Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

20-րդ Դարու Հայ Հանճարեղ Բանաստեղծ՝ Եղիշէ Չարենցի Ծննդեան 120-Ամեակի Նշումը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ Վարժարանին Մէջ

Եղիշէ Չարենց ծնած է 13 Մարտ, 1897-ին, Կարս: Թէեւ Կարսը գաւառական փոքր քաղաք էր, սակայն գրական – հասարակական կեանքը բաւական աշխուժ էր այնտեղ, որուն վկայութիւնը գրախանութներու, գրադարաններու, տպարաններու եւ ուսումնական հաստատութիւններու առկայութիւնն էր: Ահա այսպիսի միջավայրի մը մէջ հասակ առած էր պատանի Չարենց ու գրած՝ «Քո Չարենցին լեզու տուող երկիր Հայաստան»:

Երեքշաբթի, 14 Մարտ, 2017-ը սովորական օր մը չէր Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանին համար, ուր պիտի նշէինք խորհրդահայ գրականութեան հիմնադիր, մեծ բանաստեղծ եւ ականաւոր մշակութային գործիչ՝ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 120-Ամեակը՝ ներկայութեամբ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, Երեւանի Ե. Չարենցի անուան Գրականութեան եւ Արուեստի Թանգարանի տնօրէն, գրող, գրականագէտ, պատմագէտ, Անդրանիկագէտ եւ Չարենցագէտ՝ Դոկտ. Կարօ Վարդանեանի, «Ծաղիկ»-ի խմբագրապետ՝ Պրն.Յակոբ Տիւնեայեանի, վարժարանիս հոգաբարձութեան անդամներ՝ Պրն. Պերճ Արապեանի և Օրդ. Լորիս Թուղլաճեանի, տնօրէնութեան, պաշտօնէութեան եւ ծնողներու:

DSC08550

Միջնակարգ Գ. դասարանէն Սառա Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ մխրճուելով հայ գրականութեան անդաստանին մէջ, ականատեսը կ’ըլլանք Չարենցի ուրոյն եւ իւրայատուկ բանաստեղծական ոճին, որուն մէջ ան սիրոյ անսահման շողեր սնուցելով մեր հոգւոյն մէջ, կը բովանդակեցնէ ու կը հաստատէ սէրը յանուն հայրենիքին, բնութեան եւ գեղեցկագեղ սեռի հոգեզմայլ պաշտամունքին: Ան խօսքը շարունակեց՝ ըսելով, թէ հայերէն լեզուի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները մեր հոգիներուն մէջ ցանեցին ու տակաւին կը ցանեն հայրենասիրութեան, հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ գուրգուրանքի այնպիսի հունտեր, որոնք ամենայն հաւարտարմութեամբ պիտի ոռոգենք տալով հարուստ բերք ու հետեւաբար վերադարձնելով մեր դաստիարակներուն, անոնց հպարտութիւն պիտի պատճառենք: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, թէ հակառակ իր կարճատեւ կեանքին, Չարենց ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն եւ հայ գրականութեան հսկայ ժառանգ մը ձգեց, որմով գալիք սերունդներ տակաւին կ’ապրին անոր շունչով ու կ’արտասանեն անոր հոգու վառ ապրումները: Ապա, Տիկ. Ռ. Թամուկեան ներկայացուց Չարենցի կենսագրութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն «Եղիշէ Չարենցի մասին վկայութիւններ», պատրաստութեամբ՝ Պրն. Աւետիս Տիպանի եւ Օրդ. Քրիսթինա Տեմիրճեանի: Վարժարանիս երաժշտութեան դասատու՝ Պրն. Գէորգ Քէշիշեան (շվիի կատարողութեամբ) եւ Միջն. Գ. դասարանէն Փիթըր Մուրատեան (տհոլով) ներկայացան «Ես իմ անուշ Հայաստանի» հոգեզմայլ նուագով:

DSC08555

Նախ. Դ.-էն Միջն. Գ. դասարանի աշակերտները մասնակցեցան արտասանական մրցոյթի մը: Ալին Գէորգեան, Վալէնթինա Սրապիոնեան, Կալի Շարպրաշեան, Գարլօ Քիւրիւմեան, Տէյվիտ Գէորգ, Ալինա Քաթիպեան, Յակոբ Պէքարեան, Յովիկ Չավուշեան, Վարդի Սալխանեան, Ռուպինա Օհան, Դալար Գէորգեան, Փիթըր Մուրատեան ներկայացան Չարենցի ստեղծագործութիւններով, որոնց մէջ կարեւոր տեղ գրաւած էր հայրենիքը, անոր պատմութիւնը, հարուստ մշակոյթը, ժողովուրդին ցաւերը եւ ուրախութիւնները: Չարենց խորաթափանց կերպով, ցաւով եւ միաժամանակ հպարտութեամբ երգած է հայրենիքը: Իր ստեղծագործութիւնները հայ բազմադարեան բանաստեղծական արուեստի գոհարները կը հանդիսանան:

Արտասանական մրցոյթէն ետք, տեղի ունեցաւ «Հայկ Նահապետից յետոյ- Եղիշէ Չարենց» տեսերիզի ցուցադրութիւնը:

DSC08557

Պարոն Աւետիս Տիպան ներկայացնելով Դոկտ. Կարօ Վարդանեանը զայն հրաւիրեց, որպէսզի փոխանցէ օրուան պատգամը: Բանախօսը յայտնեց, թէ տպաւորուած էր Չարենցի վաստակին վայել բարձր մակարդակի այս  ձեռնարկով: Ան ըսաւ, թէ լեզուն պարզապէս հաղորդակցութեան միջոց մը չէ, այլ՝ ստեղծագործական աշխատանք մը: Թէ ինք երկրորդ անգամ ըլլալով՝ մեծագոյն կարօտով կու գայ Թէքէեան վարժարան, թէ ինչպէս անցեալին Սովետական Հայաստանէն գրողներ, գրականագէտներ այցելած են սՍփիւռքի մէջ գործող կրթական հաստատութիւնները, ուր միշտ կենսունակ եղած է հայ գրականութիւնը: Բանախօսը ներկայացուց  1976 թուականին  Վահան Թէքէեան վարժարանին նուիրուած Մարօ Մարգարեանի բանաստեղծութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ, թէ մեր գրագէտներէն ինչպէս Վահան Թէքէեան եւ ուրիշներ իրենց վաղամեռիկ սերընդակիցներուն կրթական, ստեղծագործական եւ հրատարակչական գործերը շարունակելու  վսեմ առաքելութիւնը ստանցնած են: Ան ներկայացուց Խաչիկ Դաշտենցի «Հայերէն» բանաստեղծութիւնը՝ անդրադառնալով, թէ հեղինակը լեզուի հանդէպ իր պաշտամունքը ժառանգած էր Չարենցէն: Ան իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով, թէ Լիբանանի համայնքը կը վայելէ մեծ համբաւ՝ շնորհիւ հայ լեզուի առկայութեան:

Վերջապէս, վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Նաճարեան, բեմահարթակ բարձրանալով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բանախօսին, ինչպէս նաեւ ոսկեայ կամուրջ հանդիսացող Պրն Յ. Տիւնեայեանին՝ այս եզակի հանդիպումը նախաձեռնելուն համար, ապա շնորհաւորեց յայտագրի պատասխանատու  ուսուցիչները եւ մասնակից աշակերտները, որմէ ետք բեմ հրաւիրեց բանախօսն ու Պրն. Պերճ Արապեանը, որպէսզի յուշանուէրով մը պատուէ մեր հայրենաբոյր հիւրը: Բեմահարթակ բարձրացան  նաեւ դատական կազմի անդամներ՝ Պրն. Յ. Տիւնեայեանը եւ Պրն. Պերճ Արապեանը: Մրցոյթին մասնակցող իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ մասնակցութեան գնահատանքի գիր: Իսկ Կալի Շարպրաշեան (Բ.շրջանէն) եւ Անի Սալխանեան (Գ.շրջանէն)՝ առաջին հանդիսանալով՝ արժանացան մրցանակի:

DSC08613

Հայաստան աշխարհին մեծագոյն տարածքին կորուստը մորմոք կը պատճառէր բանաստեղծի հոգիին, որուն անդորրը վերագտնելու համար՝ Չարենց կը յաճախէր Երեւանէն Գառնի տանող ճամբուն վրայ գտնուող բարձունք մը՝ Արարատին հետ իր յոյզ-ապրումները կիսելու համար: Տաղանդաշատ ճարտարապետ՝ Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի նախագիծով այնտեղ կառուցուած «Չարենցի Կամար» յուշակոթողը եւ Մարտիրոս Սարեանի «Արարատը եւ Չարենցի Կամարը» կտաւը յաւերժացուցած են Չարենցի յիշատակը: Իսկ մենք՝ հայակերտման ամրոց Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանին մէջ իր յիշատակը վառ պահելու համար՝ ներկայացանք Չարենցի ծննդեան 120-ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկով:

Այսօր, իրար հակասող զգացումներով, կը տարուբերին մեր սրտերը: Թէեւ կսկիծով կը յիշենք մեր անզուգական տաղանդով օժտուած քերթողին անժամանակ կորուստը, սակայն մեր սրտերը կը խայտան՝ ականատես ըլլալով այն իրողութեան, թէ յետ մահու՝ մեր հանճարեղ գրագէտը՝ անքակտելի կապերով իրարու կը զօդէ Հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի համայն հայութիւնը:              

Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի
 Լրատուական Գրասենեակ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին