Թուրքիոյ հայ համայնքը Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններ իրականացնելու համար հանդիպումներ կը կազմակերպէ: Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Դեկտեմբեր 13-ին, Սթամպուլի Ֆերիքոյ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու անուան դահլիճին մէջ:
Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքի տեղեկացմամբ` «Düşünce Platformu»-ի («Տեսակէտներու հարթակ») կողմէ կազմակերպուած ժողովը տեղի ունեցած է վերջին շրջանին պատրիարքի ընտրութեան համար ստեղծուած իրավիճակը, հնարաւոր խոչընդոտները քննարկելու եւ խնդիրի լուծման հարցով միտքեր փոխանակելու նպատակով, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Առաջին ժողովին մասնակցած են շուրջ 300 մարդ, որոնց մէջ նաեւ՝ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» (CHP-ժՀԿ) հայ պատգամաւոր Սելինա Տողան:
Մասնակիցներէն փաստաբան Սեդրակ Տաւութհան ներկայացուցած է պատրիարքական ընտրութիւններու իրաւական գործընթացը, որ ըստ փաստաբանին, 8 տարիէ ի վեր կ՛անտեսուի:
Իսկ Պիլկի համալսարանի դասախօս, ընկերաբան, Օհաննէս Քըլըչդաղ խօսած է ընտրութիւնները չիրականացնելու պատճառներուն եւ ստեղծուած իրավիճակի հետեւանքներուն մասին: Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս համայնքը պատրիարք ընտրելու խնդիրներ եւս ունեցած է, ինչպէս օրինակ պատրիարք Մեսրոպ Նարոյեանի մահէն ետք՝ 1944-էն մինչեւ 1950 թուականը, պատրաիարքական աթոռը թափուր մնացած էր: Սակայն, ինչպէս նշած է Քըլըչօղլու, անցեալին հայկական համայնքը հակառակ բարդ խնդրիներուն, երբեք այնքան կրաւորական չէ եղած, որքան այսօր է: Ընկերաբանը այս ճգնաժամի ժամանակ հայ համայնքի ցուցաբերած կեցուածքը նմանցուցած է «մահացածի, որ կը սպասէ, թէ երբ զինք կը թաղեն»:
Քննարկումներու ժամանակ համայնքի անդամներէն Կարօ Գաբրիէլեան քննադատած է պատրիարքարանը եւ հոգեւորականները` եկեղեցւոյ քիչ նուիրուած ըլլալուն համար:
Քննարկման մասնակիցներէն Ուրազ Գասպար ալ առաջարկած է, որ հայ պատգամաւորները պատրիարքի ընտրութեան հարցը բարձրացնեն Մէճլիս: Այս դիտարկման ի պատասխան պատգամաւոր Սելինա Տողան ըսած է, որ իրատեսական չէ, որ այդ հարցերը Մէճլիսի մէջ լուծում ստանան:
Հանդիպման աւարտին «Düşünce Platformu»-ի անդամները ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն մը, ուր կը նշուի, որ Հայոց Պատրիարքութիւնը, որ 555 տարուան աւանդոյթ ունի, կը ներկայացնէ այդ հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդ մը, որ 3000 եւ աւելի տարուան պատմութիւն ունի:
Կը նշուի, որ 2008 թուականէն ետք, երբ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեան հիւանդութեան պատճառով այլեւս չկրցաւ շարունակել իր պարտականութիւնները, հայ համայնքը չի կրնար նոր պատրիարք ընտրել: «Խախտուած է մեր դաւանանքի ազատութեան իրաւունքը, իսկ ընտրութիւններ իրականացնելու իրաւունքը անհիմն պատճառաբանութիւններով խլուած է մեզմէ»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ:
«Ժամանակի կորուստ այլեւս չենք հանդուրժեր»,-յայտարարած են մասնակիցները` պահանջելով եկեղեցոյ հին աւանդոյթներու համաձայն` ժողովուրդի քուէարկութեամբ ընտրութիւններ կատարել:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 27-ին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր խորհուրդը, մեկնելով եկեղեցական աւանդոյթներէ բխող դրոյթներէն, որոշած էր պաշտօնաթող ընել ներկայ Պատրիարք Մեսրոպ Բ․ Մութաֆեանը: Պատրիարք Մութաֆեան 2008 թուականէն ի վեր անբուժելի հիւանդութեան պատճառով կը գտնուի մահաքունի մէջ:
Հոգեւոր խորհուրդին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ քանի որ այսուհետեւ պատրիարքի աթոռը թափուր է, որպէս յաջորդ քայլ իրենք պիտի դիմեն պատկան մարմիններուն՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւն կատարելու թոյլտուութիւն ստանալու նպատակով: