ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի աշխատակից
Վերջերս՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան 70–ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս՝ լիբանանահայ նկարչուհի Լենա Այտընեանի նախաձեռնութեամբ՝ Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Չորս սերունդ. վճռականութեան ոգին» խորագիրով ցուցահանդէսը:
Ցուցահանդէսը կը հովանաւորէր ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը իսկ անոր յաջողուեան կ՛աջակցէր Լիբանանի մէջ ՀՀ Դեսպանութիւնը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին չորս տարբեր սերունդներու նկարիչներու՝ Սահակ, Արփինէ, Սարին Ոսկեաններու, Դանիա եւ Լենա Այտընեաններու, ինչպէս նաեւ Սելին Չաղլասեանի գեղանկարչական աշխատանքները, մանրաքանդակները եւ լուսանկարները:
Ցուցահանդէսին ծիրէն ներս՝ «Զարթօնք»-ի զրուցակիցը Սարին Ոսկեանն է: Սարինը ծնած եւ մեծցած է Սուիրոյ մէջ: Այնտեղ աւարտած է Գեղարուեստի ակադեմիայի քանդակագործութեան բաժինը, որմէ ետք ընդունուած է մագիստրոսական բաժին, բայց պատերազմի պատճառով չէ կրցած աւարտել եւ տեղափոխուած է Հայաստան: Երեւանի մէջ ընդունուած եւ աւարտած է Գեղարուեստի պետական ակադեմիայի քանդակագործութեան բաժինը: Ուսման տարիներուն մասնակցած է տարբեր ցուցահանդէսներու թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ:
- Ինչպէ՞ս սկսան Ձեր առաջին քայլերը արուեստի մէջ: Ինչպիսի՞ն էին Ձեր առաջին քանդակները:
Ես Սուրիայէն եմ: Այնտեղ ուսանած եմ Գեղարուեստի ակադեմիայի քանդակագործութեան բաժինին մէջ: Յետոյ, պատերազմի պատճառով, ես եւ եղբայրս տեղափոխուեցանք Հայաստան եւ ուսումս շարունակեցի Երեւանի մէջ: Մեր ընտանքին մէջ միշտ եղած է արուեստի շունչը:
Փոքր տարիքիս «Խզբզոցներ» կ՝ընէի, կը նկարէի, այսինքն սկսած եմ նկարչութեամբ , բայց երբ ընդունուեցայ ակադեմիայ, ուր սկսանք արուեստի տարբեր ճիւղեր ուսումնասիրել, հասկացայ, որ ինծի աւելի հոգեհարազատ է քանդակագործութիւնը: Ես կը ձգտիմ դէպի քանդակը, կրնամ իմ ներքին աշխարհը աւելի ճշգրիտ վերարտադրել քանդակագործութեան մէջ, քան՝ նակարչութեան: Ինչպէս նշեցի, արուեստը միշտ զգացուած է մեր ընտանիքին մէջ: Անոր հիմքը եղած է մեծ հայրս` Սահակ Ոսկեանը: Ան ծնած է 1910 թուականին Մարաշ: Ջարդի տարիներուն` գաղթի ժամանակ՝ մեծ հօրս մայրը զոյգ երեխաներ ծննադաբերելու ժամանակ մահացած է, իսկ ճանապարհին մահացած են նաեւ հայրը եւ եղբայրը, իսկ զոյգ երեխաներէն տեղեկութիւն չունինք: Ենթադրութիւններ կան, որ անոնց որդեգրած են բրիտանացիները: Մեծ հայրս շատ դժուարութեամբ կրցած է հասնիլ Յունաստան, բայց երբ անոր քեռին գիտցած է, որ ան Յունաստան է, զայն բերել տուած է Դամասկոս: Ցաւօք սրտի, մեծ հայրս մահացած է 47 տարեկանին: Այդ ժամանակ ոչ ոք գիտէր, որ ան կը նկարէ: Յետագային կրցած ենք գտնել եւ պահպանել իր աշխատանքներուն մէկ մասը միայն: Այդ գործերուն մէկ մասը ներկայացուած էին ցուցահանդէսին: Հօրաքոյրս ալ՝ Լենա Այտընեանը, մեծ հօրս տաղանդը ժառանգելով՝ կը զբաղի նկարչութեամբ: Ցուցահանդէսին գաղափարը իրն էր:
- Ստեղծագործողին չեն հարցներ, թէ երբ կը հասցնէք ստեղծագործել, այդ ժամանակը կը ստեղծուի: Կը ներկայացնէ՞ք Ձեր ստեղծագործելու ընթացքը:
Ինչպէս բոլոր արուեստագէտները, այնպէս ալ ես, ստեղծագործելուս թեմաները կը վերցնեմ կեանքէն: Ընդհանրապէս իմ կեանքի ընթացին, այն երեւոյթները, որոնք կ՝ազդեն վրաս, կը փորձեմ վերարատադրել քանդակներու տեսքով: Այսինքն, այն երեւոյթները, որոնք բառերով չեմ կրնար նկարագրել, ես կը ներկայացնեմ քանդակներու միջոցով: Իմ քանդակներով ես կը ներկայացնեմ իմ իրականութիւնը: Այս պահուն, մեծ մասամբ մանրաքանդակներ կ՝ընեմ: Բոլոր աշխատանքներս ալ հոգիիս մէկ մասն են, բոլորին մէջ ալ սիրտ ու հոգի կը դնեմ:
Ճիշդ է, ունեցած եմ ցուցահանդէսներ, բայց այս վերջին ցուցահանդէսը, որ նուիրեցիքն մեծ հօրս մահաւան 60-րդ տարելիցին, դարձաւ սրտիս ամենահարազատ ցուցահանդէսը, որովհետեւ մեծ հայրս ինծի համար միշտ ոգոշնչում եղած է: Ես միշտ ուզած եմ այնպիսի բաներ ընել, որ անոր յիշատակը վառ պահեմ, որովհետեւ վրաս շատ ազդած է անոր կայնքի պատմութիւնը: Ցուցահանդէսէն շատ բաւարարուած եմ, որովետեւ անով կրցայ մեծ հօրս անունը ներկայացնել եւ անոր հանդէպ պարտքս կատարած համարել:
- Կ՝ըսեն քանդակագործութիւնը իրական աշխարհը կը ստեղծէ նիւթապէս ծաւալային ձեւով: Կ’ըսէ՞ք, թէ դուք ինչպէս կը տեսնէք աշխարհը:
Այո, ճիշդ էք քանդակագործութեան մէջ նիւթը շատ մեծ դեր կը խաղայ, բայց ամէն քանդակի մէջ, որ սիրտ ու հոգի կը դնես, արդէն նիւթականէն կ՝անցնի եւ կը դառնայ աշխարհիդ մէկ մասը: Իմ քանդակներէս ոչ մէկուն իբրեւ նիւթ կը նայիմ: Ամէն մէկ քանդակ պատմութիւն մը կը պատմէ, այսինքն նիւթ չէ ինքը: Նիւթով ստեղծուած է, բայց իր մէջ կեանք կայ: Ցուցահանդէսին ներկայացուցած էի տասը քանդակ: Մէկ քանդակ ունէի, որուն միջոցով պատկերած էի բանբասող մարդոց: Ունէի նաեւ «Լոյսի մարդիկ» անունով քանդակը, ուր մարդիկ կը պայքարէին դէպի լոյսը: Պայքարի թեմայով ներկայացուցած էի նաեւ «Պայքար» քանդակը, որուն մարդ էր առանց գլուխի եւ ձեռքերու: Ան կապուած էր գամէն եւ կը պայքարէր ազատուելու համար: Այդ գամը գետնին ամրացուած չէր` օդէն կախուած էր: Այսինքն, մարդը օդին մէջէն պատրանք կը քաշէր: Քանդակով կ՝ուզեմ ըսել, որ կեանքի մէջ կը պատահին իրավիճակներ, երբ քեզի կը թուի, թէ որեւէ բան չես կրնար ընել, որ անիկա քու ուժերէդ վեր է, բայց քանդակը նոյինինքն այդ մասին է, որ ամէն իրավիճակի մէջ ալ պայքարիլ պէտք է: Երբ, որ կը սկսիս քայլ առնել ու պայքարիլ, արդէն այդ դժուարութիւնները քեզի պատրանք կը թուին:
- Իսկ ի՞նչ նիւթերով եւ ի՞նչ պայմաններու մէջ կ՝աշխատիք:
Այս պահուն, մեծ մասամբ մանրաքանդակներ կ՝ընեմ, բայց հիմնական ուղղութիւնս եւ նպատակս մանրաքանդակներ ընելը չէ: Սկսայ մանր աշխատանքներ ընել, որովհետեւ քանի մը դժավարութիւն ունէի՝ տեղի հետ կապուած: Առայժմ արեհեստանոց չունիմ եւ ստիպուած եմ մանր քանդակներ ընել: Սուրիա եղած ժամանակ կ՝աշխատէի երկաթի կտորներով, զանոնք կ՝եռակցէի իրարու, բայց Հայաստան գալէս ետք՝ հնարաւորութիւններս քիչ մը սուղ էին: Սորվեցայ պրոնզ ձուլել եւ արդէն բոլոր քայլերս պրոնզով կ՝ընէի: Կը պատրաստեմ նաեւ տարբեր զարդեր, բայց ատիկա իբրեւ նախասիրութիւն`ինծի համար: Սեպտեմբերին կը պատրաստուիմ նոր ցուցահանդէս մը ներկայացնել: Ապագայի համար, եթէ ցուցահանդէսներ ըլլան, անպայման պիտի մասնակցիմ:
Երեւան