ՌԱԿ-ի «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման 2017-ի անդրանիկ հաւաքը, որ կայացաւ 21 Յունուար, 2017-ին, Թէքէեան Կեդրոնէն ներս, նուիրուեցաւ պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» հայկական թերթի հիմնադիր եւ խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան 10-րդ տարելիցին: Օրուան հիւր դասախօսն էր «Ակօս» թերթի նախկին աշխատակից, թրքագէտ Տիրան Լոքմակէօզեան, որ ինչպէս պատմեց ներկաներուն, Տինքի սպաննութեան օրը կը գտնուէր «Ակօս»-ի խմբագրատան մօտ եւ խմբագրատան դիմաց գետին ինկած Տինքի սրտառուչ պատկերի առաջին ականատեսներէն էր:
Հանդիպման ներկայ էին նաեւ «Հայք» տեղեկատուական վերլուծական կեդրոնի հիմնադիրներէն լրագրող Արմինէ Սիմոնեանը, սուրիահայ պարուսոյց, երգիչ, արծաթագործ Կարօ Տատաղլեանը եւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ ընկհ. Ժենի Բարսեղեանն ու Ընկ. Բարթուղ Գալստեանը:
Նախքան օրուան բանախօսի խօսք առնելը, «Միրաք»-ի պատասխանատու, ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան անդրադարձաւ 21 Յունուարին զուգադիպող բանաստեղծ Վ. Թէքէեանի ծննդեան 139 ամեակին: «Միրաք»-ի անդամներէն Սիրան Թորոսեան ընթերցեց Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը այնտեղ» ոտանաւորը, որմէ ընկ. Ալեքսան իր խօսքի մէջ մէջբերեց «.. իր Ժանիքը մըխեց Ճիշդ ուղեղին մէջ անոր» արտայայտութիւնը, զայն առնչելով օրուան թեմային եւ թուրքի կողմէ հայ ուղեղներ ոչնչացնելու շարունակուող քաղաքականութեան, որու վերջին զոհերէն էր Հրանդ Տինք: Այնուհետեւ ընկ. Անի Չալեան ներկայացուց Տինքի կենսագրական տուեալները, ընդգծելով անոր ունեցած կարեւոր դերը՝ Թուրքիոյ հասարակական միտքի ժողովրդավարացման փորձին մէջ, որմէ ետք «Միրաք»-ականներուն ցուցադրուեցաւ Տինքի հանրային ելոյթներէն հատուած մը:
Այս նախաբանէն ետք, օրուան հիւր բանախօս՝ Պրն. Տիրան Լոքմակէօզեան խօսք առնելով, նախ անդրադարձաւ «Ակօս» թերթի հիմնադրութեան պատմութեան եւ Թուրքիոյ մէջ նման թերթ մը հրատարակելու հրամայականին, որ պիտի ծառայէր թրքական հասարակութեան մէջ թուրքի հասկցած լեզուով՝ հայ ինքնութեան պաշտպանութեան: Այնուհետեւ Լոքմակէօզեան խօսեցաւ Տինքի ուսանողական տարիներու գործունէութեան, խիզախ եւ յանդուգն բնաւորութեան, թրքահայութեան իրաւունքներու պաշտպան դառնալու եւ հայ-թուրք երկխօսութեան մէջ փոխըմբռնման նոր հարթակ ստեղծելու մասին։ Ան ներկայացուց Տինքի բազմիցս հալածուած ըլլալու փաստը, ընդգծելով, որ այդ մէկը ոչ թէ ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելու եւ այդ թեման շօշափելու պատճառով էր, այլ թուրք ժողովուրդի մօտ իր գաղափարներու եւ գործունէութեան առաջացուցած՝ մտային եւ հոգեւոր եղափոխութեան:
«Միրաք»-ի պատանի-ուսանողներուն ամենակարեւոր շեշտադրումը, որ կատարեց բանախօսը, այն էր, որ պէտք է զգօն ըլլալ եւ չտարուիլ այն միտքով, որ Թուրքիոյ մէջ հայերու հանդէպ վերաբերմունքը փոխուած է, որ թուրք հասարակութեան մէջ հայութեան թէզը պաշտպանող մտաւորականութեան շարքերը նոր դէմքերով կը համալրուին, նկատի ունենալով, որ 80 միլիոն կազմող թուրք ժողովուրդի մէջ հայասէրներու տոկոսը կը մնայ աննշմար եւ իրադրութիւն փոխելու անզօր:
«Միրաք»-ի անդամները համակ ուշադրութեամբ լսեցին Պրն. Լոքմակէօզեանին: Հանդիպումը աւարտեցաւ թեմային վերաբերող հարցերու քննարկումով: