*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Երբ կը յիշատակէի Ռումանիոյ անկեալ բռնատէր Ն. Չաուշեսկուն, անմիջապէս իմ մտքին մէջ կը պատկերացնէի Տիրայր Սրբազանին բարի ու ժպտուն դէմքը։
-Ո՞վ է Տիրայր Սրբազան,- պիտի ըսեն շատեր։
Տիրայր արք. Մարտիկեանը։ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ զոյգ թեմերու նախկին երկարամեայ առաջնորդը, որուն նստավայրը Պուքրէշ էր, եւ որ յուշերու սիրուն գիրք մը հրատարակեց 2007-ին, այնտեղ պատմելով իր կեանքին տաք ու պաղ օրերը՝ Ռումանիոյ համայնավար իշխանութեան տարիներուն։
Անոնք որոնք անձամբ ճանչցած են Տիրայր Սրբազանը (1930-2010), կրնան վկայել թէ ան որքա՜ն պերճալեզու, կատակախօս ու ընկերային մարդ էր։ Իր այս գիրքն ալ, որ կը կրէ «Կեանք մը խաչի նշանին տակ» խորագիրը, գրի առնուած է իրեն յատուկ դիւրասահ եւ ժողովրդային ոճով մը ու կը կարդացուի հաճոյքով։
Ափսոս է սակայն՝ որ Երեւան տպուած գիրքը հրատարակութեան յանձնուեր է չափազանց անխնամ ու ոչ-հոգածու կերպով։ Բազմահարիւր լեզուական, ուղղագրական ու տպագրական ընդվզեցուցիչ սխալներ, որոնք կը վխտան գրքին մէկ ծայրէն միւսը, շա՛տ բան պակսեցուցեր են անոր արժէքէն։ Ու զարմանալի է որ զայն«հրատարակութեան է պատրաստել եւ խմբագրել պատմական գիտութիւնների դոկտոր Յասմիկ Ա. Ստեփանեանը» (էջ 2)…։
Գիրքը, իր այս խոցելի երեսով, անընդունելի ու վանողական է անշուշտ։ Բայց հեղինակին հաճելի ոճն ու արծարծած նիւթերը, պատմած դրուագներն ու բերած վկայութիւնները, մասամբ, «փրկած» են կացութիւնը։
Տիրայր Սրբազան հերթաբար կը պատմէ նախ Պէյրութի մէջ անցուցած իր մանկութեան տարիները, Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ իր հոգեւոր ուսումնառութիւնը (1944-47), ներգաղթը՝ Սովետական Հայաստան, կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութիւնը (1955), Ազրպէյճանի Թեմին մէջ իր հոգեւոր պաշտօնավարութիւնը (1955-60), հուսկ ապա՝ Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ զոյգ թեմերէն ներս իր առաջնորդական երկարատեւ ծառայութիւնը (1960-էն սկսեալ, հինգ տասնամեակ), որ իրականութեան մէջ՝ ամբողջ կեա՛նք մըն է…։
Տիրայր Սրբազանի յուշերուն ամէնէն շահեկանները, անկասկած, Ռումանիոյ առնչուած էջերն են։ Հայ Եկեղեցին եւ անոր պաշտօնեաներն ու հաւատացեալները ինչպիսի՞ վերաբերմունք կը գտնէին համայնավար Ռումանիոյ մէջ, թեմակալ առաջնորդ մը ինչպիսի՞ խութերու կրնար հանդիպիլ ու ի՞նչ հնարքներու պէտք էր դիմէր՝ զանոնք բառնալու համար, որո՞նք էին հայ կեանքի եպերելի «խաւարի ասպետներ»ը, ճակատագրական պահերուն ինչպէ՞ս կարելի կ՛ըլլար «թէ՛ գայլը կուշտ պահել, թէ՛ ալ ոչխարը՝ ողջ»…։
Կացութիւնը միեւնոյն էր Պուլկարիոյ մէջ եւս։
Տիրայր Սրբազան կը խօսի այս բոլորին մասին։ Կը պատմէ, թէ ի՛նչպէս յաջողեցաւ տարհամոզել պետական մարդիկը՝ որ չվերցնեն զօր. Անդրանիկի կիսանդրին Պուքրէշի հայոց եկեղեցիին բակէն, ի՛նչպէս կրցաւ առաջքը առնել Կալաց քաղաքի հայոց եկեղեցիին քանդումին (նոյնը՝ Պուրկազի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պարագային), ի՛նչպէս կրցաւ տօնել Մեծ Եղեռնի յիսնամեակը՝ ի հեճուկս պետական արգելքին, ի՛նչպէս կրցաւ հայ համայնքին վերադարձնել Ազգ. Առաջնորդարանի եւ Մշակոյթի Տան բռնագրաւուած շէնքերը, եւ այլն, եւ այլն։
Տիրայր Սրբազան պատմելով 1960-ին իր Ռումանիա ժամանումը, բառացիօրէն կը գրէ.
–Բոլոր «կարմիր»ները հաւաքուեցան ու իրենց «Նոր Կեանք» թերթի խմբագրատան մէջ ի պատիւ ինձ ընդունելութիւն կազմակերպեցին, փորձելու համար իմ ուղեղի, մտքի չափը, եւ որպէս նորեկ՝ ինձ իրենց ձեռքերի մէջ առնելու։ Պէտք է աւելցնել, որ թեմականի անդամներն էլ անոնց բարեկամներ էին եւ պետութեան կողմէն դրուած։ Ճշմարիտ կ՛ըսեմ, եթէ երեք անդամ կար, երկուսը դրուած էր կուսակցութեան կամ պետութեան կողմէ ինձ վրայ հսկիչ։ Աստուած ի՞նչ ուժ տուաւ, ի՞նչ շնորհք, ի՞նչ զօրութիւն, որ ես յաղթեցի այդ բոլոր լրտեսներուն, որոնք արտուընէ գիշեր իմ ամէն խօսքը սխալ կը հասցնէին, սխալ կը թարգմանէին… (էջ 92-93)։
Այլ տեղ մը, Պուլկարիոյ մասին կը գրէ.
–Իմ առաջնորդական շրջանին եկեղեցական կեանքը շատ ծանր վիճակում էր։ Դպրոցական երեխաներուն արգելուած էր եկեղեցի մտնել։ Երիտասարդներ չէին կրնար ամուսնանալ, կը խրտչէին։ Ոչ թէ պուլկար կառավարութիւնն էր, որ մեզ կը խրտչեցնէր, այլ հայ «կարմիր»ներն էին, որոնք կարծես ենիչէրիներըլլային,կը վախցնէին մեր ժողովրդի բոլոր զաւակներուն…(էջ 162)։
Ամէն ինչ ըսուած է կատարեալ մերկութեամբ։ Ռումանիոյ կամ Պուլկարիոյ պէս երկրի մը հայ առաջնորդ ընտրուելով՝ Տիրայր Սրբազան, փաստօրէն, հագեր է կրակէ շապիկ մը…։ Ու տարիներու երկայնքին՝ ենթակայ դարձեր է երեւակայելի ու աներեւակայելի ի՜նչ քսութիւններու, ի՜նչ նենգութիւններու…
Յատկանշական է այն պարագան, որ 1950-1990 Ռումանիոյ մէջ ո՛չ մէկ հայկական միութիւն կամ կազմակերպութիւն գործեր է։ Պետութիւնը խափաներ է բոլո՛րն ալ։ Արտօնուեր է միայն Հայոց Եկեղեցիին սահմանափակ գործունէութիւնը։
60-ական թուականներու կէսերէն սկսեալ, ամբողջ քառորդ դար, Ռումանիան միահեծան կերպով ղեկավարուեր է Չաուշեսկուի (ու անոր ընտանիքին) կողմէ, եւ սարսափ առթող այս անունը հոմանիշ դարձեր է երկրին։
Տիրայր Սրբազան, մէկէ աւելի անգամներ, ո՛ւղղակի կ՛անդրադառնայ Չաուշեսկուին։
Կը վերապատմեմ երկու դէպք.-
Հայոց Առաջնորդարանին համար աւանդական սովորութիւն դարձեր էր ամէն Նոր Տարիի ու Ռումանիոյ ազգային տօնին՝ շնորհաւորական գիր ղրկել նախագահ Չաուշեսկուին, Ռումանահայ Թեմին անունով։ Չաուշեսկուն ալ, փոխադարձաբար, իր այցեքարտը կը ղրկէր։ Տիրայր Սրբազան այդ այցեքարտերէն օրինակ մը մի՛շտ կը պահէ եղեր գրպանին մէջ, որովհետեւ անով՝ «շատ տեղերու դռները կը բացուէին»…։
Օր մը, երբ Սրբազանը հովուական այցով Սուչավա կը գտնուէր (քաղաք՝ Ռումանիոյ հիւսիս-արեւելքը), երկու ոստիկաններ հայոց վանքը կու գան՝ տեղւոյն երիտասարդ Արամայիս վրդ.ը վախցնելու, որովհետեւ այս վերջինը օրեր առաջ իր գործէն վտարած է եղեր վանքին պահակներէն մին՝ իբրեւ գող եւ աւազակ։
Յայտնի էր որ պաշտօնանկ պահակը շարժման անցեր էր՝ իրեն ծանօթ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը միջնորդութեամբ վրէ՛ժ լուծելու հայ վարդապետէն…։
Ռումանիոյ մէջ՝ իսկական գլխացաւ էր ոստիկաններու կամ գաղտնի լրտեսներու հետ «գործ» ունենալը։
Երբ ոստիկանները կը մտնեն վանքին բակը, Արամայիս վրդ. հեռուէն տեսնելով զանոնք՝ կը սկսի դողալ…։ Տիրայր Սրբազան, իր պաղարիւնութիւնը պահելով, զանոնք ներս կը հրաւիրէ, իր մօտ։
Ոստիկանները անմիջապէս ցոյց կու տան նախարարի մը այցեքարտը ու կը յայտնեն որ գործէ արձակուած պահակը անոր բարեկամն է։ Կը խօսին սպառնալից ոճով ու կ՛ըսեն թէ եկած են «պատիւ պահանջելու»։
Տիրայր Սրբազան իր բաճկոնին գրպանէն անմիջապէս կը հանէ Չաուշեսկուի այցեքարտը ու ցոյց կու տայ զայն ոստիկաններուն.
-Խնդրեմ, նայեցէ՛ք, դուք ռումաներէն գիտէք հարկաւ…,-կ՛ըսէ անոնց։
Ոստիկանները կը նային պիշ-պիշ…, Չաուշեսկուի պաշտօնական այցեքարտն է։ Ո՛չ մէկ կասկած։ Առանց խօսքը երկարելու՝ կը դարձնեն իրենց կռնակը ու կը հեռանան փութով…։
Չաուշեսկուի այցեքարտը փրկած էր կացութիւնը։
Բռնատիրոջ անունն իսկ սոսկում պատճառեր էր ոստիկաններուն…։
*
Երկրորդ դէպք մը կ՛առնչուի Պուքրէշի հայոց գերեզմանատան։
Առիթով մը, երբ Չաուշեսկու այս շիրմաստանին քովէն կ՛անցնի, կը հրամայէ իր պաշտօնատարներուն 8 մեթր լայնցնել հանդիպակաց պողոտան։ Իսկ ատիկա իրականացնելու համար՝ հայոց գերեզմանատունը պէտք է զիջէր իր սեփական հողերէն…։
Պետական ներկայացուցիչներ Ազգ. Առաջնորդարան կ՛այցելեն՝ հրահանգը հաղորդելու համար։
Տիրայր Սրբազան չ՛ուզեր ձրիօրէն զիջիլ այդ հողաշերտը։ Ան իր այցելուներուն կ՛առաջարկէ հողաշերտին փոխարէն, իբրեւ փոխհատուցում, պետական ծախքով վերակառուցել գերեզմանատան զանգակատունն ու հովիւին սենեակը, պահակին խցիկը եւ այլն։
Եկուորները համաձայն կ՛ըլլան։ Վեց ամսուան պայմանաժամ կը տրուի վերանորոգութիւններուն համար։ Այս առիթով, ռումանահայ մեծանուն ծաղրանկարիչ ու արուեստագէտ Չիկ Տամատեան (1919-1985) ի՛նք է որ կը պատրաստէ վերակառուցելի հայաոճ զանգակատան երկրաչափական նախագիծը՝ առ ի գործադրութիւն։
Գերեզմանատան պատերը կը փլցուին, պողոտան կը լայննայ։
Կ՛անցնին վեց ամիսներ, սակայն պետական կողմը չի յարգեր իր խոստումը։
Տիրայր Սրբազան, ճարահատ, նամակով մը կը դիմէ ուղղակի Չուշեսկուին՝ յիշեցնելով պայմանագիրն ու խոստումները, որոնք յօդս ցնդեր էին…։
Շուտով կը հասնի…Չաուշեսկուի հրամանը. շինարարութիւնը կը սկսի։ Պետական կողմը, իր խոստումին զուգահեռ, հայոց գերեզմանատունը կ՛օժտէ նաեւ ելեքտրական հոսանքով ու ջեռուցման սարքերով…։
Հալէպ
(շարունակելի)