Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Խարազանել Եւ Խարանել…

*ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ*

Անցեալ օր, իմ լրագրական նշմարներէն մէկուն մէջ գործածեր էի «խարազանել» բայը։ Խարազանը մեզի ծանօթ մտրակն է, կաշիի բարակ ու կարծր շերտ մը կամ չուան մը՝ յատուկ կոթով, զոր առաւելաբար կը գործածեն կառապանները՝ ձիերն ու էշերը դէպի առաջ մղելու համար…։

Բայց ես այդ բառը օգտագործեր էի իր փոխաբերական իմաստով։ Խարազանել՝ ծանրօրէն քննադատել, բարոյապէս ծեծել, ձաղկել…։

Երբ այդ բառը կը գործածէի, միտքս կառչեցաւ ուրիշ նմանահնչիւն բառի մըն ալ,- ԽԱՐԱՆԵԼ։ Այս մէկը՝ նուազ գործածուող բառ մը։

Ի՞նչ է «խարան»ը եւ ի՞նչ կը նշանակէ «խարանել»։

Խարանը այն վէրքը կամ սպին է, որ կը գոյանայ մեր մորթին վրայ՝ եթէ շիկացած երկաթով տաղեն զայն…։ Այո՛, կրնաք սարսափիլ այսպիսի պատկերի մը  մտածումէն իսկ, բայց «խարան»ը գոյութիւն ունի թէ՛ բառարաններուն եւ թէ՛ ալ իրական կեանքի մէջ…։ Ուրեմն, «խարանել»՝ տաղել, այրել, կիզել կը նշանակէ։

Հոս, կþուզեմ բանալ դէպի պատմութիւն նայող փակագիծ մը։

Հին դարերուն, քրիստոնեայ կարգ մը եկեղեցիներ աղուէսադրոշմով կը խարանէին աղանդաւորներու ճակատը՝ զանոնք յաւիտեանս պատժելու եւ յաչս ընկերութեան պախարակելու համար։ Զորօրինակ, Ժ. դարու մեր կաթողիկոսներէն Սարգիս Սեւանցին, որ Բագրատունեաց Անի մայրաքաղաքը նստող առաջին հայրապետն եղաւ, այդպէ՛ս վարուեցաւ Թոնդրակեան աղանդաւորական շարժումին յարած անհնազանդ հայ եպիսկոպոսի մը հետ։ Ձերբակալել տուաւ զայն ու անոր ճակատը խարանեց աղուէսադրոշմով…։

Բարեբախտաբար, մեր օրերուն, նման պատիժ գոյութիւն չունի, շնորհիւ «Մարդու իրաւունքներ»ու տիեզերական օրէնքներուն…։

«Խարան» բառը ինծի յիշեցուց գիրք մըն ալ, զոր գրի առած էր հայաստանցի նախկին կալանաւոր մը՝ Հենրիկ Շաթիրեան (վասպուրականցի ծնողներու զաւակ), հոն նկարագրելով սովետական բանտերու մէջ անցուցած իր 23 տարիները…։

«Խարան»ը ուրեմն նա՛եւ խորագիրն է տխուր յուշեր պարփակող գիրքի մը, Երեւանի մէջ տպուած 1995-ին։

Երբ կը մտմտայի «խարան» բառին շուրջ, այս անգամ ալ յիշեցի «խարոյկ» բառը։

Ինծի կը թուի թէ այս սիրուն բառը, որ «կրակ» կը նշանակէ, «խարան»ին հետ ազգականական ու հնչիւնային կապ մը ունի, իմաստի բացայայտ մօտիկութիւն մը, թերեւս միեւնոյն արմատը։

Խարո՜յկ եւ խարուկահանդէ՜ս։

Մեր սկաուտներուն ամէնէն շատ սիրած ընկերային հաւաքն է խարուկահանդէսը։

Բայց կեցէ՛ք։ Սա «խարոյկ» բառը ձեզի չի՞ յիշեցներ արաբերէն حريق (հարիկ) բառը…։ Երկուքն ալ «կրակ» կը նշանակեն։ Կþերեւի թէ այս հո՛ւրն ալ փոխ առեր ենք մեր արաբ դրացիներէն…։

Դեռ կայ «խարկել» բառը, որ կը նշանակէ կրակի վրայ խանձել (օրինակ՝ կուտն ու պիստակը կը խարկեն)։

Այս բոլորէն ետք, պարզապէս հետաքրքրութեան համար, բառարան բացի եւ ուզեցի գիտնալ թէ «ռ»ով գրուած «խարան» ալ կա՞յ։ Կա՛ր։ ԽԱՌԱՆ։

Ա՞յդ ինչ կը նշանակէր։ Բնաւ չէի լսած։

Չուան կամ պարան կը նշանակէ եղեր…։ Ու հետեւաբար՝ կար նաեւ «խառանել» բայը, որ կը նշանակէ եղեր «չուանով կապել»…։

Մեռեալ բառեր, ապրող բառեր…։

Հոգի՜ն սիրեմ մեր ոսկեղնիկ լեզուին։

  Հալէպ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին