Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Եթէ Հակամարտութեան Բանակցութիւններէն Որեւէ Յառաջընթաց Չկայ, Խաղաղապահ Ուժերուն Դերն Ալ Ոչ Էական Կը Դառնայ. Արայիկ Յարութիւնեան

Հակառակ վարչակազմի փոփոխութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը վստահին Միացեալ Նահանգներու մէջ ձեւաւորուած ժողովրդավարութեան աւանդոյթներուն: Այս մասին, ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ին, ըսած է Ղարաբաղի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան։

«Մենք համոզուած ենք, որ ամերիկեան ձեւաւորուած աւանդոյթները կը յուշեն, որ ազգերու ինքնորոշումը կամ ժողովրդավարութիւնը աւելի կը գերադասուին եւ ընդհանուր առմամբ, խաղաղութիւնը աւելի կը գերադասուի»,- ընդգծած է Յարութիւնեան:

Վերջերս, ելոյթ ունենալով Ուաշինկթընի մէջ, ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի հայ-ամերիկեան բարեկամութեան խումբին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկին, վարչապետ Յարութիւնեան ընդգծած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով Միացեալ Նահանգները միշտ փորձած է հանդէս գալ մեկնելով տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներէն.

«Մեր սպասելիքը այն է, որ շարունակեն այն, ինչ անոնք ունեցած են վերջին 20 տարիներուն ընթացքին` առանց կտրուկ արմատական փոփոխութեան»:

Մեկնաբանելով ղարաբաղեան կողմին մօտեցումները` Քոլորատոյի համալսարանի վերլուծաբան Ճոն Օլոկլինը յիշեցուցած է, որ ատոնց անհրաժեշտ է մօտենալ ամենայն լրջութեամբ` տեւական խաղաղութեան հասնելու համար. «Այնտեղ ապրող մարդիկ ունին ձեւաւորուած մօտեցումներ եւ անոնց անտեսումը շատ մեծ սխալ պիտի ըլլայ»:

Վիրժինիայի ճարտարագիտական համալսարանի փորձագէտ Ժերարտ Թոլի կարծիքով, ղարաբաղեան խնդիրին կարգաւորումը կրնայ քննարկուիլ աւելի լայն շրջանակով. «Անհրաժեշտ է Եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութեան համապարփակ քննարկում: Եւ շարք մը հակամարտութիւններ Եւրոպայի մէջ` Ղրիմը, Մերձտնեսթրը, Վրաստանի տարածքի խնդիրները եւ Լեռնային Ղարաբաղը, կրնան իսկապէս կարգաւորուիլ»:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանը կը մեղադրէ հայկական կողմը ոչ կառուցողական դիրքորոշման եւ իրական փոխզիջման բացակայութեան մէջ, եւ կը նշէ, որ ղարաբաղեան գօտիին վրայ բախումները հայկական կողմի դիրքորոշման հետեւանքն են: Արայիկ Յարութիւնեան, այս առիթով նշած է, որ յառաջիկայի բանակցութիւններէն՝ Ղարաբաղի մէջ չեն ակնկալեր լուրջ յառաջընթաց: Ուստի, չեն տեսներ նաեւ խաղաղարար ուժերու տեղակայման կարիք.

«Քանի որ չկան բանակցութիւններ, նաեւ այդ գործօնը կը բացառուի: Եթէ չկայ որեւէ յառաջընթաց, խաղաղապահ ուժերուն դերն ալ կը դառնայ ոչ էական»,- նշած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետը:

Նախորդ շաբաթ Համպուրկի մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կոչ ըրած էին ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերու ղեկավարներուն՝ «ճկունութիւն ցուցաբերելու եւ վերադառնալու բանակցային սեղանի շուրջ»:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին