Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Լիբանանի Թեմի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սաները: Արարողութեան հաւատացեալներու բազմութեան կողքին ներկայ էին նաեւ հայկական վարժարաններու ուսանողներ:
Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն ու Թեմի Ազգային Իշխանութեան բոլոր մարմինները, կառոյցները եւ Լիբանանի Թեմի ժողովուրդը, իր պատգամին առանցքը դարձուց կեանքը՝ որպէս պարգեւը Աստուծոյ: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ Աստուծոյ Միածին Որդին աշխարհ եկաւ, որպէսզի մարդուն տրուած կեանքը, ինչպէս նաեւ տիեզերքի կեանքը իր ամբողջութեանը մէջ վերանորոգէ եւ վերահաստատէ: Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը կեանքի վերաստեղծագործումն է: Առաջին Ադամը մեղանչեց։ Առաջին Ադամով մեղքն ու մահը մուտք գործեցին աշխարհէն ներս. Քրիստոսով՝ երկրորդ Ադամով կեա՛նքը մուտք գործեց տիեզերքէն ներս, ինչպէս կ’ըսէ Առաքեալը: Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խօսքը յիշեցուց թէ՝ կեանքը մարդուն սեփականութիւնը չէ. ան Աստուծոյ պարգեւն է:
Արամ Ա. Կաթողիկոս կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած անփոխարինելի կոչումին մասին ընդգծելով թէ՝ մարդը Աստուծոյ գործակիցն է: Աստուած տիեզերքը ստեղծեց եւ մարդը պահակ կարգեց անոր վրայ, եւ այս տիեզերքին՝ աստուածային ստեղծագործութեան պահակ ըլլալ կը նշանակէ գործակից ըլլալ, եւ Քրիստոս եկաւ վերյիշեցնելու մարդուն Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած սրբազան այդ կոչումը: Նորին Սրբութիւնը եզրակացնելով իր պատգամը յայտնեց թէ՝ կոչումով ապրուած կեանքը պէտք է դառնայ նպատակասլաց, մեր կեանքին դիմաց ունենալով Քրիստոս՝ որպէս հայելի եւ օրինակ:
Արեւագալի Ժամերգութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Ազգային Առաջնորդարանի եւ Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Տիկնաց Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած նախաճաշին, որուն ներկայ եղան միաբան հայրեր, Լիբանանի Թեմի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ եւ Դպրեվանքի աշակերտներ:
Միջինքի աւանդական նախաճաշի աւարտին խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը, ընդգծեց Դպրեվանքին կարեւորութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի կեանքէն ներս, յիշեցնելով որ Դպրեվանքին մէջ Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայութեան կոչուած հոգեւոր մշակներ, մտաւորականներ եւ ուսուցիչներ կը պատրաստուին: