Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

ՀՌԱԿ ՀԿ-ի Կազմակերպութեամբ «Հայաստան-Սփիւռք Համագործակցութեան Արդիական խնդիրներ» Խորագրով Դասախօսութիւն Երեւանի Մէջ

 

Կազմակերպութեամբ Հայկական Ռամկավար Ազատական Կազմակերպութեան (ՀՌԱԿ) ՀԿ-ին, Հինգշաբթի, 29 Յունիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Թէքէեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան արդիական խնդիրներ»ուն նուիրուած դասախօսական երեկոյ: Երեկոն կ’իրականացուէր ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համագործակցութեամբ:

Օրուայ բանախօսն էր ԵՊՀ-ի Հայ գրականութեան ամպիոնի տոցենտ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարաի տեղակալ, գրականագէտ, գրաքննադատ Պրն. Սերժ Սրապիոնեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպութեան քարտուղարուհի Անի Չալեանը: Ան անդրադառնալով Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան փորձերու անցած պատմական ընթացքին, յիշեցուց, որ այսօր մենք ազգովին կանգնած ենք գերարդիական նորարար աշխարհի մը առջեւ, ուստի անհրաժեշտօրէն կարիքը ունինք Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ համագործակցութեան նո՛յնքան արդիական ուղիներու մշակման, շեշտելով օրուայ դասախօսութեան թեմայի կարեւորութիւնը:

Ան իր խօսքի աւարտին մատնանշեց, որ «Այսօր, մենք կ’ապրինք բազմերանգ ժամանակներ: Ունինք բաւական բարդ, բաւական ծանր, բայց այնուամենայնիւ լուծելի հիմնահարցեր: Կը գիտացինք, որ Սփիւռքը չէ մնայունը: Մնայունը Հայաստանն է, մեծ Հայաստանի երազը: Ուրեմն Հայաստան- Սփիւռք միասնութեան գաղափարը, անոր էութիւնը եւ այդ գաղափարին համար գործողները, որոնցմէ է Ռամկավար Ազատական Կուասակցութիւնը, լաւապէս ըմբռնած են, որ հայութեան բոլոր երազներուն եւ վախճանական նպատակներուն միակ ու վերջին հանգրուանը Հայաստան աշխարհն է:

Այնուհետեւ, ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արժանթինէն Երեւան ժամանած ՀՌԱԿ ՀԿ-ի նախագահ, Արժանթինի մէջ լոյս տեսնող «Սարդարապատ» հայկական շաբաթաթերթի տնօրէն, Սիրանուշ եւ Պօղոս Արզումանեան հիմնադրամի փոխնախագահ եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը:

Ան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հայաստանի անկախացումէն շուրջ 26 տարի անց, համոզուած է, որ Սփիւռքի դերը եւ գործունէութեան ոլորտը պէտք է փոխուի: « 26 տարի պիտի ըլլայ Հայաստանի անկախացման, բայց Սփիւռքը տակաւին Հայաստանի մասին իր հին պատկերացումով կը մնայ եւ հին ոճով կը շարունակէ գործել, մինչ Հայաստանը ժապաւէնի մը նման է, որ ամէն ժամ կը փոխուի»,- ըսաւ ան, մատնանշելով, որ Սփիւռքը պէտք է սկսի մտածել, թէ հայրենիքի համար ըրած իր գործին մէջ ինչ կը պակսի:

Անոր համոզմամբ, ժամանակը հասած է, որ Սփիւռքը, իր ապրած երկիրներուն մէջ քաղաքական գործ սկսի տանիլ, մտնել տեղական կուսակցութիւններու մէջ եւ սկսիլ աշխատիլ յանուն հայութեան շահերուն: Ընկ. Նահապետեան հաստատեց, որ հայութեան ունեցած ամենազօրաւոր զէնքը այսօր Սփիւռքն է, եւ այդ ուժին պէտք է հաւատալ, մանաւանդ որ թուրքերն ու ազերիները արդէն լաւ կը գիտակցին այդ մէկը եւ այդ ուղղութեամբ հակազդող գործունէութիւններ կը ծաւալեն համայնքներու մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ նման դասախօսութիւններ իրականութիւններ ցոյց տալու եւ ճիշդ դատողութիւններ ընելու առիթ կ’ըլլան:

Այնուհետեւ ամպիոն բարձրացաւ, Սփիւռքի նախարարի տեղակալ, օրուայ բանախօս Պրն. Սերժ Սրապիոնեանը:

Դասախօսը առաջին հերթին նշեց, որ նախքան Հայրենիք-Սփիւռք համագործակցութեան մասին խօսիլը, պէտք է նկատի ունենալ երկու կարեւոր հանգամանք. առաջինը, որ Սփիւռքը մէկ-միասնական հասկացութիւն չէ, ան միատարր զանգուած չէ: Հայութեան բաժին հասած պատմական խնդիրներու թելադրանքով Սփիւռքը, յաճախ նոյնիսկ հայ ազգային դիմագիծէն որոշակի տարբերութիւններ ձեռք բերած է: Անոր զգալի մէկ մասը, ապրելով տարբեր քաղաքակրթութիւններու, քաղաքական իրողութիւններու եւ ըմբռնումներու տիրոյթին մէջ ինքնահաստատման իր ճանապարհին որոշակի կորուստներ կրած է եւ այդ իսկ պատճառով այսօր վտանգուած է եւ անհրաժեշտ է այդ վտանգներուն առաջքը առնել: Երկրորդ, որ կարելի չէ մեղադրել 26 տարուայ պատմութիւն ունեցող երիտասարդ պետականութիւն մը, որովհետեւ 26 տարին պետութեան մը համար բաւական փոքր ժամանակահատուած է, մանաւանդ, ի մտի ունենալով խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք անոր մնացած ժառանգութիւնը՝ երկրաշարժէն անօթեւան մնացած 500 000 հայութիւն, Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան հետեւանքով 400 000 գաղթականներ եւայլն:

Փոխնախարարի համոզմամբ, նշեալ հանգամանքէն ելլելով, առօրեայ հարցերը լուծելու խնդիրները աւելի առաջնային դարձած էին, քան ապագայի իրագործումը: Այդ օրերուն, Սփիւռքը իր հնարաւոր բոլոր միջոցներով, մարդկային եւ նիւթական ներուժով, սատար կանգնեցաւ հայրենիքին, նուիրաբերելով գրեթէ հնարաւոր ամէն բան: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական համակարգին մէջ կառավարական կայուն աւանդոյթի բացակայութեան, ան նշեց, որ իրար ետեւէ փոփոխուող իրադարձութիւնները հնարաւորութիւն չէին տար, որպէսզի ձեւաւորուէր կառավարական համակարգ, մշակուէր Սփիւռքի հետ կապերու կայուն հայեցակարգ եւ սփիւռքի հետ աշխատանքները տային ցանկալի արդիւնք: Այս բացն էր, որ զգալի դարձուց Սփիւռքի նախարարութիւն մը ունենալու անհրաժեշտութիւնը, մատնանշեց Պրն. Սրապիոնեան, աւելցնելով որ «Առաջին հանրապետութեան դասերը մեզի բաւական իմաստուն դարձուցած էին, մենք շատ լաւ գիտէինք, թէ եւրոպական երկիրներն ու Ռուսաստանը ինչպէս կը վերաբերին փոքր երկիրներու ճակատագրին եւ այս անգամ կարծես թէ որոշակի զգուշաւորութիւն դրսեւորեցինք եւ այդ էր պատճառը, որ որոշուեցաւ ստեղծել Սփիւռքի նախարարութիւն, որպէսզի առաւել համակարգուած կատարուէին ուսումնասիրութիւնները, աշխատանքներ տարուէին Սփիւռքի տարբեր հատուածներուն հետ»:

Սակայն կապեր ստեղծելու եւ համագործակցութեան եզրեր մշակելու գործընթացը հեզասահ չէր կրնար ըլլալ, պայմանաւորուած՝ առաւելաբար Սփիւռքի ինք իր մէջ ունեցած հակասութիւններով: «Սփիւռքի մէջ նոյնպէս կային հակասութիւններ. Համահայկական բազմաթիւ կառոյցներու, աւանդական ազգային կուսակցութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները բացարձակապէս հարթ համարել կարելի չէր, սակայն այդ տարակարծութիւնները բոլորն ալ ազնիւ մղումներու արդիւնք էին, բոլորին խնդիրը հայկական պետականութեան հզօրացումն ու հայապահպանութիւնն էր, սակայն որդեգրուած ուղիները եւ ճանապարհները տարբեր էին եւ անհրաժեշտ էր այդ ուղիները ի մի բերել»,- ըսաւ դասխօսը, նշելով որ շօշափելի արդիւնքներու հասնելու համար, կարեւոր է Սփիւռքի մօտ մէկ ու միասնական համահայկական նպատակներու մշակումը, այլապէս արդիւնքները ամբողջական եւ վերջնական չեն կրնար ըլլալ եւ այդ է պատճառը որ այսօր, Սփիւռքի նախարարութեան վարած կարեւոր քաղաքականութիւններէն մէկը Սփիւռք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման քաղաքականութիւնն է:

Խօսելով Սփիւռքի ներկայացուցած ուժի մասին, փոխնախարարը շեշտեց, «Մենք այն համոզմունքն ունինք, որ Սփիւռքը իբրեւ համահայկականութեան խորհրդանիշ, մօտաւորապէս այն ռազմավարական նշանակութիւնը ունի մեզի համար, ինչ այլ երկիրներու համար ունի՝ հարստութիւնը կամ զէնքը պահեստեները: Մեր թշնամինները կը շարունակեն սարսափով նշել հայկական Սփիւռքի գոյութեան փաստը իբրեւ հիմնական կռուան, հիմնական ուժ, որ կրնայ միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնել հայկական հարցը»: Այս գիտակցութենէն մեկնելով է, որ սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ, հայ լոպիստներու համագումար տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, որ կրցաւ ցոյց տալ, թէ ինչքան ներուժ ունի այդ լոպիստական քարոզչութիւնը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ:

Փոխնախարարը անդրադառնալով Սփիւռքի ուծացման եւ թուլացման պատճառ հանդիսացող հանգամանքներուն, որպէս հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներ, նշեց, որ առաջին հերթին, սփիւռքահայուն մօտ պէտք է պահպանել սեփական ինքնութեան գիտակցումը, որու գրաւականը հայկական դպրոցներ ունենալն է: Երկրորդ կարեւորագոյն խնդիրը, դպրոցնէն բացի, այս օրերուն յաճախականացող խառն ամուսնութիւններու խնդիրն է, որոնց թիւը վեջին 15 տարիներու համեմատութեամբ կրկնապատկուած է, իսկ երրորդ եւ կարեւորագոյն խնդիրը՝ Արցախի վտանգուածութեան խնդիրն է: Արցախի վտանգուածութիւնը Հայաստանի վտանգուածութեան հարցն է:

Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու մէկ այլ կարեւոր կողմին անդրադառնալով, դասախօսը ըսաւ. «Այսօր մենք կը խօսինք Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու մասին, սակայն այս բոլոր խօսքերը կը մնան պարզ յայտարարութիւններ, եթէ երկիրը ներդրումներու համար գրաւիչ չդառնայ»,- աւելցնելով, որ «եթէ ժամանակին սփիւռքահայու հայրենասիրութեան չափանիշը մարդոց միտքին մէջ այն էր, թէ ինքը ինչ կառուցած է հայրենիքի մէջ, ինչքան բարեգործութիւն ըրած է, ապա այսօր մտայնութիւնը փոխուած է եւ ճիշդ է որ փոխուած է. որովհետեւ այսօր արդէն պետական այրերու ամենաբարձր մակարդակով կը գիտակցուի, որ Սփիւռքը չի կրնար անընդհատ տալ եւ երկիրը ինքը պէտք է ունենայ իր հնարաւորութիւնները, որդեգրելով այն մօտեցումը, թէ սփիւռքահայը այսօր, որպէս հայրենասիրութեան դրսեւորում, ոչ թէ բարեգործութիւն պիտի ընէ, այլ ներդրում ընէ եւ շահ ստանայ հայրենիքէն»:

Փոխնախարարը, որպէս այս օրերուն տիրող մտայնութիւն, կարեւորեց նաեւ կլոպալ փոփոխութիւններուն եւ անոր մեքանիզմներուն մէջ Սփիւռքի մասնակից դառնալը, նշելով որ այս նպատակով, մօտ ապագային նախատեսուած Սփիւռք-Հայաստան համահայկական համաժողովին, խնդիրներու ամբողջ շարք մը առանձնացուած է, նպատակ ունենալով ապահովել Սփիւռքի մասնակցութիւնը երկրի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն: Այս կապակցութեամբ Պրն. Սրապիոնեանը ըսաւ. « Սա յաջողութեան հիմնական գրաւականներէն մէկն է, որովհետեւ յենակէտը Հայաստանն է, եթէ չըլլայ Հայաստանը, Սփիւռքը անվերապահօրէն շատ աւելի արագ կ’ուծացուի, եւ Հայաստանը վերականգնելը կը դառնայ անհնար», շեշտելով որ Հայաստանը փրկելու միակ ճանապարհը միակամ, միասնական համահայկական կամքի դրսեւորումն է:

Եզրափակելով բանախօսութիւնը, փոխնախարարը ըսաւ. «Մենք հակուած չենք մտածելու, որ Սփիւռքը ամբողջութեամբ պէտք է տեղափոխուի Հայաստան, այդ մէկը անհնարէ, որովհետեւ այսօր, այս պայմաններուն մէջ այդ կերպով մտածելը «տոնքիշոթութիւն» կը նշանակէ: Վերջին հաշուով լոպիստական կառոյցներու գոյութիւնը կը վկայէ, որ յաճախ եւրոպաներու, ամերիկաներու մէջ ձեւաւորուած կայուն հայկական կառոյցները իրենց տեղերուն մէջ շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն ունին, քան Հայաստանի պետական այրերը, որոնք այսօր չունին այն լծակները, որպէսզի կարենան ստիպել մեզի վերաբերող քաղաքական խնդիրներուն մէջ դրական որոշումներ կայացնել»:

Նախքան երեկոյի աւարտը, ներկաները կարճ տեսանիւթ մը դիտեցին, ուր ամփոփ կերպով ներկայացուած էր Սփիւռքի նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը եւ ձեռքբերուած արդիւնքները:

Դասախօսական երեկոյին ներկայ էին պատմաբաններ, ակադեմականներ, գրողներ եւ մտաւորաանութիւն, որոնցմէ մի քանին խօսքով հանդէս եկան:

Ձեռնարկին աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաներու միջեւ թեմայի շուրջ մտերմիկ զրոյց ծաւալեցաւ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին