*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
«Այս ցուցահանդէսը անուանած եմ yesterday (երէկ)…: Ան երկու անգամ կեանքի համար է՝ երէկ եւ այսօր: Երէկին մէջ կը կայանայ մեր անցեալը, մեր ապագան: Անցեալին ի՞նչ եղած ես. դպրոցական ես, ցուցահանդէսներ սարքած ես, աշխատանքներ ունիս, պատերազմներու մասնակցած ես, այդ ամէնը խտացուած են այս ցուցահանդէսին մէջ: Այս բոլորը որոշ ժամանակէ մը ի վեր պահուած գործեր էին, իսկ մեծ ստեղծագործութիւններս (2×2) նոր ստորագրութիւններով են: Կը խօսիմ մարդկութեան, մարդու տաղանդի, կեանքի եւ յաղթանակի մասին»:
Ահա այսպիսի նկարագրականով է որ լիբանանահայ հանրաճանաչ գեղանկարիչ, վառ գոյներու անզուգական վարպետ՝ Զօհրապ, կը ներկայացնէ «էքզօտ» ցուցահանդէսներու «ուխտատեղի»ին մէջ (Աշրաֆիէ) իր բացառիկ գեղարուեստի իրադարձութիւնը: Արդարեւ, Չորեքշաբթի 23 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Պէյրութի հայ թէ օտար արուեստասէր շրջանակներու զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ակնառու ներկայացուցիչները մասնակեցան Զօհրապի 43-րդ ցուցահանդէսին: «Մեծ Քոյրը», «Խոստումս», «Յաւերժութիւն», «Կէսօրէ ետք» իւղանկարներ, հնդկական գունաւոր մելանով գծուած «սանդուխները», «Գիշերուան մէջ», «Երկու Քոյրեր»,«Սիրէ զիս», «Ձայնի հրեշտակներ» եւ գլխապտոյտ պատճառող դէմքեր, խորիմաստ գեղարուեստի ներկայացումներ, ուրախ եւ գունազարդ պաստառներ… եւ շուրջ 38 փոքր ու մեծ ստեղծագործագործութիւններ, որոնք վառ կերպով կը ներկայացնեն վաստակաշատ գեղանկարիչին տարիներու արգասաբեր կեանքը, ոսկեայ ձայնապնակի վրայ հրամցուեցան հիւրերուն եւ գեղանկարչութեան մասնագէտներուն:
Պարզապէս կը հիանանք Զօհրապի աշխատասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ կամքի հզօրութեան վրայ, որ չլքեց Լիբանանն ու հայութիւնը, մնաց պատնէշի վրայ ըլլալով հայ գեղարուեստի յաղթանակած իշխանը:
Կը շնորհաւորենք Զօհրապը, ցանկալով քաջառողջութիւն, ոյժ եւ կորով իր առաքելութեան մէջ: