Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Անցեալին՝ Այսօր Նոյեմբեր 29

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

«Մենք աւելի զանցառութեամբ կը մեղանչենք, քան՝ գործառնութեամբ»:
Մ. ԱՒՐԸՆԻՈՍ

«Տուիք ինծի սիրտ մը բարի,
Որ մարդկային սիրով խորունկ
Կ’արիւնի.
Աչքեր՝ որոնց ծիրին վրայ
Ծփացող նաւը ներգաղթի
Կ’անհետի»
Ս.Արմէն

Չկայ աւելի նուիրական ու սուրբ խօսք մը քան այն գործառնութիւնը, որ խաղաղութիւն պիտի պատճառէ. այսինքն՝ ցանկալին. եւ սակայն այդ ունի նախապայմանը՝ արդարութիւնը, որ եւս կախեալ է տեսանկիւնէ, մտածողութենէ, հաւատալիքէ, եւ այլ բազմաթիւ պայմաններէ, որպէսզի իրականանայ ցանկալին. բայց ցանկալին կը մնայ ինչպէս որ է. ՑԱՆԿԱԼԻ ու առ այդ մարդկային ամբողջ կարողականութիւնը իր միջազգային կազմակերպութիւններով, քաղաքական, ընկերային, մարդասիրական, կրօնական ձախողած են. պատերազմի ոգին կը մնայ տիրական ու շարունակական աշխարհի զանազան մասերուն:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ: Աւարտ: Գերմանիան եւ իր դաշնակիցները՝ պարտուած:

Մեզի հայերուս համար անկիւնադարձ մը եղաւ.- ՆԵՐԳԱՂԹ:

Աշխարհ երկփեղկուած. Հուսկ՝ «երկաթէ վարագոյր», խորհրդային միութեան կողմէ:  Հակամարտութեան սրում՝ մամուլով եւ այլ միջոցներով, նոյնիսկ՝ եղբայրասպանութեամբ: Իրարու հետ կը մրցէին ե՛ւ վարկաբեկում ե՛ւ փառաբանութիւն, ի հաշիւ Խ. Միութեան, որուն մէկ անդամն էր նաեւ մեր հայրենիքը:

Պատմական անցուդարձներ, ներկայ, կառուցող ու իր զաւակները տուն կանչող՝ Սփիւռք կոչուած անէծքէն:

Ալ. Միասնիկեանի կարգադրութեամբ, Չարենց ունեցաւ եւրոպական շրջագայութիւն, որու ընթացքին տեսակցեցաւ Աւ. Իսահակեանին հետ ու գրեց. «Էլէկիա, գրուած Վենետիկում» Երկարաշունչ քերթուածը, որմէ՝

«Ես պատմում էի նրան, թէ մեր

Երկիրը ի՜նչ է հիմա դառնում

Եւ ի՜նչ ուժեր են հիմա յառնում

Իր երազած այն աշխարհի դէ՛մ:»

Իսկ Աւ. Իսահակեան գրեց «Ռավեննայում» փոքր բայց խորիմաստ քերթուածը, որմէ՝ «Արարատի ծեր կատարին

Դար է եկել, վայրկեանի պէս

Ու անցել

…………..

Հերթը հիմա քոնն է մի պահ,

Դու էլ նայիր սէգ ճակատին

Ու անցիր…» (1926)

Եւ այդ «երկաթէ վարագոյր»ի ետին թէ ինչե՜ր կը պատահէին, ինչե՜ր կը քանդուէին, մարդ հակասական լուրերու մէջ կը կորսուէր: Կը կորսուէր առարկայական իրականութիւնը:

Հայրենիք երթեւեկելը այդքան ալ դիւրին չէր, սակայն Ստալինի մահէն ետք պատահեցաւ ձիւնհալ, եւ անկէ ետք այդ բախտին արժանացողներ ընդհանրապէս գրքոյկով մը կը յայտնէին իրենց ապրումներն ու տեսածները: Ինծի համար շատ յատկանշական է վեր. Յրթ. Հելվաճեանի «Մեր Աշխարհէն» գրքոյկի միտքերը մանաւանդ՝ հետեւեալ քանի մը տողերը.- « Թող ոչ ոք խորհի եւ տրտմի թէ իր վարդը փուշ ունի, այլ ուրախանայ եւ փառք տայ Աստուծոյ, որ իր փուշը վարդ ունի: Խաղաղ տարիներ շատ բան պիտի փոխեն տակաւին Նայիրեան երկրին մէջ»:

Վերջապէս երկիր է, մութ ու լոյս կողմերով. ամէն երկիրներու պէս, առաւել կամ նուազ չափով: Պայմանաւորուած դիտանկիւնը դրական կամ ժխտական, չի կրնար տալ իրական պատկերը եղելութեան, այնպէս ինչպէս որ է: Մասնաւորաբար խորհրդային երկրի ղեկավարութիւնը, որ տակաւին մասնագիտացած չէր լրատուական ձեռնածութեան, ինչպէս արեւմուտքը, ու փակ տուփերու վստահութեամբ կ’ընթանար…

Տակաւին մինչեւ այսօր «գաղտնիքներ» կը բացայայտուին ու դեռ վերջը չ’երեւիր… գուցէ եւ դար մը ետք եւս…

Ու տարիներ թաւալեցան ու փլուզում:

«Հերթը հիմա քոնն է մի պահ»

Ու նայեցաւ ու անցաւ:

Եթէ Հոկտեմբերէն ծնած Նոյեմբեր 29-ով խորհրդայնացած Հայաստանը վերջ կու տար Մայիս 28-ով եւ Թուրքիոյ հովանաւորութեամբ եւ պայմանաւորուածութեամբ Հայաստանին, ապա, Խ. Միութեան փլուզումով սկիզբ կ’առնէր «Ազատ, Անկախ, Հպարտ» Հայաստան մը՝ Սեպտեմբեր 21-էն:

Պատմագէտներու համար ովկեան մը նիւթ:

Ո՞վ անաչառօրէն պիտի դատէ ու հրամցնէ առարկայականօէն ամբողջական իրականութիւնը, երբ կաշկանդուած են միտքերը ու ամրապնդուած, երբ ճշմարիտն ու ճշմարտանմանը իրար կը խաչաձեւեն ու ինչ որ գիրքի մը մէջ կը կարդաս, քեզ կ’առաջնորդէ ուղղութեամբ մը, որ հակոտնեայ է ա՛յլ գրուածքի մէջ եւ նոյնիսկ, կարկառուն օրինակով մը տանք:

Ճոն Կիրակոսեանի «Առաջին Համաշխարհային պատերազմը եւ Արեւմտահայութիւնը» գիրքին 1965-ի տպագրութեան մէջ հայ հեռագիրին պատճէնը, զոր Ա. հանրապետութեան օրերուն ղրկուած է Էնվեր փաշային, Հայաստանի պետութեան կողմէ, Յունիս 17-ին, 1918-ին:

Իսկ նոյն գիրքի վերահրատարակութեան մէջ, 1967, Երեւան, այդ մէկը չ’երեւիր: (հեռագիրը՝ Անդրանիկի չենթարկուիլն է Հայաստանի Հանրապետութեան):

Անհետացեր է…

Ուրեմն կան գտնուող փաստաթուղթեր եւ կան նաեւ անհետացող փաստաթուղթեր … Աստղերու պէս…

Ուրկէ՞ բացարձակ ճշմարտութիւնը:

Փնտռելով չի գտնուիր …բայց պրպտողը կը գտնէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին