Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մեկնարկեց «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագիրով Հաւաքը

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանին, երէկ` երեքշաբթի, 11 յուլիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 9։00-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընթացք առաւ «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» վերնագիրով համախմբումը։

Հաւաքին բացումը կատարուեցաւ տէրունական աղօթքով ու վեհափառ հօր հայրապետական օրհնութեամբ, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երուանդ Փամպուքեան։ Ան նշեց, որ երբ կը խօսի սփիւռքի հայեցի դիմագիծին մասին, նկատի ունի նոր սփիւռքը, որուն կազմաւորումը տեղի ունեցաւ առաւելաբար եկեղեցի, դպրոց եւ քաղաքական ու մշակութային կազմակերպութիւններու շուրջ։ Ան մատնանշեց, որ այս սփիւռքին չորրորդ սերունդը նոյն ձեւով չ՚ապրիր, ինչպէս առաջին սերունդը, բայց յատկանշական է անոր ազգային պահանջատիրութեան մասնակից ըլլալու հոլովոյթը, բան մը, որ անցեալին կը պատկանէր միայն քաղաքական խաւին։ Թուելով կարգ մը դժուարութիւններ, ինչպէս` հայերէն լեզուի տեղքայլը, ան յայտնեց, որ ներկայիս կը պատշաճինք այս իրողութեան եւ այդ պատճառով հայերուն «տունդարձ»-ի գաղափարը աւելի դժուար կը դառնայ։Ասով հանդերձ, սակայն, Հայաստան-Սփիւռք ներկայ կապերը գնահատելով, պատմաբանը յայտնեց իր լաւատեսութիւնը, թէ երբ տեղ մը քանդուի, ուրիշ տեղ մը կը ծաղկի։ Փամպուքեան ակնարկեց նաեւ միացեալ ուղղագրութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ դաւանափոխ հայերը ընդունելուն անհրաժեշտութեան։

Ապա, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ հիմնական նկատեց ազգային ինքնութեան եւ հայկական ինքնագիտակցութեան կարեւորութիւնը։ Ան հայկական ինքնութեան խնդիրը ռազմավարական նկատեց եւ դիտել տուաւ, որ այդ միշտ փոփոխութեան ընթացքի մէջ է ու բազմաշերտ է։ Հայկական ինքնութեան առանձնայատկութիւններուն մասին խօսելով` նախարարը նշեց, որ անիկա հիմնուած է ցաւի ու տառապանքի վրայ։ Հայկական սփիւռքը աշխարհի միւս սփիւռքներուն կողքին ամէնէն տարածուածն է, ըսաւ ան` շարունակելով, որ այս մէկը սփիւռքը դարձուցած է բազմամշակոյթ, ուստի` բազմաթիւ ինքնութիւններու տէր։ Անդրադառնալով ծպտեալ հայերուն պարագային, նախարարը յայտնեց, որ նախարարութիւնը առանձին դրոյթով եւ պետական մակարդակով կը մօտենայ անոնց։

Հայկական ինքնութեան մէջ խորանալով` նախարարը խօսեցաւ խառն ամուսնութիւններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, գիտակցօրէն հայկականութենէն հեռու ապրող հայերուն, աշխարհաքաղաքացի ըլլալ ուզողներուն, իսլամ հայերուն, ինչպէս նաեւ իրենց արմատներուն վերադառնալ փափաքող հայերուն մասին։ Ասոնց դիմաց ան կարեւորեց հայ մնալու երաշխիքները՝ եկեղեցի, դպրոց, պատմական յիշողութիւն, ընտանիք, աւանդութիւններու պահպանում, ազգային եւ մշակութային կառոյցներ, մամուլ, հայկական խորհրդանիշներ, անկախ Հայաստան ու Արցախ։

Եզրափակելով իր խօսքը` նախարար Յակոբեան նշեց, որ հարկ է գրաւիչ դարձնել հայ երիտասարդին հայկական ինքնութիւնը, Հայաստանն ու Արցախը, որպէսզի անոնց համար Հայաստանը դառնայ տուն եւ ոչ թէ պատմական հայրենիք։ Ան ըսաւ, որ հիմանական խնդիրը հայրենադարձութիւնն է։

Նիստին աւարտին խօսք առնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս սկիզբը անդրադարձաւ նման համագումարի կազմակերպման` դիտել տալով, որ անիկա հաւաքական ճիգ մըն է` տարբեր փորձառութիւններ, տագնապներ եւ հայեցակէտեր իրարու հետ բաժնեկցելու` հեռու վիպապաշտական մօտեցումներէ, այլ իրատեսութեան վրայ խարսխուած։ «Մեր նպատակը հաստատումներ կատարել չէ, այլ` առաջին, պատմական խորքը դիտելով, սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութեան ու ինքնաարտայայտութեան պարզած ներկայ պատկերին քննարկումն է` իր դրական ու բացասական երեսներով, եւ երկրորդ, սոսկ նկարագրականէն անդին, ինքնութեան նոր մօտեցումներու, նոր չափանիշներու, նոր սահմաններու ու սահմանումներու որոնումն է», հաստատեց կաթողիկոսը։ Անդրադառնալով սփիւռքահայութեան մէկ դառու հայ մնալու պայքարի պատմութեան` կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ տարբեր պատճառներով ու այլազան հանգամանքներու բերումով այսօր սփիւռքի պայքարելու տոկունութիւնը սկսած է հետզհետէ տկարանալ։ Այս պարունակին մէջ ալ, ինքնութիւնը իբրեւ կազմաւորման ու զարգացման մնայուն ընթացքի նկատելով, Արամ Ա. հայրապետ հաստատեց, որ ժամանակի ու պայմաններու բերումով այդ ընթացքը կրնայ փոխուիլ, սակայն միջուկը կը մնայ նոյնը, «եթէ միջուկը փոխուի, ինքնութիւնը կը փոխուի»։ Ան աւելցուց, որ հայու ինքնութիւնը կազմաւորող հնոցները եւ զայն պաշտպանող ամրոցները սկսած են կորսնցնել իրենց հմայքն ու ուժականութիւնը. «Հայու ինքնութեան կերտման ու պահպանման մէջ կենսական դեր ունեցած մեր պատմական դէպքերն ու դէմքերը սկսած են սպառել իրենց ներուժը` հետզհետէ դուրս մնալով մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութենէն։ Ամբողջական Հայաստանի տեսիլքը, որ դարձաւ ինքնութիւն ամրացնող հզօր գաղափարախօսութիւն, Հայաստանի Հանրապետութեան վերստեղծումով սկսած է սփիւռքի հայու կեանքին մայր էջէն հեռանալ», դիտել տուաւ ան` լուսարձակի տակ առնելով նաեւ հայաստանեան եւ խորհրդային սփիւռքները, անոնց ինքնութեան տարբեր շեշտաւորումներով ու արտայայտութիւններով, ինչ որ կը ստեղծէ քաոսային վիճակ եւ ահաւոր ու տագնապալի կացութիւն։ Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ սփիւռքի տարածքին ինքնաճանաչման տարբեր կերպերու ու ինքնութեան տարբեր արտայայտութիւններու, որոնք համահայկական լուրջ տագնապի դէմ յանդիման կը դնեն մեզ։

Ապա վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն խօսեցաւ սփիւռքահայուն ինքնութեան դիմագրաւող վտանգներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին` մատնանշելով, որ հողը, լեզուն, ինքնաճանաչումը, պատկանելիութեան զգացումը, խորհրդանիշերուն եւ տիպարներուն ներկայացուցած արժէքը, քննական երկխօսութեան եւ ներդաշնակ յարակցութեան գոյութիւնը, ազգային գաղափարախօսութեան առկայութիւնն ու պահանումը առանցքային դերակատարութիւն ունին այս առումով։ Ապա ան մատնանշեց, որ այսօր ինքնութեան տարբեր ըմբռնումներ կան մեր իրականութեան մէջ եւ հարցական է, թէ ասոնք ինչպէ՞ս կարելի է համադրել եւ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ինչպիսի՞ մօտեցում ցուցաբերել։

Իր խօսքը եզրափակելով` Արամ Ա. կաթողիկոս անհրաժեշտ նկատեց ինքնապաշտպանութեան մեր զէնքերու վերանորոգութիւնն ու արդիականացումը. «առաջին, մեր գաղութներու կեանքին կազմակերպչական ուժականութիւն ու կենսունակութիւն տալով, երկրորդ, ինքնաճանաչման ազդու մեթոտներ ու ուղիներ ճշդելով եւ ինքնութեան նոր մօտելներ ու չափանիշեր որոնելով, երրորդ` սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը վերստեղծելով ու ինքնագիտակցութիւնը ամրապնդելով` համահունչ տուեալ միջավայրին ու ներկայ պայմաններուն»։   

«Պատմական ակնարկ» խորագիրով Ա. նիստին հանդէս եկան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, փրոֆ. Սեդա Տատոյեան եւ Նազարէթ Պէրպէրեան։

Առաջին զեկուցաբեր փրոֆ. Մելքոնեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ հայկական ինքնութեան կազմաւորման հոլովոյթը` սկսելով Ք.ա. Բ. դարէն, Արտաշէս Ա.-ի ժամանակաշրջանէն, ու հայ ժողովուրդի ինքնութեան զարգացումը բաժնեց չորս փուլերու՝ հայ ինքնութեան կայացման ժամանակաշրջան, այսինքն հայկական վաղ պետականութեան կազմաւորում, չորրորդ դարուն ընթացքին հզօր ինքնութեան պահպանման ժամանակահատուած, եկեղեցւոյ ազգային դառնալու դէպք, Անիի անկումէն ետք արտագաղթ, 16-րդ դարուն թուրք-պարսկական ապա ռուսական տիրապետութեան տակ ըլլալու հետեւանքով ինքնութեան փոփոխութիւն։ Մելքոնեան խօսեցաւ Ցեղասպանութեան, ապա Հայաստանի պետականացումներուն ներքեւ փոփոխութեան ենթարկուած ինքնութիւններու մասին։

Երկրորդ զեկուցաբեր փրոֆ. Տատոյեան լուսարձակի տակ առաւ Կիլիկիոյ մէջ ինքնութեան հարցը զայն տեղաւորելով պատմական շրջագիծին մէջ։Ան նշեց, որ հարկ է պատմութեան նայիլ, որպէսզի կարենալ ներկան վերլուծել ու յայտնեց, որ Կիլիկիան ո՛չ Հայաստան էր, ո՛չ ալ սփիւռք, այլ հայաբնակ էր մեծ չափով մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, ըսաւ ան։ Տատոյեան առաջարկեց գործնական քաղաքականութեամբ նայիլ Կիլիկիոյ պատմականին, ուր գոյութիւն ունէր հանդուրժողական ոգին, դիւանագիտական փորձառութիւն, որոնք հայկական ինքնութեան կազմաւորման մէջ դերակատար էին։

Երրորդ զեկուցաբեր Նազարէթ Պէրպէրեան հանդէս եկաւ սփիւռքի պատմական ակնարկով։ Ան ըսաւ, որ սփիւռքի հիմնական խնդիրը ինքնաճանաչման խնդիրն է եւ ան ներկայիս կը գտնուի նոր հորիզոններու դիմաց։ Ան սահմանեց հաւաքականութիւն դաէմառդէմ կազմաւորուած սփիւռք հասկացողութեան եւ շեշտեց, թէ սփիւռքը ինքնահասկացողութեան համար կարիք ունի նոր բառամթերքի եւ ախտաճանաչման։ Ան յայտնեց, որ մինչեւ 1960-ականներուն սփիւռքի կազմակերպման եւ նորահաս սերունդներու ազգապահպանման, հայախօսութեան եւ հայ մշակոյթի կայացման շուրջ կը դառնան հայ ազգային ինքնութիւնը։ Խորհրդային Հայաստանի ժամանակ ներգաղթողներուն որպէս «ախպար» նայուածքը աւելի ուշ փոփոխութեան ենթարկուած էըսաւ ան, եւ ուրեմն իր հունը գտած է շնորհիւ Սփիւռք Հայաստան ներկայ յարաբերութեան։

«Ինքնութեան յատկանիշներ» խորագիրով Բ. Նիստով հանդէս եկան Միհրան Քիւրտօղլեան (լեզու), Վարուժան արք. Հերկելեան (կրօն), Խաչիկ Տէտէեան (մշակոյթ), Սեդա Խտըշեան (ընտանիք) եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան (իր բացակայութեամբ) (գաղափարախօսութիւն)։

Քիւրտօղլեան ընդգծեց, որ լեզուն կաղապարուած չի կրնար ըլլալ, այլ միշտ փոփոխութեան կ՚ենթարկուի, իսկ հիմնական խնդիրըհայկական լեզուամտածողութիւնն է։ Ան լուսարձակի տակ առաւ հայախօսութեան եւ հայակրթութեան տարբերութիւնը, յայտնելով, որ լեզուն հաղորդակցութեան միջոց է եւ ներկայիս լեզուն ինքնութեան հիմնական տարր ըլլալու իրականութիւն մը չի ներկայացներ։

Վարուժան արք. Հերկելեան` խօսելով կրօնի մասին, կրօն եզրը փոխարինեց եկեղեցի եզրին հետ, կառոյց մը, որ հայկական ինքնութեան դրսեւորման մէջ դերակատարութիւն ունեցած է եւ ունի։ Ան կարեւորեց հայկական եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցի ըլլալու հրամայականը, որ առաւելաբար քրիստոնէութիւնը ներմուծած է հայութեան կենցաղին մէջ որպէս կեանքի կերպ, դպրոց, ուղեգիծ եւ նպատակակէտ։ Ան խօսեցաւ եկեղեցւոյ տարած աշխատանքին եւ անոր փոփոխութեան չենթարկուած իրավիճակին մասին դէմառդէմ փոփոխութեան ենթարկուող սփիւռքի իրականութեան։

Տէտէեան խօսելով մշակոյթին մասին յայտնեց, որ այն հայկական ինքնութիւն մասնիկն է եւ նաեւ բնորոշիչը։ Մշակոյթով ու հաւաքական ես-ով է, որ կը թրծուի ինքնութիւնը, ըսաւ ան։ Տէտէեան նկատել տուաւ, որ պէտք է դուրս ելլել զգացական մօտեցումներէ եւ բազմաշերտ սփիւռքի մէջ մշակոյթը սեպել իրար միացնող ուժ։ Ան կարեւորեց ախտաճանաչում կատարելը, որմէ ետք կարելի կ՚ըլլայ գործնական քայլերու դիմել եւ վերակազմաւորել ու վերաշխուժացնել սփիւռքը։

Խտըշեան` խօսելով հայ ընտանիքին մասին, թուեց ներկայ պայմաններու հետեւանքով հայ ընտանիք հասկացողութեան փոփոխութիւնները, ինչպէս օրինակ թաղային դրութեան վերացումին պատճառով զաւակներուն մեծ ընտանիքի փոխարէն միջուկային ընտանիքի մէջ հասակ նետելու պարագան, որոնք շատ անգամ նաեւ կ՚ընկերակցի գործի պատճառով մօր բացակայութիւնը։ Ան խօսեցաւ ընդհանրապէս ընտանիքներուն մէջ «Մենք»-էն հեռանալու եւ «Ես»-ի գերիշխանութեամբ կառչելու ու անձնակեդրոն ընտանիքներու պարագան։

Տէր Ղուկասեանի զեկոյցը կարդաց տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան։ Տէր Ղուկասեան գաղափարախօսութիւնները հեղինակութեան եւ իշխանութեան հետ առնչուած նկատելով, խօսած է գաղափարախօսութիւններուն դրական ազդեցութիւններուն մասին։ Ան խօսած է սփիւռքի քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն մասին նկատել տալով, որ անոնց համար առաջնահերթային էր ազգային ազատագրական պայքարը, ինչպէս նաեւ մանաւանդ ընկերվարական կուսակցութիւններուն համար միջազգային կազմակերպութիւններու հոլովոյթներու մասնակցութիւնը, անոնց առջեւ կը դնէր ներազգային համակարգման մարտահրաւէրը։ Ան նշած է, որ հայկական իրականութեան մէջ գաղափարախօսութիւնը ինքզինք պարտադրած է խորհրդային Հայաստանի շրջանին, ներգաղթին, 1958-ի Լիբանանեան պատերազմի ընթացքին, Արցախեան գոյապայքարին, հետեւաբար, հայապահպանումը գաղափարախօսութիւններու շնորհիւ սփիւռքի մէջ աւելի ամրապնդուած է։

«Ինքնութիւն եւ համաշխարհայնացում» վերնագիրով Գ. նիստով խօսք առին վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, դոկտ. Հայկ Օշական եւ Յակոբ Պալեան։

Վեր. Հայտոսթեան յայտնեց, որ համաշխարհայնացումը պատճառ դարձած է ստեղծելու հոսանք մը, որ կ՚ուզէ իւրայատուկ դառնալ, սակայն չկարենալով խուսափիլ նմանօրինակ ըլլալէ։ Խօսելով սահմաններուն մասին, ան անդրադարձ կատարեց համաշխարհայնացման պատճառով սահմաններու փոփոխութեան եւ սահման հասկացողութեան նոր ըմբռնումներու ծագումին ու յարացոյցներու փոփոխութեան եւ ուժական ինքնութիւններու մէջտեղ գալուն մասին։ Հայտոսթեան անդրադարձաւ աւանդական ընկերութեան յայտնելով, որ անոնք կը ջանան պաշտպանուիլ քան նոր շունչ տալ։

Դոկտ. Օշական անդրադարձաւ հայ սփիւռքի շերտերուն տարբեր ըլլալուն մասին, այսինքն թէեւ նոյն ժողովուրդը կը ներկայացնեն անոնք, սակայն տարբեր են։ Ան դիտել տուաւ, որ դէպի Երկիր վերադարձը տեղի պիտի չունենայ եւ անոր փոխարեն առաջարկեց «Դէպի ազգ» գաղափարախօսութիւնը, որ ազգային գիտակցութիւն կը պահանջէ, նշեց։

Պալեան խօսեցաւ հայու ինքնութեան եւ համաշխարհայնացման դիմաց սփիւռքի հիմնաւորման մասին։ Ան յայտնեց, որ սփիւռքներու մէջ ալ գոյութիւն ունին ներքին սփիւռքներ, օրինակ Ամերիկայի սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին յունահայ, պարսկահայ սփիւռքներ, որոնց կազմաւորելու խնդիրը միայն ցանկութեան սահմաններու մէջ մնալու չէ։ Ան յայտնեց, որ Սփիւռքեան իրականութիւնը հասկնալու եւ ծրագիր մշակելու համար անհրաժեշտ է գործող սեղմ շրջանականերէ դուրս գալ։

Հաւաքին ընթացքին իւրաքանչիւր նիստէն ետք տեղի ունեցան քննարկումներ, ուր արձագանգուեցան ընդհանուր մտահոգութիւններ նամանաւանդ սփիւռքի թուային պատկերին չգոյութիւնը,հայութեան մէկ թէ բազմամշակոյթ ըլլալու խնդիրը, սփիւռքի վերանալու խնդիրը։

Նշենք, որ հաւաքը պիտի շարունակուի այսօր եւ վաղը։

 

 

 

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին