Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հոն Ուր Կ’աւարտի Մատենադարանը, Այնտեղ կը Սկսի Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանը

ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երեւանի աշխատակից

Նարեկացի, Շնորհալի, Նաղաշ Հովնաթան,
ինչքա՜ն հանճար, խելք ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես:
քո Չարենցին լեզու տուող երկիր Հայաստան,
հազար ու մի երգ ես տեսել, – էլի՛ կը տեսնես

                                                  Եղիշէ Չարենց

Ահա Չարենցի այս խօսքերը իրենց սրտերուն մէջ յիշելով՝ նախկին լիբանանահայ այժմ արդէն հայրենադարձ մտաւորական՝ «Զարթօնք»ի աշխատակից Սարգիս Փոշօղլեանը եւ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը՝ Երեւանի մէջ այցելեցին Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարան: Այցելութեան նպատակն էր թանգարանի արխիւին յանձնել պարոն Փոշօղլեանի «Զարթօնք»ի մօտ գտնուող ձեռագիր յօդուածները ապագային զայն համալրելու համար իր այլ արխիւային նիւթերով եւ հեղինակած գիրքերով: Թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան «Զարթօնք»-ի խմբագրութեան նուիրեց թանգարանի հրատարակած գիրքերէն մէկը՝ իր իսկ մակագրութեամբ: 

Պարոն Վարդանեան նշեց, որ թանգարանի Ժամանակային ընդգրկուածութիւնը կը կազմէ 300 տարի` Սայաթ Նովայէն (18-րդ դար) մինչեւ 20-րդ դարու վերջը: Ցուցադրուած նիւթերը կը պատմեն ոչ միայն գրականութեան եւ արուեստի ասպարէզներու հարիւրաւոր երախտաւորներու, այլեւ հայ իրականութեան մէջ նշանակալի հետք ձգած կրթական (դպրոցներ, վարժարաններ, ճեմարաններ), գիտական, մշակութային հաստատութիւններու, գրական, երաժշտական, թատերական խումբերու, միութիւններու, նշանաւոր պարբերականներու խմբագրութիւններու մասին: Նիւթերուն բազմազանութիւնը աներեւակայելիօրէն լայն է` գեղարուեստական, գիտական, ազգագրական, մանկավարժական, յուշագրական երկերու ձեռագիրներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, վաւերագրեր, նոթաներ, լուսանկարներ, հրաւիրատոմսեր, ազդագրեր, նուագարաններ, անձնական եւ բեմական հագուստ, կահոյթ, սպասք, յուշանուէրներ, պետական պարգեւներ, շքանշաններ, մետալներ, զէնքեր, շարժանկարի սարքեր, հնատիպ գիրքեր, մամուլ եւ այլն: Այս բոլորէն զատ, բոլոր ցուցասրահները յագեցած են ներկայացուած գործիչները պատկերող կամ անոնց ստեղծագործութիւնը հանդիսացող կերպարուեստի արժէքներով` կտաւներով, մատիտանկարներով, ծաղրանկարներով, քանդակներով:

«Ուր կ՝աւարտի Մատենադարանը այնտեղ կը սկսի գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը, որ որեւէ տեղ չ՝աւարտիր, որովհետեւ մենք հիմա ալ ունինք գրողներ, արուեստագէտներ որոնք կը գիտակցին արխիւի կարեւորութիւնը եւ իրենց ունեցած արխիւները կը յանձնեն մեզի: Հեղինակի անունով կը բացուի ֆոնտ, որ մանրակրկիտ կը մշակուի: Եթէ գրող է, ուստի մեր գրական բաժինը կը մշակէ, իսկ եթէ, օրինակ, Կոմիտասն է, ուստի մեր երաժտական բաժինը կը մշակէ: Կը ստեղծուի մատեան, ուր բաժիններով կը գրուին համապատասխան տուեալները: Այսինքն, եթէ հետազօտողը թանգարան կու գայ այդ մատեանը կը դիւրացնէ իր գործը: Կան հիմնական եւ օժանդակող ֆոնտեր: Եթէ գիտական խորհուրդը որեւէ նիւթ արժէքաւոր կը համարէ, ուստի անիկա կ՝արձանագրուի հիմնական ֆոնտին մէջ, իսկ միւսները կ՝արձանագրուին օժանդակ ֆոնտի մէջ։ Ենթադրենք, որ մամուլ մէջ հրապարակուած որեւէ նիւթէ մը կայ ընդամէնը չորս օրինակ, ուստի մէկը կ՝արձանագրուի հիմնական ֆոնտին մէջ, իսկ միւսները ՝օժանդակ»,- իր խօսքին մէջ ըսաւ պարոն Վարդանեանը:

Հիւրերը նաեւ ծանօթացան թանգարանի ցուցասրահներուն: Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է 5 ցուցասրահներէ (ընդհանուր մակերեսը 300 ք.մ).

Առաջին 2-ին մէջ ներկայացուած է հայ գրականութիւնը

3-րդին մէջ` թատերարուեստը

4-րդին` շարժանկարի արուեստը

5-րդին` երաժշտարուեստը

Շատերը այս թանգարանը կը շփոթեն Չարենցի տուն-թանգարանին հետ: Այդ շփոթութիւնը կու գայ 1967 թուականէն, երբ կը նշուէր Չարենցի 70-ամեակը: Մօտ երկու տասնամեակ, Չարենցի, Մահարիի, Բակունցի բռնագաղթուածներու հետ կապուած ամէն ինչ արգիլուած էր, հալածուած էր եւ կ՝ոչնչացուէր: 60ականներու վերջէն ետք ալ մարդիկ որոշեցին պահպանել նիւթերը եւ իրենց ձեռքը եղած ամէն ինչ կոչեցին Չարենցի անունով, ներառեալ այս թանգարանը երեւի անարդարութիւն մը թարմանելու համար: Բայց Չարենցը հազարաւոր հեղինակներէն մէկն է միայն:

Պարոն Փոշօղլեանի արխիւները յանձուեցան թանգարանի գլխաւոր ֆոնտապահ Օֆելեա  Ուտումեանին:

«Թանգարանը ունի Սփիւռքի հաւաքածու: Սկզբնական շրջանին պարոն Փոշողլեանի նիւթերը պիտի պահպանուի Սփիւռքի հաւաքածուին մէջ, յետագային, երբ ամբողջացուի արխիւը, թանգարանին մէջ պիտի բացուի իր անունով անձնական ֆոնդ»,- նշեց տիկին Օֆելեան:

Այցելութեան ժամանակ թանգարանը լի էր հետաքրքրասէր փոքրիկներով, որոնք կը մասնակցէին գրականութեան, արուետի եւ պետական պատկերասրահի կազմակերպած «Արուեստ եւ գրականութիւն» ամառնային դպրոց ծրագիրին: Թանգարան այցելութիւնը անոնց ամփոփիչ  այցելութիւնն էր: Երեխաները ծնողներու հետ միասին հրաւիրուած էին թանգարան, որպէսզի ամբեղջացնեն ամառնային դպրոցին մէջ իրենց սորվածը: Մենք նկատեցինք անոնց աշխուժութիւնը. երեխաները ոգեւորուած կը պատմէին իրենց ծնողներուն այս ընթացքին սորվածը: Փոքրիկներու ձեռքին կային նաեւ հաւաստագրեր, որ կը վկայէր ամառնային դպրոցին իրենց մասնակցութեան մասին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին