*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Բարեյիշատակ Տիրայր Սրբազան, որ լման 50 տարի հովուեց Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ հայ գաղութները, իր գրքին մէջ անդրադարձումներ ունի նաեւ 1989-ի Դեկտեմբերին Ռումանիոյ մէջ ծագած յեղափոխութեան մասին։

Այստեղ, մեզ առաւելաբար կը հետաքրքրէ անշուշտ քաղաքական այդ անկիւնադարձային պահուն՝ հայութեան բռնած դիրքը։ Ռումանահայութիւնը (կամ Ռումանիոյ հայոց եկեղեցին) ի՞նչ կեցուածք որդեգրեց համաժողովրդական այդ տարերային շարժումին նկատմամբ։ Դրակա՞ն մօտեցում, թէ՞ վերապահ չէզոքութիւն։
Սրբազանը կը պատմէ որ 22 Դետեմբեր 1989-ի առաւօտուն մեծ թիւով ռումէն տաքարիւն երիտասարդներ ու յեղափոխութեան մասնակիցներ եկան հայոց եկեղեցին,- որ կը գտնուի Պուքրէշի «Հայկական» կոչուած փողոցին վրայ,- ու հովիւէն խնդրեցին հնչեցնել կոչնակը՝ ի լուր Չաուշեսկուի իշխանութեան տապալումին։
Հովիւը շուարեցաւ, վախցաւ։ Եթէ զանգերը ղօղանջէին՝ ատիկա յայտարար նշան պիտի ըլլար թէ հայ գաղութը յեղափոխութեան կողքին է, եւ ուրեմն՝ Չաուշեսկուի կողմնակիցներուն կողմէ ան պիտի նկատուէր «հակապետական» համայնք։ Իսկ զանգերը հնչեցնելու պահանջքին մերժումը՝ կրնար հայ գաղութը դնել բովանդակ երկիրը ցնցող յեղափոխութեան «թշնամի»ի դիրքին մէջ…։ Զգայուն ու լուրջ պարագայ մըն էր ասիկա. տեսակ մը երկսայրի սուր։
Ի՞նչ ընել ուրեմն։ Եկեղեցւոյ հովիւը այս անել վիճակը իմացուց առաջնորդ Տիրայր Սրբազանին։
Սրբազանը անմիջապէս գտաւ իրեն յատուկ ճարպիկ լուծում մը։ Ան հրահանգեց քահանային.
-Քու առաւօտեան ժամերգութիւնը սկսելու ժամն է։ Ինչէ՞ն կը վախնաս։ Զանգերը հնչել տուր եւ դուն սկսէ՛ ժամերգութեան։ Եթէ Չաուշեսկուի մարդիկը հարցնեն, կ՛ըսես թէ «չեմ կրնար ժամերգութիւն ընել առանց զանգակի»։
Ու հնչեցի՜ն հայոց եկեղեցիին զանգերը։ Հնչեցին ուժգի՛ն։
Հիմա պէտք էր տեսնել, թէ եկեղեցին ի՛նչպէս շուտով լեցուեցաւ տեղացիներով, թաղեցիներով։ Անոնք կը բացագանչէին.«Կեցցե՛ն հայերը, կեցցե՛ն հայերը»։
Ըստ Տիրայր Սրբազանին, մայրաքաղաքին մէջ հայոց եկեղեցին ԱՌԱՋԻՆԸ եղաւ՝ որ իր զանգերը հնչեցուց այդ առտու, որ Չաուշեսկուի փախուստին օրը պիտի ըլլար։ Այդ միակ օրուան ընթացքին՝ եկեղեցիին մէջ վառեցաւ այնքան շատ մոմ, որ գերազանցեց երկու տարուան մէջ սպառող մոմերու ընդհանուր քանակը…։
Այս դէպքէն օրեր ետք, երբ արդէն Չաուշեսկու տապալած էր, ռումէն յեղափոխական տղաք եկան Սրբազանին քով ու պատմեցին.
-Այդ առտու նախ գացինք Ռումէն Օրթոտոքս եկեղեցին, բայց անոնք մերժեցին զանգերը հնչեցնել։ Յետոյ գացինք Կաթոլիկ եկեղեցին, անո՛նք ալ մերժեցին մեզ։ Վարանումներ ունէին ու կը պատճառաբանէին թէ «շարժումը դեռ շատ թոյլ է»։ Հայոց եկեղեցին առաջի՛նն էր՝ որ ընդառաջեց մեր խնդրանքին։
Ահա՛ այսպէս։
Հնարամի՜տ Տիրայր Սրբազան
Երբ Ինտիրա Կանտի Հիացումով Կը Դիտէր Հայոց Եկեղեցին
Պուքրէշի հայոց առաջնորդանիստ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցին շատ գեղեցիկ կառոյց մըն է։ Շինուած է 1911-15-ի շրջանին՝ Ս. Էջմիածնայ մայր տաճարին նմանողութեամբ, ճարտարապետ Գրիգոր Չէրքէզի նախագիծով։ Սպիտակ քարերով՝ ճարտարապետական իսկական գոհար մըն է ան ռումէն մայրաքաղաքի սրտին վրայ։ Անոր կից են Ազգ. Առաջնորդարանի շէնքն ու «Տուտեան» Մշակոյթի Տունը՝ իր թանգարանով եւ հարուստ գրադարանով։ Ու փողոցը, ուր կը գտնուին անոնք, կը կոչուի արդէն «սդրատա Արմեյանսկայա»,- Հայկական փողոց։
Եկեղեցւոյ օծման թուականն ալ յատկանշական է,- 8 Սեպտեմբեր 1915։ Օծումը կատարուած է ձեռամբ Ղեւոնդ եպս. Դուրեանի, որ այդ օրերուն առաջնորդն էր պուլկարահայ թեմին։
Ռումանիոյ Հայոց Թեմը իր սկզբնաւորութիւնը կը կապէ 1401 թուականին։ Ասիկա այն պատմական թուականն է, երբ Մոլտովայի Ալեքսանտր Բարեպաշտ իշխանը յատուկ հրովարտակով մը Սուչավայի մէջ (այն ատեն՝ Մոլտովայի մայրաքաղաքը, հիմա՝ Ռումանիոյ սահմաններուն մէջ) կը հաստատէ հայկական եպիսկոպոսական աթոռ մը՝ իբրեւ հայ գաղթականութեան հոգեւոր կեդրոն։ Սակայն Ռումանիոյ նորագոյն պատմութեան մէջ Հայոց Թեմը իր կանոնագրութեամբ իրաւական ճանաչում կը ստանայ 1931-ին։

Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոս, իբրեւ ռումանահայոց թեմակալ առաջնորդ, այստեղ պաշտօնավարած է 1943-55, յետագային ալ միշտ հոգեկան զօրաւոր կապ մը պահելով գաղութին հետ։
Իսկ Տիրայր Սրբազան լրիւ կէս դար ապրած ու շնչած է այս եկեղեցւոյ երդիքին տակ։ Ու Ի՜նչ յուշեր պահեր է անկէ։ Ահա՛ ատոնցմէ մին (կը վերապատմեմ).-
1976 թուականն է։ Առտու մը, մինչ Սրբազանը կը շրջագայէր եկեղեցւոյ բակը, յանկարծ կը նշմարէ որ պետական արարողակարգի յատուկ ինքնաշարժներ կանգ կ՛առնեն նոյն փողոցին երկայնքին ու բազմաթիւ յայտնի կամ գաղտնի ոստիկաններ ապահովական օղակի մէջ կ՛առնեն ամբողջ թաղը։ Անոնք կը մօտենան Սրբազանին ու կը յայտնեն թէ իրենց հետ ունին բարձրաստիճան հիւր մը, որ հեռուէն շատ հաւնած է եկեղեցին ու կ՛ուզէ հիմա մօտէն տեսնել զայն։
Շուտով ի յայտ կու գայ որ այդ հիւրը Ինտիրա Կանտին է (1917-1984), Հնդկաստանի անուանի վարչապետուհին, որ պաշտօնական այցի եկած է Ռումանիա։

Տիրայր Սրբազան անմիջապէս կը լուսավառէ եկեղեցին, հիւրը կ՛առաջնորդէ հոն ու անգլերէն լեզուով արագ բացատրութիւններ կու տայ անոր՝ տաճարին պատմութեան ու ռումանիոյ հայ գաղութին մասին։ Կը յիշեցնէ միաժամանակ, որ հայկական եկեղեցիներ կան նաեւ Հնդկաստանի մէջ, Կալկաթա եւ այլուր։
Հիւրը խորապէս տպաւորուած էր։
-Երբ վերադառնամ, կը խոստանամ երթալ ու անձամբ տեսնել Կալկաթայի հայկական եկեղեցին,-կ՛ըսէ ան։
Յաջորդ օր, Չաուշեսկու պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կը սարքէ իր հնդկուհի հիւրին ի պատիւ, նախագահական պալատին մէջ։
Ի շարս այլոց, այս կոչունքին մասնակցելու հրաւէր կը ստանան նաեւ մայրաքաղաքի հոգեւոր պետերը։ Հոն է նաեւ մեր Տիրայր Սրբազանը։
–Պահ մը եղաւ,-կը գրէ ան,- որ Չաուշեսկուն, իր տիկինը եւ Ինտիրա Կանտին մէկ-մէկ կու գային բաժակ զարնելու, բոլորին ծանօթանալու։ Երբ մենք՝ կրօնապետերս, պատրիարք, միւՖթի, հրեաներու խախամապետը, կաթոլիկ եպս.ը եւ ես կանգնած էինք, Ինտիրա Կանտին բոլորին թողեց, մօտիկացաւ ինծի, ձեռք տուաւ ու ըսաւ.«Ձեր եկեղեցին ամենագեղեցիկն էր»…։
*
Ռումանահայերը միշտ ալ պատշաճ շուքով տօնախմբեր են իրենց գեղեցկատեսիլ տաճարին հիմնադրութեան տարեդարձերը։

Սակայն յիշողութիւններու մէջ անմոռանալի կը մնայ 50-ամեակի տարեդարձը, 1965-ին։
Մեծ Եղեռնի ալ 50-ամեակն էր միաժամանակ, ու Վազգէն Ա. կաթողիկոս այդ տարուան Յունիս ամսուն պաշտօնական այցելութեամբ Ռումանիա կը գտնուէր։ Հայրապետը, առիթէն օգտուելով, շատ փափաքեր էր նշել Եղեռնի տարելիցը Պուքրէշի մէջ, եկեղեցական-ոգեկոչական ծրագրեալ արարողութիւններուն հրաւիրելով Ռումէն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքը, օտարազգի դեսպաններ ու երեւելի հիւրեր։
Եղեռնի ոգեկոչումը արտասովոր երեւոյթ մը կը սեպուէր այդ օրերուն՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Խորհ. Միութեան արբանեակ երկիրներու մէջ։
Վեհափառը հայրապետական պատարագ պիտի մատուցէր Կիրակի, այնուհետեւ, երեկոյեան, հոգեհանգիստով, հոգեւոր համերգով ու պատշաճ ելոյթներով պիտի ոգեկոչուէին 1915-ի նահատակները։ Յայտագիրը ա՛յս էր։
Բայց Թուրքիոյ դեսպանատունը…քնացած չէ՛ր։ Ան փութացեր էր ռումէն պետութեան իմաց տալ, թէ Խորհ. Միութենէն բարձրաստիճան եկեղեցական մը ժամաներ է Պուքրէշ (խօսքը հայոց հայրապետին մասին է) ու 27 Յունիսի Կիրակի գիշերը հակաթուրք հաւաք մը պիտի սարքուի հայոց եկեղեցւոյ բակին մէջ…։
Ռումէն Կրօնից Նախարարութիւնը կ՛անհանգստանայ։ Նախարարը անձամբ իր մօտ կը հրաւիրէ Տիրայր Սրբազանը եւ պարզաբանումներ կը պահանջէ անկէ՝ ծրագրեալ ձեռնարկին մասին։
Մեր Սրբազանը դա՛րձեալ ի գործ կը դնէ իր համբաւեալ հնարամտութիւնը։
Ան կրօնից նախարարին կը յայտնէ որ Վազգէն Վեհափառը աւելի քան տասը տարի առաջնորդ եղած է Ռումանիոյ Թեմին եւ թէ այս օրերուն կը լրանայ Պուքրէշի մեր եկեղեցիին օծման 50-ամեակը։ Եկեղեցին օծուած է 1915-ին։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին նախագահութեամբ կը ծրագրուի տօնախմբել այդ բարեբաստիկ տարեդարձը ու հոգեհանգիստ կատարել ողբացեալ հոգեւորական սպասաւորներու եւ բարերարներու յիշատակին…։
Նախարարը կը տարհամոզուի։ Արտօնութիւնը կը տրուի։
Ու այսպէս, եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւններով՝ զուգահեռաբար կը նշուին թէ՛ եկեղեցւոյ եւ թէ՛ Մեծ Եղեռնի զոյգ 50-ամեակները…։
Հալէպ
(շարունակելի)