«Մեր նախնիները մեզ եւ աշխարհին փոքր ժառանգութիւն չեն կտակել: Բայց մենք պիտի հասկնանք եւ հասկնալով չմոռնանք երբեք, որ ժառանգութեան մեծագոյն գանձը մեր լեզուն է: » Պարոյր Սեւակ
Սեւակին խօսքերը որքան այժմէական եւ արժէքաւոր են, նոյնքան պարտաւորեցնող եւ ազգապահպանումի գործընթացին մէջ անյապաղ գոյամարտող անժամանցելի ուծացման դէմ:
Ազգապահպանումի ջանքերուն ընդհանուր յառաջխաղացքին մէջ կարեւոր, մեծ իրագործում մըն է անտարակոյս Թէքէեան Մշակութային Միութեան Վահան Թէքէեան Վարժարանը: Ան կանգնած է այսօր բարձրաճակատ ու հպարտ, որպէս վկայութիւն շինարար եւ ուսումնատենչ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգիին:
14 Յուլիս 2017 –ի կէսօրին, Լիբանանի Հայաստանի Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ բացառիկ պարգեւատրումի հանդիսութիւն, հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ ներկայութեամբ՝ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի:
Միջոցառման ընթացքին գնահատուեցան լիբանանահայ վարժարաններէ ներս պաշտօնավարող տասնեակ մը հայ ուսուցիչներ ու ուսուցչուհիներ, որոնք կը դասաւանդեն Հայ լեզու կամ Հայ գրականութիւն: ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենիի Դեսպան» շքանշանով պարգեւատրուեցան Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի ուսուցիչներ՝ Դոկտ. Մարի Պէքարեան, Տիկ. Ռիթա Թամուկեան, Տիկ. Շաքէ Տոմպուրեան, Պր. Աւետիս Տիպան եւ վարժարանիս Հոգաբարձութեան ատենադպիր, անցեալի հայ լեզու եւ գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի՝ Օրդ. Լորիս Թուղլաճեան։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանիս Հոգաբարձութեան Ատենապետ Տօքթ. Յովիկ Վարդանեան եւ անդամներ։ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունեց ներկաները, գնահատելով հայերէնի ուսուցիչները՝ զանոնք համարելով «Մայրենիի Դեսպաններ» Սփիւռքի մէջ: Ան յիշեց պատանութեան սորված մէկ բանաստեղծութիւնը, վեր առնելով ուսուցիչին կարեւոր դերը գիտութեան անսպառ լոյսը սփռելու վսեմ առաքելութեան մէջ: Նախարարը նաեւ ներկայացուց Մարտիրոս Սարեանի այն գեղանկարը, որ կը ներկայացնէ պտղատու ծառը, որ կը խորհրդանշէ համայն հայութիւնը, արմատները՝ հայրենի հողին վրայ ապրող հայերը, իսկ ճիւղերն ու պտուղները՝ սփիւռքահայութիւնը, որոնց բարիքը կը վայելեն նաեւ Սփիւռքի միւս ժողովուրդներն անգամ: Նախարարը շեշտեց, թէ ուսուցիչները իրենց աշակերտներուն մտքին ու հոգիին մէջ պէտք է դրոշմեն, թէ նոյնիսկ սփիւռքահայը հայաստանցի է:
Վերջապէս սրահը ողողուեցաւ որոտընդոստ ծափողջոյններով, երբ նախարարը ըսաւ թէ ըստ Լիբանանահայերուն, Լիբանանն է Սփիւռքի մայրաքաղաքը:
Իւրաքանչիւր հայ յատկութիւն ունի բարերար դառնալու իր կարողութեան սահմաններէն ներս, սակայն ուսուցիչ բարերար ըլլալը եւ այն ալ Սփիւռքին մէջ իւրայատուկ կոչում է. աստուածային շնորհք եւ անսահման նուիրուածութիւն ազգին հանդէպ, որոնց միջոցով հայը հայ կը մնայ, կը պահպանուին մեր ազգային արժէքները եւ ժառանգութիւնը: Հետեւաբար հայ ուսուցիչի երդումը հայոց այբուբենի հիմնադիր՝ Մեսրոպ Մաշտոցին, իր պատիւին եւ խիղճին դիմաց անսակարկօրէն ծառայել ազգին, հայ կրթօճախին անժամանցելի գոյատեւման ու բարգաւաճման:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ