Նախաձեռնութեամբ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար, նուիրուած՝ «Ցեղասպանութիւններու Կանխարգիլման Միջազգային Օր»-ուան, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի «Այսամ Ֆարէս» ուսումնարանի Հանդիսասրահէն ներս, ուր ընդհանրապէս քննարկուեցաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող ոճիրներն ու Ցեղասպանական արարքները, անոնցմէ քաղուած դասերը՝ արգիլելու եւ պահպանուելու համար ցեղասպանութենէն:
Սեմինարին ներկայ էին Եւրոպացի, օտար եւ լիբանանցի պատմագէտներ, դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ, իրաւաբաններ, մտաւորականներ, խմբագիրներ, տեղեկատուական միջոցներու՝ օտար թէ լիբանանցի (հեռատեսիլ, մամուլ) ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ լիբանանահայեր:
Սեմինարը սկսաւ առաւօտեան ժամը ճիշդ 9-ին՝ Տիկին Անիթա Լիպիարի բարի գալուստով եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի ողջոյնի խօսքով: Մեթր Սեդրակեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան արարքին զայն որակելով քստմնելի յանցագործութիւն, եւ այդ գծով ալ կարեւորեց ցեղասպանութեան զոհերուն ոգեկոչման ու յիշատակման համար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդունած որոշումը՝ 9 Դեկտեմբերը «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման Միջազգային օր» որդեգրելու պարագան:
Ողջոյնի խօսքին յաջորդեց բացման խօսքեր, զորս արտասանուեցան Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի Շրջանային Ներկայացուցիչ Ն.Վսեմ. Դոկտոր Ապտէլ Սալամ Սիտ Ահմատի եւ Լիբանանի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդի նախագահ Տիար Շիւքրի Սատէրի կողմէ:
Առաւօտեայ ժամը 9-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:30 շարունակուած եւ երեք նիստերէ բաղկացած սեմինարներու առաջին նիստի ընթացքին քննարկուեցան «Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէ»-ի Մարդկային Իրաւանց Չարաշահումներ, Անցեալի Արարքներ, Դէպքերու Ուսումնասիրութիւններ, Ձախողութիւններ եւ Յաջողութիւններ նիւթերը, մատնանշելով միաժամանակ, թէ 9 Դեկտեմբերը պատահականօրէն որդեգրուած թուական մը չէ, այլ ան կը զուգադիպի 1948-ին՝ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ Գլխաւոր Վեհաժողովին կողմէ «ցեղասպանութիւնը որպէս յանցագործութիւն ընդունելու եւ կանխարգիլելու օր» բանաձեւման թուականին, ուր համապատասխան զեկոյցներով հանդէս եկան մասնագէտներ՝ առարկայականօրէն քննարկման նիւթ ընելով մինչեւ 1948 թուական եղած ոճիրներն ու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ հանգամանօրէն ներկայացնելով այդ թուականէն մինչեւ մեր օրերը երկարող ժամանակներուն կատարուած ցեղասպանութիւնները: Արդարեւ զեկուցողներըարծարծեցին հետեւեալ նիւթերը.
1.- Դոկտ. Ռոլֆ Հոսֆէլտ, Գերմանիայէն, Շրջանային իրավիճակ՝ Մինչեւ 1948 թուական
2.- Դոկտ. Անթուան Ըսֆէյր, Լիբանան, Շրջանային իրավիճակ՝ 1948 թուականէն վերջ
3.- Դոկտ. Նիտալ Ժըրտի, Լիբանան, Շրջանային իրավիճակ՝ Ներկայ հանգրուանին
Ա. Նիստի ատենավարն էր Դոկտ. Քարմէն Ապու ժաուտէն, Լիբանանէն:
Երկրորդ նիստի ընթացքին քննարկուեցաւ Միջազգային Պաշտպանութեան կամ Ապահովութեան Դրութիւնը, անոր Նպաստը կամ Դերութիւնը՝ Արգիլելու կամ Պատժելու համար ցեղասպանութեան ոճիրը, ուր զեկոյցներով հանդէս եկան՝
1.- Փրոֆ. Քայ Ամպոս, Գերմանիայէն, Միջազգային Օրէնքի Դրութիւն՝ Ընդդէմ Քաղաքական Իրականութիւն
2.- Դոկտ. Նիտալ Ժըրտի, Լիբանան, Առտնին Պաշտպանութեան Դրութիւն, Զօրութիւն եւ Տկարութիւն
3.- Դոկտ. Սարի Հանաֆի, Լիբանան, Մէտիայի դերը, Քաղաքային Ընկերութիւն եւ Ժողովրդային Կարծիք, նիւթերով:
Բ. Նիստի ատենավարն էր Տիար Ուաէլ Խէյրը, Լիբանանէն:
Երրորդ նիստի ընթացքին քննարկուեցաւ, Ինչպէ՞ս Արգիլել կամ Կանխել Ցեղասպանութիւնը, Ի՞նչ է յաջորդը. ուր հանդէս եկան՝
1.- Փրոֆ. Քայ Ամպոս, Օրինականօրէն ու քաղաքականապէս
2.- Դոկտ. Ապտէլ Սալամ Սիտ Ահմատ, Լիբանանէն, Նախաձեռնութեան Հակազդեցութեան տակ «Խափանում Ազգային Քաջալերանքի, Ցեղային կամ Կրօնական Ատելութիւն» Միջազգային օրէնքի մէջ
3.- Տիար Ժիլպէռ Տումիթ, Մէտիայի դերը, Քաղաքային Ընկերութիւն եւ Ժողովրդային կարծիք, նիւթերով:
Գ. Նիստի ատենավարն էր Տիկին Լին Մաալուֆ, Լիբանանէն:
Երեք նիստերու աւարտին, զեկուցողներ հանդէս եկան հաւաքական կազմով, «Ի՞նչ է յաջորդ քայլը Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի համար» նիւթով, որմէ ետք կատարուեցաւ Քննարկում եւ Եզրակացութիւն:
Բոլոր զեկուցողներն ալ ծանրացան ցեղասպանութեան յանցագործութեան վրայ, եւ թուեցին անոր մինչեւ օրս անպատիժ մնացած ըլլալու պարագան, անկախ այն հանգամանքէն, թէ ան կը գործադրուի պատերազմական թէ խաղաղ պայմաններու մէջ: Անոնք, անդրադարձան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թեմային, որակելով զայն ցեղասպանութիւն եւ ցարդ անպատիժ մնացած յանցագործութիւն:
Եզրակացնելով՝
Նիստերու մասնակից զեկուցողներ, նշեցին թէ 9 Դեկտեմբերը Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ ընդունուած կարեւոր որոշում է, որպէս «Մարդկութեան դէմ յանցագործութեան, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման ու ոգեկոչման ու Ցեղասպանութիւնը կանխարգիլելու միջազգային օր», որ առաջարկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ՝ 2015 թուականին: Անոնք աւելցուցին նաեւ, որ եթէ պատժուած ըլլային 1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւնը իրագործող մարդակերներ, վստահաբար պիտի չկրկնուէին այդ թուականէն յետոյ կատարուած այլ ցեղասպանութիւններ:
Սեմինարի մասնակից զեկուցողներ յայտնեցին, որ հակառակ բարձրացող աղաղակներու ու բողոքներու, ժամանակակից աշխարհի մէջ տակաւին կը շարունակուի իրագործուիլ ցեղասպանութիւն եւ ան կը մնայ լուրջ սպառնալիք ամբողջ մարդկութեան։ Անոնք փափաք յայտնեցին, որ ազգեր ու պետութիւններ դիմեն ազդու միջոցներու եւ կանխարգիլեն այս մեծ ոճրագործութիւնը:
Սեմինարի աւարտին, ՀԲԸՄ-ի կողմէ յուշանուէրներ ու վահանակներ յանձնուեցան բոլոր մասնակիցներուն, ձեռամբ ՀԲԸՄ-ի նախագահ մեթր Պերճ Սեդրակեանի: Պարոն Սեդրակեան մեծապէս գնահատեց կատարուած աշխատանքը, շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն եւ ձեռնարկի կազմակերպութեան սատարողներ՝ Միրէյ Խանամիրեանին եւ Անիթա Լիպիարին:
Հ.Մ.