վաղեմի եւ նորեկ աշակերտները, ազդարարուեցաւ գիտութեան նոր տարեշրջանի մը սկիզբը:

Արարողութենէն ետք, աշակերտները բարձրացան վարժարանիս հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին դաշնամուրի վրայ ելոյթ  ունեցաւ  աշակերուհի՝ Ռիթա Մարտիրոսեան (Նախ. Զ) նուագելով Լիբանանի, Հայաստանի եւ Վարժարանիս քայլերգները, ապա վերամուտի բացման խօսքը արտասանեց Միջն. Գ. դասարանի աշակերտուհի Ռուպինա Օհանը, որմէ ետք աշակերտուհի Վարդի Սալխանեան (Միջն. Գ.) գեղեցկօրէն ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը:

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեանը աշակերտութեան եւ ողջ անձնակազմին բարի եւ ուրախ վերամուտ  մաղթելէ ետք,  ըսաւ  թէ կրթական  այս  տարեշրջանը պիտի ըլլայ վարժարանին համար նոր հանգրուան մը նայելու եւ ծրագրելու մեր աշխատանքները՝ կրթական ու շինարարական ծիրէն ներս: Մէջբերելով տնօրէնուհիի սրտի խօսքէն ուղղուած աշակերտութեան , ան ըսաւ. «Թերեւս դասերու ծանրութիւնը քիջ մը շատ թուի Ձեզի, եւ Ձեր ծնողներուն համար, պարզ է. Անշուշտ որ մարդակերտումի ճանապարհը այդքան ալ դիւրին չէ, յարատեւ աշխատանք եւ զոհողութիւն կը պահանջէ: Ուրեմն եկէք բոլորս միասին լծուինք լուրջ աշխատանքի ու աշակերտ-ծնողք-ուսուցիչ գործակցութեամբ, բծախնդիր աշխատանքով եւ հետեւողական մօտեցումով այս տարի եւս իրականացնենք նորանոր յաջողութիւններ:» Հետեւաբար, ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան, որ ազգային-պահանջատիրական ոգիով շարունակեն անաղարտ պահել մայրենին, որ ինքնութեան հիմնական գրաւականն է ու արձանագրած փայլուն արդիւնքներով ըլլան արժանաւորները այս սիրելի կրթօճախին եւ ապագային նպաստեն անոր գոյատեւման:

Յարգելի Տնօրէնուհին յետադարձ ակնարկ մը նետելով անցնող տարիներուն ըսաւ, թէ նիւթական դժուարութիւնները երբեք պատրուակ չեղան ապահովելու համար նոր նուաճումներ վարժարանին համար: Ան ուրախութեամբ նշեց անցնող տարեշրջանին միջն. 9-րդ դասարանի աշակերտներուն արձանագրած պատուաբեր արդիւնքը պետական քննութիւններուն: Նաեւ անցնող Յուլիսին, Հ.Հ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայութեամբ կայացած Հայ Լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչներու պարգեւատրումը Լիբանանի մէջ Հ.Հ. դեսպանատունէն ներս: Ապա միջնակարգի խումբ մը աշակերտներու մասնակցութիւնը «Արի Տուն 2017» հայրենաճանաչութեան ծրագրին: Իսկ շինարարական ծիրէն ներս, ան ուրախութեամբ յայտարարեց թէ ամրան ընթացքին գունազարդ ներկուեցան Նախ Ա.-էն միջնակարգ Գ. դասարանները, շնորհիւ Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու Մարմնի նիւթաբարոյական օժանդակութեան:  Հետեւաբար, իր եւ աշակերտութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անհատ բարերարներուն, անձնուիրութեամբ գործող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինին, հոգաբարձութեան, ուսուցչակազմին, ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն եւ սանուց միութեան, որոնք աչքի լոյսի պէս կը պահպանեն վարժարանին գոյատեւումն ու բարձր վերելքը:

Տնօրէնուհիին խօսքէն ետք աշակերտները խրոխտ եւ ուրախ քայլերով իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ունեցան անհատական եւ խմբային պատկերներ, որմէ ետք վարժարանիս Տնօրէնուհին պաշտօնական բացումը կատարեց գունազարդ ու վերանորոգ դասարաններուն: Ապա աշակերտները ուղղուեցան դասարանները, եւ բանաստեղծութեան Իշխան Վահան Թէքէեանի շունչով ու ոգիով թրծուած, սկսան  իրենց  նոր  տարեշրջանը:

Յաջորդ օրը՝ Երեքշաբթի,  26 Սեպտեմբեր 2017-ին առաւօտուն ժամը 8:30-ին հնչեց 2017-2018 կրթական տարեշրջանի առաջին զանգը, ուր սիրելի ծնողներ, ուսուցիչներ, հին ու նոր աշակերտներ հաւաքուած էին վերամուտը խորհրդանշող զարդարուն բակին մէջ:

Ունկնդրելէ ետք Լիբանանի, Հայաստանի եւ Վարժարանիս քայլերգները, բացման խօսքով մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Վերա Հաննա բարի վերամուտի մաղթանքը կատարելէ ետք, շեշտեց ըսելով. «Այս տարի ուսումնական ծրագրին զուգահեռ զարկ պիտի տանք նաեւ տարբեր ձեւերով, աշակերտին մօտ մարզական և ընկերային կարողու- թիւնները առաւել եւս զարգացնել։ »

Իններորդ դասարանի աշակերտուհիներ՝ Սելին Յովհաննէսեան և Ռուպինա Օհան ներկայացուցին  «Ծաղկած Բալենի » պարը, որմէ ետք մուտք գործեց « Ուրախ Ծաղիկի Դէմքով» կերպարը, ճոխացնելով  մթնոլորտը։

Տեղի ունեցաւ յիշատակելի նկարահանումներ օթապարիկի մէջ ,ինչպէս նաեւ մրցախաղեր, ուր բոլորին բաժնուեցաւ պայուսակներ, որոնք կը պարունակէին կրկնեփուկներ և դաստիարակչական խաղալիք նուիրուած  բարերարի մը կողմէն։  Ապա ժամը 10:30-ին աշակերտները դասարան բարձրացան շարունակելու համար դասարանային առօրեայ ծրագիրները:

Նախքան արձակուիլը, տեղի ունեցաւ խմբային նկարահանում, ապա բաժնուեցան վերամուտը խորհրդանշող ձեռայիններ եւ փուչիկներ:

Այս առիթով մեր բարի մաղթանքն է, վերանորոգ այս խանդավառութիւնը սահմանափակում չունենայ ու փոխադարձ վստահութեամբ, անկեղծ յարաբերութեամբ, դրական երկխօսութեամբ ու համագործ ոգիով շարունակուի վարժարանիս շուրջ ստեղծուած առողջ մթնոլորտն ու գիտակից մօտեցումը: Իսկ միւս կողմէ՝  իրենց երկրորդ տունը վերադարձող մեր բոլոր աշակերտներուն՝ բարի վերամուտ։

Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին