*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՂՕՂԼԵԱՆ*
Դաշտերուն մէջ, դիտեցէ’ք նոր-նոր ծիլեր կը յառնեն
Որոնք փո՞ւշ են թէ ցորեն՝ դեռ չեմ գիտեր, չե՜մ գիտեր,
Վ. Թէքէեան
Մարդ արարածը բարձրութեան մը հասած է իր բանականութեամբ, զոր կրնայ դիւրաւ զատորոշել ցորենը որոմէն, վարդը փուշէն: Եւ առ ի բանականութեան արգասիք՝ քննած է ու տակաւին կը քննէ մարդու կառոյցի յատկութիւնը, որ մարզուելով, կեդրոնացումով եւ այլ արուեստի հասած գիտելիքներով կրնայ բարձրանալ սովորական մակարդակէ ու հասնիլ գերագոյնին:
Մարդակազմութեան պարագային, անառարկելի է երկուութիւնը բարիի եւ չարի, կամ դրականի եւ ժխտականի: Մէկ կողմէ կը տեսնենք ու կ’ապրինք պատերազմներու արհաւիրքը ու անոնց զօրավիգ կանգնող նոյնիսկ պետութիւնները, միւս կողմէ նաեւ՝ մարդասիրական օգնութիւններ, որոնք ձեւով մը կը հաւասարակշռեն այժմեան կեանքի գոյատեւումը:
Երկդիմի իրականութիւն ու գոյութիւն մըն է ան՝ մարդը, աւելի ակներեւ է խորհրդարանի նիստերէն մինչեւ եկեղեցւոյ սրահ, դիւանագիտական սենեակներէն մինչեւ եկեղեցւոյ խորան…
Հազիւ տաս տարեկան էի, առիթ ունեցայ դիտելու տեսաերիզ մը՝ Տոքթոր Ժէքլիի եւ Մսթըր Հայտ… որ զգացական գետնի վրայ զիս շատ տպաւորած էր. ի՜նչ հասկնայի խորքէն, սակայն, երբ հասակ առի, ուզեցի խորանալ նիւթին, որ Թ.Լ. Սթիվընսընի մէկ գրութիւնն էր: Ան խորապէս գիտակից էր մարդու երկուութեան, մարդու կազմին, եսին, եւ բանականութեան: Դեղերու բաղադրութեամբ Տոքթոր Ժէքիլը այլափոխուեցաւ ու դարձաւ Մսթըր Հայտ…քիչ մը զուարճանալէ ետք, Մսթըր Հայտը եղաւ տիրական ու դարձաւ անսանձ, անզսպելի եւ սպաննութիւն գործեց, ինչպէս այսօրուան ռազմատենչերու բացարձակ տիրապետութեան հասնիլ փափաքող, պայքարող, պատերազմող երկրի մեծերը… անզուսպ կիրքերու ռահվիրաները. ունենալ, աւելի ունենալ, անսահմանօրէն ունենալ…
Սակայն, ի՞նչ է լուծումը արդեօք:
Եւ միթէ՞ լուծում ունի՝ եւ թէ լուծում ունի՝
Ձեռքերն արնոտ գընում է նա դեռ կամկար,
Ու հեռու է մինչեւ Մարդը իր ճամբան:
Յ.Թումանեան
«Հեռու» …բայց մինչեւ ո՞ւր…
Մարդը որ ունի առիւծի բերան
Ու աղօթող ձեռք
Ոճրածին հոգի ու սպիտակ ձեռք…
Ի՞նչ բան ուրեմն վերջ պիտի տայ այս երկուութեան… Աղօ՞թքը, ժամանա՞կը. ո՞վ գիտէ, բայց պիտի այսպէս ընթանայ ինչպէս որ էր ու է տակաւին:
Աղօթքը կը բաւարարէ աղօթողը.-
Տէ՜ր, բարութիւնըդ այսօր, իմաստութիւնըդ հիմա՜
Պէտք է ղրկես աշխարհի՝ այս հիւլէին տանջակոծ:Վ.Թէքէեան
Սակայն՝ իբրեւ քրիստոնեայ, օրինակ ունինք Յիսուսը, որ իր աղօթքին մէջ ըսաւ. «ՔՈՒ ԿԱՄՔԴ ԸԼԼԱՅ…»
Ի միջի այլոց, պարսկական ասոյթ մը կ’ըսէ .- «Աղօթքդ կատարէ, բայց ուղտդ ալ կապէ»:
Տանջակոծ ժողովուրդի մը զաւակը կրնար գրել.
«Աղօթք , վաղուան սեմին առջեւ»-ի նման բանաստեղծութիւն մը, որ կ’աւարտի՝.-
«Բայց չկոտրե՜ն ոչ մէկ ծառ, չճզմեն ո’չ մէկ ծաղիկ …» Վ.Թէքէեան