Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Քրիս Պոհճալեանի «Հպարտ Ուխտագնացութիւնը»

*ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*

«Նիւ Եորք Թայմզ» միջազգային տարբերակը, ծանօթ է, որ լրատուական աշխարհի մէջ ունի իր վարկը: Եւ անոր մէջ երեւցող հաղորդում, հրապարակագրութիւն եւ յօդուած` նաեւ իր կշիռը: Եւ այս իմաստով 7 Դեկտեմբեր  2016-ի թիւին մէջ երեւցած ամերիկահայ եւ միջազգային համբաւ վայելող գրող Քրիս Պոհճալեանի մէկ յօդուածը թէեւ իմ ուշադրութիւնս գրաւեց (երեւի հպարտութեամբ), բայց եւ այնպէս կ՛ենթադրեմ, որ հայուն «դիմագիծը» դրաւ միջազգային քարտէսի վրայ` եթէ մէկ կողմէ պատմական իրողական իմաստով, բայց նաեւ ներկայի քաղաքական-ռազմավարական, իրաւական ու ճշմարիտ պահանջատիրութեան համար:

ChrisBohjalianArtsakhSpeech_123116-2

Իսկ յօդուա՞ծը: «Հպարտ ուխտագնացութիւն դէպի իմ հայրենական հողը»:

Քրիս Պոհճալեան կը նկարագրէ իր այցելութիւնը-ուխտագնացութիւնը դէպի Արցախ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Եւ ինչպէս ինք կը նկարագրէ «փոքր, չճանչցուած հանրապետութիւն»: Բայց այցելութիւնը եւ անոր նկարագրութիւնը կը սկսի ապրիլեան պատերազմին պատճառով ներկային դատարկ Թալիշէն` սահմանամերձ տարածաշրջանէն, պատերազմական գօտիի պաշտպանողական խրամատին ետեւէն, ուր ան կը զրուցէ գնդապետ Գեղամ Գրիգորեանի հետ.

«Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պէտք է պատրաստ ըլլաս պատերազմի»:

Քրիս Պոհճալեան եթէ մէկ կողմէ կը նկարագրէ իր զրոյցը գնդապետ Գեղամին հետ, յատկապէս անոր ներաշխարհը, բայց մէջընդմէջ յետադարձ ակնարկ կը կատարէ պատմութեան եւ անոր հոլովոյթներուն` թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը անցաւ տարբեր ժամանակահատուածէ` հասնելով անցեալ Ապրիլի չորսօրեայ պատերազմին: Ան շեշտը կը դնէ ազերիական բարբարոսութեան վրայ, որ խթան եղած էր միջազգային հետազօտութիւններու եւ անոր քննարկման: Եւ յօդուածը, որուն մէջ չեն պակսիր գիտական-առարկայական տուեալները, կայ Պոհճալեանի յստակ դիրքորոշումը: «Ես չեմ ուզեր դիրքորոշուիլ Լեռնային Ղարաբաղի կողմ, քանի կայ արեան իմ պատկանելիութիւնս: Ես կը հաւատամ, որ պատմութիւնը հայերուն կողմն է»:

Իսկ Պոհճալեանի «արեան պատկանելիութի՞ւնը»…:

«Ղարաբաղ այցելեցի այս ամառ նոյն պատճառով եւ նպատակով, որ ամէն տարի կ՛այցելեմ Հայաստան եւ պատմական Կիլիկիան ու հայկական մշակութային կոթողներու մնացորդացը, որոնք տարածուած են ամբողջ թրքական արեւելեան կողմը»:

Եւ Պոհճալեանի «ուխտագնացութիւնը» ունի իր խթանը:

«Այս ամբողջ տարածաշրջանը իմ արեանս մէջն է: Իմ այցելութիւնս ուխտագնացութիւն է: Ես ամերիկահայ եմ եւ միայն միջին տարիքիս է, որ կապուեցայ եւ յարեցայ այս հնագոյն երկրին»:

Եւ ուշագրաւ երեւոյթը: Պոհճալեանի արեան մէջ ծնած եւ մեծցած ազգային-մշակութային իր ինքնութիւնը: Հայկական գիտակցութիւնը:

Եւ հոս կ’արժէ բանալ փակագիծ մը:

Կարելի չէ մշակոյթին եւ անոր հետ առընչուող ինքնութեան հասկացողութիւններուն տալ գիտական եւ առարկայական վերլուծում (Մաքս Ուէպըր, 2011): Նոյնպէս` մշակոյթի եւ մշակութային սերտողութիւններ չեն կրնար պարփակել մէկ եւ միատեսակ մօտեցում այն բոլոր նիւթերուն, զորս ան` մշակոյթը կ՛ընդգրկէ եւ որոնց կ՛առընչուի: Եւ ասոր պատճառը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ մշակոյթը ընկերային գիտութիւն է եւ գլխաւորաբար կ՛առընչուի եղելութիւններու եւ իրականութիւններու իւրաքանչիւր հաւաքականութեան համար, որ կազմուած է մարդոց կեանքերէ` տուեալ ժամանակահատուածի եւ միջավայրի մէջ, եւ որ իրենց (իմա մարդոց) համար այս առընչուածութիւնը եւ կապուածութիւնը նոյնինքն այս մշակոյթի հետ կը դառնայ իւրայատուկ միջոցառում եւ որդեգրում (Ճոն Սթորէյ, 1994):

Bohjalian_123116

Քրիս Պոհճալեան իր «միջին» տարիքին կրցաւ «յարիլ» իր ազգային-մշակութային ժառանգութեան, այդ ալ` իր ծնած ու ապրած միջավայրին ու ժամանակահատուածին մէջ` իրեն յատուկ դիրքորոշումով: Որովհետեւ մշակոյթը` ազգային ինքնութիւնը, տեղ մը կրցաւ կամրջել իր անձին եւ իր կեանքի մէկ իրավիճակին հետ: Արդարեւ, մշակոյթը` որպէս ընկերային գիտութիւն, չի կրնար ունենալ մէկ տեսակի տարազ, որ պիտի յարմարի իւրաքանչիւր հայու, սփիւռքահայու, առանց նկատի ունենալու անոր ապրած վայրն ու միջավայրը ու անոր տուեալները: Նոյնիսկ երբ ան ազգային-մշակութային ինքնութիւն է:

Պատմութեան սլաքը կարելի չէ ետեւ տանիլ…: Այս է մեր` հայերուս պատմութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Ցեղասպանութիւնը արմատախիլ ըրաւ հայը եւ որ տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը: Եւ աւելի քան քսանվեց տարիներու ճամբորդական ասպարէզիս մէջ, որուն ընթացքին այցելեցի շատ մը գաղութներ եւ հանդիպեցայ նոյն հայուն, որ սակայն կը տարբերէր միւս հայէն` համաձայն իր ապրած երկրին ու միջավայրին: Եւ այս սփիւռքեան հայուն իրավիճակն է, ուր պէտք է տեսնել ազգային-մշակութային ինքնութեան ընկալումը եւ անոր միջոցներուն տարբերութիւնը` նաեւ մէկ գաղութէն միւսը:

Bohjalian1_123116

Ու դարձեալ Պոհճալեանն ու իր յօդուածը: «Համաշխարհային առաջին պատերազմին իւրաքանչիւր չորս հայէն մէկը նահատակուեցաւ, այդ ալ` ծրագրուած կերպով: Արցախի պատերազմը հայուն ինքնորոշման եւ գոյատեւելու պատերազմն է»:

Գեղամ Գրիգորեան Ղարաբաղի մէջ` սահմանամերձ տարածքին վրայ կը մղէ այս «պատերազմը»:

Եւ նոյնինքն այս «պատերազմն» է, տարբեր բովանդակութեամբ, զոր իւրաքանչիւր հայ կը մղէ իր ապրած վայրին ու վիճակին մէջ: Պատերազմը` իր ազգային-մշակութային ինքնութեան ու անոր հպարտութեան համար: Իւրաքանչիւր հայ իր ապրած վիճակին մէջ` «ուխտագնացութեան» մէջ է: Երեւի տարբեր ոլորտներով ու ձեւերով, բայց հասնելու համար իր` հայուն «հպարտութեան»:

Քրիս Պոհճալեանի «ուխտագնացութիւնը»` եթէ իր «հպարտութիւն»-ն է, բայց նաեւ այդ իւրաքանչիւր հայունն է: Հայաստան, Ղարաբաղ եւ Սփիւռք:

Հայկական գաղութները եւ հաւաքականութիւնները կրնան տարբերիլ մէկը միւսէն, ըստ իրենց թիւին եւ մարդուժին: Ու տակաւին` ընկերային-քաղաքական ու տնտեսական իրավիճակէն կախեալ: Եւ տակաւին` մայրենիին ու լեզուապահպանման տարբեր մակարդակներով: Այս բոլորը հայուն մեծ պատկերին տարբեր մասնիկներն են: Բայց այս բոլորին մէջէն` հայը ունի մէկ «ուխտագնացութիւն», թերեւս տարբեր ուղիներով եւ մարտահրաւէրներով, բայց հասնելու համար նոյն… «հպարտութեան»`  հայուն «հպարտութեան»:

Հայուն «հպարտութիւնը», որ քով-քովի բերելով կը կազմէ մէկ, մեծ եւ զօրաւոր հայը:

Եւ հայը պիտի շարունակէ իր «ուխտագնացութիւնը»` չկորսնցնելու համար իր «հպարտութիւնը»…:

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին