*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Խմբագրական Նօթ Այս Շարքին Մասին
Հետեւեալը մեր երկրորդ «Պտոյտն» է շաբաթական դրութեամբ հրատարակելի (ամէն Երեքշաբթի), «Զարթօնք»ի «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքին մէջ:
Այս առիթով դարձեալ կը յիշեցնենք, որ իրաւացի է եւ՝ արդար «Հայաստանը թանգարան բաց երկինքի տակ» լոզունգը, սակայն նաեւ արդար է գիտակցիլ ու խօսիլ նաեւ այն իրականութեան մասին որ մեր հայրենիքը, ո՛չ միայն կը պարունակէ անցեալէն եկած ճարտարապետական՝ Եկեղեցի-Վանք ու Բերդ կամ բնութեան ստեղծած հրաշալիքներ, այլ նաեւ նոր ժամանակներու մարդակերտ մշակութային թանգարաններ ու գրադարաններ: Այս մէկը կը հաստատէ մեր ժողովուրդին ակնածանքն ու կապուածութիւնը իր դարաւոր մշակոյթին:
Մեզի համար հարց է թէ մերօրեայ զբօսաշրջիկը ո՞ւր կ’այցելէ մեր երկիրը ճանչնալու համար: Թերեւս կարգ մը յայտնի տեսարժան վայրերու շարքին՝ հանրատունե՞ր, քազինօ՞, սրճարաննե՞ր…: «Զարթօնք» իր «Պտոյտներ Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն Մէջ» շարքով կ’առաջարկէ եւ կը մղէ որ Հայաստան այցելող հայորդիները երթան մշակութային եւ արուեստի կեդրոններ՝ թանգարաններ ու գրադարաններ եւս մանաւանդ որ Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մեր ստացած Հայ մշակութային գիտելիքը խեղճ է, ու ժխտապէս կ’ազդէ մեր հպարտութեան եւ նաեւ՝ ինքնութեան գիտակցութեան վրայ:
«Զարթօնք» իր այս շարքով համեստ փորձ մը կ’ընէ Հայ զբօսաշրջիկը մղելու դէպի Հայ մշակոյթի գանձարաններ՝ սատարելու իւրաքանչիւր հայորդիի ազգային գիտելիքի ամրապնդումին, վերահաստատումին ու վերաորակաւորման: Մղելու մեր ընթերցողները առօրէական եւ կենցաղային մշակոյթէն դէպի հիմնարար մշակոյթ, ոչ թէ անցնիլ, այլ ասոր ալ տեղ տալ…:
Ամէն Երեքշաբթի «Զարթօնք»ի մէջ տեղ կը գտնէ հարցազրոյց մը Հայաստանի Մշակութային Գանձարաններէն մէկուն տնօրէնին հետ: Այս առիթով մենք կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր վարժարաններու հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներուն օգտագործել հոս տեղ գտած տեղեկութիւնները՝ այժմէականացնելով հայագիտական դասաւանդութիւնը…: Մինչ եթէ այստեղ կամքէ անկախ պատճառներով սխալներ ալ սպրդին (լեզուական կամ ոճական) թող այն ալ սատարէ դասապահը համեմելու ուսուցիչին մատնանշումներով եւ առաջարկած սրբագրութիւններով..:
Շարքին մէջ տեղ գտած Հայ մշակոյթի անդաստանները իրենց կարեւորութեան շարքով կամ մեծութեան չափանիշով չէ որ պիտի հրատարակուին: Անոնց յաջորդականութիւնը հիմնուած պիտի ըլլայ զուտ գործնական եւ հասանելիութեան հիմքերու վրայ:
Եկէք միասնաբար պտոյտ մը ընենք Հայաստանի Մշակոյթի Գանձարաններուն մէջ, որ ինչպէս այսօրուայ մեր նիւթն ալ կը վկայէ չի սահմանափակուիր գիրով եւ գիրքով, այլ նաեւ կ՛ընդգրկէ մեր Հայրենիքի բնութիւնը, որուն հանդէպ մեր ունեցած գիտութիւնն ու զայն պահպանելու կարեւորութիւնը է՛ ու պէտք է շարունակէ մաս կազմել մեր ազգային մշակոյթին եւ ապագայի սերունդներուն դաստիարակութեան ծրագրին:
Խմբ.
Բնութիւնը միակ գիրքն է, որուն իւրաքանչիւր էջը ունի խոր իմաստ: Աստուած կը ներէ, կը ներեն նաեւ մարդիկ, իսկ բնութիւնը` երբեք:
Մենք զայն (բնութիւնը) մշտապէս կը շահագործենք,
բայց անոր վրայ իշխանութիւն չունինք»:
Վ. Կէօթէ
Բնութիւնը յաւիտենական մտածումի արտայայտութիւնն է ժամանակի մէջ: Այս շաբաթ «Զարթօնք» կը բացայայտէ Հայաստանի բնութեան պետական թանգարանը: Անիկա հիմնադրուած է 1952 թուականին եւ կ՝արտացոլէ Հայաստանի ինքնատիպ բնական համալիրը, բնութեան բազմազանութիւնը: Թանգարանին հիմնական նպատակը բնակչութեան բնապահպանական դաստիարակութեան ու կրթութեան նպաստելն է, ինչպէս նաեւ բնապահպանական քարոզչութեան, բնապահպանական մտածելակերպի զարգացման հետ կապուած խնդիրներու իրականացման:
Հայաստանի բնութեան թանգարանի հիմնական ֆոնտը կ՝արտացոլէ հանրապետութեան բնութեան իւրայատկութիւնները, հարստութիւնը, կենսաբազմազանութիւնը: Թանգարանի ֆոնտերուն մէջ առկայ են աւելի քան 6 հազար ցուցանմուշներ, որոնցմէ առաւել ուշագրաւ է առաջաւոր ասիական ընձառիւծը, կենդանական աշխարհի ներկայացուցիչներէն շատերը կը մտնեն Կարմիր գիրքին (գոյութիւնը վտանգուած կենդանաշխարհի ներկայացուցիչներու գիրք) մէջ:
Այս եւ այլ մանրամասներու մասին զրոյց ունեցանք Հայաստանի Բնութեան Պետական Թանգարանի տնօրէն Գայիանէ Ղազարեանի հետ: Տիկին Գայիանէն մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է: Ուսանած է Երեւանի պետական տնտեսագիտական համալսարանին մէջ եւ 1991 թուականին աւարտած է համալսարանը: 2008 թուականէն ստանձնած է Հայաստանի Բնութեան Պետական Թանգարանի տնօրինութիւնը:
«Զ.» -Տիկին Գայիանէ, կը պատմէ՞ք հիմնադրման ինչ պատմութիւն ունի թանգարանը: Ի՞նչ պայմաններու մէջ հիմնադրուած է:
Գ.Ղ. – Հայաստանի Բնութեան Պետական Թանգարանը հիմնադրուած է 1930-ական թուականներուն: Սկզբնական շրջանին թանգարանը կը գործէր «Կապոյտ» մզկիթի բակին մէջ: Այդ ժամանակ կը կոչուէր բնագիտական թանգարան, այնուհետեւ 1960 թուականին վերանուանուեցաւ Հայաստանի Բնութեան Պետական Թանգարան: Թանգարանը ԽՍՀՄ տարածքին գործող բնութեան ութ համալիրներէն մէկը կը հանդիսանար: Մինչեւ 1960 թուական գործած է Մշակոյթի նախարարութեան ենթակայութեան տակ, իսկ 1960 թուականէն ետք՝ ի տարբերութիւն միւս թանգարաններուն՝ կը գործէ ՀՀ Բնապահպանութեան նախարարութեան համակարգին մէջ: «Կապոյտ» մզկիթի վերանորոգումէն ետք՝ թանգարանը տեղափոխուեցաւ Երեւանի Երիտասարդական հիւրանոց-համալիր: Այնուհետեւ հիմնովին քանդուեցաւ եւ անմխիթար դարձաւ` տարածաշրջանին մէջ իր տեսակին մէջ եզակի Հայաստանի Բնութեան Պետական Թանգարանը: Թանգարանի պահպանման եւ յետագայ գործունէութեան զարգացման գործին մէջ իր հարուստ գիտելիքները, հմտութիւնն ու ջանքերը ներդրած է բնութեան թանգարանի հիմնադիրներէն մէկը` Իրեն Արտաւազդի Ֆրանգեանը: Շնորհիւ թանգարանի աշխատողներուն կողմէ դրսեւորած յամառ կամքին եւ հայրենասիրութեան `2004 թուականի Նոյեմբեր 5-ին, Երեւանի Տիգրան Մեծի 34 հասցէին վերաբացուեցաւ Հայաստանի բնութեան պետական թանգարանը եւ ներկայացուեցաւ 13 տարի չգործող ցուցադրութիւնը: Այս ազգանուէր գործին մէջ իրենց անգնահատելի ներդրումը ունեցան նաեւ թեհրանահայ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Ահարոնեանները: Ստեղծուեցաւ կառոյց մը, որ կոչուած է տարածելու անսահման սէր, բարութիւն, հոգատարութիւն, սրտացաւութիւն հայրենի բնութեան հանդէպ եւ նպաստելու հայրենի բնութեան պահապանութեան նուիրական գործին:
«Զ.» –Իսկ ինչպէ՞ս առնչուած է Սփիւռքը ձեր թանգարանին: Ովքե՞ր են թանգարանի բարերարներ` Տէր եւ Տիկին Ահարոնեանները:
Գ.Ղ. – Ինչպէս նշեցի, երբ թանգարանը տեղափոխուեցաւ Երեւանի Տիգրան Մեծի 34 հասցէին գտնուող թիւ 73 դպրոցի լուծարուած շէնք, շէնքը շատ անմխիթար վիճակի մէջ էր` պայմաններ չկային նմուշները ցուցադրելու համար: Այդ ժամանակ թեհրանահայ բարերար Լեւոն Ահարոնեանը նմուշներ կը նուիրէ մեր թանգարանին, եւ երբ, օր մըն ալ կ՝որոշէ անձամբ այցելել մեր թանգարանը՝ կը տեսնէ շէնքին կիսաաւեր վիճակը եւ կը ստանձնէ թանգարանի վերանորագման աշխատանքները: Տէր եւ Տիկին Ահարոնեաններուն շնորհիւ՝ հիմնովին կը վերանորոգուի թանգարանը: Անոնք նաեւ ցուցադրութեան համապատասխան կը կահաւորեն թանգարանը: Բացի վերանորոգումէն եւ կահաւորումէն, անոնք թանգարանին կը նուիրեն նաեւ իրենց անձնական հաւաքածոյէն թանգարանային արժէք ներկայացնող բազմաքանակ ցուցանմուշներ, որոնք ցուցադրուած են Լեւոն Ահարոնեանին նուիրուած առանձին սրահին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան բնաշխարհը, իր առանձնայատկութիւններուն շնորհիւ, գրաւիչ ու հետքրքրական է օտարերկրեայ, սփիւռքահայ եւ հայաստանցի զբօսաշրջիկներու համար: Մեր բարերար բարեկամներէն է նաեւ ուրուկուէահայ բարերար Փետրօ Գայֆէճեանը, որ թանգարանին նուիրած է փափկասուններու իւրայատուկ հաւաքածոյ:
«Զ.» – Ի՞նչ ցուցանմուշներ կան թանգարանի արխիւին մէջ: Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ կ»իրականացուի ցուցադրութիւնը: Ի՞նչ ցուցասրահներ ունի թանգարանը:
Գ.Ղ. – Թանգարանի արխիւին մէջ առակայ է աւելի քան վեց հազար ցուցանմուշ, որմէ առաւել ուշագրաւ է առաջաւոր ասիական ընձառիւծը: Կենդանական աշխարհի ներկակացուցիչներէն շատերը արձանագրուած են 2010 թուականին լոյս տեսած ՀՀ Կարմիր գիրքին մէջ` թռչուններու 96, սողուններու 19, կաթնասուններու 29 տեսակ, որոնցմէ թանգարանի մշտական ցուցադրութեան ներկայացուած են թռչուններու 51, սողուններու եւ կաթնասուններու 6 տեսակ: Ընդհանուր առմամբ ունինք 2000-էն աւելի ցուցանմուշ, որոնք ներկայացուած են ցուցասրահներուն մէջ: Թանգարանը ունի չորս ցուցասրահ.
Առաջին սրահին մէջ, այցելուին ծանօթութիւնը Հայաստանի բնութեան հետ կը սկսի ՀՀ բարձրաքանդակ մանրակերտէն: Այցելուն կրնայ ծանօթանալ հանրապետութեան ընդերքը հարստացնող մետաղական, ոչ մետաղական օգտակար հանածոներուն, կիսաթանկարժէք քարերուն, ինչպէս նաեւ ընդերքի հարստութիւններու շարքին դասուող քաղցրահամ եւ բազմաթիւ հանքային ջուրերուն` նաեւ հողատեսակներուն` ներկայացուած մենաքարերու տեսքով, կլիմայական առանձնայատկութիւններուն, մասնաւորապէս վայրի հացազգիներուն, որոնք կը գտնուին պետական պահպանութեան ներքոյ: Սրահ մտնելով՝ այցելուն տեղեկութիւն կրնայ ստանալ սրբազան միւռոնի պատրաստման եւ բաղադրիչներուն մասին: Տեղ յատկացուած է նաեւ Հայաստանի բնութեան անցեալը ներկայացնող, տարբեր դարաշրջաններուն պատկանող բրածոյ նմուշներուն: Այցելուն երկրորդ եւ երրորդ սրահներուն մէջ հնարաւորութիւն ունի հետաքրքրական շրջայց կատարելու բնակլիմայական գօտիներով` սկսելով կիսաանապատային գօտիէն, հասնելով մինչեւ ալպիական գօտի:
Կիսաանապատային գօտին ներկայացուած է Արարատեան դաշտի տեսարանով, ուր խաղողի վազի վրայ ցուցադրուած են խաղողի տարբեր ցրտադիմացկուն տեսակներ, զամբիւղներու մէջ` միրգերու, հատապտուղներու եւ բանջարանոցային ընտրանի` ինչպէս նաեւ գօտիին բնորոշ որոշ բուսատեսակներ եւ կենդանատեսակներ: Սրահին մէջ ներկայացուած են նաեւ Հայաստանի մէջ հանդիպող թռչուններ, ներառեալ` ջրաճահճային եւ գիշատիչ: Երրորդ սրահին մէջ ներկայացուած է տափաստանային գօտին, որ հանրապետութեան մէջ ամենատարածուածն է: Այստեղ ձեւաւորուած է այս գօտիին բնորոշ «բարձիկաւոր» բոյսերու բնական անկիւն: Ներկայացուած է նաեւ իւրայատուկ գիշատիչ սովորական գայլը, ինչպէս նաեւ՝ խոշոր գիչատիչ թռչուններ: Իսկ չորրորդ սրահը, ինչպէս նշեցի, նուիրուած է թեհրանաբնակ բարերարներ Տէր եւ Տիկին Ահարոնեաններու ընտանիքին: Այստեղ ներկայացուած է անոնց կողմէ թնագարանին նուիրաբերուած ցուցանմուշները` Մուֆլոն, Բեզոարեան այծ, Ճէյրան, Կովկասեան ընձառիւծ, Վարազ, Սովորական գայլ, Սովորական աղուէս եւ այլ կենդանատեսակներ:
Մենք ունինք նաեւ ձուկերու կենդանի ցուցադրութիւն: Այցելուն կրնայ տեղեկութիւններ ստանալ տուեալ ձկնատեսակի եւ անոր խնամքի վերաբերեալ:
«Զ.» – Քանի՞ աշխատող ունի թանգարանը: Տարեկան քանի՞ այցելու կ՝ունենայ: Ո՞վ են մշտական այցելուները: Եւ ի՞նչ ձեռնարկներ կը կազմակերպէ թանգարանը:
Գ.Ղ. – Թանգարանը այժմ ունի 30 աշխատող: Չեմ կրնար ըսել, թէ տարեկան քանի այցելու ունինք: Թանգարանի այցելութիւնները կը շատնան դպրոցական տարեմուտին: Օր կ’ըլլայ, որ մենք կ’ունենանք տասէն աւելի այցելող խումբ: Աշխոյժ շրջանին՝ միջինը կ՝ունենանք օրական 200 այցելու: Թանգարանը պետական է եւ նիւթական աջակցութիւն կը ստանայ պետութեան կողմէ, բայց մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ հնարաւոր չէ թանգարանի ծախսերը հոգալ միայն պետութեան նիւթական աջակցութեամբ, ուստի արդէն երրորդ տարին է, որ թանգարանին մուտքը վճարովի է: Դպորացականներու եւ ուսանողներու համար մուտքավճարը 100 դրամ է, մեծահասակներունը՝ 300 դրամ: Մուտքը անվճար է մինչեւ վեց տարեկան երեխաներու, մէկ խումբ ուղեկցող մէկ ուսուցիչի, թանգարանային աշխատողներու, ՀՀ բնապահապանութեան նախարարութեան աշխատողներու, ազատամարտիկներու, զինծառայողներու, հաշմանդամներու, լրագրողներու, մանկատան երեխաներու համար՝ համապատասխան փաստաթուղթերու առկայութեան պարագային, իւրաքանչիւր ամսուան վերջին Շաբաթ օրը: Շրջայցը կ՝իրականացուի հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն լեզուներով: Թանգարանը ամէն տարի կը մասնակցի Թանգարանային գիշեր ծրագիրին եւ կ՝ունենայ 1000-էն աւելի այցելու:
Մշտապէս գործող ցուցադրութենէն բացի՝ թանգարանը, տարիներու ընթացքին, բնապահպանական թեմաներով բազմիցս կազմակերպած է հետքրքրական, ուսանելի ժամանակաւոր ցուցահանդէսներ, ձեռնարկներ, հեռուստախաղեր, մրցոյթներ: Բացի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուող ձեռնարկներէն՝ ԽՍՀՄ-ի օրօք թանգարանը կազմակերպած է շրջիկ ցուցահանդէսներ, շարժանկարային-դասախօսութիւններ հանրապետութեան հեռաւոր շրջաններու մէջ իրենց արձակուրդը վայելող երեխաներու համար:
Այն ամէնը որ բնութեան մէջ հնարաւոր չէ տեսնել, այստեղ կրնաք տեսնել: Հայաստան այցելող իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ , որ չի կրնար անձամբ շրջիլ հանրապետութեան տարածքին մէջ, մեր մօտ կրնայ ծանօթանալ հայոց բնութեան:
«Զ.» -Տիկին Գայիանէ, ըսիք որ թանգարանը ձեռնարկներ իրականցուցած է նաեւ ՀՀ մարզերուն մէջ: Կ»ըսէ՞ք այնտեղ ինչ մասնաճիւղեր ունիք:
Թանգարանը ունի մէկ մասնաճիւղ՝ ՀՀ Շիրակի մարզին մէջ, «Արփի լիճ» ազգային պարկին մէջ: Մասնաճիւղին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը, երկրաբանութիւնը, բնութեան անցեալը, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւն կենդանական եւ բուսական աշխարհի` ներառեալ ՀՀ Կարմիր Գիրքին մէջ արձանագրուած բոյսերու 25 եւ կենդանիներու 30 տեսակներու մասին, որոնք կը հանդիպին «Արփի լիճ» ազգային պարկի տարածքին: Մասնաճիւղի սրահին մէջ ներկայացուած է նաեւ տեղեկութիւն Շիրակի մարզի բնութեան եւ պատմամշակութային յուշարձաններուն, ինչպէս նաեւ մարզի բուսական, կենդանական աշխարհին վերաբերեալ: Առկայ է տեղեկութիւն նաեւ ՀՀ բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներուն մասին:
«Զ.» – Շնորհակալութիւն տիկին Գայիանէ: Պահպանել բնութիւնը կը նշանակէ պաշտպանել հայրենիքը. ուստի սիրենք ու պաշտպանանենք մեր բնութիւնը: Աւարտին մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, թէ Հայաստանի Բնութեան Պետական Թանգարանը կը գտնուի Երեւան` Տիգրան Մեծ 34 հասցէին :
Ել. նամակի հասցէ` bnuttang@mail.ru – Հեռաձայն` +374 11 527942 / +374 11542516