Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

Պաքուի Ձախողած Ճակատամարտը

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Իսրայէլցի պլոկըր (լրագրող) Ալեքսանդր Լափշինը Պելառուսիոյ մէջ ձերբակալել տալով եւ արտայանձնումը կազմակերպելով՝ Ազրպէյճան կը շարունակէ «Լափշին» գործողութիւնը նախադէպ դարձնելու փորձերը: Թիրախը այս անգամ ոչ թէ քաղաքական գործիչներն են, այլ՝ գիտնականները: Պաքուն փորձեց վախցնել 2002 թուականէն ի վեր Ազոխի քարանձաւին մէջ  պեղումներ կատարող հայ եւ օտար խումբ մը գիտնականներ՝ Ինթըրփոլով հետախուզում յայտարարելու միջոցով: Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոյի արագ արձագանգին հետեւեցաւ քարտուղարութեան որոշումը՝ Ազրպէյճանի պահանջը կը հակասէ կազմակերպութեան կանոնադրութեան, եւ այդ անձերուն նկատմամբ Ինթըրփոլը հետախուզում չ՝իրականացներ:

2

3

4

Եոլանտ Ֆերնանտա-Ճալւօ, Թանիա Քինգ, Լեւոն Եպիսկոպոսեան, Փիթըր Էնտրիւս. ասոնց նկատմամբ Պաքուն փորձած է Ինթըրփոլով հետախուզում յայտարարել: Արցախի տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահուէրտեան անունները կը թուարկէ ու կ՝անկեղծանայ՝ մեր վայ-հարեւանները չեն դադրիր զարմացնելէ մեզ ու աշխարհը: Պաքուի կարծիքով՝ Արցախի տարածքին գիտական աշխատանքով զբաղիլը յանցագործութիւն է: Այս անունները Ազրպէյճանի սեւ ցուցակին մէջ շատոնց կային: Լափշինի գործէն ետք կը փորձէին միայն սեւ ցուցակով չսահմանափակուիլ: «Լափշինի գործէն ետք անոնց հեռաձայնած են անյայտ Ազրպէյճանցիներ, տեղեկացուցած Լափշինի ճակատագիրին մասին, սպառնացած»,- կը պատմէ Սերգէյ Շահուէրտեան:

 

Սերգէյ Շահուէրտեան
Սերգէյ Շահուէրտեան

Գիտնականներու նկատմամբ այդ վերաբերմունքը հին պատմութիւն ունի՝ սկսած է անոնց կողմէն Ազոխի մէջ պեղումներու մեկնարկին հետ: Առաջին սպառնալիքները հնչած են 14 տարի առաջ, կը յիշէ ԱրՊՀ պատմութեան ամպիոնի վարիչ Վարդգէս Սաֆարեան, որ 2002 թուականէն սկսեալ՝ տարիներ շարունակ աշխատած է Ազոխի մէջ պեղումներ իրականացնող միջազգային արշաւախումբի կազմին մէջ. «2003-ին Ազրպէյճանը արդէն կը բողոքէր: Մեր կողմէն ալ հնչած է պատասխան, որ ասիկա մեր երկիրն է, եւ համապատասխան մարմիններու արտօնութիւնը ունենալով՝ արտասահմանցի գիտնականները կրնան այստեղ պեղումեր իրականացնել»:

Օրեր առաջ՝ թեման թարմացաւ: Ազրպէյճանի մէջ Ինթըրփոլի ազգային կեդրոնական բիւրոն՝ գիտնականներու նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարելուն վերաբերեալ շրջաբերական տարածած էր: Ազրպէյճանի պետական սահմանը հատելէ բացի, գիտնականները կը մեղադրուին նաեւ յատուկ արժէք ունեցող առարկաներու թալանին մէջ: Արցախէն կը հակադարձեն՝ Ազոխի իրական թալանը քարանձաւին մէջ, Ազրպէյճանական գիտնականներու աշխատանքն էր 1960-80-ական թուականներուն: «Այն, ինչ որ կատարուած է, դժուար է պեղումներ անուանել: Ազրպէյճանցիները յաճախ պարզապէս պայթեցուցած են մշակութային շերտը», Սերգէյ Շահուէրտեանի պատմածը որքան անհաւաական հնչէ, այնուամենայնիւ ունի իրական հիմքեր: «Եւ ինչն է հետաքրքրականը. այդ 24-25 տարուան պեղումներուն ամբողջ նիւթը դուրս հանուած է Արցախէն: Ոչ մէկ գտածոյ մնացած է այստեղ»,- շարուակութիւնը կը լրացնէ Վարդգէս Սաֆարեան:

Վարդգէս Սաֆարեան
Վարդգէս Սաֆարեան

2002-էն ի վեր բոլոր գտածոները ուսումնասիրուած են արտասահմանի մէջ եւ վերադարձուած են Արցախ: Ուսումնասիրութեան մեթոտներն ալ Ազրպէյճանականին հետ համեմատութեան եզրեր չունին: «Պեղումները կատարուած են համապատասխան կառոյցներու արտօնութենէն ետք՝ պահպանելով օրէնքի բոլոր պահանջները: Արշաւախումբը զինուած է ժամանակակից միջոցներով, աշխատանքները կ’իրականացուին մանրակրկիտ, բոլոր նրբութիւնները հաշուի առելով»,- Վարդգէս Սաֆարեան նաեւ իբրեւ ականատես ու մասնակից կը նկարագրէ: Ազոխի միջազգային արշաւախումբը կը կատարէր աւելի մեծ ծրագիրի մը մէկ մասը՝ փորձելով ամբողջացնել Ափրիկէէն մարդկութեան գաղթականութեան քարտէզը: «Արշաւախումբեր կ’աշխատին Ափրիկէի, Իրաքի, Վրաստանի մէջ՝ այդ ողջ ճանապարհին վրայ»,- կ’ամբողջացնէ ԱրՊՀ պատմութեան ամպիոնի վարիչը:

1

Ազոխի մէջ իրականացուած պեղումներուն արդիւնքները ամբողջացուած են Շփրինկըրի կողմէն հրատարակուած «Ազոխի քարանձաւը եւ կովկասեան միջանցքը» ժողովածուին մէջ: Աշխատութիւնը գիտական առումով որքան ծանրակշիռ, քաղաքական առումով նոյնքան անվտանգ է: Ի վերջոյ, խօսքը 200-300 հազար տարուան պատմութեան մասին է: Քաղաքական մասը թերեւս այն էր, որ գիրքին շնորհահանդէսը Ստեփանակերտի մէջ կատարուեցաւ՝ ամիսներ առաջ: Ասիկա գիտնականներուն շնորհակալութիւնն էր Արցախի իշխանութիւններուն՝ անցած տարիներու համագործակցութեան համար, որ չի կրնար ներել Պաքուն: Ատիկա, սակայն, յետագայ համագործակցութեան չի խանգարեր, կը վստահեցնէ տնտեսութեան փոխնախարար Սերգէյ Շահուէրտեան. «Նման երեւոյթներու անծանօթ չենք, ոչ մենք, ոչ գիտնականները: Եւ պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները այնպէս, ինչպէս ծրագրած էինք»:

Ինթըրփոլը ալ չի խանգարեր: Ի պատասխան Հայաստանի մէջ Ինթըրփոլի ազգային բիւրոյի ներկայացուցած ապացոյցներուն, Ինթըրփոլի քարտուղարութիւնը արդէն յայտարարած է, որ գիտնականներուն նկատմամբ միջազգային հետախուզում չի յայտարարուիր, քանի որ ատիկա կը հակասէ կազմակերպութեան կանոնադրութեան:

Ստեփանակերտ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին