Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Մեծ Նահատակ Հրանդ Տինքի Մեծ Երազի Իրականացման Ճամբուն Վրայ՝ Փոքր Ասիոյ Ժողովուրդներու Համագումար Պերլինի Մէջ (28-29 Յունուար 2017-ին)

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Մինչ ձերբակալութիւնները, սպաննութիւնները, պետական «պատուէր»ով թէ գործակալ ահաբեկիչներու արիւնոտ ձեռքերով ոճիրներու շարանը կը շարունակուի Թուրքիոյ փոքր Ասիոյ տարածքին, 21-րդ դարու 2017-ին, բազմաչարչար, ցեղասպանութեան ենթարկուած, տարագրուած ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն հաւաքուած էին անցեալ Յունուար 28-29-ի ձմեռնաշունչ օրերուն, Պերինի «Սոֆիթէլ» պանդոկի համագումարներու դահլիճը: «Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու խորհրդաժողով», «Իրաւունքներու մէջ միաբանուած» լոզունգով, աւելի քան 87 մտաւորականներու, պետական երեսփոխաններու, հայոց եւ այլ ժողովուրդներու ցեղասպանութեանց մասին գիրքերու հեղինակներու, թուրք, ֆաշիստ ու կրօնամոլ պետութեան դէմ քաղաքական ու զինեալ պայքարի դրօշակակիր կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ ու միութիւններ:

20170127_193841

Համագումարի գլխաւոր կազմակերպողները՝ Արեւմտեան Հայաստանի հայ իրաւունքներու պաշտպան՝ Արեւմտահայերու Ազգային համագումարը (որն անխոնջ նախագահ Սուրէն Սերայտարեան, քարտուղար Սեւակ Արծրունի, փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կարգաւորող տողերուս հեղինակը, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորի Արագած Ախոյեան, ՀՀ Ակադեմիայի գիտաշխատող Յարութիւն Մարութեան) եւ Թուրքիոյ Ազատ խօսքի ինստուտի հիմնադիր Սաէտ Չեթինօղլու եւ իր գործընկերները, որոնք կարողացան միայն 28 օրուան մէջ կազմակերպել իր տեսակին մէջ եզակի այսպիսի համագումար:

Մասնակիցներուն մէջ էին Թուրքիոյ խորհրդարանի երիտասարդ անդամուհի (Վանի շրջանէն) Հեզեր Թուկպա ( H.D.P. ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, որ իր բացարձակ զօրակցութիւնը յայտնեց Հրանդ Տինքի ոգիով առաջնորդուող համագումարի մասնակիցներուն եւ հայ ժողովուրդի պայքարին:

20170128_091128(0)

Հեռաւոր իրաքեան քիւրտիստանէն իրենց ողջոյնի խօսքը յղեցին խորհրդարանի անդամներ Երուանդ Ամենեեան եւ նախագահ Մեսուտ Պարզանիի մերձաւոր, նոյնպէս խորհրդարանի անդամ Ալի Հալօն, որոնք մուտքի վիզայի ուշացման պատճառով չկարողացան ֆիզիքապէս ներկայ ըլլալ:

Մինչ իրաքեան քիւրտիստանի բազմիցս խորհրդարանական, ծագումով Ասորի  քաղաքացի Սալիմ Թօմա Գագօ, որ դատապարտեց «Տաէշ»ի եւ այլ ոճրագործներու կայացած անպատմելի խժդժութիւնները, կոտորածները, տարագրութիւնը Իրաքի թէ բազմահազարմեայ Նինուէի-Մուսուլի դաշտավայրին մէջ ասորիներու, քաղդէացիներու, հայերու, քիւրտերու, եզիտիներու, շապաքներու դէմ, կոչ ընելով միաւորել ջանքերը՝ առաջքն առնելու արհաւիրքին:

20170128_091821

Քիւրտիստանի համայնավար կուսակցութիւնը նոյնպէս իր մասնակցութիւնը բերաւ խիզախ ազատամարտիկներ Ազիզ Սաիտի եւ Էնվէր Շէնի գլխաւորութեամբ: Մինչ Ֆրանսայի եզիտներու համադաշնակցութիւնը ղրկած էր հայախօս Եզիտի եղբայր ժողովուրդին մասնակիցները, որուն ղեկավար Ալեքսան Տիարեան (FEF Federazia Ezidie France) ողջունեց համագումարի մասնակիցները, հայ ժողովուրդն ու հայոց ազգային բանակը, որուն 1918-ի Սարդարապատի ճակատամարտին յաղթանակը կերտուեցաւ նաեւ Մեծն Ճահանկիր Աղայի եւ իր 400 հեծեալ եզիտի քաջորդիներու սխրանքներով: Նաեւ յիշեց արցախեան քառօրեայ պատերազմի Առաջին նահատակ Քեարամ Սալօյեանին, որ դաժանաբար գլխատուեցաւ եւ դահիճը պարգեւատրուեցաւ Ազրպէյճանի արիւնախում նախագահ Ալիեւի կողմէ: Տիարեան միջազգային ընտանիքին յիշեցուց եզիտի մանուկներու, կանանց ու տղամարդոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը իրաքի մէջ՝ 2015 թուականին, հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակի օրերուն, Թուրքիոյ վարձկաններու ձեռամբ:
Լիբանանի պետական երեսփոխան Շանթ Չինչինեան աշխուժօրէն մասնակցեցաւ խորհրդաժողովին, ողջունելով ներկաները, իր եւ լիբանանահայութեան կողմէ, խոստանալով շարունակել պայքարը յանուն արդարութեան: Լիբանանի երիտասարդ ուժերէն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գառնիկ Իսֆահանի Գասպարեան, մինչ Թուրքիոյ հայութեան նոր պարծանք՝ «նոր Զարթօնք»ը որոնք կը շարունակեն Հրանդ Տինքի սուրբ գործը, ղրկած էր երիտասարդ պատուիրակ Յովհաննէս Քէօսէեանը՝ Պոլսէն: Իսկ Գերմանիոյ հայոց համայնքի երկարամեայ ղեկավար Սամուէլ Յովասափեան ոչ միայն ներկայ եղաւ, այլ համագումարին նախօրեակին ընդունելութիւն կազմակերպեց Պերլին հայոց տան մէջ:

Հայաստան համագումարին ներկայացաւ «ծանր հրետանիով» հանրային (Հ1) հեռատեսիլի կայանը, իր հանրաճանաչ խօսնակ Աբրահամ Գասպարեանով, ամբողջապէս նկարահեց երկօրեայ նիստերը այլեւ Մայր հայրենիքէն հեռարձակմամբ աշխարհասփիւռ հայերը ուշի ուշով հետեւեցան համագումարին:

ՀՀ Ազգային ժողովի մշտարթուն պատգամաւորներ Արագած Ախոյեան եւ Շիրակ Թորոսեան (ծագումով Ջաւախքէն) իրենց ելոյթներով նոր շունչ փոխանցեցին համագումարին:

Պրն. Սերայտարեան բացման խօսքի պահուն

Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներէն Պոնտոսի յոյները (նաեւ ուղղափառ յոյն ժողովուրդը) լայնօրէն ներկայացուեցաւ համագումարին: Քաղաքական գործիչ ու մտաւորական, բազմիցս հալածանքներու ենթարկուած ղեկավար Թամէր Չիլինկիր, ներկայացուց իսլամացուած-թրքացուած 1.5 միլիոն Պոնտոսի յոյներուն ոդիսականը, որոնք ահաւոր կոտորածներու եւ ցեղասպանութեան ենթարկուեցան 1918-1922 թոականներուն անձամբ Աթաթուրքի եւ Թօփալ Օսման ոճրապետին հրամանով: Թամէր Չիլինկիր ամօթանք տուաւ Հրանդ Տինքը սպանած, ծագումով Տրապիզոնցի իսլամացած Պոնտոսի յոյն Սամատի հասցէին, ափսոսանք եւ ներողութիւն հայցելով հայերէն:

Թուրքիոյ նշանաւոր մտաւորականներէն Ռագըպ Զարաքօլու իր տիկնոջ հետ ոչ միայն ներկայ եղաւ,այլեւ ելոյթ ունեցաւ նշանակալից ճառով, որպէս Հրանդ Տինքի վաղեմի գործակիցը: Պասքըն Օրան ցաւով յիշեց, որ ինքը խրախուսած է Մեծ Նահատակը Թուրքիա, չվախնալով սպառնալիքներէ, մնալ ու պայքարիլ երկրին մէջ ժողովրդավարական կարգեր հաստատելու համար: Ուշագրաւ էր նաեւ Պոլսէն նախկին Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Ռաֆուք Օտասի ելոյթը, միասնական ջանքերով վերջ տալու հարիւրամեակներ շարունակուող անարդարութեանց ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան, այնպէս ալ հանրապետութեան տժգոյն տարիներուն:

Հայ եւ յոյներու ցեղասպանութեանց նուիրուած բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, գերմանուհի խիզախ պատմաբան, «ֆրայ» հեղինակաւոր համալսարանի դասախօս դոկտ. Թեսա Հոֆմանի ելոյթները համագումարին խիստ կարեւոր էին իր երկարամեայ գործակից դասախօս, գիրքերու հեղինակ Ժիրայր Քոչարեանին հետ: Գլխաւոր անակնկալներէն էր, Պոյնէս Այրէսի իրաւաբանական համալսարանի ղեկավարուհի՝ Լուսինա Մինասեանի մասնակցութիւնը համագումարին, Պերլին ժամանելով իր երեք սիրասուն դուստրերուն հետ: Տիկ. Մինասեան մի քանի օր առաջ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի դահլիճին մէջ մասնակցած էր Հրանդ Տինքի նահատակութեան 10 ամեակի ոգեկոչման համագումարին՝ հանդիպեով գլխաւոր հրաւիրեալներէն՝ Կարօ Փայլանի հետ…: Անմոռանալի էր նաեւ Ռեճեփ Մարաշլին, հայոց աննկուն պաշտպանը:

Հայրենի պատգամաւորներ Արագած Ախոյեան եւ Շիրակ Թորոսեան

Երկու օրուան իրարայաջորդ նիստերու, ելոյթներու, լրացումներու քննարկումներէ ետք, համագումարը որոշեց փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու ներկայացուցիչներէն կազմել յանձնաժողով, համագործակցութիւնը շարունակելու յանուն արդարութեան, ժողովրդավարութեան, իրաւունքներու տիրացման համար:

Պերլին, Գերմանիա

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին