Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

«Խօսնակ»ի Յաջող Վիճաբանական Երեկոն

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2017-ի երեկոյեան կրկին բազմամարդ էր ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ահրամճեան Կեդրոնը: Հակառակ խստաշունչ ձմրան ու առատ անձրեւին, «Խօսնակ»ի հաւատարիմ համակիրներ, որոնց մէջ մտաւորականներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, համալսարանական երիտասարդներ եւ մշակութասէր հայրենակիցներ  փութացած էին ներկայ ըլլալու յայտարարուած Ժողովրդային Բաց Լսարանին, ուր տեղի պիտի ունենար իր տեսակին մէջ նոր՝ Վիճաբանական Երեկոյ մը, ուր պիտի քննարկուէր «ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ, ՍԵՐՆԴԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՑԱՒԵՐ» խորագիրը կրող ձեռնարկը:

Երեկոն սկսաւ ճիշդ յայտարարուած ժամուն, ուր առաջին հերթին հանդէս եկաւ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան նախ ողջունեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց բազմամարդ դահլիճին, մատնանշեց նման հանդիպումներուն կարեւորութիւնն ու այժմէականութիւնը, ազգային կառոյցներուն ու հայկական արժէքներուն կապուած մնալու հրամայականը եւ ապա հրաւիրեց 7 մասնակիցները, որպէսզի տեղ գրաւեն բեմին  վրայ:

Վիճաբանական սոյն երեկոյին հրաւիրուածներն էին՝ Արա Վասիլեան (ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ընդհանուր տնօրէն), Անժէլ Միսիսեան (վաստակաւոր մանկավարժ ու գրող), Շահէ Գալուստեան (մտաւորական – գործարար), Մայտա Քիւրէճեան (հասարակական գործիչ), Շիրազ Ճերեճեան (Խօսնակ՝ Ռատիօ «Սեւան»ի), Նազելի Նալպանտեան (Խօսնակ՝ Ռատիօ «Սեւան»ի), եւ Պետիկ Թորոսեան (երիտասարդ պատմաբան): Պէտք է ըսենք, որ բոլոր մասնակիցներն  ալ լիբանանահայ հանրութեան ծանօթ դէմքեր էին, որոնք կը ներկայացնէին տարիքային եւ մասնագիտական զանազանութիւններ:

DSC_0005

Որպէսզի երեկոն ընթանար աւելի հեզասահ ու հետաքրքիր, խմբագիր  Համբիկ Մարտիրոսեան փափաք յայտնեց, որպէսզի ներկաներ եւս մաս կազմեն տեղի ունենալիք հարցազրոյցին, իրենց կարգին միջամտելով յարուցուած միտքերուն, յայտնելով իրենց սեփական կարծիքներն ու գաղափարները:  Եւ արդարեւ, հերթականութեամբ մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնուեցան ստորեւ նշուած հարցումները:

1.- Հարիւր տարիներէ ի վեր սփիւռքահայը կ’ապրի օտարութեան մէջ, այս պարագային՝  Լի-բանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, գուրգուրալով ու պահպանելով  իր ինքնութիւնը, լեզուն, մշա կոյթը, պահելով հանդերձ ժառանգուած ազգային սովորութիւններ: Կը խորհի՞ք, թէ յետայսու հնարաւոր պիտի ըլլայ շարունակել  նոյն ընթացքը, եւ պահել ազգային նկարագիրը, երբ նկա- տի ունենանք մեր շրջապատը, տիրող պայմանները  եւ սպառնացող մարտահրաւէրները:

2.- Մեծ Եղեռնէն վերապրածներ եւ անոնց յաջորդական սերունդները, անցնող 100 տարինե- րու ընթացքին Սփիւռքի մէջ հիմնեցին գաղութներ եւ դաստիարակեցին ու պատրաստեցին հայրենասէր զանգուածներ: Այսօրուան դրութեամբ,  արդեօք պէ՞տք է շարունակուի ազգային նոյն գաղափարախօսութիւնը, թէ հարկ է մտցնել փոփոխութիւններ մեր ապրելակերպին ու մտածելակերպին մէջ: Իսկ եթէ այո,  ի՞նչ կ’ակնկալուի այսօրուան պատասխանատուներէն, որպէսզի նոր սերունդը մնայ հաւատարիմ իր աւանդութիւններուն:

3.- Համաշխարհայնացման հովանոցին տակ ներկայիս մեր կեանքէն ներս մուտք գործած են արդիական գիտաթեքնիքական բազմաթիւ միջոցներ. օրինակ՝ Համացանց, Դիմատետր, Վաթսափ եւայլն..: Այս բոլորը արդեօ՞ք կը նպաստեն հայապահպանման գործընթացին, դառ- նալով բարիք, թէ կը գործեն հակառակը, դառնալով՝ չարիք…: Աւելին, այս բոլորը հոգեբանա- կան ի՞նչ ազդեցութիւն կ’ունենան Նոր Սերունդի ազգային դաստիարակութեան գործօնին վրայ:

4.- Անկասկած որ հայկական արժէքներ են ընտանիք, դպրոց, մամուլ, միութիւն եւ եկեղեցի: Սոյն կառոյցները այսօր որքանո՞վ նախանձախնդիր են մեր ժողովուրդի կենցաղով, անոնց դիմագրաւած մտահոգութիւններով եւ նամանաւանդ նոր սերունդի առօրեայով ու ապագայով (եւ փոխադարձ անշուշտ), երբ ականատես կ’ըլլանք Նոր Սերունդի մօտ տիրող անորոշութեան, մասամբ ալ՝ անտարբերութեան:

5.-Սերնդափոխութեան հոլովոյթը անհրաժեշտութիւն է բոլոր հասարակութիւններու համար: Մեր ազգային կառոյցներէն ներս արդեօ՞ք այսօր ճշդապահութեամբ կը կատարուի սերնդափոխութիւն: Իսկ աւելին, արդեօ՞ք մեր Նոր Սերունդը, մասնաւորաբար համալսարանական զարգացած սերունդը հետաքրքրուած է ազգային կառոյցներով, նամանաւանդ՝  հայերէն լեզուով, հայ մշակոյթով  հայկականութեամբ եւ հայու հայրենիքով: Ինչպիսի՞ առաջարկութիւն ունիք աշխուժացնելու համար  անոնց հետաքրքրութիւնը:

6.- Այսօրուան դրութեամբ աշխարհ եւ մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի երկիրներ, ներառեալ Լիբանան, կը դիմագրաւեն տեսակաւոր խնդիրներ ու դժուարութիւններ (ահաբեկչական, տնտեսական, ընկերային, կրօնական եւայլն): Այս բոլորին մէջ, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ ու պատնէշներ կան մասնաւորաբար հայութեան, ու նամանաւանդ հայ  նորահաս սերունդին առջեւ: Այս պայմաններու տակ, հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ ո՞ւր պէտք է փնտռեն իրենց ապագան:

Պէտք է արձանագրենք, որ մասնակիցներ կարեւորութեամբ եւ առարկայականօրէն ըմբռնած էին հարցումներուն ամբողջական էութիւնը, անոնց այսօրուան դրութեամբ ներկայացուցած մտահոգութիւնները  եւ բոլորին մօտ կար գրեթէ նոյն նախանձախնդրութիւնը՝  երբ հարցումները կը վերաբերէին ինքնութեան,  ընտանիքի, դպրոցի, միութեան, մամուլի եւ եկեղեցւոյ եւ անոնց ներկայ պայմաններու տակ ունեցած գործօն դերակատարութեան մասին: Անշուշտ, հոս եղան թեր ու դէմ կարծիքներ, երբ մերթ ընդ մերթ ներկայ հասարակութենէն երեկոյեան անցուդարձին ուշի ուշով հետեւող ազգայիններ յայտնեցին իրենց տեսակէտները: Սակայն աւարտին բոլորին ալ փափաքն էր ազգային կառոյցները դիտել աւելի աշխոյժ պարունակի մէջ եւ իրենց դերակատարութեան մէջ յաջող ու ազգանուէր:

Երբ հարցը կը վերաբերէր նամանաւանդ Մայրենիի մասին, մասնակիցներ ցաւով արձանագրեցին լեզուի նահանջը, սակայն առանց յուսահատելու. այս պարագային կարեւորելով նախ ընտանիքէ ներս մօր նուիրական ու կարեւոր դերը, ապա հայկական վարժարաններէ ներս գնահատելով կատարուածը, սակայն միշտ ալ սպասելով աւելիին, նկատի առած տիրող աշխարհագրական, տնտեսական ու ընկերային դժուարին պայմանները,  ակնկալելով պատասխանատուներէն գերճիգ ու ջանք՝ յանուն ազգապահպանման ու  հայակերտումի:

Ուշագրաւ էր Նոր Սերունդին ու Սերնդափոխութեան հետ առնչուած հարցումներու քննարկման պարագան, երբ նամանաւանդ երիտասարդ մասնակիցներ կը փափաքէին, որ իրենք, եւ իրենց նմանները  դրական ներկայութիւն դառնային ազգային կառոյցներէն ներս, եւ ստանձնե՛ն համապատասխան պատասխանատուութիւն. իսկ ամենակարեւորը, անոնք ձեւով մը կը պահանջէին, որ ղեկավարներ վստահի՛ն երիտասարդ սերունդին հոգեմտաւոր պատրաստութեան մասին,  ինչպէս նաեւ հաւատա՛ն անոնց բերելիք նպաստին եւ խաղալիք դերին, ընդգծելով, որ Սերնդափոխութիւնը անհրաժեշտութիւն է, որուն պէտք է սիրով ու յարգանքով մօտենան ղեկավար տարրեր, նախ քաջալերելով սերունդի մէջ գոյութիւն ունեցող կարող տարրերը, ապա առիթ ընծայելով  անոնց, հաւատալով միաժամանակ, թէ երիտասրդութիւնը պիտի բերէ նոր կամք, նոր եռանդ, նոր աւիշ եւ նոր մտածելակերպ:

Նոր Սերունդի հետ կապուած հարցերու ծիրէն ներս, առանձին քննարկման առարկայ եղաւ դարու արդիական գիտաթեքնիքական միջոցներու (համացանց, դիմատետր, ուաթսափ եւայլն)  օգտագործման պարագան, անոնց դրական ու ժխտական կողմերը, միաժամանակ մինչեւ օրս շնորհիւ այդ միջոցներու ձեռք ձգուած օգտաշատ հնարաւորութիւններն ու առաւելութիւնները, մատնանշելով, թէ այս պարագան համաշխարհային երեւոյթ է եւ մարդկային կեանքէ ներս համացանցը դարձած է դարու անհրաժեշտ պահանջք, առանց որուն անկարելի է պատկերացնել յառաջդիմութիւն: Ասոր կողքին,  մանրամասնութեամբ խօսուեցաւ Նոր Սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտէն առնչութիւնը արհեստագիտութեան զարգացումներուն հետ եւ բնականաբար անոնց , տեղ-տեղ յոռի ազդեցութեան մասին՝ մատղաշ սերունդներու դաստիարակութեան ու կենցաղին վրայ: Իսկ վերջնագոյնը, արդիական այդ արհեստագիտութեան նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն մօտ ստեղծած լեզուամտածողութեան ու զուտ  անգլերէն լեզուով հաղորդակցելու երեւոյթին ու հայերէնագիտութեան  վանգաւոր նահանջին վրայ կեդրոնացաւ:

Մասնակիցներ, ինչպէս նաեւ հետաքրքիր ներկաներ մօտէն հետեւելէ ետք տեղի ունեցած կարծիքներու փոխանակման  ամբողջ ընթացքին,  նպատակայարմար ու անհրաժեշտ գտան որ նկատի առած Միջին Արեւելեան անցուդարձերը, ընտանիքներ,  միութենական ղեկավարներ ու կրօնական հոգեւոր առաջնորդներ հեռու չմնան հասակ առնող սերունդներէն, գուրգուրան զանոնք, աւելի մօտ ըլլան անոնց եւ զանոնք առաջնորդեն դէպի ազգային պատկանելիութիւն,  դէպի մաքուր միջավայր, ու նամանաւանդ զանոնք առնչակից դարձնեն հայրենիքի իրականութեան հետ, շփում հաստատելով հայրենիքէ ներս հասակ առած երիտասարդներու հետ, առաջքը առնելու համար անորոշութեան, անտարբերութեան ու այլասերման:

Հայաբոյր երեկոյի պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ ուրախ տրամադրութեան մէջ: Սակայն նախքան աւարտ,  Համբիկ Մարտիրոսեան իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց մասնակիցներուն եւ ներկայ հասարակութեան, խոստանալով մօտիկ ապագային  դարձեալ ունենալ նման հետաքրքիր երեկոներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին