*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ գիշեր, վերջերս Հայրենիք այցելութեանս վերաբերող նօթերս ու թուղթերս դասաւորած պահուս հետեւեալը յիշեցի, (այնտեղ միասին գտնուող շատ հետաքրքրական պաշտօնակիցէ մը լսած էի), զորս կ’ուզեմ այսօր քեզի հետ բաժնել, սիրելի ընթերցող.
Ատենին Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններու մէկուն ընթացքին անհամաձայնութիւններ եղած են ընտրելի թեկնածուներու շուրջ (տեսա՞ք նման բան մը պատմական սովորութիւն է մեր մօտ)…: Հարցը «լուծելու» համար ժողովականները գաւառացի կրօնական մը Պատրիարք ընտրած են, որպէս «միջին լուծում»…:
Ընտրուելէ ետք անոր հարցուցած են, թէ հիմա ի՞նչ գործեր ունի ընելիք իր նոր պաշտօնին վրայ, գաւառացին պատասխանած է. «Երթամ զիմ պատկերը քաշուիմ»…. այսինքն՝ մեր խեղճ մարդուկին պատրիարքական պաշտօնի առաջին գործի հասկացողութիւնը եղած է իր «պատկերը քաշուելով» զետեղել զայն դահլիճին մէջ կախուած նախկին պատրիարքներու նկարներու շարքին…:
Որքան ծիծաղելի, այնքան ցաւալի է այս դրուագը, սիրելի ընթերցող, երբ ազգին ղեկավարը իր պաշտօնը ընկալած է, որպէս «պատկեր քաշուիլ»…:
Պաշտօնի եւ պատասխանատուութեան նման սխալ ընկալումն ալ պատմական է եղեր մեր մօտ նաեւ սերունդներու մէջ յաւերժ շարունակուող, որովհետեւ այսօր գիտէք քանի՜ քանի՜ ազգային այսպէս կոչուած ղեկավարնե՜ր, ատենապետնե՜ր, գործիչնե՜ր, եւ պատասխանատունե՜ր կը ճանչնամ (դուն ալ վստահ կը ճանչնաս), որ իրենց պաշտօնը հասկցած են եւ կը կիրարկեն միայն պատկերներ քաշուելով կամ ձգտած ու ստանձնած են իրենց պաշտօնները «պատկեր քաշուելու» համար…: Հետեւաբար ինչո՞ւ զարմանալ արդիւնքով… այսինքն մեր ազգային հաստատութիւններու իրավիճակով…:
Այսօրուան համար այսքան, սիրելի ընթերցող:
Վաղը դարձեալ կը տեսնուինք:
ՅԳ Վերի երգիծանկարը մեծանուն Սարուխանին գործն է, որ կը ներկայացնէ Յակոբ Պարոնեանի գլուխ գործոց հերոս՝ Աբիսողոմ Աղան։ Ան «Մեծապատիւ Մուրացկաններ» նշանաւոր երգիծավէպին մէջ նկարիչէն կը պահանջէ զինք այնպէս մը նկարել, որ նկարին մէջ իր ետին ելլեն գաւառին մէջ իր ունեցած արտերը, կովերն ու ոչխարները նաեւ չախած գործաւորները…: