Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Հալէպահայ Աշակերտներու Խմբային Այցը Յակոբ Օշականի Շիրիմին

Չորեքշաբթի առտու, Մարտ 29-ին, Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր. վարժարանի ԺԱ. կարգի աշակերտները (25 հոգի) խմբովին այցելեցին Ազգ. Գերեզմանատուն, բոլորուեցան մեծանուն գրականագէտ Յակոբ Օշականի շիրիմին շուրջ, թարմ ծաղկեպսակ մը դրին այնտեղ դպրոցին անունով, այնուհետեւ ոգեկոչեցին գրողին յիշատակը աղօթքով, խունկ ու մոմով եւ պատշաճ խօսքերով։

Kerezmanadoun 002

Ոգեւորիչ ու անմոռանալի օր մը եղաւ ասիկա տղոց համար, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ է որ գերեզմանատուն կþայցելէին։ Արդէն, հինգ տարիէ իվեր, Հալէպի պատերազմի շրջանին, Ազգ. Գերեզմանատունը միշտ փակ մնացեր էր ապահովական նկատումներով։

Բայց գարնան առաջին փթթումներուն հետ` խաղաղութիւնն ալ կը տիրապետէր գերեզմանատան վերեւ։ Տաքուկ, ջերմացնող արեւ մը կար։ Տղոց խանդավառութիւնն ալ ակներեւ էր։

Դեռ անցեալ շաբաթ էր որ ԺԱ. կարգի այս աշակերտները հայերէնի իրենց դասագրքին ընդմէջէն ծանօթացեր էին Յակոբ Օշականին։ Կարդացեր էին անոր «Խոնարհներ» հատորէն «Տօգսանը» պատմուածքը, ականջ տուեր էին իրենց ուսուցչին տուած բացատրութիւններուն։ Ու հիմա՝ պիտի այցելէին անոր շիրիմին։

Այս հաւաքական այցին, որ տեսակ մը ուխտագնացութիւն եղաւ, մասնակից դարձան նաեւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ օրդ. Գայիանէ Թիւմպալեան, դաստիարակ պր. Մանուէլ Քէշիշեան եւ հայերէնաւանդ դասատուներ պր. Լեւոն Շառոյեան ու տիկ. Անի Յովակիմեան։

Այցելուները շրջապատեցին շիրիմը երկիւղածութեամբ։ Նախ մոմեր վառեցին ու խունկ ծխեցին։ Այդ նոյն րոպէներուն՝ ձայնաւոր աշակերտուհիները հնչեցուցին յուզիչ «Տէր, ողորմեա» մը։

Երկու աշակերտուհիներ՝ Մեղրի Տարագճեան եւ Սէրլի Գուզուեան փոխն ի փոխ կարդացին Օշականի կենսագրութենէն ուշագրաւ նշումներ։

Kerezmanadoun 008

Այնուհետեւ, նախ արտայայտուեցաւ տնօրէնուհի օրդ. Թիւմպալեան, որ շեշտը դրաւ անցեալը չմոռնալու անհրաժեշտութեան վրայ։ Յետոյ խօսք առաւ պր. Մ. Քէշիշեան, որ բացատրեց գերեզմանատուն տրուած այցին կարեւորութիւնը, թելադրեց տեւաբար յարգել մեր աւանդութիւնները։

Իսկ «Հուսկ բանք»ը վիճակուած էր ԺԱ. կարգի հայերէնի դասատու պր. Շառոյեանին։ Ան նախ ընդգծեց Օշականի ամբարած գիտելիքի պաշարին հսկայ ու անհաւատալի տարողութիւնը, որ միշտ պիտի շշմեցնէ եկող-գացող սերունդները։ Յետոյ քանի մը խօսք ըսաւ անոր ծաւալուն վէպերուն մասին, ուր թուրքին կերպարը շատ լայն տեղ գրաւած է։ Արագօրէն անդրադարձաւ Օշականի ուսուցչական վաստակին, ու վերջապէս՝ դիտել տուաւ որ մեծանուն գրողին շիրիմին տրուած այս այցը ու դամբանին վրայ դրուած ծաղկեպսակը, իրականութեան մէջ, կը դրուի Հայ Գրականութեան բոլոր երախտաւոր ծառաներուն շիրիմին…։

Kerezmanadoun 009

Ուխտագնացութիւնը տեւած էր մէկ ժամ։ Բայց վստահաբար՝ անոր թողած խորունկ տպաւորութիւնը տղոց մտքին մէջ անջնջելի պիտի մնար տարինե՜ր, տասնամեակնե՜ր շարունակ…։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին