*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Անկախ Արցախը համահայկական ըմբռնումին մէջ կը մնայ իբրեւ ապաքաղաքական, ազգային ձեռքբերում եւ միասականութեան խորհրդանիշ: Պատահական չէ, որ այլ հարթակներու վրայ միմեանց անխնայ քննադատող քաղաքական ուժերը, Ստեփանակերտի մէջ հանդիպելով, ոչ թէ հակասութիւններու մասին կը խօսին, այլ ընդհանուր նպատակներուն հասնելու ուղիներու: Յունիս 16-18 կայացած Հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երրորդ համաժողովն ալ, խոշոր հաշուով, ընդհանուր տրամաբանութենէն չէ շեղած: Նոյնիսկ` հակառակը. Ապրիլեան պատերազմէն ետք առաւել եւս, քաղաքական ուժերը համոզուած են, որ 1990-ականներէն ետք վտանգը մազաչափ անգամ չէ պակսած: Փոխարէնը` աւելցած են բարդութիւնները` մեր տարածաշրջանին շատ մօտ, որ հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները կը միահիւսէ ժամանակակից աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն:
15 կուսակցութիւն Հայաստանի եւ 6 կուսակցութիւն Արցախի Հանրապետութենէն հաւաքուած են Ստեփանակերտի մէջ հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները քննարկելու առաքելութեամբ: Այս ձեւաչափով հանդիպումներու մեկնարկը տրուած է տարիներ առաջ Հայաստանի «Հանրապետական» կուսակցութեան եւ Արցախի Խորհրդարանի համագործակցութեամբ: «5 տարի առաջ, մեր հայաստանեան գործընկերներուն հետ սկիզբ դրած ենք գործընթացի մը, որուն նպատակն էր ստեղծել քաղաքական հարթակ` նպատակ ունենալով քննարկել հայկական քաղաքական դաշտի զարգացումները, առկայ եւ գալիք մարտահրաւէրները, վեր հանելու եւ համազգային խնդիրները լուծելու ճանապարհին մեր ներուժը համախմբելու հնարաւորութիւնները»,- կը պատմէ ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան: Համագումարի մասնակիցներուն ուղերձ յղած է ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան: Համաժողովի հանդիսաւոր բացման մասնակցած են Արցախի նախագահը եւ հոգեւոր առաջնորդը, Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններու ղեկավարները: Բակօ Սահակեան, հայկական քաղաքական դաշտին մէջ բազմակարծութեան առկայութիւնը՝ ժողովրդավարական հասարակութեան կայացման ճանապարհին կը համարէ ամենամեծ նուաճումներէն մէկը: «Այս ամէնուն հետ մէկտեղ, հայկական քաղաքական դաշտը ներկայացնող ուժերը ճակատագրական պահերուն կը կարենան միաւորուիլ եւ համախմբուիլ: Նման օրինակները շատ են մեր նորագոյն պատմութեան մէջ»,- ընդգծած է Արցախի նախագահը:
Հայկական կուսակցութիւններու երրորդ ֆորումը իրականացած է Ազգ-բանակ-հայրենիք կարգախօսով: Անվտանգութեան եւ ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտութեան կարգաւորման թեման համաժողովի օրակարգին էր, ի սկզբանէ: Թեման թարմացաւ առաջնագիծէն հասած նորութիւններով. Ֆորումի առաջին օրուան նախօրէին՝ ՊԲ-ն կորուստներ ունեցած է: Համաժողովը մեկնարկած է լռութեան րոպէով: Առաջին լիագումար նիստը անցած է «Հայկական պետութիւններու անվտանգութեան հիմնահարցերը» խորագիրին տակ: Իրավիճակը բնութագրած, վերլուծած են անոնք, որոնք 1990-ականներէն զարգացումներու ոչ թէ պարզապէս ականատեսն են, այլ՝ մասնակիցը: Առաջին բանախօսը ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարարն է: Առկայ մարտահրաւէրներու հաշուարկով կը գնահատէ Հայկական զինուած ուժերուն հնարաւորութիւնները եւ կ’եզրակացնէ, թէ առողջ տրամաբանութեան պարագային Պաքուն արցախեան ճակատին պէտք չէ լայնածաւալ գործողութիւններու դիմէ: «Ես ատիկա քիչ հաւանական կը համարեմ այս պահուն: Նախ` համանախագահ երկիրներէն որեւէ մէկուն պէտք չէ ատիկա, բայց գլխաւոր երաշխիքը մեր բանակի մարտունակութիւնն է»,- նշած է Վաղարշակ Յարութիւնեան:
ՀՀ ԱԱԾ նախկին ղեկավար Դաւիթ Շահնազարեան կ’արձանագրէ փաստը: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին առաջնագիծը անճանաչելի դարձած է: Փոփոխութիւնները կը նկատէ ամէն այցի ընթացքին. «Ոչ մէկ շփման եզր կայ, ինչ ունեցած ենք մէկ տարի առաջ եւ ինչ ունինք այսօր: Բայց այն օրը որ ոեւէ պաշտօնեայ ըսէ՝ «եղածը բաւական է», պէտք է պաշտօնէն հեռանայ»։
Բանախօսները նոյն կարծիքին են. այս պահուն խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ էական տեղաշարժի հեռանկար չ’ուրուագծուիր: Նման բարդ աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ որոշիչը կը մնայ անվտանգութեան բաղադրիչը, անոր միակ երաշխաւորը` խրամատի մէջ կանգնած զինուորը: Իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը համակարծիք են` Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ, առաւել եւս, միջազգային հանրութիւնը ըմբռնումով կը մօտենայ հայկական կողմի դիրքորոշման, որ այս պարագային, փոխզիջումներ ըսուածին մէջ կարմիր գիծն է: Պաշտպանութեան նախկին նախարարն ու ԱԱԾ նախկին ղեկավարը համակարծիք են: Այս պահուն փոխզիջում ըսուածը ինքը ամբողջութեամբ կարմիր գիծէն այն կողմ է: Որեւէ փոխզիջում հակառակորդին համար կը նշանակէ հարուածի նոր հնարաւորութիւն եւ անթոյլատրելի է:
Արցախի խորհրդարանի Հայրենիք խմբակցութեան ղեկավարն ալ անդրադարձած է բանակցային գործընթացի ներկայ տրամաբանութեան: Հակամարտութեան լուծման բանալին Ստեփանակերտի մէջ է եւ կարգաւորման հետ կապուած որեւէ քայլ պէտք է ուղղակի Արցախի բնակչութեան հաւանութեան արժանանայ:
Այս հարցով ներկաները առարկութիւններ չունին: Բանավէճերն ու քննարկումները ոչ թէ նպատակի, այլ այդ նպատակին հասնելու ճանապարհներուն շուրջ էին: Ազգային անվտանգութեան հարցերուն մէջ, քաղաքական տարաձայնութիւնները տեղ չունին: «Ապրիլեան դէպքերն ալ ցոյց տուին, որ մեր հասարակութիւնները ի վիճակի են միաւորուելու եւ միասնական ճակատով հանդէս գալու»,- կը գնահատէ ԱՀ նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Մասիս Մայիլեան:
Համաժողովը տեւած է 3 օր: Աւարտին ընդունուած է Հռչակագիր՝ ամբողջացնելով քննարկումներուն ընթացքին հնչած առաջնահերթութիւնները:
Ստեփանակերտ