Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Արցախ Ժամանած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած Է 50 Տոկոսով

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Արցախ այցելած օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներուն թիւը, ընթացիկ տարուան առաջին կիսամեակին, 2016-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ՝ աճած է մօտ 50 տոկոսով: Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան տուեալներով` 2017 թուականի Յունուար-Յունիս ամիսներուն, Արցախի մէջ արձանագրուած է օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներու թիւի 46 տոկոս աճ՝ 2016 թուականի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, իսկ 2015 թուականի համեմատ՝ աճը կազմած է 26 %: Աճի միտումը նկատելի է բուն զբօսաշրջավայրերուն մէջ: Այսպէս, Տիգրանակերտի պետական արգելոց այցելած է աւելի քան 5000 զբօսաշրջիկ, որ 62 տոկոսով կը գերազանցէ 2015 թուականի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը, կը մանրամասնէ Տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեանը: Ոլորտի զարգացման ուղղուած պետական միջոցները չեն աւելցած, սակայն նորութիւն կայ. այս տարի զբօսաշրջութեան բնագաւառի զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն համար, բացի պետական պիւտճէի միջոցներէն, յաջողուած է ներգրաւել նաեւ 25 միլիոն դրամ ներդրումներ միջազգային նուիրատուներու կողմէ: Աճած են նաեւ զբօսաշրջութենէն եղած եկամուտները՝ կազմելով 1 միլիառ 700 միլիոն դրամ, 2015-ի համեմատ աճը՝ 35 տոկոս:

Զբօսաշրջութեան զարգացումը, պետական քաղաքականութենէն բացի, նաեւ զարգացման լրացուցիչ հնարաւորութիւն է Արցախի գիւղական բնակավայրերէն իւրաքանչիւրին համար: Այլ հարց է, թէ ով որքան կը կարենայ օգտագործել ունեցած հնարաւորութիւնները եւ մաս ունենալ զբօսաշրջութեան ոլորտի ապահոված եկամուտներէն: Մարտակերտի շրջանի Ծմակահող գիւղը դրական օրինակներու շարքէն է: Գեղատեսիլ բնութիւն, բնական եւ պատմական բազմաթիւ յուշարձաններու հարեւանութիւն: Ծմակահողի մէջ, իրենց գիւղի առաւելութիւնները հպարտութեամբ կը թուարկեն: Գանձասարի, Կաչաղակաբերդի, բնական եւ պատմական շարք այլ յուշարձաններու հարեւանութիւնը, այս տարածաշրջանին համար, զբօսաշրջիկներու որոշ հոսք կ’ապահովէ: Բարելաւուած ենթակառուցուածքներն ալ կը նպաստեն, որ տարիներու հետ այդ հոսքը հաստատուն քայլերով աճի։


«Ատոր նաեւ կը նպաստեն այս տարածքներուն մէջ իրականացուող հնագիտական աշխատանքները: Նոր գտածոները զբօսաշրջիկներու այցերը աշխուժացնելու լրացուցիչ խթան կը դառնան: Այլ հարց է, որ դէպքերու մեծ մասով՝ գիւղերը այդ հնարաւորութիւնները շատ քիչ կ’օգտագործեն»,- կ’ընդգծէ Տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահուերդեան: Սակայն, ի տարբերութիւն շատ գիւղերու՝ Ծմակահողի մէջ որոշած են այդ առաւելութիւնները զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու հնարաւորութեան վերածել: Նախաձեռնողը ծմակահողցի ձեռներէց Էրիկ Մկրտումեանն է: Նպատակը համայնքին մէջ բնապահպանական զբօսաշրջութեան զարգացման համար պայմաններու ստեղծումն է: Արդէն գործող բնապահպանական կեդրոնի հիւրերուն կ’առաջարկեն բացառապէս օրկանական սննդամթերք՝ «Արտադրուած է Ծմակահողում» շարքէն: Այստեղ կ’առաջարկեն ոչ միայն ճաշակել տեղական արտադրանքը, այլեւ առնուազն ականատես ըլլալ օղիի թորման ու թոնրահացի թխման: Ծմակահողցի փոքրիկներու արտադրանքն ալ իր պատուաւոր տեղը ունի բնապահպանական կեդրոնին մէջ: Կիրառական արուեստի խմբակի սաներուն գործերը՝ յուշանուէրները, կեդրոնին մէջ ոչ միայն կը ցուցադրուին, այլեւ՝ կը վաճառուին, կը մանրամասնէ խմբակավար Նորայր Սարուխանեանը: Այսօրուան հնարաւորութիւններով՝ բնապահպանական կեդրոնը արդէն ունի չորս աշխատակից:

Գործունէութեան ոլորտները ընդլայնելու հետ՝ աշխատակիցներւն թիւն ալ կ’աճի, վստահ է նախաձեռնութեան հեղինակը: Իսկ ընդլայնուելու ծրագիրներէն քանի մը հատը արդէն ընթացքի մէջ են: Շարքին առաջինը գիշերակացի խնդիրը լուծելն է: Ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ զբօսաշրջութեան մշակոյթը այս համայնքին մէջ նոր որակի հասցնելու: Էրիկ Մկրտումեանը այս փուլին նոր շինութիւն չի կառուցեր. վարձակալած է համայնքապետարանի շէնքին մէկ մասը եւ կը վերանորոգէ: «Աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են: Կը նախատեսենք մինչեւ Օգոստոս աւարտել: Իբրեւ արդիւնք պիտի կարենանք գիշերակացի տեղ առաջարկել մէկ անգամէն շուրջ 10 զբօսաշրջիկի»,- կը պատմէ ծմակահողցի գործարարը: Այս նախաձեռնութիւներէն շօշափելի արդիւնք կ’ակնկալէ Տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահուերդեանը. «Ատոր համար ժամանակ ու ջանքեր պիտի պահաջուին, բայց վստահ եմ, որ այս քայլերով շարունակելու պարագային՝ ծմակահողը կրնայ բնապահպանական զբօսաշրջութեան զարգացման հարցով օրինակ դառնալ այլ գիւղերու համար: 2-3 տարի անց՝ արդիւնքները տեսանելի պիտի ըլլան: Ամենակարեւորը՝ այստեղ առկայ է անոր մասնակցելու բնակչութեան ցանկութիւնը»:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին