Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

«Հայաստանը Լիբանանի Սրտին Մէջ» ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւնը Կը Ներկայացնէ Հայրենի Հանրաճանաչ Գեղանկարիչ-Քանդակագործ Անաթոլի Աւեդեանի Ցուցահանդէսը

Մշակոյթը ժողովուրդի մը ինքնութեան արտայայտութիւնն է, ամենալայն իմաստով, ըլլայ խօսքով թէ գիրով, գոյնով թէ գիծով, քանդակով թէ երաժշտութեամբ, երգով թէ պարով, ուր ամենայն հարազատութեամբ կը ցոլան այդ ժողովուրդին յոյզերն ու յոյսերը, խռովքներն ու տագնապները, երազներն ու տեսլականը։ Անոր աշխարհասկացութիւնն ու աշխարհայեացքը, հոգեբանութիւնը, նկարագիրը, հոգեմտաւոր դիմագիծը։ Մէկ խօսքով՝ անոր ընդհանրական հոգին, հաւաքական ուժականութիւնը։

Այս ճշմարտութեան նկատմամբ ցոյց տուած հաւատքին իբրեւ արդիւնք, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ իր կազմաւորման առաջին օրերէն, միակ մտասեւեռումը ունէր, սփիւռքահայ գաղութներու կազմաւորման անհրաժեշտութիւնը, որ կը բխէր ազգային գերագոյն շահերէ։ Առանց այդ քայլին՝ անհնար էր ազգապահպան աշխատանքներու ծաւալումը։ Այդ նպատակով՝ ՌԱԿ-ը երեւան բերաւ թերթեր, ակումբներ ու հաւաքատեղիներ, եւ նուիրուեցաւ սփիւռքահայու գոյատեւման ու անաղարտ պահպանման գործին, որուն նպատակն էր ազգին ծառայող ընտրանի մը պատրաստել, մշակութային, ուսուցչական եւ հրապարակագրական ասպարէզներուն մէջ, մշակութային օճախներ հաստատել հայահոծ կեդրոններու մէջ, եւ քաջալերել հայ մամուլն ու հրապարակել ծանօթ մտաւորականներու երկերը։

Այնուհետեւ, «Հայ Գրչի Իշխան» բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի ներշնչումով, 1947-ին, Պէյրութի մէջ հիմը կը դրուէր Ռամկավար Ազատական Քաղաքական Կուսակցութեան մշակութային բաժինը հանդիսացող միաւորի մը՝ «Թէքէեան Մշակութային Միութիւն» անունով, ծառայելու համար հայ ժողովուրդի մշակութային կառիքներուն։ Այդ օրուընէ ի վեր, ԹՄՄ-ը եղաւ հայ ազգին մշակոյթի ռահվիրան, պաշտպանը, մնալով միշտ հայ ազգի մշակոյթի կերտումին յառաջատար դրօշակակիրը։ 1947-էն ի վեր՝ պահելով աւանդական յարաբերութեան կապը հայրենիքի հետ՝ ԹՄՄ-ը փոխադարձ գործակցութեամբ, պահեց մշակութային կապը Հայաստանի գրական-մշակութային մարմիններու հետ՝ խորհրդային կարգի օրերէն մինչեւ այսօր։

Այստեղ, մասնաւորելով մեր խօսքը, անհրաժեշտ է նշել, որ ԹՄՄ-ի Լիբանանի տեղական վարչութիւնը, 70 տարիներու ընթացքին, իրմէ ակնկալուած մշակութային գործունէութիւնը յաջողութեամբ իրագործեց եւ լիբանանահայութեան հրամցուց բազմատեսակ ձեռնարկներ՝ երբեմն առանձին, երբեմն բարեկամ կազմակերպութիւններու ու յատկապէս ՀԲԸՄ-ի հետ համագործակցելով՝ Պէյրութ հրաւիրեց հայրենի մտաւորականներ, արուեստի գործիչներ, ինչպէս երգի-պարի պետական անսամպլը, Սունդուկեանի անուան թատերախումբը, Յովհաննէս Չէքիճեանի պետական երգչախումբը եւ շատ ուրիշներ։

Վերջին երկու տարիներուն` ԹՄՄ-ի Լիբանանի տեղական վարչութիւնը, զոր կը գլխաւորէ միութենական գործունեայ անդամ Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանը, ընկերային ձեռնարկներէ բացի, կազմակերպած է հետեւեալ ձեռնարկները.

  • Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2016-ին, «Հայ Արուեստ. Անցեալի նուաճումներ եւ ներկայի իրագործումներ»,
  • Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, հայրենի ծանօթ լուսանկարիչ Սուրէն Մանուէլեանի «Քու գեղեցիկ աչքերը» լուսանկարներու ցուցահանդէսը,
  • Երկուշաբթի, 7 Յունիս 2016-ին, Դոկտ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի դասախօսութիւնը «Հայերը Ֆրեզնոյի մէջ»,
  • Կիրակի, 12 Յունիս 2016-ին, «Լիբանանցի մատներ կը ներկայացնեն հայկական երաժշտական կտորներ», գեղարուեստական ղեկավար՝ Ռիթա Աղտամալեան-Ասիլեան,
  • Վերջապէս, յառաջիկայ Շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2016-ին, պիտի ներկայացնէ հայրենի հանրածանօթ գեղանկարիչ-քանդակագործ Անաթոլի Աւեդեանի «Հայաստանը Լիբանանի սրտին մէջ» ցուցահանդէսը, որ տեղի պիտի ունենայ «Պեթանիա Հարիսա»-ի սրահներուն մէջ։

Այս ցուցահանդէսին առիթով, Տոքթ. Վիգէն Ասիլեանի հետ ունեցանք մտերմիկ զրոյց մը, որպէսզի մեզի ներկայացնէ «Հայաստան Լիբանանի սրտին մէջ» ցուցահանդէսին մանրամասնութիւնները։ Տոքթ. Ասիլեանին ուղեցինք հարցումներ, որոնց սիրայօժար պատասխանեց։

Հարցում. Մեզի ծանօթ է, թէ անցեալ տարեշրջանին, ԹՄՄ-ի Լիբանանի տեղական վարչութեան կազմակերպած ձեռնարկները նուիրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին, անկասկած, «Հայաստան Լիբանանի սրտին մէջ» ցուցահանդէսն ալ նուիրուած է ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին, բացի այս այլ ծրագիրներ կա՞ն։

Պատասխան. Այո, ճիշդ էք, 2016 տարեշրջանին բոլոր ձեռնարկները նուիրուած էին ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին։ Այս ցուցահանդէսը, «Հայաստան Լիբանանի սրտին մէջ», բացի անկախութեան 25-ամեակէն, նուիրուած է համահայկական այն կոչին, թէ «Դու ի՞նչ ես անում Ղարաբաղի համար»։

Ինչպէս ծանօթ է շատերուն, այս կոչ-որոշումը, որ յառաջ եկաւ 20-24 Հոկտեմբեր 2016-ին, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցներուն կողմէ, որ համահայկական լրատուամիջոցներով սկսիլ «Դու ի՞նչ կ՝ընես Ղարաբաղի համար» խորագիրով համահայկական շարժումին։ Այս նպատակով ԹՄՄ-ի տեղական վարչութիւնն ալ ընդառաջելով կոչին՝ որոշեց «Հայաստան Լիբանանի սրտին մէջ» ցուցահանդէսով սկսիլ օժանդակութեան մեր ձեռքը երկարել Ղարաբաղի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն։ Օրինակ, այս նպատակով, որոշեցինք ցուցահանդէսի ընթացքին վաճառել Թաթուլ Յակոբեանի արաբերէնի թարգմանուած «Կանաչ եւ Սեւ» Ղարաբաղի նուիրուած գիրքերը, եւ այդ գիրքերէն հաւաքուած գումարը՝ Սփիւռքի նախարարութեան միջոցով փոխանցել Արցախին։

Հարցում. Այս ձեռնարկին մտայղացումը, ծրագրաւորումը եւ կազմակերպումը, ի՞նչ հանգամանքներու բերմամբ ընթացաւ եւ վստահուեցաւ ԹՄՄ-ին։

Պատասխան. Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը մօտէն կը հետեւի եւ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ լիբանանահայ մշակութային կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ ԹՄՄ-ին, ուստի այս անգամ ԹՄՄ-ին վստահուեցաւ Անաթոլի Աւեդեանի «Հայաստան Լիբանանի սրտին մէջ» խորագրեալ գեղանկարչական ցուցահանդէսը։

Այս պատեհութեամբ, ԹՄՄ-ի Լիբանանի տեղական վարչութիւնը կու գայ իր խորին շնորհակալութիւնները յայտնելու Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ «Պեթանիա Հարիսա»-ի տնօրէնութեան, որոնց համագործակցութեամբ, կարելի եղաւ այս իւրայատուկ գեղարուեստական ծրագիրը յաջողցնել։

Մեզի համար պատիւ է, որ այս ձեռնարկին, հաճոյքը պիտի ունենանք վայելելու ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայութիւնը։

Հարցում. Ինչո՞ւ «Հայաստան Լիբանանի սրտին մէջ» կոչուած է այս ձեռնարկը։ Ինչպէ՞ս կը հիմնաւորէք այս պատկերաւոր ու խօսուն վերնագիրը։

Պատասխան. Նախ՝ Հայաստան-Լիբանան կապերը միշտ ալ եղած են ամուր, բարեկամական եւ բարեբեր, աշխարհագրական մօտիկութեամբ, կրթական, մշակութային ու տնտեսական յարաճուն յարաբերութիւններով, իսկ ներկայիս, այդ բոլորը աւելի արմատաւորուած եւ արդիւնաւորուած են՝ յոյս ներշնչելով, որ անոնք աւելի կը զարգանան ու կը բարգաւաճին։ Հայաստան-Լիբանան եղբայրական կապն է հիմնաւորումը այս «Հայաստան Լիբանանի սրտին մէջ» վերնագիրին։

Հարցում. Տոքթ. Ասիլեան, կրնա՞ք ամփոփ ձեւով ծանօթացնել հայրենի գեղանկարիչ-քանդակագործ Անաթոլի Աւեդեանը։

Պատասխան. Հայրենի հանրաճանաչ գեղանկարիչը ծնած է 1952 թուականին Սիպերիոյ մէջ։ 1967 թուականին ընտանիքով փոխադրուած է Հայաստան, Վանաձոր (Կիրովական)։ Աւեդեան մասնագիտական կրթութիւնը սկսած է ստանալ Երեւանի Փանոս Թերլեմեզեանի անուան արուեստի դպրոցէն, ապա անցած Թիֆլիս եւ հետեւած տեղի Արուեստի ակադեմիայի դասընթացներուն։ Այնուհետեւ, վերադառնալով Երեւան, հետեւած եւ աւարտած է Երեւանի Գեղարուեստի համալսարանը։ Անաթոլի Աւեդեան տուած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ, Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն մէջ՝ Երեւանէն սկսելով, Կիւմրի, Վանաձոր, Գորիս, Ալավերտի, իսկ արտասահանի մէջ՝ Մոսկուա, Փարիզ, Զուիցերիա, Հոլանտա, Իսլանտա, Հալէպ, Ուաշինկթըն, Լոս Անճելըս՝ արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու, ոսկի շքանշաններու։

Հարցում. Տոքթ. Ասիլեան, նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք ԹՄՄ-ի Լիբանանի տեղական վարչութեան։ Այս առիթով, կը խնդրենք լիբանանահայութեան փոխանցէք ձեր սրտի խօսքը։

Պատասխան. Մեր փափաքն է, որ լիբանանահայութեան լայն շրջանակներ ներկայ գտնուին ու վայելեն եւ ըմբոշխնեն հայրենի հանրաճանաչ գեղանկարիչ-քանդակագործին ստեղծագործութիւնները, այդ գործերուն գեղեցկութիւնը, հմայքը խոր ապրումներու եւ զգացումներու արտայայտութիւններուն. Իսկապէս հոգեկան վայելք պարգեւող գործեր են։ Շնորհակալ պէտք է ըլլանք Անաթոլի Աւեդեանին եւ անշուշտ բոլոր հայ արուեստագէտներուն, որոնք հայու անունը եւ հայ արուեստը նախանձելի մակարդակներու կը բարձրացնեն։

Շնորհակալութիւն ձեզի։
Յ. ԱՒԱԳ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին