*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
Կիրակի, Յունիս 4-ին եւ Կիրակի, Յունիս 11-ի օրերը Լոս Անճելոսի հայութեան կեանքին մէջ անմոռանալի օրեր պիտի մնան: Այդ օրերուն փառաշուք ձեռնարկներով նշուեցաւ ԱՄՆ-ի ողջ տարածքին վրայ գործող, առաջին եւ ցարդ միակ անկախ եւ զուտ հայկական գոլէճին:
Այսօր, երբ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, դժբախտաբար քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային հայակուլ պայմաններու բերումով հայկական դպրոցներ կը փակուին, որքան մխիթարական է տեսնել Մաշտոց գոլէճի նման հաստատութիւն մը, որ նուաճումէ նուաճում կը շարունակէ իր յաղթական երթը: Այս բոլորը կարելի եղաւ իրականացնել, շնորհիւ Աստուծոյ եւ Անոր խոնարհ ծառային՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ամբողջանուէր ծառայութեան եւ յարատեւելու կամքին:

Կիրակի, Յունիս 4-ին, Կլենտէլի Ֆէնիսիա ճաշարանի մէջ յորդահոս բազմութեան մը ներկայութեամբ, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ գոլէճի հիմնադրութեան 25-ամեակը եւ անոր սիրելի նախագահ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ԱՄՆ-ի մէջ ծաւալած կրթական, մշակութային եւ հասարակական ծառայութեան 40-ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելոսի Գլխաւոր հիւպատոսութեան, յանձինս՝ վսեմաշուք Վալերի Մկրտումեանի:
Ճաշի օրհնութենէն ետք, հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց ծանօթ եւ համակրելի հասարակական գործիչ՝ Յակոբ Յովհանիսեան: Խօսք առին յարգամեծար՝ Վալերի Մկրտումեան, Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան եւ Տէր Եղիայեան ընտանիքի կողմէ՝ ճարտարապետ Ժիրայր Թիւթիւնճեան:
Իրենց թանկագին ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին հոգեւոր հայրեր, քաղաքական գործիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, գոլէճի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ, ղեկավարներ եւ մանաւանդ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի հանդէպ անսահման սէր եւ յարգանք ունեցող մեծաթիւ ազգայիններ:
Երեք խօսողներն ալ մեծապէս գնահատեցին Մաշտոց գոլէճի ծնունդը, անոր տարած պատուաբեր ծառայութիւնը ԱՄՆ-ի հայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեցին Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի մարդկային, քրիստոնէական նկարագրի ազնիւ գիծերը:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական հոյակապ յայտագիր մը: Ասմունքով եւ նուագով ելոյթ ունեցող հոյակապ կատարողներ՝ Թագուհի Արզումանեան, Րաֆֆի Գերպապեան, Լեւոն Սեւան, Մերուժան Մարգարեան, Մէկի Խլղաթեան եւ Գօգօ Հայիթեան, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութեանց:
Այդ օր սրահը ողողուած էր այս հաստատութեան եւ անոր հիմնադիրին հանդէպ ջերմ սիրոյ զգացումներով: Տօնական մթնոլորտ մը կը տիրէր սրահին մէջ, բոլոր ներկաները ուրախ-զուարթ եւ բարձրագոյն տրամադրութեամբ մօտ 4 ժամ տեւող յայտագիրին հետեւեցան մեծ բաւարարութիւն ստանալով, վայելելով անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը:
Այդ ճաշկերոյթին, գոլէճի տնօրէնութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը շատ տպաւորիչ յուշատախտակներով գնահատեցին մօտ 25 ազգայիններ, գոլէճին եւ մեր գաղութին մատուցած ծառայութեանց համար:
Մեր գաղութի սէրն ու յարգանքը արդարօրէն վայելող, հոյակապ դիւանագէտ՝ Տիար Վալերի Մկրտումեան ստացաւ գոլէճի Պատուոյ Փրոֆեսորի կոչումը իր դիւանագիտական ծառայութիւններուն եւ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդման սատարելուն համար:
Ապա, յայտնապէս յուզուած, խօսք առաւ մեծարեալը՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախ Աստուծոյ, ապա իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք միշտ զօրավիգ եղած են իրեն:
Դոկտ. Տէր Եղիայեան հպարտութեամբ յիշեց գոլէճի 25 տարիներու իրագործումներու ամփոփ տեղեկութիւնները: Վերջաւորութեան հատումը կատարուեցաւ գոլէճի եւ մեծարեալի տարեդարձներու հսկայ կարկանդակին, բոլոր ներկաներու միաբերան եւ լիաթոք «Տարեդարձ է այսօր» երգի կատարումով:
Այդ օր, Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ամենաբարձր՝ Ոսկէ մետալով, որ իրեն հետ Հայաստանէն բերած էր գոլէճի դասախօսական կազմի անդամ՝ Յովսէփ Նալպանտեան:
Պաշտօնական այս ճաշկերոյթէն ետք, տօնակատարութեան ուրիշ հրավառութիւն մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 11, 2017, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի ընդարձակ եկեղեցւոյ մէջ:
Այդ օր, գոլէճի 25-ամեակին առիթով, մանկավարժական բաժինէն 70 ուսանող-ուսանողուհիներ շրջանաւարտ եղան: 70 հայ երկսեռ երիտասարդներ հայ լեզուի, կրթութեան եւ հայապահպանման ասպարէզ մտան: Անոնք 100% գործի տեղաւորուած են եւ պիտի ծառայեն ազգակերտման եւ հոգեկերտման սուրբ գործին:
Եկեղեւոյ սրահը լեփ-լեցուն էր: Հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւորտներու տպաւորիչ մուտքով, առաջնորդութեամբ գոլէճի նախագահ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին եւ գոլէճի հոգաբարձութեան ղեկավարներուն: Ապա, յաւուր պատշաճի աղօթք կատարուեցաւ: Հանդիսավարն էր ծանօթ ասմունքող՝ Յարութիւն Ֆոդուլեան:
Գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը գործադրուեցաւ: Երգով, նուագով, պարով եւ ասմունքի գեղեցիկ կատարումով ելոյթ ունեցան՝ Մարալ Բարսեղեան, Անահիտ Ներսիսեան, Մէյրի Ակիւլեան, Ալէնուշ Եղնազար, Գագիկ Պատալեան, Թագուհի Արզումանեան, Նոէլ Տօքթորեան, Արաքս Կարապետեան, Յասմիկ Յովսէփեան, Ռուբէն Թելունց եւ Անժէլա Ամիրեան: Շրջանաւարտներու կողմէ՝ Քաղցրիկ Մանուկեան, Շրջանաւարտից Միութենէն Ազնիւ Փափազեան ու դասախօսական կազմի անունով՝ Յովսէփ Նալպանտեան:
Որպէս գլխաւոր պատգամաբեր խօսք առաւ Յակոբ Յովհաննիսեան: Դասախօսական կազմէն ելոյթ ունեցաւ՝ Յովսէփ Նալպանտեան: Նմանապէս խօսք առին եւ որդիական ջերմ սիրով ու գնահատանքով խօսեցան Դոկտ. Տէր Եղիայեանի ու Մաշտոց գոլէճի գործունէութեան մասին իր երկու զաւակները, նմանապէս արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
Երախտագիտական խորագոյն բառերով եւ արտայայտութիւններով խօսք առին քանի մը շրջանաւարտներ: Անոնք իրենց խորին շնորհակալութիւնը յայտնեցին Մաշտոց գոլէճին եւ անոր ղեկավար Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին, շեշտելով անոր մարդկային, կրթական արժանիքները, հոգատար ծառայութիւնն ու նուիրական ոգին:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան 15 հատորներու հեղինակ է, ան աւելի քան 100 գիտական յօդուածներ գրած է: Այդ օր հանրութեան ներկայացուեցաւ Դոկտորին վերջին գործը՝ «Voices In Silence» (Ձայներ Լռութեան մէջ), որ պատմական արխիւային պատկերազարդ հատոր մըն է, 350 էջերէ բաղկացեալ: Հոն կը տեսնենք պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ աւելի քան 80 քաղաքներէն, գաւառներէն ու գիւղերէն առնուած նկարներ: Հատորին 350 էջերուն 285-ը կը բաղկանայ գունաւոր գեղեցիկ էջերէ: Իսկապէս, պատմական, տեղեկատուական, բացատրական գուխ-գործոց հատոր մըն է, հրատարակութեամբ՝ Կլէնտէլի «Երեւան» տպարանի: Գիրքը ներկայացուց ծանօթ մտաւորական, Դոկտ. Տէր Եղիայեանին երկար տարիներու բարեկամ՝ Սարգիս Մաճառեան: Ան խղճամիտ կերպով ներկայացուց այս ծաւալուն հատորը, նշելով անոր առանձնայատկութիւնները, ունենալիք օգուտն ու նպաստը Հայ Դատին եւ մեր պահանջատիրական պայքարին: Սարգիս Մաճառեանին հատորին մասին վարակիչ խօսքերն ու բնութագրումները արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն:
Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, յանուն Մաշտոց Գոլէճի գեղեցիկ գնահատագրերով պարգեւատրեց օրուան արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, խօսողներն ու «Voices In Silence» (Ձայներ Լռութեան մէջ) հատորի լոյս ընծայման բոլոր սատարողները:
«Տարուան Հայրը» կոչումին արժանացաւ Սարգիս Թոփալեան, «Տարուան Մայրը»՝ Սէլա Էքմէքճեան: Հայագիտութեան Պատուոյ Փրոֆէսօրի տիտղոսը շնորհուեցաւ Երան Գույումճեանին, կիպրահայ հանրածանօթ մտաւորական:
Այս ուրախ առիթով հռչակագրեր ու գնահատագրեր ղրկած էին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, Կրթութեան նախարարը, ԱՄՆ-ի Ծերակոյտէն հինգ անդամներ, Ներկայացուցիչներու Տունէն 26 անդամներ, եօթր նահանգապետներ, 36 քաղաքապետներ, 24 համալսարաններու նախագահներ, 84 հայ ու ամերիկեան կազմակերպութիւններ, 136 մտաւորականներ, շրջանաւարտներ ու բարեկամներ:
Մօտաւորապէս գիշերուան ժամը 8:30-ին վերջ գտաւ հանդիսութիւնը, Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի փակման աղոթքով, խորապէս գոհ ձգելով բոլոր ներկաները, որոնք մեկնեցան սրահէն պատմական ձեռնարկի մը ներկայ եղած ըլլալու մեծագոյն բաւարարութեամբ:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք 25 տարի հաւատացին, ծառայեցին նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար հանդիսացան այս սուրբ եւ պատուական գործին, գլխաւորութեամբ մեր բոլորին սիրելի Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին:
Բոլորին կ’ըսենք՝ ձեր վարձքը կատար: Մենք հպարտ ենք ձեզմով: Թող Աստուծոյ շնորհքները անպակաս ըլլան ձեր վրայէն: