Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան Կազմակերպութեամբ Թանկոյի Երաժշտական Անմոռանալի Երեկոյ Մը

Թանկօն, հասարակական, ինչպէս նաեւ պարահանդէսային պար է: Ան ծնած եւ մշակուած է   Արժանթինի՝ Պուէնոս Այրես եւ  Ուրուկուէյի՝  Մոնթէվիտէօ   քաղաքներուն (մայրաքաղաք) մէջ, ապա տարածուած  համայն  աշխարհի մէջ: Այս  պարին զուգակցող  երաժշտութիւնը  ծանօթ է  իբրեւ թանկօ  երաժշտութիւն:

   Այսօր  գոյութիւն ունին  թանկոյի զանազան  ոճեր՝ արժանթինեան, ուրուկուէյեան,  պարահանդէսային, ֆինլանտական եւայլն: Մարդկային հասարակութեան համար ամենահարազատը Արժանթինի եւ Ուրուկուէյի  մէջ սկիզբ առած  թանկօն է:

 Բարձր հովանաւորութեամբ  Լիբանանի մէջ  Արժանթինի դեսպանատան, գործակցաբար   Լիբանանի Ազգային  երաժշտանոցին, Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան կազմակերպութեամբ, թանկոյի  երաժշտական երեկոյ մը տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին  մէջ, Նաքքաշ:

 Ներկայութեամբ  Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ  Մկրտչեանին, Արժանթինի դեսպան Ռիքարտօ Լարիէրայի, Մեքսիքոյի դեսպան՝  Ճայմէ Կարսիա Ամարալի, Պրազիլի դեսպան  Խորխէ  Ճերալտօ Քատրիի, ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամներու, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն,  մտաւորականներու, երաժշտասէր  հոծ հասարակութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ  Մշակութային Միութեան ատենապետ Շահէ Պապահեքեան բարի գալուստ (հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով) մաղթեց ներկաներուն, ընդգծելով թէ  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ  Անդրանիկ Մշակութային  Միութիւնը   հանրութեան ներկայացուցած է  բարձրորակ մշակութային  ձեռնարկներ, անոնք ըլլան  գրական, երաժշտական, պարային եւ  արուեստի տարբեր ոլորտներ: Ապա, ան  ծանօթացուց  օրուան արուեստագէտները. «Այսօր այս սրահին մէջ հաւաքուած ենք ունկնդրելու համաշխարհային  ճանաչում ունեցող թանկօ երաժշտութիւնը եւ այս առիթով հրաւիրած ենք Ազգային  երաժշտանոցի  դասատու Միքայէլ Աշճեանը, ընկերակցութեամբ  ֆիլհարմոնիք նուագախումբի վաստակաւոր  ջութակահար, Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցի ուսուցիչ  Պորիս Միրզոյեանը, Լիբանանի Ազգային  երաժշտանոցի եւ Քասլիքի  համալսարանի երաժշտութեան դասատու Անթուան Տիպը եւ Լիբանանի  Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի   վաստակաւոր «գոնթրպաս», Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցի դասատու Խաչատուր  Զվազեանը»: 

 

  Շահէ Պապահեքեան յատուկ  շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան  Ռիքարտօ  Լարիէրային, ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնելու առիթով, նաեւ  Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցի նախագահ դոկտ. Ուալիտ  Մուսալէմին,  Khanito  Dance Academy-ին եւ հաճելի ժամանց մաղթեց  ներկաներուն:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Ռիքարտօ Լարիէրան: Ան բարձր  գնահատեց  թանկօ երաժշտական երեկոյ  կազմակերպելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան  նախաձեռնութիւնը եւ  դրուատեց  մարդկային  քաղաքակրթութեան  մէջ հայ  մշակոյթին ներդրումը: Ան նաեւ  շնորհակալութիւն յայտնեց Միքայէլ Աշճեանին՝ արժանթինեան  թանկօն տարածելու աշխատանքին համար:

   Հոծ բազմութիւն մը գրաւած էր  սրահին  բոլոր աթոռները: Ներկաները հաճոյքով  ըմբոշխնեցին  թանկոյի երաժշտական իւրայատուկ  երեկոն: Արուեստագէտներուն  բարձրորակ կատրողականութիւնը, Ճաշակով եւ բծախնդրօրէն  ընտրուած 16 երաժշտական  նմոյշներ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ:  Իւրաքանչիւր կատարումի  կը յաջորդէր  բուռն   ծափահարութիւն եւ  «պիզ»:  Յայտագիրի  վերջաւորութեան,  Khanito  Dance Academy-ի աշակերտներ՝   Մոսիկ   Ճանիքեան եւ Կասիա Քոնճեան  «Լա  գոմփարսիթա» պար մը  մատուցեցին, արժանանալով  ներկաներու բուռն  ծափերուն:

 Երեկոյի աւարտին,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն  Չերչեան  յատուկ  յուշանուէրով  մը պատուեց  Լիբանանի մէջ Արժանթինի դեսպան Ռիքարտօ Լարիէրան:  Յուշանուէրներ  յանձնուեցան  նաեւ երեկոյին մասնակից  բոլոր արուեստագէտներուն:  

Ներկաները   թանկօ  երաժշտութեան  անմոռանալի  երեկոյ մը  վայելելու գոհունակութեամբ  մեկնեցան սրահէն:

 Գնահատելի աշխատանք:

ՀԵԸ-Ի   ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին