Երեքշաբթի, 25. 03. 2025

spot_img

Ծաղկաձորի Հայ Գրողներու Պանդոկ

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*

Դարեր են անցած այս բլուրի լանջէն, ու սուինաւոր բարբարոսներ տրորեր են Ծաղկաձորը, ապա մեկնած անդարձ. բայց ձորի բարձունքին կայ ու կը մնայ հանգստավայրն այս, որ կոչումն ունի հայ գրողներու ստեղծագործութեան Տունը դառնալու:

Վերը անտառն է մշտականաչ թառը թռչնոց երգեցիկ, որոնց ճլուըլոցին ունկնդիր՝ գրողներու զաւակները՝ մանուկները ծափ կու տան:

Օգոստոսը զեփիւռ դարձած կը սանտրէ ճիւղերն անտառին՝ համբոյրի զուլալութեամբ սիրոյ երգ մը քաղելէն անտառի բիւր ծառերէն:

Այս մեր երկիրն է՝ ձոր ըլլայ ծակալի, թէ բարկրադիր լեռ, կը մնայ միշտ հիւրընկալ:

Հիւրերը, հայ թէ օտար, երբ կ’անցնին Ծաղկաձորէն ու կը մնան շաբաթներ հայ գրողներու հանգստավայրին մէջ, իրենց տունը կը տանին յիշատակներ անմոռաց, քիչ մը ծաղիկ, քիչ մը անտառ ու ձմեռն ալ քիչ մը ձիւն, քիչ մըն ալ Հայաստան կը տանին դէպի բոյնը իրենց:

Առաջին անգամը չէ, որ կը վայելեմ թովչանքը այս մենաստանին: Բայց առաջին անգամ ահա բակի պատին վրայ կը նշմարեմ քանդակները Եղիշէ Չարենցին, Ալեքսանտր Պուշկինին, Ալեքսանտր Տիւմային ու Դանիէլ Վարուժանին: Անոնք հիմա չկան, բայց անոնց յիշատակը դաջուած կը մնայ այս հիւրընկալ Տունին մէջ:

Ու այս բակին պատը չէ մոռցած իր մեծանուն հիւրերը:

Չարենցին քանդակը յիշել կու տայ ինծի, երբ մենք պատանի, Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան աշակերտներ՝ դպրոցին միջանցքներուն մէջ որպիսի՜ խանդավառութեամբ կ’արտասանէինք Չարենցաշունչ «Դէպի Ապագան» բանաստեղծութիւնը:

Իսկ Դանիէլ Վարուժանի այս պատէն ինծի նայող քանդակը, յիշողութեանս ետ դարձի ուղեծիրէն զիս կը տանի դէպի Հալէպի Պօղոսիկ Կիւլպէնկեան Դպրոցի 3րդ դասարանի նստարանը, ուրկէ մայրենի լեզուի ուսուցիչիս՝ Երուանդաշատ Սիմոն Սիմոնեանի առաջարկին հլու, ոտքի ելլելով կ’արտասանէի Վարուժանէն յետոյ ժայռակուռ սա տողերը բանաստեղծին.-

Կտրիճ որդիս

Գօտին մէջքիս

Թող մաճակալ բազուկներէդ

Քսան ցուլի արիւն անցնի

Եւ եղանի քու հասակէդ

Քսան տունի սիւնը կանգնի…

Այլ պատկեր մը նաեւ, երբ Վարուժանի ծննդեան 100ամեակին առիթով, քսան հայերով մեկնեցանք Պելճիգայի Կանտ քաղաքը, ուր Վարուժանը եղած էր քաղաքի համալսարանի ուսանող եւ ուր՝ համալսարանի մուտքի աջ պատէն մեզ դիտեց Մեծն Վարուժանի քանդակը, քիչ մը դեղնած դէմքով, բայց ինչո՞ւ, քանի որ այդ օրերուն Փարիզը ունէր շուրջ հարիւր հազար հայ բնակիչ: Քսա՞ն հոգիով պէտք էր շնորհաւորէինք իր ծննդեան հարիւրամեակը…

Վարուժանը յաղթահասակ թող կանգնի:

Կարդացած եմ Տիւման եւ Պուշկինը ու երկուքն ալ հարազատ գտած. ու այդ հարազատները չեն մոռցուած հանգիստի այս Տունին մէջ, ուր տարին բոլոր հարիւրաւոր հիւրեր կ’ընդունի, որոնք այս քանդակներուն երգերը կը լսեն:

Կը մտնէք այս հանգստավայրի շէնքէն ներս, ու ձեզի բարի լուր տալու հրճուանքով կ’ըսեն ու կ’առաջնորդեն դէպի մուտքի աջ կողմը, ուր առաջին յարկի մէկ սենեակին բնակիչը դարձած ու ստեղծագործած է մեր օրերու Ակսել Բակունց՝ Հրանդ Մաթեւոսեանը:

Ինչպէս մոռնանք անոր պատմուածքներուն առաջին գիրքը՝ «Մենք ենք մեր սարերը», որուն հետեւեցան չքնաղ վերելքի գործեր հայ գրականութեան նոպէլեան մրցանակ բերելու ճիգով մը, նուիրումով մը: Ո՞վ եւ ե՞րբ Մաթեւոսեանը լոյսին բերէ օտար լեզուներով:

Նոյն կառոյցին երրորդ յարկի մէկ սենեակէն ձեզ կը դիմաւորէ Մուշեղ Գալշոյեանը « Ձորի Միրօ»ի անուշ կերպարանքով: Հոս ապրած ու ստեղծագործած է  Գալշոյեանը,  ուսանած՝ Երեւանի համալսարանի երկրագործութեան ճիւղը, որպէսզի հայոց հողին վրայ կաղնի աճեցնէր ու ընկոյզի, ծիրանի ծառի եւ հայ հողին ցորեանի դաշտերէն ատոք հասկեր հնձէր:

Այդ ատոք հասկերը դարձան Մուշեղին վիպակներն ու պատմուածքները, որ իր իսկ հերկած հողին միացաւ 47 տարեկանին՝ զիս ծնկաչոք դարձնելով երկու անգամ: Առաջինը Պէյրութի մէջ, երբ բանաստեղծ Գառնիկ Ադդարեանը, իր տան աստիճաններուն վրայ, գուժեց Մուշեղին մեկնիլը ու ես գետին իյնալով մարեցայ, իսկ երկրորդը, երբ այցի գացի իր գերեզմանին՝ դարձեալ մարեցայ: Երբ զիս ուշքի բերելով տարին Գալշոյեանին քրոջ տունը, նոյն երրորդ յարկի մէկ սենեակէն մեզ հիւրասիրողը՝ Լեւոն Խեչոյեանն էր՝ Արցախեան հերոսամարտի մասնակից ու վիրաւորուած հայ արձակի յուսատու գրողը: Բայց ինչո՞ւ վաղամեռ կը դառնան ապրելու կոչուած մեր այս գրողները:

Քանի անգամ Հրազդանի իր տան մէջ գրական զրոյցը մեր գոնիակով ջերմացուցած ենք: Ինչո՞ւ շուտ գացիր, Տօ՜ լաճ տնաւէր, երբ ազերիին զէնքը չէր կրցած քեզ զգետնել:

Հապա ի՞նչ կ’ըսէք խաչքարի ձեւ առած սա տախտակասիւնին, ուր արձանագրուած կը գտնէք 17 գրողի անունները, որոնք հիւրընկալուած են այս հանգրուանին մէջ եւ հոս ալ ստեղծագործած:

Չմոռցած յայտնեմ, որ Սիլվա Կապուտիկեան առաջին յարկի սենեակին թիւը 101 էր:

Երկրորդ յարկին վրայ հիւրասիրած Հրանդ Մաթեւոսեանի սենեակին թիւը՝ 204:

Իսկ երրորդ յարկին վրայ Լեւոն Խեչոյեանի սենեակին թիւը՝ 302, Մուշեղ Գալշոյեանին սենեակին թիւը նոյն յարկի վրայ՝ 305:

Յայտարարութիւնները կ’ըսեն.- Բոլոր ասոնք չեն մոռցուած: Այս մէջբերումէն յետոյ, յայտնեմ անունները այն գրողներուն, որոնք սիրով ընդունուած են հայ գրողներու հանգիստի այս Տունին եւ պաշտօնեաներուն կողմէ: Հանգիստի տուն, որուն երկարամեայ տնօրէնն է Մովսէս Մանուկեանը, որ տասնամեակներէ ի վեր ժրաջան վարպետութեամբ մը կը վարէ այս հաստատութիւնը եւ որպէս գրասէր անձնուիրութիւն զրոյցի առիթներ կը ստեղծէ հայ թէ օտար գրողներու հետ՝ ժպիտով մը, որ հաճելի կը դարձնէ իր սրտաբուխ խօսքը: Ու ինք միշտ պատրաստ է անխտիր օգնելու բոլոր բոլորին:

Հիմա, գրողներուն անունները.-

1.- Անրէյ Բելի, որմէ դժբախտաբար ոչինչ կարդացած  եմ:

2.- Օսիպ Մանտելշտամ, որմէ կարդացած եմ փունջ մը բանաստեղծութիւններ հերոսական շուչով:

3.- Իլիա Էրենպուրկ.- Իր «Փարիզի Անկումը» վէպի պատմուածքներէն մէկուն մէջ, գրուած Բ. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, Էրենպուրկ գրած է.- Մեր մանուկներուն կօշիկներն անգամ կ’արշաւեն դէպի Պերլին…

4.- Ժան Փօլ Սարթըր, գրական յեղափոխութիւն ստեղծող բանաստեղծ, ֆրանսերէնով կարդացած եմ իր գործերը եւ իրեն հանդիպած Հրաչեայ Քոչարի ամառանոցին մէջ:

5.- Սիմոնէ տէ Բուար, նոյն ամառանոցին մէջ հանդիպած եմ այս վիպագիրին, որ Ժան Փոլ Սարթըրին կողակիցն էր:

6.- Եղիշէ Չարենց.- Երեւանի Ուղիչ Տան մէջ. մշակոյթ ստեղծող, որ անձնասպան չեղաւ, գրեց պողպատէ երգեր եւ կրցաւ Ստալինի ողջութեան գրել.- Դուն Դամոկլեան սուր ես մեր գլխուն վերեւ ու այդ բանաստեղծութիւնը գրողներու միութեան շաբաթաթերթին մէջ խմբագիր Համօ Սահեանը հրապարակած ըլլալուն համար, բանաստեղծը նոյն որը գործէ արձակեցին:

Իմ հարցումիս թէ.- ինչպէ՞ս տպեցիր… ինք պատասխանեց.- ես ի՞նչ խմբագիր եմ որ, ես գործս տեսայ…

7.- Վասիլի Գրոսման.- Կարդացած եմ անոր Հայաստանի մասին գրած գիրքերէն մէկը: Նման գիրք Հայաստանի մասին դժուար թէ օտար մը գրէր:

8.- Ժոն Սթոյնպէք.- Կարդացած եմ անոր «Ցասման Խաղողներ»ը,  որ որպէս բարեկամ մեկնած է Հայաստանէն:

9.- Մարիէտտա Շահինեան.- Ազնիւ սերունդէ ազնիւ հայուհի մը, որ հակալենինեան գիրք մը գրեց, զոր չկրցայ կարդալ:

10.- Աւետիք Իսահակեան.- Հայոց «Աբու Լալա Մահարի»ն, որ Փարիզը  լքելով Հայաստանի մէջ վարպետ կոչուեցաւ: Չարենցի թելադրանքով երկիր վերադարձաւ: Փարիզի մէջ աւարտել փորձեց «Ուստա Կարօն», « Օ՜, Ալագեազի մանիները» ու «Շիրմիս քարը չգողնան…»:

11.- Ջաւահարլալ Ներու.- Ծառի վրայ բարձրացող ըմբոստը: Անգլիան ծունկի բերել չկրցաւ զինք, բայց ինք կրցաւ Հնդկաստանը անկախութեան տանիլ:

12.- Ուլիըմ Սարոյեան.- Համակ կենսասէր հայ, որուն անգլերէնով գրած հերոսներուն երբ հանդիպիք, կ’ըսէք՝ գրեթէ բոլորն ալ հայեր են:

Ան շատ բան ըսած է.- Ուր որ երթաս պոռայ՝ հայ եմ: Կամ՝ « Ես անգլերէն գրեցի, բայց զիս գրելու մղողը հայու ոգիս էր: Աշխարհը, շատ անգամ մեզ ճանչցաւ Սարոյեանի գրականութեամբ :

13.- Չինգիզ Այթմատով.- Հայասէր մըն էր, մեծ գրող մը:

14.- Էտուարտաս Մեժելայտիս.- Անոր հայերէնի թարգմանուած գործերը կարդացած եմ:

15.- Անտրէյ Բիտով շատ կապուած էր մեր կեանքին: Ոչինչ կարդացած եմ իրմէ, իր գրիչէն:

16.- Հրանդ Մաթեւոսեան.- Գիրք մը գրած եմ իր մասին. Իրեն հետ եղած՝ Տէր Զօրի մէջ: Անշուշտ շատ անգամ իրեն հետ, անոր գրականութեան մէջ:

17.- Պաուլօ Կոելիօ

Ասոնք բոլորը հիւրընկալուած են այս Ծաղկաձորի հայ գրողներու հանգստավայրին մէջ եւ ինչու չէ հոս ստեղծագործած նաեւ:

Հայ գրողներու տունը զիրենք չէ մոռցած: Անոնք կը մնան այս հայ տան բնակիչները լայն  սիւնի մը վրայ արձանագրուած իրենց անուններով:

Ո՞վ չէ զարմացած հայու հիւրընկալութենէն, մանաւանդ  Հայաստանի հիւրընկալութենէն: Հայաստանի դուռը բաց է: Այս հայ տան դուռը բաց է: Հրամմեցէք, եթէ բարեկամ էք: Թշնամի շատ տեսած այս հողը, հող կորսնցուցած ըլլալուն մնացած է հիւրընկալ, այս անգամ միայն բարեկամներու համար:

«Արեւ ծագեց մութ ամպերէն կաքաւ թռաւ սարի վերէն, սիրունիկ նախշուն կաքաւիկ…» այս ալ մանկութեանս իմ սորված առաջին երգն է:

Ծաղկաձոր

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին