Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Մեծ Եղեռնի 102-Ամեակի Ոգեկոչումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ

     Հայոց Ցեղասպանութիւնը կանխամտածուած ծրագիր մըն էր: Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը որոշած էր վերջ դնել Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ներկայութեան, իսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմը լաւ առիթ մը կ’ընծայէր, որ աշխարհի հայեացքէն ծածկէր այդ ծրագրին գործադրութիւնը: Հայերու կոտորածն ու տեղահանութիւնը գործադրուեցան տարբեր փուլերով: Առաջին հերթին տեղի ունեցաւ զինաթափումը, ապա ձերբակալութիւնները եւ վերջապէս բնաջնջումը:

Հայ ժողովուրդը Եղեռնի յիշատակի օր ճշդած է Ապրիլ 24-ը, որովհետեւ այդ օր շուրջ 600 հայ մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, աշխարհական եւ կրօնական ղեկավարներ ձերբակալուեցան եւ չարչարանքներով սպանուեցան:

Հետեւաբար,  Երեքշաբթի  25 Ապրիլ 2017-ին, վարժարանիս միջն. Բ. եւ Գ. կարգերու աշակերտները մասնակցեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի բակին մէջ տեղի ունեցած աշակերտական հանրահաւաքին՝ ոգեկոչելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ յիշատակը։ Անոնք ծաղկեպսակ զետեղելով ցեղասպանութեան յուշակոթող մատուռին առջեւ, յարգեցին յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն։

Իսկ Չորեքշաբթի 26 Ապրիլ 2017-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը: Միջնակարգ Բ. դասարանէն Ռուպինա Օհան իր բացման խօսքին մէջ ներկայացնելով Ցեղասպանութեան արհաւիրքները, անդրադարձաւ թէ ինչպէս արդարութիւնը իր երեսը ծածկելով կորսուեցաւ պատմութեան ցեխաջուրին մէջ: Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ, թէ եկած էինք ուխտի յանուն բիւրաւոր նահատակներուն, ինչպէս նաեւ յանուն արդարութեան ու մարդկութեան: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ մեր ժողովուրդի կենսալից ներկայութիւնը, հաւատաւոր պահանջատիրական կեցուածքն ու իմաստուն հետեւողականութիւնը եւ ամենակարեւորը՝ մեր հայորդիներու սխրալի անձնազոհութիւնները բանթուրքիստները պարտութեան մատնեցին… Եւ հայը չդարձաւ թանգարանային ցուցափեղկին մէջ բանտարկուած նմոյշ, այլ գոյատեւեց ու զարգացաւ, իսկ անոր զուգահեռ՝ հետապնդեց եւ կը շարունակէ հետապնդել իր արդար դատը՝ Հայկական Հարցը:

Հայ ազգը իր պատմութեան ընթացքին մղած է ճակատագրական պատերազմներ, որոնց շնորհիւ ան գոյատեւած  է մինչեւ այսօր, եւ այդ իրողութեան մէկ գեղեցիկ պատկերացումն էր Նախ. Դ. Ե. եւ Զ. դասարաններու աշակերտներու խմբերգը, թմբուկի կատարողութեամբ (Նախ. Դ. դասարանէն Սահակ- Ճօ Փափազեան) եւ շեփորի՝ (Միջն. Գ. դասարանէն Դալար Գէորգեան): Ապա Միջն. Բ. դասարանէն վարդի Սալխանեան «Ախպերս ու Ես» մեներգով յուզեց ներկաները: Նախ. Ե. դասարանէն Կալի Շարպրաշեան հայրենասիրական ոգիով տոգորուած ասմունքեց «Հայրենի Տուն»ը, որմէ ետք Ռուպինա Օհան նազանքով ներկայացուց «Ծաղկած Բալենի» նազ պարը:

Հանդիսատեսներուն երեւակայութեան պաստառին վրայ տողանցեցին Մեծ Եղեռնի իրադարձութիւնները, Միջն. Գ. դասարանէն Դալար Գէորգեանի «Ղօղանջ Եղեռնական» ասմունքով: Դ. դասարանի աշակերտները Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայն ու Հայը» թատերախաղով եկան ըսելու, որ անհնար է աշխարհի վրայ տեսնել ոյժ մը, որ կարենայ բնաջնջել հայ ազգը:

Վերջապէս Պրն. Աւետիս Տիպան ներկայացուց օրուան պատգամախօս՝ Տիկ. Ռոզէթ Ալէմեանը, որ վերջերս արժանացած էր Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի Պաշտպան» մրցանակին, առ ի գնահատանք կրթական, հրատարակչական եւ ազգային կեանքին մէջ  գործօն մասնակցութիւն բերելուն համար: Տիկ. Ռոզէթ  իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ մեծ ուրախութիւն էր իրեն համար գտնուիլ բանաստեղծութեան իշխան՝ Վահան Թէքէեանի անուան վարժարանէն ներս: Ան բարձր գնահատեց այն աշխատանքը, որ կը տարուի հայրենասիրական  այս ամրոցը վառ պահելու համար: Ապա անդրադառնալով Ցեղասպանութեան՝ ներկայացուց Օսմանեան կայսրութեան մէջ ապրող հայ ժողովուրդը եւ անոր պահանջած բարեփոխումները, որոնց հետեւանքով տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը, ազատատենչ հայ տարրէն ձերբազատուելու դիտաւորութեամբ: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ որպէս թոռներն  ու ծոռները վերապրող հայերուն,  պէտք է բարգաւաճինք, առանց լալու ու ողբալու պէտք է յիշենք մեր Ցեղասպանութիւնը, հաւատքով մօտենանք մեր Դատին, որպէսզի արդար հատուցում ստանանք: Պէտք է գուրգուրանք մեր լեզուին, մշակոյթին, երգին ու պարին հայկական դարբնոցներէն ներս, կառչած մնանք մեր քրիստոնէական հաւատքին, սիրենք մեր հայրենիքը եւ Արցախը: Ան ըսաւ, թէ մեր ոյժը մեր միասնականութեան մէջ է, եւ իր խօսքը եզրափակեց Պարոյր Սեւակի՝ «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»ով:

Վերջապէս, վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան բեմահարթակ բարձրանալով յուշանուէրով մը պատուեց հիւրը:

Այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ Հայ Դատը որոշ չափով ճանաչում գտած է, սակայն ժամանակը հասած է հատուցման: Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ Թուրքիան, որ կը շարունակէ մերժել Ցեղասպանութեան փաստը եւ ոչնչացնել անոր վերաբերեալ ամէն փաստաթուղթ, հարկ է պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ պէտք եղած հատուցումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին