Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Ունեցիր Քու Սեփական Այգիդ Արցախի Մէջ Garayan’s Gardens Trust-ի Հետաքրքրական Նախաձեռնութիւնը

Հարցազրոյցը վարեց՝ ՄԱՐԻՆԷ ՀԱՅՐԻԵԱՆ

  • Այսօրուան մեր զրուցակիցը՝ Արցախի Այգիներու Հիմնադրման ծրագիրի տնօրէն Սերկէյ Ղարայեանն է: Հարցազրոյցը ծրագիրին իրականացման ու իրագործման գործընթացին շուրջ է:

Բարեւ Ձեզ, պարոն Ղարայեան: Ընդհանրական քանի մը խօսք ծրագիրին մասին…:

– Նախ ըսեմ, որ ծրագիրը շատ իւրայատուկ է: Նման ծառայութիւններու տրամադրում եւ ծրագիրներու իրականացում մեր երկրին մէջ դեռ չէ եղած:

Ծրագիրը կը գործէ արդէն 3 տարիէ ի վեր: Հաստատ կրնամ ըսել, որ ծրագիրին զարգացման գործընթացը շատ կարեւոր դեր կը խաղայ ամբողջ հայութեան համար, քանի որ անմիջական կապ  կը ստեղծէ բոլոր հայերուն միջեւ, ճիշդ իրենց հայրենի հողին վրայ: Բոլոր հայերուն հնարաւորութիւն կը տրուի՝ շատ մատչելի պայմաններով՝ հայրենիքի մէջ այգի ունենալու:

Եւ ինչի՞ մէջ կը կայանայ ծրագիրին առանձնայատկութիւնը այս առումով: Չ՞է որ իւրաքանչիւր հայ ցանկութեան եւ հնարաւորութեան պարագային կրնայ հիմնադրել այգի հայրենիքի մէջ:

– Անշուշտ: Եւ ատիկա շատ տրամաբանական հարց է: Խօսինք ուրեմն ճիշդ ծրագիրին առանձնայատկութիւններուն մասին.

Դուք նշեցիք, թէ ամէն հայ կրնայ ունենալ այգի՝ հնարաւորութեան պարագային…

Պահ մը մտածենք, թէ հայրենիքէն դուրս ապրող քանի՞ հայ հայրենիքի մէջ հնարաւորութիւն ունի այգի ունենալու: Կը կարծեմ շատ քիչերը, եթէ չըսեմ՝ բացառիկ մարդիկ:

Թուարկեմ, թէ ինչ գործողութիւններ պէտք է կատարէ ԱՄՆ-ի, Ռուսիոյ, Եւրոպայի մէջ կամ ընդհանրապէս Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս բնակող անձը՝ Արցախի մէջ այգի ունենալու համար:

Ան պէտք է գտնէ համապատասխան հողատարածք, գնէ տնկիներ, մշակէ այդ հողը, լուծէ բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք առկայ են այգեգործութեան մէջ`սկսած խնամքէն մինչեւ այգիի ապահով պահպանումը:

Այս ամէնը կատարելու համար անհրաժեշտ է ապահովել անմիջական մասնակցութիւն եւ կատարել բաւական զգալի ներդրումներ, քանի որ փոքրիկ այգին՝ այս պարագային չի կրնար եկամուտ ապահովել եւ կը պահանջէ բաւական մեծ ներդրումներ, նոյնիսկ նուազագոյն սկզբնական եկամուտ բերող այգի ունենալու համար:

Ուստի, զարմանալի չէ, որ ցանկութիւն ունենալով հանդերձ, համասփիւռ մեր հայրենակիցներէն շատ քիչեր այգի ունին հայրենիքի մէջ:

Հիմա պատկերացուցէք իրավիճակ մը, երբ դուք ամիսը մէկ կամ քանի մը ամիս անգամ մը կը փոխանցէք խորհրդանշական գումար, անմիջապէս չէք մասնակցիր այդ բոլոր փաստաթղթային շրջանառութեան հետ կապուած վազվզուքներուն, եւ այդ բոլորին հետ համատեղ կ’ունենաք այգի, որ մշտական խնամքի տակ է եւ եկամուտ կ’ապահովէ ձեզի յետագային, իսկ  կորուստի հաւանականութեան կառավարումը աննախադէպ բարձր մակարդակի վրայ է:

  • Հիանալի է, իսկ ի՞նչ գումարներու մասին է խօսքը:
  • Համագործակցութեան հիմունքները թոյլ կու տան առաջարկել այգիներ՝ սկսած $20 ամերիկեան տոլարի ամսավճարէն մէկ բաժինի դիմաց: Առանձին ծրագիրներ ունինք նաեւ, ուր հնարաւոր է կատարել ընդհամէնը $10 ամսավճար:
  • Իսկ տարածութեան ի՞նչ չափերու այգի կարելի է ունենալ:
  • Վճարելով ամսական $20 պատուիրատուն /այգետէրը/ կրնայ ունենալ 1000մ2 պտղատու այգի: Սակայն, հաշուի առնելով, որ այս ծրագիրը նաեւ նպատակ ունի եկամուտ ապահովելու, ուստի նպատակայարմար է, հնարաւորութեան պարագային, շատ աւելի մեծ այգի ունենալ: Այս մէկը կախուած է իւրաքանչիւր պատուիրատուի ցանկութենէն:
  • Եթէ ճիշդ հասկցած եմ, ապրելով շատ հեռու հայրենիքէն, բաւական է կատարել պատուէր եւ վճարելով ամսական ընդամէնը $20 ունենալ այգի:
  • Այո. Եթէ մանրամասնութիւնները չըսեմ՝ դուք հնարաւորութիւն ունիք նոյնիսկ չնչին գումար վճարելու ամսական դրութեամբ եւ ունենալու առնուազն 1000մ2 այգի:
  • Երեւակայական առաջարկ կը թուի ըլլալ, դուք ալ այդպէս չէ՞ք կարծեր:
  • Ոչ. Կը կարծեմ, որ ասիկա ընդամէնը ճիշդ հաշուարկներու եւ կազմակերպչական աշխատանքի արդիւնք է:
  • Հայրենիքի մէջ այգի ունենալու ցանկութիւնը վերագրենք հայրենասիրական ցանկութիւններուն, իսկ ձեր կարծիքով ինչքանո՞վ ծրագիրը կարեւոր է ընկերային-տնտեսական տեսանկիւնէն:
  • Կը Կարծեմ ակնյայտ է, որ մեր ազգային անվտանգութեան, տնտեսական ու պետական զարգացման առումով առաջնահերթ քայլերէն է արտագաղթի կանխման, հայրենակիցներու վերադարձի եւ տնտեսական համակարգի զարգացմումը, որ մեր հայրենակիցներուն համար պէտք է ապահովէ արժանի կեանք: Այգիներու Հիմնադրման ծրագիրը Արցախի մէջ ճիշդ այն ծրագիրն է, որ կրնայ այս կամ այն չափով ապահովել պայմաններ սփիւռքայութեան հետ ճիշդ համագործակցութեան պարագային: Ասիկա կ’ապահովէ իրատեսական արդիւնքներ՝ տեսանելի եւ շօշափելի: Այս ծրագիրը կարելի է համարել ե՛ւ բարեգործական, ե՛ւ գործնական:

Բարեգործական այն առումով, որ աշխատանքի հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ երիտասարդներուն, որոնք ներգրաւուած են գիւղամթերք աճեցնելու եւ վերամշակելու գործընթացին:

Գործնական, քանի որ բոլոր կողմերը նպատակ ունին ապահովելու եկամուտ/շահոյթ ե՛ւ ներդրողին/այգետիրոջը, ե՛ւ այգիի հիմնադրումն ու խնամքը կազմակերպող ընկերութեան կամ անձին ե՛ւ պետութեան, բնականաբար:

  • Իսկ ի՞նչ տնտեսական հաշուարկներ կամ հիմնաւորումներ ունիք այս ծրագիրին եկամտաբերութեան վերաբերող:
  • 3 տարի անց՝ ներդրուած գումարներու համեմատ դրամագլուխին աճը կը կազմէ մօտ 61%. այսինքն, եթէ նոյնիսկ այգետէրը, 3 տարի անց, ցանկանայ վաճառել այգին, ան արդէն կ’ունենայ բարձր շահոյթ: Իսկ տարեկան եկամուտը կը կազմէ մօտ 39-43% զուտ շահոյթ, սակայն, եթէ կազմակերպուի նաեւ յետագայ վերամշակումը՝ եկամտաբերութիւնը կ’ունենայ զգալի աճ:
  • Կրնա՞ք պարզաբանել, թէ ինչ պարտաւորութիւններ եւ յարաբերութիւններ կ«ունենան կողմերը:
  • Այո, հարկաւ:

Պատուիրատուի/ապագայ այգետէր /եւ կազմակերպիչի/ այգիի հիմնադիր եւ խնամակալ/ միջեւ յարաբերութիւնները կը սկսին ճիշդ այն պահէն, երբ բանաւոր յայտ կը ներկայացուի պատուիրատուի կողմէն այգի ունենալու ցանկութեամբ:

Այնուհետեւ, կազմակերպիչը`Garayan’s Gardens Trust-ը, կը նշանակէ տուեալ այգիին գործերով զբաղող պատասխանատու անձ /agent/, որ կը կազմակերպէ ամբողջ գործընթացը: Տուեալ պարագային միակ գործակալը կը հանդիսանամ ես, սակայն ծրագիրին ծաւալման զուգընթաց կը պատրաստուին մասնագէտներ: Ասիկա շատ կարեւոր հանգամանք է, որուն մենք կը մօտենանք ուշադրութեամբ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ: Այդ մասնագէտները միաւորուած կ’ըլլան Garayan’s Gardens Trust-ին շուրջ: Ասիկա կամաւոր համագործակցութեան շարժում է եւ բոլոր կողմերը այսպիսով կը ստանան եկամտաբեր աշխատանք եւ ծրագիրի ընդհանուր ապահովագրում:

Յաջորդ քայլը, այդ ապագայ այգիին համար հողատարածքի վարձակալութիւնն է 25 տարի ժամկէտով՝ վարձակալութեան ժամկէտի յետաձգման կամ սեփականաշնորհման իրաւունքով:  Ատոր համար կը պահանջուի պատուիրատուի կողմէն ուղարկուած լիազօրագիրը կամ անոր անմիջական ներկայութիւնը, որ յաճախ հնարաւոր չէ: Սակայն, պատուիրատուն կրնայ ինքնուրոյն գտնել հողատարածքի իր ուզած տեղը, վարձակալել կամ սեփականաշնորհել ու յետոյ բանակցիլ մեզի հետ՝ այնտեղ այգի հիմնելու վերաբերեալ: Սակայն, նախընտրելի է, անշուշտ, որ գործընթացը սկիզբէն ամբողջովին մեր հսկողութեան տակ ըլլայ, որպէսզի անիկա յետագային չբերէ ծառայութիւններու գիներու աճ կամ որոշակի կորուստներու հաւնականութեան առաջացում, որոնք մեր կողմէն վերահսկելի չեն ըլլար:

Ստանալով հողին վկայագիրը՝ պատուիրատուն ընդամէնը պիտի շարունակէ յետագային կատարել վճարումներ՝ յարմար ժամանակացոյցով եւ ստանալ հաշուետուութիւններ այգիի առկայ վիճակին մասին:

Ծառայութիւնները, ըստ պայմանագիրին, կը կատարուին 3 տարի, այնուհետեւ պատուիրատուն ինքը կ’որոշէ, թէ որուն կը յանձնարարէ այգիին յետագայ խնամքը, քանի որ բերքատու այգիի խնամքի պայմանները քիչ մը տարբեր կ’ըլլան: Սակայն, պէտք է նկատի առնել այն հանգամանքը, որ ըստ պայմանագիրին՝ պատուիրատուն իրաւունք ունի նաեւ ընթացքին հրաժարելու մեր ծառայութիւններէն եւ համարէ, որ մեր աշխատաոճը վնասակար է այգիին համար կամ մեր կողմէն կը խախտուին համաձայնութիւնները:

  • Փաստօրէն, եթէ ճիշդ հասցայ, այգի ունենալու համար բաւական է ընդամէնը ուղարկել լիազօրագիր, մօտ $100/հողի փաստաթուղթերու ձեւակերպման համար/ եւ ամէն ամիս վճարել  $20՝ 1000մ2 այգիի դիմաց:
  • Այո, բացի այն դէպքերէն, երբ մէկ անձը կը պատուիրէ 10 եւ աւելի բաժին, այսինքն այգին կ’ըլլայ 1 հեկտար /10 000մ2 կամ մօտ 2.5 ակր/: Տուեալ պարագային, փաստաթուղթերուն համար վճարուած գումարը, բոլոր ձեւակերպումներէն յետոյ, կը վերադարձուի պատուիրատուին յետագայ վճարումներու ժամանակ, այսինքն՝ փաստաթուղթերու ձեւաւորման հետ կապուած ծախսերը մենք կը կատարենք մեր հանրապետութեան մէջ:
  • Ո՞ր փուլին մէջ կը գտնուի այժմ ծրագիրը:

– Այս փուլին մենք ընտրած ենք երկու տեսակ աճեցման համար թուզ եւ կաղին: Ասիկա պայմանաւորուած է `

ա) այն մրգատեսակներու ներուժին հետ, որ մեզի թոյլ կու տայ աճեցնել ըստ միջավայրի մաքուր եւ առողջ սնունդ: Մեզի համար, առանց քիմիական մշակումներու արտադրութիւնը, սկզբունքային եւ պատուոյ հարց է: Չէ որ այգետէրը կրնայ ամէն տարի այցելել իր հայրենիքին մէջ գտնուող այգին՝ սեփական արտադրանքի միրգերը համտեսելու համար, նաեւ հիւրասիրելու ընտանիքին կամ բարեկամներուն: Եւ այս առումով բաւական անտրամաբանական կ’ըլլայ աճեցնել միրգեր, որոնք կ’ունենան բազմաթիւ քիմիական մշակումներու կարիք:

բ) Հաշուի առնուած է այդ միրգերուն ռազմագիտական նշանակութիւնը,  վերամշակման եւ արտահանման հնարաւորութիւնները:

Բնականաբար, ասիկա չի բացառեր այլ պտղատու ծառերու աճեցումը ծրագիրին ընթացքին, եթէ ըլլան յարմար հանգամանքներ եւ պատուիրատուին հետ համաձայնութեան ձեռքբերում:

Այժմ մեր ընկերակցութիւնը ունի չորս պատուիրատու.

Արսէն Գրիգորեան /Պոսթըն, ԱՄՆ/ եւ Միքայէլ Մելքումովը /Մոսկուա, Ռուսիա/ ունին իւրաքանչիւրը 8 500մ2  կաղինի այգի /այսպիսով մենք կը սպասարկենք ամենախոշոր կաղինի այգիներէն մէկը Արցախի մէջ 17 000մ2/,  Էլլա Մանուչարեանը /Անապա, Ռուսիա/, որ պատուիրած է 1000 մ2 այգի եւ այժմ կը պատրաստեն փաստաթուղթերը եւ Յարութ Չերքեզեանը /լիբանանահայ է, սակայն այժմ կը բնակի Պերլին, Գերմանիա/, որ կը հանդիսանայ այս պահուն մեր ամենախոշոր պատուիրատուն՝ 10 000մ2 այգիի պատուէրով:

Այսպիսով, հիմնադրուած եւ խնամուող այգիներուն մակերեսը կը կազմէ 17 000 մ2, փաստաթղթային փուլի մէջ գտնուող պատուէրները 1000մ2 եւ այգիի հիմնադրման փուլի մէջ գտնուող պատուէրները 10 000մ2:  Ընդհանուր պատուէրներուն ծաւալը մեր 28 000մ2 կաղինի եւ թուզի այգիներն են:

Մեր տրամադրութեան տակ եւ պատուիրատուներուն տրամադրուած հողակտորներուն ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ. Գիւղ Հարաւ – մօտ 20 000մ2, գիւղ Բերքաձոր – 32 000մ2, Ակնա /նախքին Աղդամ/ 25 000մ2.

Garayan’s Gardens Trust–ի հսկողութեան տակ կը գտնուին այսպիսով 77 000մ2 հող ներառեալ 28 000մ2 այգիի պատուէրով: Բնականաբար, այժմ մենք միայն ներդրումներ կը կատարենք մեր ծրագիրին լայնացման եւ ամրապնդման  նպատակով, քանի որ բոլոր ներդրումները այգին հիմնելու եւ խնամելու հետ կապուած կը կատարուին մեր կողմէն` սկսած հիմնական ներդրումներէն մինչեւ ամենափոքր ընթացիկ ծախսերով՝ ցանկապատ, ջրամատակարարում, վար ու ցանք, տնկիներու ձեռքբերում, հողի պարարտացում, ծառերու խնամք, վարձավճար, հողային այլ տեսակի աշխատանքներ, այգիի պահակութիւնը եւ բոլոր տեսակի աշխատավարձերը:

Նաեւ ունինք մեր տրամադրութեան տակ քարշակ, ջրհան եւ այլ անհրաժեշտ գործիքներ:

Միւս կարեւոր հանգամանքը, որ նոյնպէս բաւական ծախս կը պահանջէ մեզմէ, այդ կորուստի հաւանականութեան բարձր ապահովագրումն է:

Նաեւ մենք շատ կարեւոր կը համարենք նոր, յարմարաւէտ տարածքներու ձեռքբերումը եւ ապագայ մասնագէտներու /agent/ պատրաստումը, որուն նպատակով կ’ուսումնասիրենք հողային շուկան եւ դասընթացներ ու գործնական դասընթացներ կը կազմակերպենք երիտասարդ մասնագէտներու համար:

  • Դուք նշեցիք, որ մեծ ջանքեր կը ներդնէք ծրագիրին վնասներու հաւանականութիւնը առաւելագոյնս ապահովագրելու պատուիրատուին համար: Իսկ ինչի՞ մէջ կը կայանայ ձեր վնասին կառավարումը:
  •  Վնասներու հաւանականութեան պատշաճ կառավարումը՝ ծրագիրին արդիւնաւէտ համակարգերու ստեղծման կարեւորագոյն նպատակներէն է։

Վնասներու կառավարման գործընթացը կ’իրականացուի հետեւեալ փուլերով.

  1. Առողջական վտանգի հաւանականութիւն.
  2. Այգիի վնասուածքներ ստանալու վտանգի հաւանականութիւն.
  3. Կլիմայական վտանգի հաւանականութիւն.
  4. Շուկայական վտանգի հաւանականութիւն.

 

  1. Առողջական վտանգ հաւանականութիւն.

Առողջական վտանգի հաւանականութիւն հասկացութիւնը կը ներառէ ծրագիրի կազմակերպիչին եւ իրականացնողին /Sergey Garayan/ առողջական խնդիրներ ունենալու հանգամանքները` ծրագիրին իրականացման այս կամ այն փուլին:

Առողջական վտանգի հաւանականութիւնը` ներդրողի եւ ապագայ այգետիրոջ համար ամենաքիչ վտանգաւորն է եւ ահա թէ ինչու.

  • Այգին կը հիմնադրուի քանի մը ամիսներու ընթացքին եւ վկայագիրով արդէն փաստացի կը պատկանի պատուիրատուին:
  • Բոլոր նիւթերը, որոնք կ’օգտագործուին այգին հիմնելու համար, կազմակերպող կողմը /Sergey Garayan-ը/ կը կատարէ իր սեփական կամ վարկային միջոցներով: Եւ հետեւաբար բոլոր պարտաւորութիւնները եւ վնասները՝ առողջական խնդիրներու պարագային կը կրէ ճիշդ կազմակերպիչը, իսկ պատուիրատուն կ’ունենայ այգին հիմնադրուած վիճակի մէջ՝ առաւելագոյնը 6 ամսուան ընթացքին եւ վնասներու հաւանականութիւնը կախուած են միայն այդ ժամանակահատուածին ներդրած գումարներուն հետ:

Օրինակ, Դուք պատուիրած էք այգի, մէկ բաժին – 1000 մ2` ամսական վճարը- $20: Այգին պատրաստ կ’ըլլայ /օրինակ/ 6 ամիսէն` ներառեալ վկայագիրին ստացումը: Հետեւաբար առաւելագոյն ձեր վնասի հաւանականութիւնը կը կազմէ մօտ $100, այն պարագային, երբ ծրագիրին պատասխանատուն այդ պահուն այգին հիմնադրելու համար ծախսած կ’ըլլայ քանի մը հարիւր տոլար միայն ձեր բաժինին վրայ, քանի որ պատրաստ այգիին ծախսերը /ներդրումները շատ աւելի շատ են քան վճարուած $100-ը, իսկ հաշուի առնելով, որ ծրագիրը կ’իրականացուի առնուազն 10 բաժիններ պատուիրելու պարագային, թէկուզ տարբեր մասնակիցներու կողմէն, ուստի ակնյայտ կը դառնայ, որ կազմակերպիչին կատարած ծախսը այդ պահուն կը կազմէ քանի մը հազար տոլար: Այսպիսով՝ առողջական վտանգին հաւանականութեան ապահովագրումը եւ յետնորդի ապահովումը այս ծրագիրին մէջ կը մնան ծրագիրի կազմակերպիչին վրայ:

Ուրեմն, պատկերացնենք, թե ի՞նչ կ’ըլլայ այդ պարագային: Քանի որ, դուք հնարաւորութիւն կ’ունենաք ժամանակացոյցով հետեւելու նախատեսուած աշխատանքներուն, ուստի, նոյնիսկ ցանկութեան պարագային, հնարաւոր չէ թաքցնել ձեզմէ, թէ ինչ յաճախականութեամբ  այցելութիւններ կը կատարեն այգի: Եւ պատկերացնենք, որ որոշ ժամանակ այգին չի խնամուի, թէպէտ եւ նախատեսուած է հաստատուած ժամանակացոյցով եւ լրացուցիչ փոփոխութիւններ չեն եղած: Առաջին բանը որ կ’ընէք, բնականաբար, կը փորձէք կապուիլ կազմակերպիչին հետ եւ տեղեկանալ, թէ ինչ է խնդիրը: Եթէ կարելի չէ կապուիլ կազմակերպիչին հետ որեւէ կերպով՝ այգետէրը կրնայ կապուիլ յետնորդներուն հետ եւ պարզաբանումներ ստանալ, իսկ եթէ պարզուի, որ կազմակերպիչին առողջական վիճակը թոյլ չի տար կազմակերպել այգիին խնամքը, ուստի յետնորդները կը կազմակերպեն այս ամէնը: Յետնորդներէն մէկը կ’ըլլայ համայնքապետ, որ կը գտնէ աշխատող եւ կը կազմակերպէ աշխատանքները նոյն վճարով:

Ուստի ծրագիրը կապուած չէ կազմակերպիչին առողջութեան հետ, քանի որ միշտ կրնաք փոխարինել զայն այլ աշխատողի հետ:

  1. Այգիի վնասուածքներ ստանալու վտանգի հաւանականութիւնը

Տնկիները առաջին /3-4/ տարիներուն ոչ միայն խնամքի՝ այլ նաեւ պահպանութեան կարիք ունին: Այդ պատճառով, ապագայ այգիին տարածքը՝ նախ եւ առաջ՝ կը ցանկապատուի: Ցանկապատին վնասուածքներուն պարագային, վերանորոգումը նոյնպէս կը կազմակերպէ կազմակերպիչը՝ իր միջոցներով: Եթէ, որեւէ կերպ, տնկիները մեքենական վնասուածք ստանան եւ վերականգման ենթակայ չեն, ուստի տնկարանէն կը բերուի նոր տնկի, որ աճեցուած է /փակ արմատով/ այնպէս, որ կարելի է զայն տեղադրել հողի մէջ տարուան որեւէ ժամանակ: Այն տնկին, որ կը փոխարինէ վնասուածը՝ կ’ունենայ նոյն հասակը, որ թոյլ կու տայ պահպանել բոլոր պայմանաւորուած ժամկէտները այգիի շահագործման հետ կապուած: Կազմակերպուած ու ժամանակին կատարուած խնամքը թոյլ կու տայ նաեւ պահպանել այգին հրդեհներէն եւ այլ տեսակի վնասներու վտանգէն:

  1. Կլիմայական վտանգի հաւանականութիւնը

Այգեգործութեան մէջ վտանգաւոր երեւոյթներէն են կլիմայական պայմաններու անբարենպաստ եւ անսպասելի երեւոյթները:

Արցախի տարածքին մէջ այգեգործներուն /այգիներուն/ վնաս պատճառող կլիմայական երեւույթներէն են – ցրտահարութիւնը, կարկտահարութիւնը եւ երաշտը:

Ծրագիրը կազմելու ժամանակ՝ հաշուի առնուած են այս բոլոր երեւոյթները: Եւ այս առումով՝ համարձակ կարելի է համարել այս ծրագիրը իբրեւ ամենաբարձր վտանգներու հաւանականութեան կառավարմամբ ծրագիր:

  • Նախ ինչպէ՞ս ընտրեցինք, իբրեւ աճեցման տեսակ՝ թուզը:
  • Թզենիի վերամշակումը չի պահանջեր քիմիական ծանր նիւթերու կիրառում եւ ստացած պտուղները ըստ միջավայրի շատ մաքուր են եւ ունին բարձր արժէք, իբրեւ որակեալ եւ օգտակար ապրանք, թուզը բաւական բարձր սննդարար արժէք ունեցող միրգ է, դիւրին վերամշակուող է եւ դիւրին կը գտնէ իր տեղը շուկայի մէջ, թզենիի բերքի ձեւաւորուելու շրջանը հնարաւորութիւն կու տայ խուսափելու յետադարձ գարնանային ցրտահարութիւններէն եւ կարկտահարութենէն, թզենիի կառուցուածքը թոյլ  կու տայ ձեւաւորել ծառը այնպէս, որ հնարաւոր ըլլայ պաշտպանել զայն նաեւ ձմեռնային ցրտահարութենէն, թզենին շատ դիմացկուն է երաշտի եւ սակաւաջրութեան նկատմամբ։

Այս ամէնէն բացի, իւրաքանչիւր տեսակի վնասուածք ստանալուն՝ թզենին դիւրին կը վերականգնուի եւ կը մտնէ բերքատուութեան մէջ նոյնիսկ նոյն տարին: Այս բոլոր հանգամանքները շատ կարեւոր առաւելութիւններ կու տան մեր բնակլիմայական պայմաններուն մէջ:

  1. Շուկայական վտանգներու հաւանականութիւնը

Այս վտանգին հաւանականութեան տեսակը բաւական դժուար վերահսկելի է: Նշեմ, որ այս ծրագիրով հիմնուող թզենիի այգիները կ’ըլլան առաջինը Արցախի մէջ եւ այս պահուն միակը: Թուզը ունի միջին մակարդակի իրացուելիութիւն, սակայն թուզը կարելի է ներկայացնել լայն տեսականիով, օրինակ՝ սեղանային տեսակները կը վաճարուին այն ժամանակ, երբ գիները բարձր են եւ կ’օգտագործուին սպառողներու կողմէն թարմ վիճակի մէջ, իսկ վերամշակման համար նախատեսուած տեսակները կա՛մ կը վաճառուին վերամշակող ընկերութիւններուն, կա՛մ սեփական արտադրութեան միջոցով կը չորցուին եւ կը վաճառուին իբրեւ չիր:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Կազմակերպող կողմը /Sergey Garayan/Garayan’s Gardens Trust/ ունի նաեւ պահուստային հողեր, որոնց վրայ զուգահեռ հիմնադրուող հիմնական այգին կը հիմնադրուի նաեւ պահուստային այգի, որ կը մնայ ընկերակցութեան պատկանելիութեան տակ եւ կը հիմնադրուի ու կը խնամուի բացարձակապես ընկերակցութեան գումարներով:

Սակայն, եթէ պայմանագիրին ժամկէտը վերջանալուն պէս, որեւէ պատճառներով այգին բերք չի տար /կլիմայական, հողային, վնասուածքներ ստանալու կամ այլ պատճառներով/ եւ  ատիկա ուղղելի չէ, ուստի այգետիրոջ կը տրամադրուի՝ ըստ իր ցանկութեան՝ պահուստային այգիներէն որեւէ մէկը նոյն չափերով:

 

-Ի՞նչ կը ներկայացնէ այս ծրագիրը եւ ինչպէ՞ս առաջացաւ այս ծրագիրին մտայղացումը:

Ինչպէս եւ շատ երիտասարդներ՝ յայտնուելով բարդ տնտեսական վիճակի մէջ՝ կանգնած էի բարդ ընտրութեան առջեւ, կա՛մ պէտք էր լրացուցիչ եկամուտ ապահովել, կա՛մ, վատագոյն պարագային, արտագաղթել: Այն ժամանակ արդէն կը փորձէի զբաղիլ այգեգործութեամբ, սակայն ատիկա կը պահանջէր բաւական ներդրումներ, որոնք վեր էին իմ հնարաւորութիւններէս եւ հողս պարապուրդի մատնուած էր: Ծրագիր մը փորձեցի իրականացնել (բաւական յաջող զարգացող ճագարաբուծական տնտեսութիւն ունէի, որ առաջատարներէն էր Արցախի մէջ), սակայն ստիպուած էի փակել այդ ծրագիրը, քանի որ տնտեսութիւնս՝ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ յայտնուեցաւ տնտեսական բարդ վիճակի մէջ, նոյնիսկ երբ այգեգործութիւնը, ի դէպ, շատ աւելի պաշտպանուած է միւս ճիւղերէն:

Ստիպուած էի փնտռել լրացուցիչ աշխատանք, քանի որ արտագաղթելու միտքը սարսափելի էր ինծի համար: Այսպէս, ժամանակ մը ետք, գտայ լրացուցիչ գիշերային աշխատանք, եւ, քանի որ, դեռ իմ ծրագիրը շատ չէ ծաւալած, ես կը համատեղեմ այս բոլոր աշխատանքները: Փաստօրէն աշխատանքի եմ միջինը օրը 16 ժամ եւ ազատ ժամանակս գրեթէ ամբողջովին կը տրամադրեմ իմ ծրագրին: Սակայն, կը կարծեմ, որ միւս տարի, արդէն պիտի կարենամ զբաղիլ մասնաւորապէս այս ծրագիրով, քանի որ պատուէրները արդէն կ՝արտօնեն ատիկա։ Շատ կ’ուզէի, որ, զարգացնելով այս ծրագիրը, հնարաւորինս շատ երիտասարդներ կապեմ հողին, չէ՞ որ ընդամէնը 2-3 հեկտար պատուէր ստանալու պարագային, մեր Trust-ը կը կարենայ ապահովել երիտասարդ  ընտանիք մը՝ բաւական լաւ եկամուտով, որ անոր, բնականաբար, պիտի պահէ մեր երկրին մէջ: Փաստօրէն, պիտի շահին բոլորը:

-Ովքե՞ր են այս ծրագիրին խմբակիցներն ու իրագործողները:

Անմիջական կատարողը ես եմ: Ընթացիկ աշխատանքներուն բնականաբար կը ներգրաւուին տարբեր մասնագէտներ եւ աշխատողներ: Ծաւալելու ընթացքին զուգահեռ պիտի ձեւաւորուին, անշուշտ, բաժիններ եւ ատիկա պիտի իրականացուի շուտով, քանի որ յայտերուն թիւը շատ յուսադրող է: Շուկայականութիւնը եւ ծրագիրին ընդհանուր ներկայացումը ես ամբողջութեամբ վստահած եմ Մուշեղ Մեհրապեանին` մեր հայրենակիցը Պոսթընէն, որ շատ հարցերով կ’աջակցի մեր արտադրողներուն:

-Իսկ ծրագիրին հիմնադիրները եւ ներդրում կատարողները ովքե՞ր են:

Ծրագիրին միակ հիմնադիրը ես եմ, ներդրումները նոյնպէս կը կատարեմ ինքնուրոյն եւ վարկային կամ այլ որեւէ պարտաւորութիւններ չունիմ, կ’աշխատիմ կազմակերպել աշխատանքը այնպէս, որ խուսափիմ նման բեռէ եւ այդ փորձը կը յաջողի: Սակայն, այս ծրագիրը բացարձակապէս զերոյի կը հաւասարէր, առանց իմ աջակիցներուն եւ պատուիրատուներուն, ուստի, ասիկա աւելի շատ կը համարեմ անոնց նուաճումը:

Աւարտին հարկ կը համարեմ նշել նաեւ, որ այգին հրաշալի նուէր կը հանդիսանայ ձեր հարազատներուն համար, ամանորեայ տօներուն եւ այլ առիթներու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին