Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Մօտ Օրէն. «Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը» Գիրքին Շնորհանդէս

«Զարթօնք»ի 80 Ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Հինգշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Նրանք Նկարում Էին Պատերազմը»  գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը պիտի ներկայացնէ քաղաքական ծանօթ լրագրող Շիրազ Ճէրէճեանը:

Արցախեան Պատերազմը վաւերագրող այս եզակի ժողովածոյին մէջ զետեղուած են  2012-2017-ի kinoashkharh.am կայքին մէջ «Պատերազմի վաւերագրողները» խորագիրով հրատարակուած հարցազրոյցներ 34 անձերու հետ (հայերէն եւ անգլերէն), որոնք 1991-1994-ին, որոնք որպէս լուսանկարող եւ նկարիչ ճակատի վրայ եղած են եւ վաւերացուցած են Արցախեան պատերազմի տարեգրութիւնը: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ անոնց կենսագրական տուեալները, ֆիլմագրութիւնը եւ անոնց նկարահանումներու ընտրանին` երկու խտասկաւառակով (DVD):

1991-1994-ի տարիներուն նման Արցախի համար բախտորոշ այդ ժամանակաշրջանի շարժանկարի վաւերագրողներու Արցախեան պատերազմին նուիրուած այս գիրքը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան եւ ՀՀ զինուած ուժերու կազմաւորման 25-ամեակին:

Այս իւրայատուկ ժողովածոն կազմած են Անահիտ Յարութիւնեանը եւ Ռուզան Բագրատունեանը: Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած են «Հոգեւոր Հայաստան» մշակութային կազմակերպութիւնն ու Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնը:

Գիրքը տպագրուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան նիւթական աջակցութեամբ (1.5 միլիոն դրամ): Գիրքի ձեւաւորման աշխատանքները ամբողջապէս իրականացուցած է «Ստորակէտ» ճարտարապետական արուեստանոցը: Ժողովածոյին անգլերէն թարգմանութիւնը իր վրայ վերցուցած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամը (IDeA):

Նիւթերու հաւաքման աջակցած են ՀՀ եւ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնները, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան կեդրոնը: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն ձեռք բերած է այս գիրքէն 100 օրինակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին