Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Տարելիցը՝ Մէկդարեայ Դասերով

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Զանգակատուն-յուշարձանը Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ կառուցուած է երկու տարի առաջ` Եղեռնի 100-րդ տարելիցին ընդառաջ: Արդէն երկրորդ տարին է, որ Ապրիլ 24-ին այստեղ կ’ուղղուին յիշատակի երթի մասնակիցները: Վաղ առաւօտէն` Զանգակատան մերձակայ հրապարակը մարդաշատ էր, իսկ յուշարձանի ստորոտը կը բարձրանար ծաղիկներուն թումբը:

«Այսօր պարզապէս պարտքի զգացումով ծաղիկ կը խոնարհենք իրենց յիշատակին: Ցանկութիւնս է, որ յառաջադէմ մարդկութիւնը ճանչնայ եւ պատշաճ գնահատական տայ Ցեղասպանութեան»,- կարեւոր կը համարէ Ստեփանակերտի բնակիչ Սօս Արզումանեան:

2 (2)

Յիշատակի երթին մասնակցած են նաեւ Արցախի իշխանութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ` նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ: Ապրիլ 24-ի առիթով ուղերձ յղած է Արցախի նախագահը: Ցեղասպանութեան լաւագոյն պատասխանը ազատագրուած հայրենիքը զօրացնելը պէտք է ըլլայ: «Մենք հաստատակամօրէն պիտի շարունակենք պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ անոր ժխտումը դատապարտելու համար: Վաղեմութեան ժամկէտ չունեցող այս ոճիրը պէտք չէ մոռնայ նաեւ քաղաքակիրթ աշխարհը: Մոռացութիւնն ու անտարբերութիւնը այստեղ ինքնին յանցագործութիւններ են եւ կը նպաստեն ապագային նոր ոճրագործութիւններու իրականացման: Այս պարզ ճշմարտութիւնը բազմիցս ապացուցուած է 20-21-րդ դարերուն, եւ մենք շնորհակալ ենք այն մարդոց ու պետութիւններուն, որոնք այդ ծանր օրերուն եղած են մեր ժողովուրդի կողքին, որոնք այսօր ալ կը սատարեն մեզի` յանուն արդարութեան վերականգնման մեր պայքարին»,- մասնաւորապէս ըսուած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի ուղերձին մէջ:

3 (2)

Այս հաւատամքով ալ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ տասնեակ հազարաւոր արցախցիներու հետ ծաղիկներ խոնարհած են Արցախի հոգեւոր ու աշխարհիկ իշխանութեան ներկայացուցիչները: Հայութեան փրկուած բեկորներուն նոր ցեղասպանութիւններէ ապահովելու միակ երաշխաւորը Արցախի թեմի առաջնորդը կը համարէ ազգային պետականութիւն ունենալը: Այդպէս էր 90-ականներուն, այդպէս է եւ հիմա: «Եղաւ գաղթացեղասպանութիւն Նախիջեւանի, Ուտիքի մէջ, բայց Արցախի մէջ` ոչ: Որովհետեւ կազմակերպուեցանք, զինեալ պայքարի ելանք ու մեր պետութիւնը ստեղծեցինք, որ ազգը պաշտպանելու լաւագոյն ձեւն է»,- ընդգծած է Արցախի թեմակալ առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան: Ցեղասպանութեան ճանաչումը այսօր ամենաշատը պէտք է Թուրքիոյ, համոզուած է Արցախի Խորհրդարանի նախագահը: Ժխտողականութիւնը կը մեծցնէ Թուրքիոյ եւ քաղաքակիրթ աշխարհի միջեւ անդունդը եւ Անգարան ակամայ կը յայտնուի ոչ թէ քաղաքակրթութեան համար, այլ քաղաքակրթութեան դէմ պայքարողներու ճամբարին մէջ, Յուշահամալիրին մէջ, լրագրողներու հարցերուն ի պատասխան նշած է Աշոտ Ղուլեան. «Ցեղասպանութեան ժխտումը եւ այս ուղղութեամբ կործանարար քաղաքականութիւնը կամայ թէ ակամայ այս երկիրը կը մղէ տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչութիւններու մասնակից ու կազմակերպիչ երկրի կարգավիճակին: Իրավիճակը այնպիսին է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին համար է, այլեւ՝ այսօր աշխարհի մէջ տեղի ունեցող այս խժդժութիւններուն առաջքը առնելու համար»:

4 (1)

Դարէ մը աւելի երկարող պահանջատիրական պայքարի առաջին գիծին այսօր երիտասարդներն են` 100 տարուան պայքարէն մնացած դասերով:  Ապրիլ 24-ի նախօրէին անոնք կրկին յիշատակի երթի ելած էին: Պահանջատիրական ջահերթին Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած են հազարաւոր երիտասարդներ:

Ստեփանակերտ

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին