Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի Եղանակի Բացումը

Հոկտեմբերի վերջին եւ Նոյեմբերի առաջին շաբաթը, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի սկաուտական  շարժումները, նոր ծրագիրներով տոգորուած, կը յայտարարեն սկաուտական նոր տարեշրջանի վերամուտը:

Շաբաթ,  5 Նոյեմբեր 2016ին,  ի ներկայութեան  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան  ատենապետ  Վիգէն Չերչեանի  եւ անդամներու,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր  Մարմինի ատենապետ Յակոբ Թելվիզեանի եւ անդամներու, Scouts Du Liban-ի  (SDL)  եւ  Association Des  Eclalreuses Du Liban (AEL) ներկայացուցիչներու, մեծ թիւով  ՀԵԸ-ականներու, ծնողներու, բարեկամներու,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Զապէլ Մովսէսեան կեդրոնի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի  2016-17  տարեշրջանի բացման  արարողութիւնը:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի փողերախումբը, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի  անդամ-անդամուհիները առաջնորդեց դէպի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Զապէլ Մովսէսեան  կեդրոնի  շրջափակը: Սկաուտական տարբեր խմբաւորումներ պարզած էին  Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի դրօշները:

Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի  քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք,  Վահան Ղորղորեան, յանուն ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիրի, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ըսելով. «Յաջող տարեշրջան մը բոլորեցինք: Մեր առաքելութիւնն է  սկաուտական, մարզական, մշակութային եւ այլ ճանապարհներով հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել երիտասարդ  սերունդին». յայտնեց ան միաժամանակ  շնորհակալութիւն յայտնեց ակումբի  բոլոր վարչական  մարմիններուն, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-Յովակիմեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն Արա Վասիլեանին, սկաուտական շարժումը սատարող անհատներուն եւ հաստատութիւններուն:

Սրտի խօսք  յայտնեց SDL-ի քոմիսէր  Ճոնի Հելուն:

Association Des  Eclalreuses Du Liban (AEL)  նախագահուհի  Քոյր Լենա Գարակէօզեան- Իւրնեշլեան  նշեց, թէ ՄԱԿ-ը 17  յանձնարարութիւն, տուած է, որոնց 5րդը կը վերաբերի սեռերու միջեւ  հաւասարութեան: Խօսքը սկաուտներուն ուղղելով, ան  շեշտը դրաւ հաւատարմութեան վրայ: Հաւատարմութիւն հանդէպ միութեան առաքելութեան,  փոխյարաբերութեանց  եւ  յանձնարարութիւններու: Ան իր խօսքը շարունակելով բոլորանուէր  աշխատանք մաղթեց սկաուտական  շարժումի  անդամ-անդամուհիներուն:

Ապա  յայտարարուեցաւ «տարուան  տիպար» եւ «բանակումի տիպար» անդամ-անդամուհիներուն անունները:

AYA Antranik Sevan 2016  opning -12

ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան  Գործադիր Մարմինի ատենապետ Յակոբ Թելվիզեան  հրաւիրուեցան  հովանաւորելու  փոխանցումներու արարողակարգը:

Արծուիկական  խումբի  խմբապետուհի քոյր Բամելա  Ֆրենկիչեան  թիթեռական խումբի խմբապետուհի  քոյր Մեղրի Խորշիտեան, արենուշական խումբի խմբապետուհի քոյր Դալար Թելվիզեան, սկաուտական խումբի  փոխխմբապետ եղբայր Յակոբ Ապատեան աւարտած ըլլալով իրենց ծառայութիւնները Բամելա Ֆրենկիչեան, Մեղրի Խորշիտեան եւ  Դալար  Թելվիզեան պիտի  շարունակեն աշխատիլ սկաուտական վարչութեան  մէջ:

Քառավել  քոյր Սթեֆանի Գոթահալեան դարձաւ թիթեռական խումբի փոխխմբապետուհի:

Արծուիկական  խումբի փոխխմբապետուհի  քոյր Ալին Սեֆերեան  ստանձնեց խմբապետի  պարտականութիւնը:

Քառավել քոյր Միրէյ  Թօսունեան դարձաւ  գայլիկական խումբի փոխխմբապետուհի:

Քառավել քոյր Արին Տաքեսեան դարձաւ  արենուշական խումբի փոխխմբապետուհի:

Քառավել քոյր Արինա Պապօղլանեան արենուշական խումբի փոխխմբապետուհի:

Քառավել  Վանա Մինասեան դարձաւ արենուշական խումբի  խմբապետուհի:

Սեւակ Թորոսեան,Սթիվըն  Աճեմեան, Ալեք Չիրեճեան, Մեթիու Ապաշեան,  Նարեկ  Քրաճեան թիթեռներէն փոխանցուեցան  գայլիկներուն:

Սեւակ Թորոսեան, Մեղեդի  Թորոսեան, Քրիսթի Արթին, Սերենա Գոյունեան թիթեռներէն փոխանցուեցան արծուիկներուն:

Ճօ  Սաապ, Գեղամ Թելվիզեան, Զաւէն Նենեճեան, Սերժ Էքիզեան  գայլիկներէն փոխանցուեցան սկաուտներուն:

Լոռի Քէօշկերեան, Սինթիա Գրաճեան,  Սիպէլ Ապտէլնուր, Անասթասիա Մկրտիչեան արծուիկներէն փոխանցուեցան արենուշներուն:

Ալեքս Առաքելեան, Գէորգ Չոպանեան, Սեւակ  ՏէրԿարապետեան, Յովիկ  Հաճեան,  Սերժ Գարաճեան  սկաուտներէն փոխանցուեցան  երէցներուն:

Զէյնա Քարամ,Հերմիկ  Թոփէյեան, Սոֆի  Տիշաքճեան, Գարմէն  Գրաճեան,Միրէյ Նիկոլեան արենուշներէն փոխանցուեցան քառավելներուն:

ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  Գործադիր  Մարմինը  յատուկ յուշանուէրներով  պատուեց  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  ծնողաց վարչութիւնը,  ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ընկերային վարչութիւնը, անդամ  եղբայրներ՝  Նշան  Ղորղորեանը, Գէորգ Քիւլքեճեանը, Քոյր Ազատիկ  Գույումճեանը,   Պրն. Գրիգոր  Չարըքեանը,  Պրն. Մկրտիչ  Տօնոյեանը, ինչպէս նաեւ  սկաուտական  վարչութեան կազմին միացող  Քոյր  Փամելա  Ֆրենկիչեանը, Քոյր Դալար Թելվիզեանը  եւ Քոյր Մեղրի Խուրշիտեանը:

Բացման  հանդիսութիւնը  աւարտեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի  ծնողաց վարչութեան  պատրաստած  հիւրասիրութեամբ :

ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին