*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Գրասէր ամէն մարդու նման՝ ե՛ս ալ կրցեր եմ յարդարել բաւական ճոխ գրադարան մը բնակարանիս մէջ։
Տարիներու ու տասնամեակներու ընթացքին այնքա՜ն շատ գիրքեր ստացեր եմ գրողներու մակագրութեամբ եւ այնքա՜ն յաճախակիօրէն նորատիպ գիրքերու տրցակներ ղրկուեր են հասցէիս հրատարակիչներու կողմէ, որ այսօր գրադարանիս մէջ ա՛լ մատնաչափ մը տեղ չէ մնացեր։
Բայց գիրքերու հոսքը դադար չի ճանչնար։ Միշտ նորեր պիտի հասնին, ու ես ստիպուած եմ հնարքներ որոնել՝ այդ նորատիպները հիւրընկալելու, զանոնք երջանկօրէն «տուն-տեղ» ընելու համար։
Անցեալները փորձեցի տեղ բանալ անոնց՝ գրադարանիս մէկ մասը վերադասաւորելով, հին ու նոր գիրքերը շարելով նորովի։ Նոյնիսկ մտածեցի որ կրնայի ձերբազատիլ կարգ մը անշահեկան հատորներէ կամ աւելորդ կուտակումներէ, թերթերու անօգտագործելի կտրօններէ, որոնք լայն տեղ գրաւեր էին։ Մէկ խօսքով՝ կրնայի «յարդը զատել ցորենէն», որպէսզի հայ գիրքը գետին չմնայ, դարաններու վրայ գտնէ իր պատուոյ տեղը։
Զտումի ու դասաւորումի այսպիսի աշխատանքներ, գիտեմ, մի՛շտ ալ անակնկալներով յղի են։ Մանաւանդ երբ հին թղթապանակներ կը պրպտես, անխուսափելիօրէն դիմացդ կը ցցուի նամակ մը, կորսուած լուսանկար մը, նոթագրութիւն մը, անտես առնուած գիրք մը, ու ինքնաբերաբար յարութիւն կ՛առնեն հի՜ն-հի՜ն յուշեր, որոնք կը կլանեն քեզ, կը տանին դէպի առաջուան անո՜յշ օրերը…։
Այս անգամ ալ այդպէս պատահեցաւ։
Ռումանիոյ մէջ տպուած երկու թերթեր ցցուեցան իմ առջեւ,- «Նաւասարդ» ու քանի մը թիւ «Նոր Կեանք»։
Ինչո՞ւ կողք-կողքի պահեր էի զանոնք։
Ռումանահայոց վերջին մէկ դարու պատմութեան երկու հակադիր շրջաններու վկաներն էին ասոնք՝ այս թերթերը։ Առաջին շրջանը 40-ական թուականներուն նախորդող ժամանակահատուածն է, երբ հայ կեանքը կ՛եռեւեփէր մայրաքաղաք Պուքրէշի, Կալացի կամ Քոստանցայի մէջ։ Մեծ Եղեռնի անմիջական վաղորդայնին ստուարացեր էր թիւը հայ գաղութին. մտաւորականներու հոյլ մը կար ու կը գործէին դպրոցներ։ Լոյս կը տեսնէին «Նոր Արշալոյս», «Արազ», «Հայ Մամուլ», «Հերկ», «Անի» անունով պարբերականներ։ Իսկ երկրորդ շրջանը 40-ականներէն ետք սկսող այն տխուր ժամանակահատուածն է, երբ համայնավար երկաթեայ թաթի մը տակ՝ ռումանահայ կեանքը խամրեցաւ շուտով, գաղութը կորսնցուց իր հարստութիւններն ու ուժականութիւնը, նօսրացաւ, շնչելու իրաւունքէ իսկ զրկուեցաւ։
«Նաւասարդ»ը կու գար Ա. շրջանէն, իսկ «Նոր Կեանք»ը՝ Բ. շրջանէն։
Աստուա՜ծ իմ, որքան ակնբախ տարբերութիւններ կային ռումանահայ այս երկու թերթերուն միջեւ։
Ամէն բանէ առաջ՝ ուղղագրութիւնը։ Մինչ «Նաւասարդ» Մեսրոպեան դասական ուղղագրութեամբ էր, «Նոր Կեանք»ը որդեգրած էր Աբեղեանական անհարազատ գրելաձեւը։
Յետոյ՝ բովանդակութիւնը։ «Նաւասարդ» մեր հին ու ժամանակակից փառքերն ու արժէքներն է որ կը պանծացնէ, կը ծանօթացնէ, մինչ «Նոր Կեանք»ի համար այլ արժէք չկայ կարծէք՝ կարմիր վարդապետութեան շրջագիծէն դուրս…։
Իմ ձեռքին տակ գտնուող «Նաւասարդ»ը կը կրէր 1924 թուականը։ Գեղատիպ հանդէս մըն է այս, որ լոյս տեսած է Պուքրէշի մէջ 1923-26, իբրեւ գրականութեան եւ արուեստի պարբերական մը։ Զայն հրատարակած ու խմբագրած է նշանաւոր բանասէր ու վերապրող գրագէտ Յ. Ճ. Սիրունին (Ճոլոլեան)։ Ան, հաւանաբար, իր այս նոր«Նաւասարդ»ով ուզած էր վերակենդանացնել նոյնանուն այն տարեգիրքը, զոր իր գրչեղբօր՝ Դանիէլ Վարուժանի հետ, լոյսին բերած էր Պոլիս, 1914-ին…։
Կը սկսիմ թերթատել «Նաւասարդ»ը, որուն էջերը դեղնած են բնականաբար ու կարծէք հակամէտ են փշրուելու։ Ճաշակաւոր հրատարակութիւն մըն է եւ ինծի կը յիշեցնէ հին շրջանի «Բազմավէպ»երն ու Չօպանեանի «Անահիտ»ները։ Կ՛անդրադառնամ, որ մեր այդ շրջանի խմբագիրները, ամէն բանէ առաջ, գեղագիտական ճաշա՛կ մը ունէին, եւ ատիկա իր ցոլացումը կը գտնէր իրենց խմբագրած թերթերուն մէն մի էջին վրայ։ Այսօր, ո՞ւր է այդ ճաշակը։
«Նաւասարդ»ի այս թիւը «տասնամեակ»ի մը ձօնուած է։
1914-1924-ի տասնամեակն է ատիկա։ Այսինքն՝ Եղեռնին յաջորդող առաջին տասը տարիները, որոնք շա՛տ բան խլեցին-տարին մեր ժողովուրդէն։
Խմբագիր Սիրունի փափաքեր է հանրագումարի բերել մեր ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ կորուստները այդ տասը տարիներուն եւ ուստի՝ առանձին գլուխներու տակ մի առ մի ներկայացուցեր է մեր նահատակ բանաստեղծները, նահատակ արձակագիրները, կեանքէն հեռացած երաժիշտները, նկարիչներն ու քանդակիչները, դերասանները, բանասէրները։
Սիրունի, որ անձամբ ճանչցեր է ներկայացուած դէմքերը ու գործակցեր է անոնցմէ շատերուն հետ, յուշի պատառիկներով ալ գծեր է անոնց դիմագիծը։ Ու այս երախտագիտական աշխատանքին մէջ իրեն օժանդակ ունեցեր է շրջանի մտաւորական դէմքերը՝ Թորոս Ազատեանը (Ազատունի), Վահան Թէքէեանը, Հ. Մկրտիչ վրդ. Պոտուրեանը, Վարդան Գէորգեանը, Արմէն Սեւանը (Յովհ. Տէվէճեան), Եդ. Գօլանճեանը, Պարոյր Լեւոնեանը, Հրանդ Բալուեանը, Ֆրետերիք Մաքլէռը, թատերական գործիչ Սմբատ Դաւթեանը եւ ուրիշներ։
Եւ ամէնէն կարեւորը՝ ի՜նչ փառաւոր լեզուով մը գրի առնուած ու շարուած են «Նաւասարդ»ի էջերը։ Ի՜նչ հմայիչ, հիւթեղ ու բաբախուն արեւմտահայերէն մըն է, որ կը տողանցէ հարիւր էջերու երկանքին…։ Կարօ՛տն ունինք ատոր։
*
«Նաւասարդ»էն ետք՝ «Նոր Կեանք»։
Աւելի ճիշդ՝ թաւագլոր անկում մը գեղատեսիլ բարձունքէն դէպի ճախճախուտ…։
«Նոր Կեանք» շաբաթաթերթ մըն էր, որմէ պահեր եմ 1981-ի քանի մը թիւեր։
Այդ տարիներուն Ռումանիան, արեւելեան Եւրոպայի միւս երկիրներուն նման, Սովետական Միութեան արբանեակ երկիր մըն էր։ Ունէր համայնավար միահեծան վարչակարգ մը ու մաս կը կազմէր «Վարշաւայի Ուխտ»ին։ Հոնկէ հասնող լուրերը խրախուսիչ չէին բնաւ։ Բայց գիտէի որ հայ փոքրաթիւ գաղութ մը դեռ կը գոյատեւէր այնտեղ, կուրծք տալով վարչակարգին սեղմումներէն ծնունդ առնող բազմապիսի դժուարութիւններու։
«Նոր Կեանք» կը հրատարակուէր պետական վերահսկողութեամբ, իբրեւ ռումանահայութեան արտօնեալ միակ թերթը։ Լոյս կը տեսնէր 1950-էն սկսեալ։
Անոր թիւերը տեսնելու պատեհութիւնը կ՛ունենայի բարեկամի մը տան մէջ։ Թերթին 4 մեծադիր էջերը ուշադիր կը քննէի՝ հայկական լուր մը, շահեկան գրութիւն մը գտնելու համար։ Ի զո՜ւր։ Ամբողջ թերթը լեցուած կ՛ըլլար Ռումանիոյ «անպարտելի» ղեկավար՝ նախագահ Նիկոլայ Չաուշեսկուի առնչուող անշահ լուրերով եւ անշուշտ անոր մեծահասակ անխուսափելի՜ լուսանկարներով…։
Նկարներէն դատելով՝ փափկասուն, փափկասիրտ ու կիրթ մարդու տպաւորութիւն կը գործէր իմ վրայ Ռումանիոյ ղեկավարը։
Խաբուսի՛կ երեւոյթ։
Տարիներ ետք, 1989-ի կաղանդի նախօրէին, երբ համաժողովրդային ցոյցերու իբրեւ հետեւանք՝ ձերբակալուեցաւ ան ու շուտով գնդակահարուեցաւ իր կնոջ հետ միատեղ, անծանօթ ու դժխեմ իրականութեան մը վարագո՛յրն է որ բացուեցաւ իմ առջեւ,- Չաուշեսկու անգութ բռնատէր մըն էր եղեր, եւ թէ՝ համայնավար երկիրներու ամէնէ՛ն անգութ ղեկավարը։ Երկրորդ Ստալին մը։
Հայկական առածը իրաւացի էր ուրեմն.«Դուրսէն՝ քահանայ, ներսէն՝ սատանայ»…։
1990-էն ետք Ռումանիան թօթափեց իր պատմութեան տխուր էջերը, իսկ հայկական «Նոր Կեանք» թերթն ալ սկսաւ աւետաբերը դառնալ իսկակա՛ն նոր կեանքի մը։
Հիմա, ես այլեւս հաճոյքով կրնամ թերթատել «Նոր Կեանք»ի (երկլեզու ամսաթերթի վերածուած) թիւերը ու կը յաջողիմ այնտեղ գտնել առատ նիւթեր ռումանահայոց փառաւոր անցեալէն ու բազմաթիւ խապրիկներ՝ վերանորոգեալ ներկայէն…։
Հալէպ (շարունակելի)