*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
«Արուեստագէտը պէտք է ներկայ ըլլայ
Ստեղծագործութիւններուն մէջ,
ինչպէս Աստուած՝ տիեզերքի մէջ.
ըլլայ անհաս եւ անտեսանելի»
Կիւստաւ Ֆլոպեր (ֆրանսացի գրող )
Ինչո՞ւ պէտք այցելել Երուանդ Քոչարի թանգարան. այս հարցին պատասխանը ստացանք, երբ մեր պտոյտները մեզ հասցուցին թանգարան: Քոչարի ստեղծագործութիւնը 20-րդ դարու արուեստի ամենահատաքրքրական ստեղծագործութիւններէն է: Ուր ալ ծնած ըլլար Երուանդ Քոչարը` դարձեալ նկարիչ պիտի ըլլար, քանի որ ի վերուստ կոչուած էր ատոր համար:
Ուսման տարիներուն Քոչարը ուշադրութիւն կը գրաւէր նկարիչներու աշխատանքներուն գաղտնիքները ըմբռնելու ձգտումով: Կը սիրէր նկարել ա՛յն, ինչ որ իր շրջապատն էր, եւ հակառակ անոր որ այս բնագաւառին մէջ սկսնակ էր, սակայն, երկար ճանապարհ անցած նկարիչի տպաւորութիւն կը ձգէր: Ինչպէս ցոյց տուին վերլուծութիւնները, նկարիչի հոգեկան աշխարհին վրայ վճռորոշ ներգործութիւն ունեցաւ Թիֆլիսը, ուր ան ծնած էր, Փարիզը, որուն հետ կապուած էր տասներկու տարուան կեանքով, Երեւանը, որ եղաւ նկարիչի հասուն կեանքի հանգրուանը: Անոր թանգարանը այսօր կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը, բացուած է 1984 –ին, Քոչարի արուեստանոցի հիմքին վրայ եւ կը ներկայացնէ արուեստագէտին ստեղծագործական ողջ ուղին: Թանգարանին մէջ ներկայացուած են Քոչարի «թիֆլիսեան», «փարիզեան», «երեւանեան» շրջաններու ստեղծագործութիւններ` կրաֆիք, գեղանկարչական աշխատանքներ, քանդակներ, սեղմումով գործեր, կոթողական քանդակներ, մանրակերտեր, ինչպէս նաեւ բացառիկ արժէքաւոր փաստաթուղթեր:
Քոչարի կեանքի մանրամասներուն եւ թանգարանի գործունէութեան մասին կը պատմէ թանգարանի տնօրէն եւ միեւնոյն ժամանակ Երուանդ Քոչարի թոռնուհի Կարինէ Քոչարը, որ ամէն գնով կը ջանայ իր տաղանադաւոր մեծ հօր ձգած արուեստը պահել եւ հասանելի դարձնել բոլորին:
«Զ.» – Մինչեւ թանգարանի գործունէութեան անդրադադառնալը` իբրեւ թոռնուհի կը պատմէ՞ք, թէ ինչպիսի մարդ էր Քոչարը, ի՞նչ էր անոր ստեղծագործութեան առանձնայատկութիւնը:
«Կ. Ք.»- Քոչարի ստեղծագործական ժառանգութիւնը կը համարուի 20-րդ դարու արուեստի պատմութեան շատ հետաքրքրական ձեռքբերումներէն մէկը: Մօտ 13-14 տարի ապրելով Փարիզ, ան ցուցադրուեցաւ ժամանակի մեծերուն կողքին եւ ստեղծեց նաեւ նոր գեղարուեստական արտայայտչամիջոց, որ կոչուեցաւ տարածական նկարչութիւն: Ինչպէս կը համարէին ժամանակի արուեստի քննադատները՝ ան մէկն էր այն ռահվիրաներէն, որ քանի մը տարուան մէջ փոխեց հին արուեստի մասին պատկերացումները եւ վերափոխեց հին աշխարհը: Ան ծնած էր 1899-ին Թիֆլիս, որ այդ ժամանակ, հայերու համար, մշակութային կեդրոն էր, աւարտած էր Ներսիսեան դպրոցը, ունեցած փայլուն դասախօսներ եւ փրոֆէսըրներ, միեւնոյն ժամանակ յաճախած էր քանդակի եւ գեղանկարչութեան վարժարանը, որ այդ ժամանակ աւելի յայտնի էր Շմերլինկի դպրոց անունով: Քոչարի նկարչութեան առաջին դասախօսը եղած է յայտնի հայ տպաւորապաշտ նկարիչ փրոֆէսըր Եղիշէ Թադեւոսեանը: Թանգարանին մէջ կրնաք տեսնել ա՛յն նկարը, որ ան գծած էր առաջին անգամ՝ 13 տարեկանին։ Եղիշէ Թադեւոսեանը՝ տեսնելով այդ նկարը բացագանչած է. «Հրաշամանուկ մը ծնած է, եւ նկարը ձեռքը բռնած՝ վազած է դպրոցի միջանցքներուն մէջ»:
Ամէն պարագայի, Քոչարի համար Թիֆլիսը շատ նեղ էր, որքան ալ ան ծանօթ էր ժամանակի անցուդարձին, բայց կը մեկնի Մոսկուա եւ կ’ուսանի այնտեղի պետական ազատ գեղարուեստական արուեստանոցներուն մէջ` Գոնչալովսքիի դասարանը: Մէկ տարի ուսանելէն ետք կը վերադառնայ Թիֆլիս եւ անմիջապէս կը մասնակցի վրաց նկարիչներու երկրորդ աշնանային ցուցահանդէսին՝ 37 աշխատանքով: Ինչպէս կը նշէին ժամանակիցները՝ այդ ցուցահանդէսը շատ նման էր իր անհատական ցուցահանդէսին, որովեհտեւ եթէ միւսները մէկ կամ քանի մը ստեղծագործութեամբ կը ներկայանային, Քոչարը, սակայն կը ներկայանար 37 աշխատանքով:
«Զ.» – Քոչարը ինչպէ՞ս կը հասնի Եւրոպա։
«Կ. Ք.»- Ղազարի մատենադարանին մանրանկարչական հարուստ հաւաքածոն, կը ծանօթանայ հռովմէական եւ Վերածնունդի շրջանի արուեստի գանձերուն, վերջին դրամները կը ծախսէ թանգարաններ այցելելու համար: Այդ շրջանի գործերը՝ իրենց լուծումներով այնքան ինքնատիպ են, որ դժուար է հաւատալ, որ անոնց ստեղծողը նոյն հեղինակն է: Այդ շրջանին կը ստեղծէ Աբբահայր Կիւրեղեանի մարմարէ դիմաքանդակը, որ մինչ այսօր կը գտնուի Ս. Ղազար կղզիի հայակական եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ, իր ընկեր Զաքարեանի դիմաքանդակը, որ վերջերս Զաքարեանի որդին նուիրաբերեց թանգարանին եւ այս տարի, Նոյեմբերի վերջը, մեր թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի այդ քանդակը:
Վենետիկէն, 1923-ի ամրան վերջը, Քոչարը կը մեկնի Փարիզ: Այնտեղ կ’անցնէ 13-14 տարի եւ կը մասնակցի շատ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող միջազգային ցուցահանդէսներու, ներառեալ 13 տարիներու ընթացքին կ’ունենայ հինգ անհատական ցուցահանդէս: Այդ ժամանակ, կ’արժանանայ ժամանակի արուեստի քննադատներու ամենաբարձր գնահատանքին: Քոչարի ստեղծագործութեան յետադարձ հայեացքէն կրնանք ըսել, որ ան մեր ազգային Վերածնունդի ռահվիրաներէն մէկն է, եւ մենք զինք այդպէս ալ կ’անուանենք` ազգային զարթօնքի ռահվիրայ, որովհետեւ իր ստեղծած ստեղծագործութիւններուն մեծամասնութիւնը ան նուիրած է հայ ազգային գործիչներուն, նշանաւոր դէմքերուն:
.Զ.»-Հիմնադրման ի՞նչ պատմութիւն ունի թանգարանը։
«Կ. Ք.»- Թանգարանը հիմնադրուած է 1984-ին։ Մէկ մասը եղած է ի՛ր իսկ արհեստանոցի հիմքին վրայ, ուր երկար տարիներ բնակած է ան: Երեւան վերդառնալէն ետք, անոր անունը աստիճանաբար դուրս մնաց արուեստի նշանաւոր տեղեկատուներէն, տեսական բովանդակութիւն ունեցող աշխատանքներէն: Հայրենիքի մէջ ան մեղադրուեցաւ ձեւապաշտութեան մէջ, որ «Ժաղովուրդի թշնամի» հոմանիշն էր: Այստեղ պէտք է փնտռել ա՛յն պատճառները, որոնք աստիճանաբար ստեղծագործական մեկուսացման մատնեցին զինք՝ տեղի տալով տարակարգ ճնշումներուն եւ բանտարկութեան: Կատարուեցաւ ամէն ինչ՝ բզքտելու համար արուեստագործի ստեղծագործական ոգին: Քոչարի առաջին անհատական ցուցահանդէսը բացուեցաւ անոր հայրենք վերադառնալէն 30 տարի անց`1965-ին: Շատեր կ’ըսէին, որ եթէ ան մնար Փարիզի մէջ, իր համբաւը այսօր շատ աւելի մեծ պիտի ըլլար, բայց հայրենիք վերադառնալէն ետք՝ կամաց-կամաց դուրս մնաց ասպարէզէն. չկար ոեւէ արուեստաբան, որ կը զբաղէր Քոչարի արուեստի ծանուցումով եւ այսպէս՝ աստիճանաբար, տարուէ տարի, միտումնաւոր կամ պատահաբար, ամէն ինչ կատարուեցաւ՝ զինք մեկուսացնելու համար:
Այսօր մենք շատ մեծ ջանքեր կը թափենք անոր իր տեղը վերադարձնելու համար, բայց ատիկա շատ ծանր աշխատանքի երկարատեւ ընթացք է:
«Զ.» –Թանգարանին մէջ ի՞նչ հաւաքածոյ ներկայացուած է, ի՞նչ նմուշներ կը պահպանուին այնտեղ:
«Կ. Ք.»- Քոչարի ստեղծագործութիւնները կը ցուցադրուին աշխարհի բազմաթիւ թանգարաններու մէջ, սակայն արուեստասէրները միայն Երուանդ Քոչարի թանգարանին մէջ կրնան հնարաւորինս ամբողջական պատկերացում կազմել անոր իւրօրինակ արուեստին մասին: Արուեստի ուսումնասիրողներ Քոչարի ստեղծագործութիւնը կը բաժնեն երեք շրջանի` թիֆլիսեան, փարիզեան եւ երեւանեան, եւ թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին այս երեք շրջաններու գեղանկարներ, քանդակներ եւ կրաֆիք աշխատանքներ: Աշխարհի միայն երկու թանգարանի մէջ կան Քոչարի տարածական նկարներէն`մե՛ր եւ Փարիզի ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ` Պոմպիտի կեդրոնը:
Մենք թանգարանին մէջ կը ներկայացնենք բացառիկ արժէքաւոր փաստաթուղթեր` Աւետիք Իսահակեանի, Արշակ Չօպանեանի, Յակոբ Գիւրջեանի, Ռոպեր Տելոնէի նամակները եւ այլ հազուագիւտ վկայութիւններ:
Մեր թանգարանին մէջ միշտ կը ցուցադրուին տեսաֆիլմեր. իւրաքանչիւր այցելու կրնայ խնդրել, պահանջել եւ մենք անոր ցոյց կու տանք Քոչարի ստեղծագործութիւնները մեկնաբանող ֆիլմերը՝ տարբեր լեզուներով, որպէսզի անոր արուեստը հնարաւորինս ներկայացնենք եւ տարածենք: Թանգարանը ունի չորս ցուցասրահ: Աշխարհի որեւէ այլ թանգարանի մէջ այսպիսի՛ խտութեամբ եւ այսպիսի՛ գլուխգործոցներ չեն ցուցադրուիր միասին, ատիկա շատ դժուար կ՝ընկալուի եւ սխալ է այսպէս ներկայացնելը: Տարածքի խնդիրները հաշուի չառնելով՝ մեր թանգարանը ջանք չի խնայեր համապատասխանելու միջազգային չափորոշիչներուն: Թանգարանը, բացի գիտահետազօտական աշխատանքներէն, նաեւ կը վարէ ժամանցային կազմակերպման ձեւեր` գովազդող ձեռնարկներ, ունինք կրթական կեդրոն 9-15 տարեկան երեխաներու համար։ Մեր մօտ, իւրաքանչիւր դասի հետ, ա՛նպայման կը սորվին նաեւ արուեստի պատմութիւն, որուն մէջ կը ներառուի ե՛ւ Քոչարի որեւէ ստեղծագործութեան բացայայտում, ե՛ւ ընդհանրապէս համաշխարահային արուեստի մեծերու հետ ծանօթացում:
«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ։
«Կ. Ք.»- Անկեղծ ըսեմ, որ կը փնտռենք համագործակցութեան շատ կապեր, որովհետեւ այսօր կ’իրականացուին շատ խոշոր ցուցահանդէսներ բոլո՛ր այն նկարիչներուն մասնակցութեամբ, որոնց հետ Քոչարը ժամանակին ցուցադրուած է, եւ մենք պատրաստ ենք՝ մէկ երկու ստեղծագործութեամբ՝ ներկայացնելու Քոչարի աշխատանքները: Ես կը փնտռեմ արուեստի հոգաբարձուներ, որոնց հետ մենք քայլ առ քայլ կրնանք ծրագիրներ իրականացնել:
Ես կ’երազեմ, որ զբօսաշրջիկները գան Հայաստան միա՛յն մեր թանգարանը այցելելու համար, որպէսզի իւրաքանչիւր հայ հպարտութիւն ապրի եւ այստեղ բացայայտէ իր հայրենակից, սիրուած արուեստագէտ Երուանդ Քոչարը, իսկ այլազգ այցելուները թանգարան այցելեն`լսեն եւ ճանչնան հայ տաղանդաւոր ռահվիրայ Երուանդ Քոչարը:
Յիշեցնենք, որ թանգարանը կը գտնուի Երեւանի կեդրոնը, Մաշտոց 39/12 հասցէին,
հեռ.` +374-10-529326, +374-10-580612
ել-հասցէ` kochar742002@yahoo.com
կայք` www.kochar.am