*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Յուզականութիւնը եթէ չնստի, չամրանայ հաստատ հիմի վրայ, այսինքն՝ օրէնքի, կը մնայ օդային ու կը թուի այնպէս, ինչպէս որ երբ Ուրաշիմա բացաւ տուփը, անկէ հոգի դուրս ելլելով հեռացաւ (ճաբոնական):
«Դուն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար»:
Անձնապէս հարցումը չսիրեցի: Ընդհանրապէս չեմ սիրեր երբ մասնակի յայտարարութիւններ կ’ըլլան, մինչ միւս կողմէ «մէկ հայութիւն, մէկ Հայաստան» լոզունգը ունինք: Առիթով մը, տիկին մը ինծի հարց տուաւ շա՜տ սովորական հարցում մը, որմէ կը խրտչիմ, բայց եւ այնպէս ա՛յդքան ժողովրդային դարձած. «Թոռնիկներէդ ո՞ր մէկը աւելի կը սիրես». քանի որ ուսեալ էր, ըսի.«Այս հարցումը քեզմէ չէի սպասեր, զաւակը կը սիրեմ իբր զաւակ, թոռնիկը իբր թոռնիկ, եւ մարդը իբրեւ մարդ»: Հուսկ՝ հայը, եթէ իրապէս հայ կը զգայ ու… զիս ալ հայ կը նկատէ, այսինքն չէ դաշիւնահարուած միակողմանիութեամբ:
Փշրուող աստղեր կան եղեր եւ… կազմուող. այս՝ բնութեան մեծ ու աներեւոյթ խորհուրդի մը արգասիքը:
«Փշրուեցինք աստղերի պէս ու ցրուեցինք աշխարհում»: (Ս. Կապուտիկեան)
Իսկ, ի՞նչը մեզ հունի մէջ կը պարփակէ, կը կազմէ, ազգային տեսլականով պայմանաւորուածութիւն կը ստեղծէ եւ կ’առաջնորդէ առ ի նպատակի իրագործում մեր «Մէկ հայութիւն» նուիրական լոզունգին:
Բայց ո՞վ, զո՞վ պիտի պայմանաւորէ, ի՞նչ օրէնքով.
Անշուշտ աշխատանքներ կան, աշխարհի չորս ծագերուն, կան բանիմաց ու սրտագին հայորդիներ, խմբաւորումներ, որոնք կը տագնապին ու լուծումի միջոցներ կ’որոնեն, կը փորձեն կազմակերպել ինչպէս հայաստանեան, արցախեան եւ սփիւռքեան համագումարներ ու հանդիպումներ՝ զանազան մարզերու:
Մեր շապիկը միշտ ալ կրակոտ է եղած:
Էն օրն եկան թովջի արին,
Հար են ուզում տէրութեան,
Ի՞նչ տամ կոռին ու բեգեարին…
Վարի՜, վարի՜ իմ գութան (Յ. Թումանեան)
Սակայն, քանի կայ աշխատանքը ու դեռ չենք կորսնցուցած յոյսն ու հաւատը, որոնք գուցէ մօտ ապագային եւ հատուած հատուածի քով կարելի ըլլայ կազմել ցանկալին՝ միաձուլման:
Եւ կան… կազմուող աստղեր: