*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Կը ժպտան, կը ժպտիս, կը սորվիս ծափիկ-ծափիկ, յետոյ կը քալես, կը վազես, կ’իյնաս, կ’ելլես… ապա՝ պայուսակ մը կու տան ձեռքդ.-Դպրո՛ց…
Այս ամէնէն ինչ հասկնաս… կը յիշեմ միայն երբ ծաղիկ դասարան էի, եւ օրիորդին անունն ալ՝ Ծաղիկ, գեղագրութեան տետրիս նայելով ըսաւ.- «Մեղք որ այդ մօր զաւակն ես»: Ուրեմն՝ Աղեքսանտրէդի մէջ ալ ուսուցչուհին եղած էր մօրս: Ու տարիները տարին նախակրթարան, երկրորդական, հոս այլեւս կամաց-կամաց սկսայ հասկնալ գիրքին արժէքը, եւ արդէն պայուսակէն ալ ձերբազատուած՝ գիրքերը շալկելով ուրախութեամբ կ’երթայի դպրոց, ապագային նայելով…(կ’ուզեմ նաեւ յիշել, որ կը նախանձէի ա’յն գիրքերուն, որոնք սեղմուած կ’ըլլային պարմանուհիի մը կուրծքին):
Պատանութի՜ն, ինչքան յուշեր ունիս դուն:
Կ’երազէի համալսարան, ու ակնածանքով կը նայէի աւարտական դասարանի աշակերտներուն: Համալսարաան, մանաւանդ երբ առիթներով երբեմն-երբեմն կ’այցելէինք Ամերիկեան համալսարան, կարծես երկրային դրախտ ըլլար, ուր ուսումով պիտի հասնէի երկնային դրախտին՝ որ էր գիտելիքներու ամբարը, դասարանային բանտերէն հանրակառք ու տունէն ազատագրուելէ ետք. այսինքն՝ Յովհ. Մանուկեանը աւարտելէ ետք, թէեւ շա՜տ մօտ էր, սակայն՝ ՉԵՂԱ՜Ւ. Յով.Մանէն աւարտականի սեմէն անցարգելի պատճառաւ:
Խորհրդային Հայաստան՝ դարձեալ ՉԵՂԱՒ, քանի որ «վերեւի յարկը արեւի շողքերը խլեց, ստուեր ձգեց ներքեւի յարկին ու սպանեց երազներն իմ Չարենցավառ (հետեւողութեամբ՝ ԱՐԱԶԻի):
Միակ ելքը մնաց ինքնազարգացումը, թէեւ առանց բարձրագոյն ուսման պիտի չըլլար այն, ինչ որ կրնար ըլլալ:
Կարգ մը գրողներու օրինակով, որոնք առանց համալսարանական ուսման կրցած են իրենք զիրենք դրսեւորել ու տալ իրենց միտքի արգասիքը, քալեցի իմ ճամբաս… ինչ որ տուաւ կեանքը ինծի:
Ու տարիները թաւալեցան:
Իսկ երբ վեհափառ Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի օրով գիրքերու ցուցահանդէսը սկիզբ առաւ, ակնդէտ կը սպասէի նորութեան մը հետաքրքրութեամբ, եւ քիչ մըն ալ ինչպէս կ’ըսեն «աչքս կշտացնելու» եւ «կատուի դրախտ» ապրելու միտումով: Անկէ ալ յուշ մը, որ Աւետարան ըստ Թովմասի գրքոյկն էր, բաւական շատ օրինակներով, որոնք կը սպասէին գնորդի: Առիթը օգտագործել պէտք էր, ունենալ կարգ մը հետաքրքիր բարեկամներ, անոնց ախորժակը գրգռել՝ հանդէպ ոչ ընթացիկ գիրքի եւ անշուշտ նուիրել օրինակ մը:
Օ՜, գիրքեր, ամէն մէկ գիրք ափերուդ մէջ աշխարհ մը կ’ըլլայ, իսկ գիրքերու կոյտերով՝ արդէն Տիեզերք մը: «Գիրքերու աշխարհը տիեզերք է անեզր»(Ե.Չարենց): Իսկ այդ Տիեզերքը կ’ըլլայ մղիչ ուժ՝ Տիեզերք մը ունենալու.-
Հոգիս՝ տանը հաստատուել-
Տիեզերքն է ողջ պատել.
Տիեզերք տէրն եմ ես,
Ո՞վ է արդեօք նկատել: Յ.Թումանեան
Ու անցան տարիներ… կը շարունակուի աւանդութիւնը գիրքերու ցուցահանդէսին, սակայն՝ «Ամէն բանի ժամանակը կայ», արդէն տարիքի բերումով, տարիքոտներ հեռուէն կ’ապրին, կը նային ու կը մնան անհաս, ամէն անհասանելիութիւն ինծի համար Արարատ մըն է: (Անձնապէս, պիտի չուզէի բարձրանալ մեր գրաւեալ լերան գագաթը իբրեւ զբօսաշրջիկ, այլ՝ երբ որ մերը ըլլար ՄԵՐԸ…):
Այս ամէնը, սիրտի մորմոք, ըսելու համար որ զրկուեցայ ներկայութենէ գիրքերու ցուցահանդէսի բացումի հանդիսութեան, ուր ներկայութեան աւիշէն շունչ մըն ալ ինծի բաժին կը մնար…:
Օ՜, տարիք, ինչեր ըրիր,
Շրջեցիր երդ ու երկինք
Վառեցիր արտ ու անտառ
Մարեցիր արեւներ վառ: Ս. Արմէն
Եւ…«Ու մարախը ծանրութիւն պիտի սեպուի եւ ախորժակը պիտի դադարի» (Ժողովողի 12:5)
Մինչեւ հոս, շատ անձնական եղաւ, սակայն կեանքի բնական օրէնքով, որ շարունակականութիւնն է, կու գայ նոր սերունդը եւ «ինչ որ ես չեմ ասել, նա կ’ասէ վաղը»Ե.Չ.։
Սերունդներ կու գան, սերունդներ կ’երթան… Արեւը զիս բարեւեց ու պարգեւեց ինչ որ հարկն էր ու գործը կը շարունակուի տարիներու թաւալքին հետ, քանի կայ մեր սէրն ու հաւատքը գրիչին հանդէպ: