«Յոյն գրողներու միութիւնը» (ՀԳՄ) Աթէնքի մէջ պաշտօնապէս պիտի նշէ տօնէ «Հայկական Քնարերգութեան յունարէն թարգմանութեան 120 ամեակը»
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օրը` 12 Դեկտեմբերին, ժամը 18.30-ին, Յոյն գրողներու միութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ձեռնարկի կազմակերպիչները:
Յունաստանի հայ համայնքի պատմութեան մէջ, առաջին անգամ «Յոյն գրողներու միութիւնը» իր յարգանքի տուրքը կու տայ հայ գրականութեան` պաշտօնապէս ոգեկոչելով հայկական քնարերգութեան յունարէն թարգմանութեան 120 ամեակը: Հանդիսութեան կը մասնակցին ՀԳՄ նախագահ Քոստաս Գառուսոս, նախկին նախագահներ Մեսրս Փաւլոս Նաթանելը, եւ Աւկերինոս Անտրէուն: Յունարէնով հայ բանաստեղծութեան նմոյշներ կը ներկայացնեն դերասաններ Ֆրոսօ Զագարէուն, Տինոս Փոնթիկոպուլոսը եւ Հայկ Գասարճեան: Հայկական քնարերգութեան յունարէն թարգմանութիւններու մասին հակիրճ պատմական ակնարկ պիտի ներկայացնէ գրող Յունա-հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի քարտուղար Յովսէփ Քասէսեան: Պիտի Կ’ընթերցուին հատուածներ Նալպանտեանի, Պատկանեանի, Սիամանթոյի, Վարուժանի, Իսահակեանի, Պարոյր Սեւակի, Շիրազի եւ այլ բանաստեղծներու քերթուածներու յունարէն թարգմանութիւններէն: Հիւրերուն ողջոյնի խօսք պիտի կ’ըսէ Աթէնքի համալսարանի փրոֆէսոր, ՀԲԸՄ մասնաճուղի նախագահ Համբիկ Մարուքեան:
Սոյն ձեռնարկը 1896-ի համիտեան ջարդերու յիշատակման 120-ամեակին նուիրուած եօթ ձեռնարկներուն մէջ երկրորդ հանդիպումը պիտի ըլլայ:
Հայերէնէ յունարէն թարգմանուած առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է Միքայէլ Նալպանտեանի «Ազատութիւնը», որ տպագրուած է 1895-ի Սեպտեմբերին Աթէնքի «Հեսթիա» ամսագիրին մէջ` Պոլսոյ Գում Գափու թաղամասին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան կազմակերպած ցոյցերուն յաջորդած համիտեան ջարդերէն յետոյ: Ասոր յաջորդեցին նաեւ այլ թարգմանութիւններ` հռչակաւոր յոյն բանաստեղծներու եւ յունահայ գրողներու կողմէ:
Յոյն գրողներու միութեան հանդիսութիւններու սրահի հասցէն.
Աթէնք, Կենադիւ 8 եւ Ակադեմիայի փողոց:
Մուտքը ազատ է: