Երեքշաբթի, 29 Նոյեմբերը յատկանշական օր մը եղաւ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի աշակերտներուն համար, որովհետեւ այդ օրը, առաջին անգամ ըլլալով, անոնք առիթը ունեցան Լիբանանի անկախութեան տօնը նշելու բանակին նուագախումբին հետ:
Արդարեւ, Լիբանանի անկախութեան 73-րդ տարեդարձին առիթով, վարժարանիս աշակերտութիւնը առաջնորդութեամբ արաբերէն լեզուի դասատու՝ Տիկին Լէյլա Ֆարհաթի, կազմակերպեց յատուկ հանդիսութիւն մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Լիբանանեան բանակի նուագախումբը:
Հանդիսութեան ներկայ էին կրթական մարմինի անդամներ, վարժարանիս Ծնողաց Յանձնախումբը, թղթակից Օրդ. Թերեզ Մանսուր, ծնողներ, ինչպէս նաեւ Նազարեան եւ Դարուհի-Յովակիմեան վարժարաններու Զ. եւ Է. Կարգի աշակերտները:
Վարժարանին մուտքը՝ Մանկապարտէզէն մինչեւ վերին դասարաններն ու սրահը՝ զարդարուած էին տօնին յատուկ նկարներով, ձեռային աշխատանքներով, եւ ամէնուրեք կը ծածանէին Լիբանանի եւ բանակի դրօշակները:
Յայտագիրին բարի գալուստի եւ բացման խօսքը կատարեց «տիկին Լէյլա Ֆարհաթ: Ան ըսաւ, թէ այսօր հաւաքուած ենք նշելու անկախութեան տօնը եւ մեր ուրախութիւնը կարելի չէ բառերով արտայայտել, որովհետեւ այս տօնը իւրայատուկ տօն մըն է՝ ազգային հպարտութեան եւ արժանապատուութեան տօն։ Ապա, խօսքը ուղղելով բանակի նուագախումբի անդամներուն, ըսաւ,-«Դուք ձեր եղանակներով կ’ազնուացնէք հոգիները եւ կը սերմանէք ազգային գիտակցութեան ոգին», ու աւելցուց, ըսելով, թէ մեր վարժարանէն ներս, մեր աշակերտներուն՝ ուսման եւ գիտելիքներ փոխանցելու կողքին՝ կը շեշտենք նաեւ սէրը հանդէպ հայրենիքին եւ բանակին, մենք կը հաւատանք որ միայն ուսեալ եւ զարգացած սերունդը կրնայ զօրաւոր եւ քաղաքակիրթ հայրենիք կերտել: Իր խօսքի աւարտին՝ան ըսաւ, որ կը խոնարհինք բոլոր նահատակներու յիշատակին առջեւ, որոնք իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի փրկութեան համար:
Բազման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ «Բանակի Քայլերգը» խորագիրով, որմէ ետք նուագախումբը ներկայացուց փունջ մը Լիբանանեան հայրենասիրական ծանօթ նուագներ:
Ապա, Տնօրէնութիւնը բեմ հրաւիրեց Տիկին Սիլվա Լիպարիտեանը, որ յուշանուէրով մը պատուեց բանակի նուագախումբին ղեկավար գնդապետ Սամի Յակոբեանը:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ եւ բեմ բարձրացան Զ. կարգի աշակերտները՝ ներկայացնելու խմբերգ մը եւ գեղեցիկ արաբական պար մը: Ապա, Ը. Կարգէն խումբ մը աշկերտներ, արտասանեցին Ապու Քասէմ Ալշահապիի «Իրատաթ Ալ Հայաթ» բանաստեղծութիւնը: Է․ կարգի աշակերտները հանդէս եկան թատերական ներկայացումով մը: Անոնք ներկայացուցին Ռահպանի եղբայրներուն «يعيش يعيش » թատերգութենէն հատուած մը. Յեղաշրջում մը կը կատարուի «Միրա» կայսրութեան մէջ, կայսրին դէմ, եւ տեղի կ’ունենան բազմաթիւ ցոյցեր ու բողոքներ, բայց դժբախտաբար այս բոլորը պատճառ կը դառնան ժողովուրդին աղքատացման եւ սովամահ ըլլալուն: Յայտագիրին վերջին բաժինը կ’ընդգրկէր տեսերիզ մը՝ նուիրուած Լիբանանին:
Աւարտին, Տնօրէնուհի Տիկին Մարալ Պալեօզեան շնորհակալութիւն յայտնեց նուագախումբի անդամներուն ու ղեկավարներուն եւ ըսաւ, թէ այս տօնը անջնջելի պիտի մնայ մեր աշակերտներուն յիշողութենէն, ապա ծաղկեփունջով մը պատուեց թղթակից Օրդ. Թերեզ Մանսուրը: Այնուհետեւ դրուատեց աշակերտներուն անթերի ներկայացումը եւ Տիկին Լէյլայի անխոնջ աշխատանքը՝ յաջողցնելու սոյն յայտագիրը:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը՝ տրամադրուած վարժարանիս Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ: