Երկուշաբթի, 04. 12. 2023

spot_img

Խաչքար, Խաչբառ, Խաչբուռ Եւ Խեչափառ Ա.

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

   Հարկ կա՞յ բացատրելու «խաչքար»ը։

   Քարեղէն արուեստի տարածուն նմոյշ մըն է ան, միջին դարերէն մինչեւ մեր օրերը՝ շարունակ վերամշակուող ու վերաթարմացող իւրայատուկ քանդակագործութիւն մը,  որ գերազանցապէս հայկական դրոշմ կը կրէ։ Կը խորհրդանշէ քրիստոնեայ Հայաստանի նիւթական մշակոյթը։

   Ինչպէս մանրանկարչութիւնը, խաչքարը եւս մեզի հպարտութիւն պարգեւող ազգային տոհմիկ հնաւանդ արուեստ մըն է։ Շքեղ խաչքարի մը դիմաց հմայուած՝ մարդ անպայման պիտի զարմանայ, մտածելով որ անշունչ քարը ինչպէ՛ս գեղեցկացեր է, դարձեր է արուեստի նրբագեղ հրաշալիք մը։

   Բայց «խաչքար»ը բնութագրելու համար, կարդանք Վահագն Դաւթեանի նոյնանուն բանաստեղծութիւնը.

Տատասկների, քարերի մէջ,
Քամիների, արեւի մէջ,
Ձիւների մէջ, շոգ ու տօթի,
Այսպէս մենակ, այսպէս ոտի,
Այսպէս խոնարհ, այսպէս ըմբոստ,
Այսպէս փխրուն, այսպէս շիտակ,
Այսպէս խրթին ու այսպէս պարզ
Կանգնել է նա երկնքի տակ…                                         

Կանգնել է նա արեւի դէմ,
Որպէս թախիծ ու խղճի սիւն,
Կանգնել է նա դարերի դէմ,
Որպէս խաչուած գեղեցկութիւն…

   «Խաչուած գեղեցկութիւն»…։ Հրաշալի գիւտ մըն է բանաստեղծին այս բնորոշումը։

   Բայց ես առիթն օգտագործելով՝ դարձեալ օրակարգի պիտի բերեմ քերականական  հարց մը.- «Խաչքար» բառին յոգնակին ինչպէ՞ս գրել կամ արտասանել։ «Խաչքարե՞ր», թէ՞ «խաչքարներ»…։

Խաչքար

    Այս շփոթը, նոյնատիպ բազմահարիւր բառերու դիմաց, կը տառապեցնէ շատերը՝ դպրոցական աշակերտներէն մինչեւ վաստակաւոր խմբագիրներն ու երէց գրողները։

   Պատասխանե՛նք։

   Հայերէնի բառագանձին բոլոր բարդ բառերը, որոնք միավանկ արմատով մը կը վերջանան (օրինակ՝ օդա-նաւ, շոգե-կառք, հօրա-քոյր, ցանկա-պատ, մարզա-դաշտ, նախա-մարդ, յենա-կէտ, շքա-մուտք եւ այլն) ու այդ արմատը ԲԱՆ ՄԸ կամ ՄԷԿԸ ցոյց կու տայ (եւ բառին ընդհանուր իմաստը այդ արմատ-բաղադրիչին սոսկական իմաստին հետ կը նոյնանայ), յոգնակիի կը վերածուին եր-ով։ Այս հիմնական օրէնքը զանցող բացառութիւնները քիչ են։ Ուրեմն՝ օդանաւեր, շոգեկառքեր, հօրաքոյրեր, ցանկապատեր, յենակէտեր, շքամուտքեր…։ Եւ հետեւաբար՝ խաչքարեր։

   Եթէ այցելեր էք ձեր պապերուն ընդարձակ հայրենիքէն ժառանգ մնացած հողաբեկորը՝ այսօրուան Հայաստանը, ուրեմն ականատես եղեր էք խաչքարերու այնպիսի առատութեան մը, որ գլխու պտոյտ կրնայ պատճառել։ Հնադարեան վանքերու պատերուն տակ, նորաշէն եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ, գերեզմանատուներու տարածքին՝ իբրեւ տապանաքար, հրապարակներու վրայ՝ իբրեւ յուշակոթող, ամէն դի՝ խաչքարեր, բարձրահասակ կամ ցածրահասակ, պատուանդանով կամ ուղղակի կանգնեցուած հողին մէջ, մէկը միւսէն տարբեր հիասքանչ զարդանկարներով, խաղողի ողկոյզներու, բոյսերու, թռչուններու, կենդանիներու եւ քրիստոնէական խորհրդանշաններու շլացուցիչ ճոխութեամբ։ Անոնք եթէ թելով ու ասեղով իսկ բանուէին իբրեւ ժանեակ, ո՜վ գիտէ որքան աչքի լոյս պիտի խլէին յօրինողէն…։

   Մեր նախնիները որքա՜ն սիրեր են խաչքարի արուեստը։ Երբեմն, խաչքարերու ամբողջ անտառներ սփռեր են իրենց բնակավայրերուն վրայ։

   Երեք տասնամեակ առաջ, Ա. Ծառուկեանի «Նայիրի» շաբաթաթերթին հին թիւերէն մէկուն մէջ տեսած էի Ջուղայի (Նախիջեւանի մարզ) հայոց գերեզմանատան խաչքարերու անտառին ցնցիչ ու լայնածաւալ մէկ համայնապատկերը ու անկէ յետոյ բնաւ չէի կրցած զայն մտահան ընել, մոռնալ։

   Ափսո՜ս, զարդանախշուած քարերու այդ զարմանահրաշ անտառը գոյութիւն չունի այսօր։ 2005-ի Դեկտեմբերին, մեր քթին ու մեր անզօր նայուածքին տակ՝ ազերի վանտալներ, տապարներով ու կռաններով զինուած, ջարդուփշուր ըրին դարաւոր այդ կոթողները ու քարերը նետեցին Արաքսի պղտոր ջուրերուն մէջ…։ Ջուղան իսպառ կորսնցուց իր հայկական ինքնութեան վերջին վաւերաթուղթերէն մին եւս։

Նորատուսի խաչքարի անտառը

   Հիմա սակայն պէտք է երթալ Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզին Նորատուս գիւղը (Սեւանայ լճի արեւմտեան ափին մօտիկ), Ջուղայի մէկ տարբերակը տեսնելու համար։ Գիւղին մեծ գերեզմանատան հնամենի խաչքարերը անօրինակ անտառ մըն ալ իրե՛նք գոյացուցեր են, անխուսափելի ցնցիչ տպաւորութիւն մը գործելով հոն այցելողներուն վրայ։ Հարիւրաւո՜ր խաչքարեր, որոնք կու գան ԺԳ.-ԺԷ. դարերէն։

    Հարցում մը զբաղեցուց իմ միտքը.- Մեր օրերուն հասած ամենահին հայկական խաչքարը ո՞րն է։

   Ստուգեցի, որ անիկա կը գտնուի Գառնիի հեթանոսական տաճարին մերձակայքը ու կու գայ Թ. դարէն (879 թ.)։ Ատոր ժամանակակից հնագոյն խաչքարեր կան եղեր նաեւ Թալինի (Արագածի փէշին), Կեչուտի (Վայոց Ձոր) ու Տաթեւի շրջանը։ Ուրեմն, անոնք ունին հազար երկու հարիւր տարուան կեանք…։ Ամբողջ պատմութիւն մըն է ասիկա։

   Սակայն նկատել տամ, որ հնագոյն խաչքարերը բաւական անշուք կը մնան ԺԲ. դարէն ետք կերտուածներուն դիմաց, որովհետեւ խաչքարի արուեստն ալ, բնականաբար, աստիճանական զարգացում մը ապրած է, մինչեւ որ հասնէր իր գագաթային պանծալի փուլին։

   Խաչն ու խաչքարը, իբրեւ քրիստոնէութեան խորհրդանիշեր, բազմաթիւ մեկնաբանութիւններու առարկայ դարձեր են։ Բայց ես ձեզի պիտի յիշեցնեմ Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի հետաքրքրական մեկնութիւնը։ Ըստ ԺԴ. դարու մեր այս եռամեծ աստուածաբանին, Խաչին չորս թեւերէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ մարդ անհատէն ակնկալուող չորս առաքինութիւններ.- Սէր, խոնարհութիւն, հնազանդութիւն եւ համբերութիւն։

   Եթէ տիպար քրիստոնեայ մըն էք՝ հետեւեցէ՛ք Տաթեւացիի ցուցմունքին…։

*

   Խոնարհելով խաչքարեր կերտող հայ անանուն վարպետներու տաղանդին ու ճաշակին առջեւ, պիտի ուզեմ ոստում մը կատարել սրբազան խաչքարէն դէպի…խաչբառ։

   Նախ յիշեցնեմ, որ այս բառին յոգնակին եւս պէտք է կազմել «խաչբառեր» ձեւով (եւ ո՛չ թէ «խաչբառներ»), որովհետեւ անիկա կը հպատակի վերեւ յիշատակուած օրէնքին։ «Խաչբառ» կը նշանակէ խաչաձեւ շարուած բառերու ամբողջութիւն։

   Եթէ թերթ ու լրագիր կը կարդաք, գիտէք արդէն թէ ի՞նչ է խաչբառը։ Գիտէք նաեւ թէ ի՞նչ կը նշանակեն «ուղղահայեաց» եւ «հորիզոնական» բառերը, որոնց համեմատ  է որ տառեր պիտի զետեղէք սեւ քառակուսիներու արանքին մնացած սպիտակ քառակուսիներուն մէջ ու որոնէք խաչբառին պահանջած հանելուկային բառերը։

   Իմ կեանքին մէջ եղան շրջաններ, երբ խանդավառ շահաքրքրութեամբ ձեռք կþառնէի խաչբառ մը ու կը ճգնէի զայն լուծել… յաղթակա՛ն աւարտով։ Խաչբառի ճամբով կարծէք փորձաքարի զարնել կþուզէի իմ ընդհանուր գիտելիքներու պաշարը։ Սակայն այս ժամանցը ունէր առաւելութիւն մըն ալ, որ բնաւ արհամարհելի չէր,- բառարան պրպտելու վարժութիւնը, բառարաններու կոյս էջերուն մէջ ման գալու օգտաւէտ փորձառութիւնը։

   Այո՛, բառարանն ու խաչբառը չենք կրնար հեռացնել իրարմէ։

   Բայց ես, սա խաչբառ բառին դիմաց մի՛շտ կը մտաբերեմ անուն մը, որ ինծի համար նոյնացած է «խաչբառ» հասկացողութեան հետ։ Տիրան Մ. Աղազարեանն էանիկա (մահացած՝ 12 Դեկտեմբեր 2016-ին)։

   Աստուա՜ծ իմ, պէյրութաբնակ այս հմուտ հայկաբանը, հայերէն լեզուի այս արթուն պահակը, տասնամեակներ շարունակ, շաբաթը եօթը օր, որքա՜ն խաչբառեր պատրաստեց լիբանանահայ թերթերուն համար, քանի՜ հազար գրասէր մարդու բառապաշարը ճոխացուց։

   Աղազարեան տեսակ մը «աշխարհակալ» էր խաչբառի մարզին մէջ։ Զինք մօտէն ճանչցողները կը վկայեն, որ ան խաչբառերու անկրկնելի վարպետ մըն էր։ Տասը վայրկեանէն կրնար կազմել խաչբառ մը, որուն լուծումը յաճախ քանի մը ժամ կրնար խլել միջին ընթերցողէ մը…։

(մնացեալը՝ յաջորդիւ)

Հալէպ  

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին