Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանը երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Մոսկուա: Վարչապետ Մոսկուա կ’այցելէ ռուս իր պաշտօնակից` Տիմիթրի Մեդվեդեւի հրաւէրով: Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ են առեւտրա-տնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, մարդասիրական ոլորտներու, ինչպէս նաեւ՝ համատեղ ներդրումային ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն կը յատկացուի նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծէն ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան: Բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք` կը նախատեսուի շարք մը միջպետական եւ միջկառավարական փաստաթուղթերու ստորագրում: