Իրաքի Քիւրտիստանի մշակութային մայրաքաղաք Սուլէյմանիի մէջ, Նոյեմբեր 20-23, տեղի ունեցաւ Կալաւէժի 20-րդ փառատօնը, որ նուիրուած էր հայ-քրտական առընչութիւններուն:
Փառատօնին մասնակցող հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աստղիկ Աւետիսեան «Հայերն այսօր»-ին տեղեկացուց, թէ պաշտօնական բացումը վերապահուած էր հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Ատոմ Մխիթարեանին: Փառատօնը տեղի ունեցաւ քաղաքի Թաւար դահլիճին մէջ, ուր ներկայացուած էին հայկական մշակութային ժառանգութեան նմոյշներ` գորգեր եւ տարազ:
Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպանատան կցորդ – հիւպատոս Սմբատ Խաչատրեան, ողջունելով փառատօնի կազմակերպիչները եւ մասնակիցները՝ կարեւոր համարած է մշակութային կապերու ամրապնդումը, ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան կամուրջներու կառուցումը: Ան յատկապէս կարեւոր համարած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկման իրականացումը: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ քրտական համայնքին` Սմբատ Խաչատրեան նշած է, որ անոնք հայկական հասարակութեան լիիրաւ անդամ են` սեփական լեզուն, կրօնը, մշակոյթը եւ աւանդոյթները պահպանելու սահմանադրօրէն ամրագրուած իրաւունքներով: Ծրագիրին մէջ մէկ օր նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան թեմային, որ կը վարէր լրագրող, քաղաքական մեկնաբան Հեմն Մամրաշը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեան ներկայացուցած է օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական բնակչութեան կարգավիճակին խնդիրը, ինչպէս նաեւ թրքական իշխանութիւններու դիրքորոշման քաղաքականութեան շարունակականութիւնը այդ հարցով: Ներկայացուած է նաեւ բանթուրքիզմի քաղաքականութեան յառաջացումը, որ միախառնուելով սեփական ստորադաս քաղաքականութիւնը փոխելու հայերու ձգտման հակադարձելու զգացման հետ յանգեցուցած է ցեղասպանութեան իրականացման գաղափարին: Սուրէն Մանուկեան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան իրականացման փուլերուն եւ հետեւանքներուն: Ան շեշտած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն հայոց պատմութեան դրուագ չէ, այլ՝ մարդկութեան պատմութեան մաս: Այդ առումով նիւթի բարձրաձայնումը, քննարկումը, Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը անհրաժեշտ է ապագային ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարելու տեսակէտէն: ԵՊՀ հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի հայ- քրտական առընչութիւններու բաժինի վարիչ Վահրամ Պետրոսեան ներկայացուցած է հայ-քրտական յարաբերութիւններու հիմնական փուլերը` առկայ հիմնախնդիրներն ու համագործակցութեան ներուժը: Առանձնայատուկ կարեւորութիւն տրուած է Հայաստան /ՀՀ, ԼՂՀ/ – Իրաքի Քիւրտիստանի /ԻՔ/ ինքնավարութիւն յարաբերութիւններուն: Բանախօսը յոյս յայտնած է, որ Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութիւնը իր նպաստը կը բերէ ոչ միայն Իրաքի Քիւրտիստանի, այլ Իրաքի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման բանաձեւի ընդունման: Զեկուցողը առանձնայատուկ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի քրտական համայնքին` նշելով Հայաստանի դերը քրտական մշակոյթի եւ կրթութեան զարգացման գործին մէջ: Վահրամ Պետրոսեան դիտարկած է հայ-քրտական յարաբերութիւնները տարածաշրջանային զարգացումներու եւ Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւններու ծիրէն ներս ` ներկայացնելով ՀՀ-Իրաք յարաբերութիւններու հնարաւոր զարգացումներու յատակագիծները:
Հայկական պատուիրակութեան ղեկավար, Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք ձեւաւորուած Սփիւռքին, ատոր կառուցուածքային զարգացման: Նշուած է, որ հայկական Սփիւռքը մեծ ազդեցութիւն ունի Հայաստանի տնտեսութեան, քաղաքականութեան, կեանքի միւս բնագաւառներուն վրայ եւ կը հանդիսանայ անոր կարեւոր շարունակութիւնը: Ատոմ Մխիթարեան ընդգծած է սփիւռքեան կառոյցներու դերը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ազգային խնդիրներու, ներառեալ եւ Մեծ Եղեռնի ճանաչման հարցի բարձրացման գործին մէջ եւ կոչ ըրած միջազգային մակարդակի բարձրացնել հայ-քրտական գործակցութիւնը` տարբեր երկիրներու մէջ աջակցելով մէկզմէկ նախաձեռնութիւններուն: Ան մէջբերած է քիւրտ քաղաքական գործիչ Տէմիրթաշի խօսքէն, ուր Թուրքիոյ կոչ կ’ըլլայ հաշտուելու պատմութեան հետ եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այդ հարցով պէտք չէ յապաղին նաեւ Քիւրտիստանի ինքնավարութիւնն ու Իրաքը:
Այս առնչութեամբ ելոյթ ունեցած են նաեւ քիւրտ փորձագէտներ, որմէ ետք ծաւալուած է թէժ քննարկում:
Հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Աստղիկ Աւետիսեանի տեղեկացմամբ` քիւրտ մասնագէտները բոլորովին չէին ժխտեր, որ քիւրտերը մասնակցութիւն ունեցած են ցեղասպանութեան իրագործման, բայց, միաժամանակ, ակնածանքով յոյս կը յայտնէին, որ քսաներորդ դարու արհաւիրքը չի կրնար խոչընդոտ հանդիսանալ այսօր հայ-քրտական յարաբերութիւններու բարելաւման: «Եւ, այստեղ է, որ պէտք է կարեւորուի ժողովրդական դիւանագիտութիւնը, որուն կրնան նպաստել քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, գիտնականները, մշակութային գործիչները: Համապատասխան գրագէտ աշխատանքի արդիւնքով քիւրտերը պատրաստ են ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- տեղեկացուց Աստղիկ Աւետիսեան:
Ծրագիրի միւս հատուածին մէջ Հանրային ռատիոյի Քրտերէն բաժինի խմբագիր Տիտալ Չօլոյեան անդրադարձած է քրտական հաղորդման առանձնայատկութեան եւ Հայաստանի մէջ քրտական համայնքի խնդիրներուն ու հնարաւորութիւններուն: Տէրեան մշակութային կեդրոնին կողմէ ստեղծուած տարազներն ու գորգերու նախագիծերը ներկայացուած էին առանձին տաղաւարով: Կեդրոնի փոխտնօրէն Նաիրա Մխիթարեան ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած գորգը, ատոր խորհուրդը, իսկ հայկական ազգային տարազը կրող երիտասարդներն այս օրերուն դարձած էին յայտնի` փառատօնի բոլոր մասնակիցները անոնց հետ կը լուսանկարուէին եւ կը տարածէին ընկերային ցանցերուն մէջ: Հայ-քրտական բարեկամութիւն ՀԿ համանախագահ Նազինէ Խալաֆեան փառատօնի մասնակիցներուն ներկայացուցած է Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ձեռքբերումները:
Կալաւէժ մշակութային փառատօնին կը մասնակցէին տեղի քաղաքական եւ մշակութային յայտնի գործիչներ` ԻՔ փոխվարչապետը, Իրաքի բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի նախարարները, Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան գործադիր մարմինի ղեկավարը, ինչպէս նաեւ քիւրտ մտաւորականութեան ազդեցիկ ներկայացուցիչներ: