Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Յայտնի բանասէր՝ Արշակ Ալպօյաճեան (1879, Պոլիս – 1962, Գահիրէ)

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*

Կեսարացի ծնողներու չորս զաւակներուն երրորդն էր, աւազանի անունով Աստուածատուր, Արշակ Ալպօյաճեան ծնած էր 1879 Յունիսին, Սկիւտարի շրջանը (Պոլիս), որ կը նկատուէր Պոլսոյ հայութեան միջավայրը, ուր երախտաւորը հասակ պիտի առնէր հայաբոյր մթնոլորտի մէջ, իրեն հասակակից պատանիներու հետ։

Alboyadjian

Յաճախելով Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, կը ծանօթանայ արեւմտահայ գրականութեան ակունքներուն, դասընկեր ունենալով յետագային ամերիկահայոց առաջնորդ Ղեւոնդ Արք. Դուրեանը։ Բարձրագոյն կրթութեան համար կը յաճախէ Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանը, ու 1895-ին իբրեւ թերաւարտ, մուտք կը գործէ առեւտրական ասպարէզ, ու տարի մը ետք կը միանայ Պոլսոյ մէջ նոր հիմնուած Բիւզանդ Քէչեանի «Բիւզանդիոն» օրաթերթին, իբրեւ վարչական պատասխանատու։

Ալպօյաճեանի գրական հակումները զինք կը մղեն, որպէսզի դառնայ «Բիւզանդիոն»-ի յօդուածագիր։

20-րդ դարու աւարտին արդէն բազմաթիւ պարբերաթերթեր լոյս կը տեսնէին Պոլսոյ մէջ, ու Ալպօյաճեանի սերնդակից մտաւորական երիտասարդութեան աշխատակցութեան համար այդ պարբերաթերթերը լաւագոյնս կը ծառայէին օրուայ մտաւորականութեան պատրաստութեան մէջ։

Ալպօյաճեան կանուխ տարիքէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Պոլսոյ մէջ «Հանդէս Ամսօրեայ», «Կոչնակ», «Բիւրական», «Մասիս», «Ծաղիկ» եւ «Սուրհանդակ» պարբերաթերթերուն։ Կը գործակցի Թէոդիկին հետ, «Ամէնուն Տարեցոյց»-ի հրատարակութեան մէջ։ Իր գրութիւններուն պատճառով, երբեմն կը տարուէր ոստիկանատուն՝ հարցաքննութեան համար։ Ալպօյաճեանի հրապարակագրական աշխատանքները առհասարակ կը կրեն «Շաւարշ» եւ «Անգեղացի» գրչանունները։

Ալպօյաճեանի առաջին բանասիրական գործը կը դառնայ «Ուսումնասիրութիւն Սրբուհի Տիւսաբի», որ եղած էր կենսագրական աշխատանք մը, ուսումնասիրուած՝ Ալպօյաճեանի կողմէ, որ ծանօթ պիտի դարձնէր զինք ազգային ականաւոր գործիչներու կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած մեծարժէք գործերով։ Իր կենսագրած առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ Վենետիկի մէջ 1901-ին։ Ալպօյաճեան իր գրական ու հրապարակագրական արհեստավարժ աշխատանքին կողքին, այս շրջանին մասնակի ժամանակով կը դասաւանդէր Պոլսոյ վարժարաններէն ներս։

1908-ի Երիտթուրքերու սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, երբ Եգիպտոսի մէջ կեանքի պիտի կոչուէր Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութիւնը Հոկտեմբեր 31, 1908-ին, Պոլսոյ մէջ ռամկավարներու աշխատանքները շեփորողներէն մին կը հանդիսանար Ալպօյաճեան։ Իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ «Ժողովուրդի Ձայն» քաղաքական եւ հասարակական օրաթերթին, որ դարձած էր Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան պաշտօնաթերթը, որուն արտօնատէրն էր Ալպօյաճեանի վաղեմի բարեկամը ու գաղափարի ընկերը՝ Արամ Ինճիճեանը, որ յետագային կարեւոր դեր պիտի խաղար Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կազմութեան մէջ։

1909-ին կեանքի ընկեր կ՚ընտրէ երիտասարդ կարուհի Աննիկը, որ դարձած էր իր գուրգուրանքի նախապատուութիւնը՝ անոր հետ հանդիպելէն ի վեր։ Յետագային անոնք կը բախտաւորուին մանչ զաւակով մը՝ Սիմոն։ Ալպօյաճեան այս շրջանին կը շարունակէր իր խանդավառ բանասիրական աշխատանքը, հայագիտութեան բնագաւառին մէջ ներդրում կատարելով հայ գաղթավայրերու պատմութեան նուիրուած աշխատասիրութեամբ։ Այս ուսումնասիրութեանց առաջինը կը հանդիսանայ 1905-ին «Իզմիրլեան» գրական մրցանակին արժանացած «Հայք ի Ռումելի» անտիպ հատորը։

1910-ին երեսփոխան կ՚ընտրուի Պոլսոյ Ազգային Ժողովին, նոյն տարին կ՚որոշէ դառնալ Պոլսոյ Ազգային Պատրիարքարանի Դիւանի մնայուն տնօրէնը.  պաշտօն մը, որ իր ունեցած երիտասարդ բանասէրի հանգամանքով, պիտի արժեւորուէր ատենոյ գրասէր ականաւոր գործիչներու կողմէ։

1911-ին Ալպօյաճեան կը մասնակցի Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան անդրանիկ պատգամաւորական ժողովին, ներկայացնելով Պոլսոյ շրջանակը՝ Տիրան Քէլէկեանի կողքին։ Այս ընդհանուր պատգամաւորական ժողովն էր, որ պիտի ծրագրէր կարեւորութեամբ հայ ազատագրական շարժումի նոր փուլը։ Միհրան Տամատեանի կողքին կը մասնակցէին նաեւ Վահան Մալէզեան, Վահան Թէքէեան, Արշակ Չօպանեան, իսկ հեռաւոր Ամերիկայէն՝ Շաւարշ Հովիւեան։

Գաղթավայրերու նուիրուած Ալպօյաճեանի երկրորդ հատորը լոյս տեսած է 1910-ին Վառնայի մէջ «Պուլկարիոյ պատմութիւն» խորագրով։ Իսկ աւելի ուշ «Յաւիտենական Երուսաղէմ» եւ ֆրանսերէն լեզուով՝ «Les Armeniens et L’imprmerie» գիրքը։

Ազգային Պատրիարքարանէն ներս իր տնօրէնի պաշտօնին կողքին, երախտաւորը առանց դիւանի օգնական մը ունենալու՝ կլանուած էր բանասիրական իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ, երբ վրայ կը հասնի 1914-ի Համաշխարհային Ա. Պատերազը, ու ապա հայաջինջ Մեծ Եղեռնի տարիները։ Ալպօյաճեան սահմանափակուած Պոլսոյ Պատրիարքարանէն ներս, այդ տարիներուն կրցած էր կապ հաստատել Վահան Թէքէեանի հետ (Գահիրէ) ու իր աշխատակցութիւնը կը բերէր ռամկավար պաշտօնաթերթ՝ «Արեւ»-ին։

Նուիրեալ իր աշխատանքին արդիւնք են նաեւ՝ «Ընդարձակ օրացոյց Սրբ. Փրկչեան հիւանդանոցի հայոց», «Օսմանեան կայսրութեան սահմանադրութիւնը» եւ «Քննական ակնարկներ» աշխատասիրութիւնները։ 1919-ին Պոլսոյ մէջ լոյս կը տեսնէ իր կենսագրած երկրորդ հատորը՝ «Անհետացող դէմքեր» (Գրիգոր Զօհրապ – իր կեանքը եւ գործը)։

1920-ի Սեպտեմբերին, Պոլսոյ մէջ կը մասնակցի Հայ Սահմանադրական Ռամկավար Կուսակցութեան Գ. ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին։ Պատմական ու հանգրուանային այս պատգամաւորական ժողովն էր, որ պիտի առաջնորդէր դէպի կազմութիւնը տարի մը ետք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (1 Հոկտեմբեր 1921)։ Հոս կարելի է նշել կարգ մը երախտաւորներու անուններ, որոնք մասնակից դարձան ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին ու Ալպօյաճեանի գործակիցները յետագայ տարիներուն – Լեւոն Թիւթիւնճեան, Աւետիս Թերզիպաշեան, Վահան Թէքէեան, Արտակ Դարբինեան, Գրիգոր Պէօզիկեան (Շիկահեր), Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան, Սեդրակ Կեպենլեան եւ Յովսէփ Գույումճեան։

Այս շրջանին ան իր գործակցութիւնը կը բերէ Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյց»-ներուն, բայց այս մէկը թուրք կառավարութեան մօտ աւելի առիթ պիտի ստեղծէր զինք հարցաքննութեան հրաւիրելու համար։ 1922-ի տարեվերջէն առաջ, կ՚որոշէ լքել Պոլիսը վերջնականապէս, ու Սելանիկի վրայով կողակցին ու զաւկին հետ կ՚անցնի Գորֆու կղզի, ուսուցչական պաշտօն վարելու որբանոցին մէջ, ուր տեղափոխուած էին բազմաթիւ հայ որբեր։

 

Շուրջ տարի մը Գորֆու մնալէ ետք, 1923-ի աւարտին, վերջնականապէս կը հաստատուի Եգիպտոս ու մասնակի ժամանակով կը դասաւանդէ Գահիրէի Ազգային Գալուստեան վարժարանէն ներս։

news1

1924-ին կը դառնայ դիւանապետը Եգիպտոսի Հայոց Ազգային Առաջնորդարանին, ու այդ պաշտօնը շուրջ 10 տարիներ (1935) կը վարէ ձեռնհասութեամբ։

1925-ին Ալպօյաճեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Գահիրէի Ազգային Քաղաքական Ժողովին ու կը դառնայ ժողովի ատենադպիր, իսկ ժողովի ատենապետութեան պաշտօնը կը ստանձնէ Վահան Քէքէյեանը։

Գահիրէի մէջ կը ձեռնարկէ հրատարակել «Ազատ Միտք» շաբաթաթերթը՝ շուրջ տարուան մը համար (1936-37) ու ապա «Գրասէրի Առաջնորդ» պարբերաթերթը (1938-1949)։ Յետագային նաեւ հրատարակած է «Կեանք եւ Գիր» տարեգիրքը՝ 1948-ին։

Ալպօյաճեան իր պարբերական մասնակցութիւնը կը շարունակէ բերել ռամկավար մամուլի պաշտօնաթերթերուն՝ «Պայքար»-ին, «Նոր Օր»-ին, «Զարթօնք»-ին, «Եփրատ»-ին ու աւելի ուշ Փարիզի «Ապագայ»-ին, իր ժամանակաշրջանի հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներու վերաբերեալ յօդուածաշարքով՝ «Անհետացող դէմքեր» խորագրով։

1941-ին կը ձեռնարկէ ունենալ անձնական հայկական տպարանը, իր հրատարակութիւնները ու գիրքերը տպելու համար։ Նոյն տարին, երկարամեայ հիւանդութենէ տառապող իր կողակիցը իր աչքերը կը փակէ յաւիտեան։

Հրատարակած իր աշխատասիրութիւններէն բացի «Պատմութիւն հայ գաղթականութեան» իր գործը կը դառնայ հայկական գաղթավայրերու առաջին ամբողջական պատմութիւնը, որուն առաջին հատորը լոյս կը տեսնէ 1941-ին իր սեփական տպարանէն, իսկ երկրորդը՝ 1955-ին ու աւելի ուշ 1961-ին ալ երրորդ հատորը։  Չորրորդը անտիպ կը մնայ, ուր ներառնուած է Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի հետեւանքով գաղթական վայրերու պատմութիւնը։

Ալպօյաճեան իր հասարակական գործունէութիւնը կը շարունակէր ծառայելով Գահիրէի քաղաքական ժողովին։ 1947-ին մաս կը կազմէ եգիպտահայութեան ազգահաւաքի աշխատանքներուն։

1955-ին անդամ կ՚ընտրուի Եգիպտոսի թեմական ժողովին ու կը դառնայ ժողովին փոխ-ատենապետը։ Նոյն տարին նաեւ կ՚ընտրուի պատուիրակ, ներկայացնելու Եգիպտոսի թեմը՝ Էջմիածին մեկնելու նոր կաթողիկոսի ընտրութեան, ուր Վազգէն Եպս. Պալճեան պիտի ընտրուէր Ս. Էջմիածնի 130-րդ Հայրապետը։

1959-ին, հրաւէրով Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութեան, կը հրաւիրուի Հայաստան։ Իբրեւ բանասէր, Երեւանի մէջ կ՚արժանանայ մեծ պատիւի։ Գիտական ու ակադեմական կարեւոր հանդիպումներու կը մասնակցի, որոնք առհասարակ կը վերաբերէին գաղթաշխարհի հայութեան։

Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը զինք կը գնահատէ «Սրբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով ու հայրապետական յատուկ կոնդակով, գնահատելով անոր ազգային օգտաշատ ծառայութիւնները։ 80 տարեկանը թեւակոխած անուանի հայ բանասէրը, նոյն աշխուժութեամբ կը շարունակէր իր գրական ու հրատարակչական գործունէութիւնը. 1962-ի գարնան հրաւէր կը ստանայ երկրորդ անգամ այցելելու հայրենիք Գիրերու գիւտի 1600-ամեակին առիթով, սակայն առողջական վիճակը չարտօնէր մեկնիլ ու աւելի ուշ՝ Յունիս 24-ին Ալպօյաճեան յաւիտեան իր աչքերը կը փակէ Գահիրէի մէջ։

ՌԱԿ-ի երախտաւոր ու բանասէրին ազգային յուղարկաւորութեան նախագահած է ատենոյ եգիպտահայոց առաջնորդ՝ Մամբրէ Արք. Սիրունեանը, որակելով զինք իբրեւ «Աշխատանքի հերոս»։

Արշակ Ալպօյաճեան մերօրեայ պատմութեան մէջ կը յիշատակուի ոչ միայն իբրեւ յայտնի բանասէր, այլ իբրեւ պատմաբան, հասարակական գործիչ ու նուիրեալ դաստիարակ։

Գալուստեան ազգային վարժարանի նախկին իր աշակերտները հպարտութեամբ կը յիշեն իրենց ուսանողական օրերը Գահիրէի մէջ։

Ալպօյաճեան հրատարակած է 22 աշխատասիրութիւններ միաժամանակ շատ մը գործեր ալ կը մնան անտիպ։

Հետեւեալ աշխատութիւնները լոյս տեսած են իր Գահիրէ հաստատուելէն ետք.

  • Գրիգոր Կեսարացի Պատրիարք եւ իր ժամանակը (1936 – Երուսաղէմ)
  • Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեան (1940 – Գահիրէ)
  • Հայ եպիսկոպոսի մը առաքելութիւնը ի Հապէշիստան ԺԷ. դարուն (1946)
  • Մինաս Չերազ (1947 – Գահիրէ)
  • Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ (երկու հատորով – 1947)
  • Պատմութիւն Եւդոկիոյ Հայոց (1952)
  • Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան Եգիպտոսի նահանգը եւ հայերը (1960)
  • Պատմութիւն Մալաթիոյ Հայոց (1961)
  • Յուշամատեան Կումիտա հայերու (1961)

Իսկ  իբրեւ անտիպ գործեր, իր ձեռագիրներուն մէջ կարելի են առանձնացնել հետեւեալները.

  • Հայերը բիւզանդական երկիրներու մէջ
  • Իրանի Հայերը
  • Տրապիզոնի Հայերը
  • Սպանիա եւ Հայերը
  • Ամերիկա եւ Հայերը
  • Պատմութիւն Սբ. Փրկչեան Ազգային Հիւանդանոցին 100-ամեակին առիթով
  • Տպագրութեան Արուեստը ի Հայս
  • Հայ եւ Թուրք Յարաբերութիւններ
  • Պատմութիւն Հայ Ազատագրութեան
  • Պատմութիւն Հայ Տպագրութեան
  • Ժամանակակից Պատմութիւն Հայոց
  • Կարապետ Փանոսեանի կեանքն ու գործը
  • Կարապետ Իւթիւճեանի կեանքն ու գործը
  • Արմենակ Հայկունիի կեանքն ու գործը
  • Յիշատակներ

Արշակ Ալպօյաճեանի վերոյիշեալ անտիպ գործերը իրենց ձեռագիրներով, իբրեւ արխիւային հաւաքածոյ՝ «Արեւ» օրաթերթի ատենոյ խմբագիր Երուանդ Ազատեանի կարգադրութեամբ՝ տեղափոխուեցան հայրենիք ու կը պահուին Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։

Հպարտութեամբ կը հաստատենք, թէ Ալպօյաճեանի աշխատասիրութիւնները այսօր մեծապէս կը ծառայեն հայրենի երիտասարդ բանասէրներու ու պատմաբաններու կողմէ, իբրեւ ուսումնասիրութեան արժանի գրադարան։

 

 

 

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին