*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*
Խաչքարերով զմայլելէ ու խաչբառ մը լուծելէ ետք՝ այժմ հիւսենք խաչբուռ մը։
Խաչբո՜ւռ…։
Քանի՞ հայ մարդ կրնանք գտնել մեր շուրջ՝ որ կարենայ բացատրել մեզի այս գեղեցիկ բառին իմաստը։
Ի՞նչ է խաչբուռը։
Խաչբուռը ցորենի հասկերով հիւսուած խաչաձեւ կամ ծառաձեւ փունջն է, զոր Վարդավառի տօնին հնձուոր հայ կիները կը շինէին իբրեւ «հունձքերու նախընծայ»։ Հիւսուածքը կը տանէին եկեղեցի, զայն օրհնել կու տային քահանային, յետոյ կը դնէին իրենց ցորենի կամ ալիւրի ամբարներուն մէջ, պարկերուն վրայ, կամ կը կախէին պատէն, իբրեւ առատութեան ու օրհնութեան նշան։ Յաջորդ եղանակին, երբ արտը նորէն ցանելու ժամը հասնէր, խաչբուռները կը փշրէին, կը խառնէին սերմնացու ցորենին…։ Ճի՛շդ այնպէս՝ ինչպէս մեր եկեղեցին աւանդաբար հին միւռոնէն սրուակ մը կը պարպէ նոր պատրաստուած միւռոնին մէջ, եօթը տարին անգամ մը կատարուող միւռոնօրհնէքի վեհաշուք արարողութեան ընթացքին։
Արեւմտահայ գիւղը կորսուեցա՜ւ՝ իր հետ տանելով նաեւ մեր գեղջկական անհամար աւանդութիւնները։ Ու այդ աւանդութիւններուն հետ՝ մոռացութեան տրուեցան նաեւ բազմաթիւ գեղեցիկ բառեր, թերեւս ամբողջ բառամթերք մը։ Այդ բառերէն մէկն ալ «խաչբուռ»ն է։
Բառը կազմուած է «խաչ» եւ «բուռ» արմատ բառերով։ «Բուռ» կը նշանակէ ձեռքին ափը։ Եւ որովհետեւ խաչբուռը հազիւ բուռ մը լեցնող նախախայրիք հասկերով կը հիւսուէր, ուստի՝ կազմուեր է «խաչբուռ» բառը։
Հոս եւս, անմիջապէս, պարտք կը սեպեմ դանդաղիլ այս եւ նմանատիպ բառերու յոգնակիին վրայ.- Եթէ միավանկ բաղադրիչով վերջացող բարդ գոյականի մը այդ երկրորդ բաղադրիչը բան մը ընողի, բան մը ունեցողի, բան մը եղողի կամ կացութեան մը մէջ գտնուողի գաղափարը կ՛արտայայտէ, յոգնակին կը կազմենք ներ-ով։ Օրինակ՝ մսակերներ, երկրաչափներ, դերբայներ (բան մը ընող), միավանկներ, սեւամորթներ (բան մը ունեցող) եւ այլն։ Նոյն ձեւով՝ «խաչբուռներ»։
«Խաչբուռ» բառը, կ՛ենթադրեմ որ մեր լեզուին, բայց մանաւանդ մեր գրականութեան մէջ փառաւորապէս մուտք գործեց նահատակ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի միջոցաւ։
Արդարեւ, Վարուժանի վերջին հատորին՝ յետմահու հրատարակուած «Հացին երգը»ին մէջ է, որ կը հանդիպինք «Խաչբուռ» խորագրեալ բանաստեղծութեան, եւ ուր, ժողովածուին միւս քերթուածներուն նման, փառաբանանքը կ՛ըլլայ ցորեանի արտերուն. օրհնութիւններ կը տեղան բոլոր այն մշակներուն վրայ, որոնք կը պատրաստեն մեր սեղանին դրուած հացին նախանիւթերը։
Վարուժան, զմայլելի տողերով, իր խաչբուռները կը նուիրէ Աստուածամօր սեղանին.
Քեզ կը բերեմ, Մա՛յր, հունձքերուս նախընծան:
Զոհագործէ՛ սեղանիդ վրայ՝ ուր, դարե՜ր,
Փեթակներուս մեղրամոմերը դեղձան
Լոյս ու արցունք են հոսեր:
Դո՛ւն, Խաչբուռն այս, զոր իմ ձեռքով եմ հիւսէր,
Ընդունէ՛, Մա՜յր: Բիւր հասկերուս մէջ ասոնք
Կը նազէին կոյսերու պէս շիկահեր,
Արեւահե՛ղց եւ ատո՛ք:
Մա՛յր, Խաչբուռն այս օրհնէ՜. եւ տուր արտերուս
Ամառն՝ ոսկի, ինչպէս գարունը՝ մարգրիտ.
Որքան ամբարքըս լի ըլլան՝ ջահեր լոյս
Պիտի տան քու խորանիդ:
Բայց սա «խաչբուռ» բառը Վարուժանէն առաջ գործածուա՞ծ էր միթէ։
Մխիթարեան երից վարդապետաց նշանաւոր «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» երկհատոր կոթողային բառարանը, որ լոյս ընծայուած է Վենետիկ, 1836-37, չունի այս բառը։ Նոյնիսկ Մալխասեանի քառահատոր բառարանը (1944-45) չունի զայն։ Մինչ Աճառեան, իր «Արմատական բառարան»ին մէջ «խաչբուռ»ը կը յիշատակէ իբրեւ «նոր բառ» մը։ Իսկ անդին, Էդ. Աղայեան, իր «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»ին մէջ (Երեւան, 1976), «խաչբուռ»ը կը մեկնաբանէ որպէս «խաչահամբոյր» բառին աղաւաղեալ մէկ տարբերակը, այսինքն՝ որպէս դրամական այն նուէրը, որ քահանային կը տրուէր իբրեւ խաչը համբուրելու վարձք…։
Աղայեան ինչո՞ւ կատարեր է այսպիսի բռնազբօսիկ մեկնութիւն մը։ Ան առիթ չէ՞ր ունեցած թերթատելու Վարուժանի «Հացին երգը»ն…։
Չեմ մոռնար որ «Խաչբուռ»ը նա՛եւ պարբերաթերթի մը անունն է։ 1946-49, Հալէպի Հայ Աւետ. Բեթէլ վարժարանի ուսանողները, հաւանաբար Վարուժանի «Խաչբուռ»էն ներշնչուելով, կը հրատարակեն աշակերտական նոյնանուն պարբերական մը, հոն մէկտեղելով իրենց շարադրական ու գրական փորձերը։ Այս «Խաչբուռ»էն լոյս կ՛ընծայուին 8 թիւեր։ Թերթը այնուհետեւ կը դադրի։
*
«Խաչ»երու պարտէզին մէջ իմ արագ պտոյտին վերջին հանգրուանը զիս դէմ յանդիման բերաւ փոքրիկ անասնիկի մը,- ԽԵՉԱՓԱՌ։
Հոս սակայն, ինչպէս կը նշմարէք, «խաչ» չկայ, այլ կայ «խեչ»։Խեչ–ա–փառ։
Խեչափառը ջրառատ վայրերէ ախորժող կենդանի մըն է, հազիւ ափի մը մեծութեամբ, որ կրիային, ոստրէին կամ խխունջին նման կը պատկանի խեցեմորթներու ընտանիքին։
«Խեցի»ն կրակի մէջ թրծուած ու կարծրացուած կաւն է, որմէ կը պատրաստուին այլազան ամաններ, կուժեր, կճուճներ ու սափորներ։ Եւ որովհետեւ վերոնշեալ անասնիկները ունին խեցիի նման կարծր ու զրահաւոր պատեաններ, ուստի՝ գիտութեան մէջ անոնք կոչուած են խեցեմորթներ։
Խեչափառին մէկ այլ տարբերակը ԽԵՑԳԵՏԻՆՆ Է, որ կ՛եփուի ու կ՛ուտուի շատերու կողմէ, իբրեւ համեղ ու սղագին ճաշատեսակ մը։
Խեչափառը երկակենցաղ է, այսինքն կ՛ապրի թէ՛ ջուրի մէջ եւ թէ՛ ցամաքի վրայ։ Ունի ութը ոտքեր եւ անոնց ամէնէն առջեւն ալ՝ մկրատաձեւ զոյգ բազուկներ։ Ասոնք խեչափառին մարմնին ամէնէն յատկանշական անդամներն են եւ կը կատարեն կտրիչի դեր։
Կրնամ զարմանալ, տեսնելով որ բանաստեղծ Զահրատ ներշնչումի պահեր ապրեր է՝ դիտելով խեչափառի մը տատանող քալուածքը ծովափի խճաքարերուն վրայ։
Արդարեւ, իր «Մէկ քարով երկու գարուն» հատորին մէջ (1989), բանաստեղծը ունի «Խեչափառ» ընդհանուր խորագրով հինգ-վեց կարճ քերթուածներ, որոնք թէեւ չեն դասուիր իր յաջողակ գործերու շարքին, սակայն այնուամենայնիւ հետաքրքրական են իրենց այլաբանական թելադրութիւններով ու բառախաղերով։
«Խեչափառ» բառին զոյգ արմատներուն վերծանումը անպայման բառարանի մը անհրաժեշտութիւնը կը զգացնէ մեզի, որովհետեւ հանրածանօթ բառեր չեն «խեչ»ն ու «փառ»ը։
«Խեչ»ը , ըստ Աճառեանի, կը նշանակէ «նեցուկ, յենարան, ձող՝ որի վրայ յենւում են բոյսերը»։ Այս արմատով ունինք «խեչակ» բառը, որ, դա՛րձեալ ըստ Աճառեանի՝ «Y ձեւով երկճիւղ փայտն է, որ իբր յենարան դնում են ծառերի ու թփերի տակ»։
Ա՛լ յստակ է։ Խեչափառին մկրատաձեւ կտրիչները խեչի կամ խեչակի չե՞ն նմանիր։
Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ «փառ»։
Այս ալ կը նշանակէ, իր այլ իմաստներուն կողքին, «թեւ»։
Ուրեմն, «խեչափառ» տառացիօրէն կը նշանակէ «մկրատաձեւ թեւեր ունեցող»։ Այսքան պարզ ու մեկին։
Հայոց լեզուի բառարաններուն հետ իմ գործը վերջացնելէ ետք, տարօրինակ գաղափարն ունեցայ երազահան մը բանալու եւ հոն փնտռելու «խեչափառ» բառը։ Եթէ գիշերը երազիս մէջ խեչափառ մը տեսնէի, ի՞նչ պիտի նշանակէր ատիկա։
Ահա՛ երազահանին պատասխանը.
-ԽԵՉԱՓԱՌ.- Նախանձոտ մարդու պիտի հանդիպիս, ամուսիններու միջեւ անհամաձայնութիւն պիտի ծագի…։
«Խ» տառով սկսող կարգ մը բառերու շուրջ իմ այս պտոյտը դեռ շա՜տ հեռուները կրնայ տանիլ զիս, եթէ սահման մը չդնեմ ատոր։ Դեռ էջեր ու էջեր կարելի է գրել, զորօրինակ, Քրիստոսի խաչափայտին, Խաչվերացի տօնին, եկեղեցական թափօրներու ընթացքին բարձրացուող խաչվառներու, Միջին դարու խաչակրաց արշաւանքներուն, խաչագողերու եւ խաչմերուկներու մասին…։
Խաչը ձեզի ապաւէն, տիւ ու գիշեր։
Հալէպ